ՅՈՒՍԱԿՏՈՒՐ ՆԱՄԱԿ ՄԸ…

Այսօր երբ մարդիկ Ամերիկա երթալու «անփոխարինելի» երանութեան մասին կը մտածեն, կը կարդամ մեր թուականէն 71 տարիներ առաջ՝ 1950 թուականին Ամերիկա մեկնած ուսանող երիտասարդի մը մորմոքած նամակը.

«Եկայ Ամերիկա եւ ահա քանի տարի է ընկած եմ մի խուլ անկիւն, հայերից հեռու: Դպրոցական կեանքը կլանում է իմ ժամանակը, բայց հոգիս ծարաւ է հայ լեզուի, հայերէն երգի, հայկական միջավայրի: Ես ուղղակի տառապում եմ: Կարող եմ ձեզ ասել, որ ինձ պէս շատերը կան այս երկում... ո՞ւր են մեր կազմակերպութիւնները, ինչո՞ւ չեն հետաքրքրւում ինձ նմաններով, ո՞ւր են այն մարդիկը, որոնք մենք առաջնորդներ էինք համարում մեզ. ինչո՞ւ նրանք ուշադրութիւն չեն դարձնում մեր վրայ: Չպիտի՞ ցաւին, եթէ մի օր մենք բոլորովին կտրուենք հայ կեանքից, օտարանանք եւ անհետանանք հայկական հորիզոնից: Սպասում էի գտնել այստեղ հայկական մի տաք միջավայր, եռուն կեանք. թախանձագին խնդրում եմ՝ ասացէք, ի՞նչ անենք...»:

Կասկածէ վեր է, որ նման նամակ մը գրող երիտասարդ մը ի հոգին աւանդեց որպէս ՀԱՅ, սակայն ցաւ ի սիրտ նոյն լաւատեսութիւնը պիտի չկարենամ ունենալ անոր ապագայ սերունդներուն նկատմամբ, որոնք հաւանաբար մնալով այդ «խուլ անկիւն»ը մերկացան հայութենէ, ազգայինն ու հայկականը «ի տէր հանգաւ» անոնց մէջ, նամակագիրի դժբախտ գուշակութեամբ անոնք կոտրուեցան հայ կեանքէն, օտարացան եւ անհետացան հայկական հորիզոնէն... սակայն մէկը ցաւեցա՞ւ...

Ո՛չ...

Ուսանողի հարցադրումները տեղին են ու արդարացի. «ո՞ւր են մեր կազմակերպութիւնները», որոնց հասցէատէրերը կուսակցութիւններն ե՛ն, եկեղեցի՛ն է, մշակութային կամ այլ գետնի վրայ գործող մեր հայկական կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւններն են. անոր հասցէատէրերը ես եմ, դո՛ւն ես ու բոլորս ենք. ամբաստանեալը մեր ազգի ամբողջութիւնն է:

Մեր կազմակերպութիւններուն տրուած է հայութիւն ջամբելու սրբազան առաքելութիւնը եւ եթէ հայորդիներէն մին հայութեամբ սովամահ ըլլայ, պէտք է մեղադրուի չջամբողի գործընթացը եւ ո՛չ թէ սովամահի սովամահութիւնը: Տարակոյսէ վե՜ր է, որ այս ընթացքով տակաւին շա՜տեր պիտի մատնուին սովամահութեան: Արցախի պատերազմէն ետք ցաւեցանք աւելի քան հինգ հազար տղոց կորուստով, սակայն նոյնքան եւ նոյնիսկ աւելի կորուստ կ՚ունենանք այսօր՝ առանց արիւնի կամ նահատակութեան. հազարաւորներ զոհ կ՚երթան անտարբերութեան ու լքումի:

Մեր նահատակուած տղոց կեանքը կարելի չէ՛ ետ բերել, սակայն անոնց փոխարէն տասնեակ հազարներ փրկել կորուստէ՝ փրկելով նաեւ իրենց ապագայ սերունդները, որոնք սերնդագործելով պատրաստ պիտի ըլլան փակելու անբուժելի մեր կորուստի վէրքերը:

