ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ՄՏԱԲԵՐԱԾՆԵՐԸ

Մարդ մը ո՜վ գիտէ քանի՞ վերամուտներ կ՚ապրի իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Ո՛չ միայն իր աշակերտութեան շրջանին, այլ նաեւ՝ իր զաւակներուն, իր թոռնիկներուն վերամուտներն ալ երբ նկատի առնուի, մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, թէեւ տարբեր զգացումներով, բայց միշտ, տեւական վերամուտի ոգեւորութիւնը կ՚ապրի։

Ասիկա, անշուշտ աշակերտներու վերամուտին կը վերաբերի։ Կայ նաեւ «վեհագոյն աշխատաւո՛ր»ներու՝ դաստիարակներու, կրթական մշակներու վերամուտը։ Արդարեւ, երբ ընտանիքի մը մէջ կա՛յ «վեհագոյն աշխատաւոր» մը՝ կրթական մշակ մը, վերամուտի խանդավառութիւնը կը կրկնապատկուի եւ յարատեւ հանգամանք մը կը ստանայ։

Հնդիկ իմաստութիւնը առակով մը ցոյց կու տայ «մեծագոյն աշխատաւոր»ին կարեւորութիւնը ընդհանուր ընկերային կեանքին մէջ։ Առակը կ՚ըսէ. «Մէկը եթէ անտառէն փայտ ժողվէ, լաւ գործ մը ըրած կ՚ըլլայ, լաւ աշխատաւոր մըն է, եւ եթէ ուրիշ մը այդ փայտերէն նստարան մը շինէ, օգտակար գործ մը ըրած կ՚ըլլայ, օգտակար աշխատաւոր մըն է. իսկ եթէ մէկը այդ նստարանին վրայ՝ տղու մը բառ մը սորվեցնէ՝ լաւագոյն եւ օգտակար գործ մը ըրած կ՚ըլլայ՝ վեհագոյն աշխատաւո՛ր մըն է ան»։

Եւ ահաւասիկ, վերամուտը, «վեհագոյն աշխատաւորներ»ուն գործի լծուելու օ՛րն է, այն օրը՝ որ պիտի շարունակեն սորվեցնել, սորվեցնելով պիտի հասցնեն մտապէս առո՛ղջ սերունդներ։

Երբ «վեհագոյն աշխատաւոր»ի մասին է խօսքը, մեզի համար վեհագոյն աշխատաւորի մը տիպար՝ կրթական մշակի մը՝ Աննիկ Գալփաքճեանի նախկին վերամուտներու առթիւ մտածումները ներկայացնել պատշաճ կը նկատենք։ Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան, իր ամբողջ կեանքին, իրապէս նուիրուած կրթական մշակ մը եղաւ, ան տիպար մը եղաւ հնդկական առակին մէջ նկարագրուած «վեհագոյն աշխատաւոր»ին, քանի որ մենք եղանք վկան՝ որպէս իր ամենամերձաւո՛ր անձը։ Եւ մեզի համար, ամէն վերամուտի վերյիշել իր վաստակը խղճի պարտք մըն է, քանի որ միշտ պէտք ունինք «տիպար»ներու՝ բարեփոխուելու, յառաջդիմելու եւ մտապէս լուսաւորուելու համար։

Եւ ահաւասիկ, թէ ի՛նչ կ՚ըսէր Աննիկ Գալփաքճեան.

«Դպրոցին եւ ուսուցչին առաջնակարգ պարտականութիւնն է կեանքի պատրաստել իրենց յանձնուած սերունդները։

«Թէ ի՞նչ է կեանքը։ Կեանքը աշխատութիւն է, կեանքը արտադրել է։ Բայց կեանքը նաեւ ստեղծե՛լ է։

«Ահաւասիկ, այսօր, այս վերամուտին կը պատրաստուիք, ձեր նախկին աշխատութիւններուն, ձեր նախկին արտադրութիւններուն վրայ աւելցնել նոր աշխատութիւններ, նոր արտադրութիւններ։

«Վերամուտը նաեւ նոր ստեղծագործութիւններ կատարելու սկիզբն է։

«Մինչեւ այս վերամուտը, մինչեւ այսօր սորվեցաք կեանքի ամէն տեսակ դժուարութիւնները յաղթահարելու զանազան միջոցներէն հազիւ մի քանին։

«Բայց կեանքի դժուարութիւնները վերջ չունին, եւ անշուշտ, անոնք յաղթահարելու միջոցներն ալ։ Ահաւասիկ, վերամուտը առիթ կու տայ այդ անհամար դժուարութիւններէն ազատուելու բազմաթիւ միջոցներու, նոր փրկութեան ճամբաներ գտնելու առիթը։ Ամէն վերամուտ նոր առիթ մըն է կեանքի դժուարութիւններուն հետ պայքարելո՛ւ եւ յաղթութեամբ պսակուելու միջոցները սովելու։ Եւ քանի որ սորվիլը վերջ չունի, ուրեմն վերամուտներն ալ երբեք վերջ պիտի չունենան ձեր կեանքին մէջ։ Միշտ նոր բան մը պիտի սորվիք։

