ԱՆՈՒՆ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ

Տարինե՜ր առաջ, եթէ չեմ սխալիր, 1970-ական թուականներուն էր, դպրոցական ընկեր մը, իմ ամէն օր անցած ճամբուս վրայ, խանութ մը կ՚աշխատէր։ Ամէն անգամ որ առիթը ունենայի եւ ինքն ալ յարմար ըլլար, կը տեսնէի զինք եւ «հինէն-նորէն» կը խօսէինք, թէ՛ դպրոցական յուշերը կ՚արթնցնէինք եւ թէ՛ օրուան զանազան իրադարձութիւններու մասին կարճ, բայց շատ հաճելի խօսակցութիւններ կ՚ունենայինք։

Սովորութիւն եղած էր, երբ զինք տեսնէի խանութը, ներս կը մտնէի եւ «Բարեւ Սարգիս, ինչպէ՞ս ես», կ՚ըսէի։ Ան ալ ժպտադէմ եւ ուրախ իր ընկերը տեսնելով՝ «Բարի եկար», ըսելով կը փոխանակէր։ Եւ կը սկսէր մեր կարճ բայց հաճելի խօսակցութիւնը։ Հաճելի՜ էր մանաւանդ յիշել մեր դպրոցական հետաքրքրական յիշատակները։

Օր մը դարձեալ, տեսայ, որ խանութն է, բայց յաճախորդներով զբաղած էր։ Ժամանակ ունէի եւ խանութ մտայ եւ ըստ աւանդութեան «Բարեւ Սարգիս», ըսի եւ մէկ կողմ քաշուեցայ։ Ընկերս չպատասխանեց բարեւիս։ Բայց զարմանալիօրէն անտարբեր գտնուեցաւ, կարծես իրարու օտար ըլլայինք։ «Զբաղած է, թերեւս չլսեց», խորհեցայ եւ անգամ մը եւս «Բարեւ Սարգիս», ըսի, դարձեալ նոյն արտայայտութիւնը՝ անտարբեր եւ օտա՛ր։

Իմաստ մը չտուի պատահածին։ Բայց մտահոգուեցայ, խորհելով, թէ կրնայի անգիտակցաբար վշտացուցած ըլլայի իմ սիրելի՜ ընկերս Սարգիսը։

Սպասեցի։ Եւ յաճախորդները մեկնեցան։ Ահաւասիկ այլեւս առանձին էինք. Սարգիսը եւ ես։ Ճիշդ այդ պահուն կարծես «վերադարձաւ» Սարգիսը եւ խնդումերես, քիչ մըն ալ ամօթով մնացածի երեւոյթով ինքզինք արդարացնել ջանաց. «Այստեղ զիս Սարգիս չեն ճանչնար, ուրիշ անունով կը կանչեն զիս, այդ պատճառով երբ Սարգիս անունովս զիս բարեւեցիր, ստիպուեցայ չիմանալ ձեւացնել, կամ սխալ անունով զիս կը կանչեն մտածել տալ ներկաներուն։ Ներողամիտ եղիր, ես նորէն Սարգիսն եմ…»։

Այս եւ ասոր նման դէպքեր շատ պատահած է, զանազան պատճառներով անուն ծածկել, անուն փոխել։ Արդարեւ, թերեւս դիւրին արտասանելու համար, թերեւս աւելի գործածական ըլլալու համար, դիմացինին դիւրութիւն ապահովելու համար եւ երբեմն ալ կամայականօրէն անուն կրճատել մասամբ հասկնալի կրնայ ըլլալ. բայց բոլորովին փոխե՞լ… ահաւասիկ ասիկա դիւրին հասկնալի բան մը չէ՛, կարծեմ։