Արցախի պատերազմի ժամանակ լրատուական միջոցներ ցոյց տուին Ամերիկա ապրող մի քանի պատանիներ, որոնք կազմակերպած էին դրամահաւաք՝ իրենց համեստ օգնութիւնը փոխանցելու հայ զինուորին ու հայ ազգին: Լրատուական միջոցներ հպարտութեամբ կը խօսէին ու կը ներկայացնէին պատանիներուն նախաձեռնութիւնը: Սակայն հպարտութեան կողքին յուսախաբութիւնը շա՜տ աւելի մեծ էր...: Դո՛ւք ըսէք... Հայաստան ղրկուած մի քանի հարիւր տոլա՞րը աւելի կ՚արժէ, թէ օտարութեան մէջ հայ պատանիներու սահուն ու անսխալ հայերէն խօսիլը... եթէ երկրորդը՝ ապա կը կարծենք, թէ ճիշդ ճամբու մէջ էք...: Պատանիները երկու բառ քով քովի դնելով հայերէն նախադասութիւն մը չէին կրնար կազմել... եւ աւա՜ղ, պատերազմի աւարտէն առաջ արդէն իսկ մենք պարտուած էինք. այդ պատանիներուն հայերէն խօսիլը՝ աւելին կ՚արժէր՝ քան սպաննուած տասնեակ մը թշնամի զինեալներ:

Հիները կը մտածէին «մինչեւ երեխան չի լայ՝ ծիծ չեն տար...»: Այդ խօսքին վրայ հիմնուելով մենք իրաւունք չունինք սպասելու կորսուող նոր սերունդին ճիչ ու լացին սպասելու՝ որ համրացած է արդէն:

Անցեալին, գուցէ գաղութի պատասխանտուներէն մին, փորձերով վիճակը արդարացնել կը գրէր. «Ամերիկայի մէջ սքանչելի նոր սերունդ մը ունինք- առողջ, աշխոյժ, զուարթ ու կենսունակ, հոգիով ու սրտով հայ, բայց աւա՜ղ զուրկ հայերէն լեզուէն եւ հայ դաստիարակութենէն»: Սքանչելի՜... իրապէս սքանչելի՜...

Դուք երբեք տեսա՞ծ էք հոգիով ու սրտով Աստուածավախ մարդիկ, որոնք էութեամբ մարդասպաններ են: Տեսա՞ծ էք հոգեպէս ու սրտով բարոյախօսներ՝ որոնք պոռնկութեամբ ու բոզութեամբ կը զբաղուին: Ու այս մէկն է, որ մեզ կը տանի կորուստի, որովհետեւ կամաց-կամաց կը սկսինք համոզուիլ, որ սովորական բա՛ն է նոր սերունդին հայերէն չխօսիլը, սովորական՝ անոնց հայկականութենէն հեռու ըլլալը, սակայն սրտով ու հոգիով հայ են հա...

Արտօնեցէք Արշակ Չօպանեանի բառերով պատասխանել այդ պատասխանատուին... «ԵՍ Ի՞ՆՉ ԸՆԵՄ ՀՈԳԻՈՎ...»: Ի՞նչ ընենք հոգիով՝ երբ մարմինը բաժնուած է հոգիէն: Հոգին եւ մարմինը միասնաբար կենդանութիւն կը կազմեն, սակայն այսօր կու գան մեզ համոզելու, որ ոչինչ, թող մարմինը անկենդանանայ, հոգին կայ...:

Այո՛, ամէն բան լեզուն գիտնալով չի՛ վերջանար. այսօր մեր մէջ հայերէն լեզուն գիտնալով հանդերձ հայութեամբ անշնչացածներ շա՜տ կան: Առանձին-առանձին ո՛չ հոգին եւ ո՛չ մարմինը պէտք է մեզի. ամբողջութիւնն է կարեւորը:

Այսօր Ամերիկան, Եւրոպան ու բազմաթի՜ւ երկիրներ լեցուն են նամակագիր երիտասարդի նմանօրինակներով, որոնք անբուժելի հիւանդութիւն ունեցող հիւանդի մը պէս՝ իրենց հայկակամութեան բուժման՝ եւ կամ մահուան կը սպասեն: Ի՞նչ կ՚ընենք անոնց համար.... Մանաւանդ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի նման երկիրներ՝ ուր գրեթէ նիւթական դժուարութիւններ չկայ, ինչո՞ւ սփիւռքի միւս գաղութներէն մարդուժ բերելով չե՛ն ձեռնարկեր սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան առաքելութիւնը... ի՜նչ դաստիարակութիւն... «Չիզ անտ ուայըն»ը կեցած տեղ...

Այսօր ծարաւութեամբ տառապող անապատ մըն է հայ սփիւռքը եւ մենք՝ կոչուած դառնալ անոնց փոքր ովասիսը, ուրկէ հայ երիտասարդը պիտի գայ իր ծարաւը յագեցնելու: Եթէ այս ովասիսը հեռու է մեզմէ, չսպասենք՝ այլ ստեղծենք այդ ովասիսը:

Յոյսով, որ գայ այն օրը, երբ ազգովի գիտակցինք, թէ «Halloween»ով, եւ հազար ու մէկ արտառոց անուններով «party»ները չե՛ն որ կանգուն պիտի պահեն մեր հայ ազգը: Գայ այն օրը, երբ հասկնանք, թէ ներքինը աւելի՛ էական է՝ քան արտաքինը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
(1828-1868)

Մեր թուականէն 193 տարիներ առաջ՝ 18 օգոստոս 1828 թուականին Պոլսոյ մէջ ծնած է արեւմտահայ բանաստեղծ, ուսուցիչ ու մանկավարժ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան:

Պէշիկթաշլեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Բերայի Մխիթարեան դպրոցին մէջ, ապա մեկնած է Իտալիա՝ ուսումը շարունակելու համար Մուրատեան վարժարանէն ներս:  Բանաստեղծը վերադարձած է Պոլիս 1845 թուականին եւ ծաւալած ուսուցչական եւ մանկավարժական լայն գործունէութիւն: Թարգմանչաց, Լուսաւորիչեան եւ Հռիփսիմեանց վարժարաններուն մէջ դասաւանդած է հայոց լեզու եւ գրականութիւն, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն: Մեծ աշխատանք տարած է հայերէն խօսիլ ու գրել սորվեցնելու գործին մէջ օտարախօս հայ մանուկներու, որոնցմէ եղած է ապագայ վիպասանուհի Սրբուհի Տիւսաբ:

Մկրտիչի գրութեանց թատերական առաջին ներկայացումները տեղի ունեցած են 1856 թուականին, որոնցմէ են «Կատակերգութիւն երից քաջաց», «Կատակերգութիւն աւազակաց» եւ այլն: Հեղինակ է մօտաւորաւորապէս 60 բանաստեղծութիւններու, որոնք ունին սիրային, հայրենասիրական եւ օրօրոցային բնոյթ: Անոր առաջին բանաստեղծութիւնը՝ «Զբօսանք Արտաշէսի առաջնոյ»ը տպուած է 1849 թուականին՝ «Բազմավէպ»ի մէջ:

Գրիգոր Օտեանի, Ծերենցի եւ Գրիգոր Աղաթոնի հետ միասին հիմնած է «Բարեգործական ընկերութիւն հայոց»ը: Պէշիկթաշլեան աջակցած է նաեւ Տիգրան Չուխաճեանին եւ Գաբրիէլ Երանեանին՝ խմբագրելու համար «Քնար հայկակեան» վեցամսեայ հանդէսը:

Բանաստեղծը մահացած է 29 նոյեմբեր 1828 թուականին Պոլսոյ մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2021