«Ձեր ամբողջ կեանքին մէջ միշտ վերամուտներ պիտի ապրիք։ Եւ պէտք է ապրիք՝ միշտ յառաջդիմելու, միշտ գիտութեան բարիքները կարենալ վայելելու համար։ Սորվելով երջանիկ պիտի ըլլաք, սորվելով պիտի հասնիք ձեր նպատակին։

«Բայց կարեւոր է նաեւ՝ սորվածները կարենալ կիրարկել, գործադրել եւ արդիւնաւորել։

«Առանց կիրարկութեան, առանց գործադրութեան գիտութիւնը իր ճշմարիտ արժէքին չի հասնիր՝ պակաս կողմ մը կ՚ունենայ միշտ։

«Ահաւասիկ, իւրաքանչիւր վերամուտ սորվածները բարդելու, ամրացնելու եւ նաեւ անոնք կիրարկելու միջոցներ, առիթներ են։ Վերամուտներ առիթներ են կիրարկութեան եւ գործադրութեան վարժութիւնը ստանալու եւ զարգացնելո՛ւ։

«Գիտութիւնը երբ գործադրութեան վերածուի՝ կեանքը կը դիւրանայ, հաճելի ընթացքի մը կը վերածուի ամէնուն համար։ Ամէն վերամուտ այդ կը յիշեցնէ մեր ամէնքին՝ աշակերտ եւ ուսուցիչ, մանուկ եւ ծնողք, դեռավարժ եւ հասուն մարդ, քանի որ բոլորն ալ պէտք է պայքարին կեանքի բազմաթիւ դժուարութիւններուն դէմ։

«Սակայն կեանքը, ինչպէս գիտէք արդէն, մինակ չ՚ապրուիր, ուստի ձեր ըս-տացած գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը պէտք է բաժնէք նաեւ ուրիշներու հետ։

«Հոս պէտք է հարց տալ, թէ ի՞նչ է կեանքի մէջ յաջողութիւնը. օգտակար ըլլալ միայն ինքն իր անձին։ Անշուշտ ո՛չ։ Օգնել, օգտակար ըլլալ նաեւ ուրիշին՝ ուրիշներուն՝ որոնք -մենք- են իրականութեան մէջ։

«Ի՞նչ է կեանքին նպատակը։ Եթէ կեանքին նպատակը, իր ամենալայն իմաստով յաջողութիւն է, ապա ուրեմն յաջողութեան համար պայման է՝ յարատեւութիւնը։ Յարատեւութիւն՝ աշխատութեան մէջ, սորվելու մէջ եւ անշուշտ միշտ նորոգուելո՛ւ մէջ։

«Նորոգութեան խորհրդանիշն է կեանքի մէջ վերամուտները, կամ քայլափոխութիւնները։ Այս կը նշանակէ, որ վերամուտները կը տեւեն ամէն մէկուն ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ ինչ տարիք ալ ունենանք։ Կեանքի մէջ յաջողելու համար չի բաւեր սորվիլ, սորվածները լաւագոյն եւ տեղին կիրարկել, այլ պէտք է նաեւ մտային պաշարներու վրայ աւելցնել նորանոր գիտելիքներ, ուրիշ խօսքով, ըլլալ յարատեւ արտադրող եւ ստեղծող։ Եւ ահաւասիկ կեանքի մէջ անվերջ վերամուտներու խորհուրդը կը կայանայ այս պարտաւորութեան մէջ։

«Սիրելի տղաք, վերջապէս պէտք է լա՛ւ գիտնաք թէ ամէն սկիզբ նոր յոյս մը կը նշանակէ, եւ ամէն վերամուտ հանգրուան մը՝ ձեր կեանքի պայքարին պատրաստուելու, որ եթէ լաւ սկսիք, լաւ կրնաք տանիլ ամէն դժուարութիւն եւ կրնաք տոկալ ամէն նեղութեան։

«Վերամուտը՝ պարզ սկիզբ մը չէ, այլ՝ հանգրուան մը, քանի որ վերամուտներ պիտի տեւեն ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ նորոգուելու, ոգեւորուելու եւ յարատեւելու համար։

«Ա՛յս է ահաւասիկ ճշմարիտ յաջողութիւնը կեանքի մէջ՝ յարատեւել, չբաւականանալ սորվածներով եւ հետզհետէ բազմապատկել գիտելիքները եւ փորձառութիւնները»

Աննիկ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Այս տողերուն վրայ ի՜նչ կարելի է աւելցնել, եթէ ո՛չ սրտանց եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններ սիրելի՜ ուսանողներուն, դաստիարակներուն եւ անշո՛ւշտ ծնողներուն՝ վերամուտի առթիւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 11, 2017, Իսթանպուլ      

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017