Նախ, սա անուրանալի իրողութիւն մըն է թէ՝ անունը ինքնութի՛ւն է, անձին անունը ի՛նքն է։ Ապա ուրեմն անուն փոխել կամ անուն ծածկել «ինքնութիւնը փոխել» կամ «ինքնութիւնը ծածկել» պիտի չի նշանակէ՞։ Արդարեւ, անուն փոխելով կամ անուն ծածկելով մարդ ուրիշ մէկը չ՚ըլլա՞ր։ Եւ կամ քայլ մը առաջ երթալով՝ անուն փոխել կամ ծածկել «ինքնախաբէութիւն» պիտի չըլլա՞յ։ Մարդ անուն ստանալով «նոր մարդ» կ՚ըլլայ, «ուրիշ անձնաւորութիւն» մը կը ստանայ։ Բայց այդ պարագային՝ այլեւս այդ անունով կը ճանչցուի եւ այն ինքնութիւնը կը ստանայ, փոփոխական եւ անորոշ, երկդիմի վիճակ մը ստեղծել, մէկ խօսքով շուրջիններուն վստահութիւնը, անկեղծութիւնը կամ մտերմութիւնը շահագործել է, կը խորհիմ՝ անուն ծածկել կամ իր բուն անունէն տարբեր եւ անպաշտօն անունով ինքզինք ծանօթացնել խաբէութիւն է։ Խաբէութի՛ւն, եւ աւելի ցաւալին՝ ինքնախաբէութի՛ւն։ Դիւրութիւն, յարմարութիւն եւ նման արդարացումներ, կամ միջավայրին քայլ յարմարցնել, այնպէս կը կարծեմ, որ սնամէջ եւ ո՛չ արդարացի պատրուակներ են…։

Մարդ իր անունով անձնաւորութիւն մը կը ներկայացնէ։ Նո՛յնն է պարագան ամբողջ բնութեան մէջ՝ ամէն բոյս, ամէն ապրող էակ իր անունով կը ճանչցուի. «գայլ»ը գա՛յլ է եւ «գառնուկ»ը՝ գառնո՛ւկ։ Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ բարեկամներ. ի՞նչ կը մտածենք կամ ի՞նչպէս կը վարուինք, ի՞նչ հակազդեցութիւն ցոյց կու տանք, երբ գայլը մեզի ներկայանայ «գառնուկ» անունով, կամ «գառնուկ» ձեւանալով։

Անկեղծութիւնը՝ մարդուս ամենակարեւոր առաքինութիւններէն, նոյնիսկ առաջնակարգ յատկութիւններէն մէ՛կն է։ Ազնուութիւն է, ազնուականութիւն է։ Եւ տարօրինակ չէ՞. նոյն անձը տեղ մը սա անունով, ուրիշ տեղ մը տարբեր անունով ճանչցուի։ Այդ անձը իրապէս ո՞րն է կամ ո՞վ է։

Կարելի է ոմանք հարցնեն, թէ ի՞նչպէս կարելի է մեկնաբանել եւ բացատրել հոգեւորականներու վերակոչումները՝ նոր անունները։ Նախ սա պէտք է գիտնալ, որ այդ փոփոխութիւնը ծածուկ եւ գաղտնի չէ, այլ յայտարարուած, պաշտօնական փոփոխութիւն մըն է, քանի որ ենթական «նոր կեանք»ի մը կը տեղափոխուի եւ «նոր մարդ» կ՚ըլլայ։ Ան այլեւս «հին»ը չէ՛, այլ՝ «նոր մարդ» մը, նոր կեանք մը ապրելու պատրա՛ստ անձ մը։

Մեր խորհրդածութեան նիւթ ըրած փոփոխութիւնները ծածուկ, երկդիմի, անորոշ փոփոխութիւններն են, որոնք ոչ մէկ պաշտօնական եւ յայտնի հանգամանք մը ունին, բոլորովին կամայական, քմածին, եւ թող ներուի մեզի, խաբէակա՛ն են։ Ուստի այդ «անպաշտօն» անունի փոփոխութիւնները յետին նպատակ մը կը հետապնդեն։ Մարդ ա՛յն է՝ ինչ որ է, անկեղծութիւնը այդ կը պահանջէ. եղածին պէս երեւի՛լ։

Եւ դարձեալ, որպէսզի թիւրիմացութեան տեղի չտրուի, անգամ մը եւս մատնանշենք, որ այս մասին խօսքը, անուան պաշտօնական փոփոխութիւններու համար չէ։ Ուստի քաղաքական օրէնքներու տրամադրութիւններուն հաւատարիմ եւ հնազանդ գտնուելով, մարդ կրնայ փոխել իր անունը՝ պաշտօնապէս եւ յայտնապէս, անշուշտ բանաւոր եւ հասկնալի պատճառներ եթէ ներկայացուին։

Բայց հարցին անգամ մըն ալ հոգեւոր աչքով մօտենալ ջանանք։ Մէկու մը մկրտութեան ընթացքին ստացած անունը փոխել կրօնական տեսակէտով ո՞րքան ճիշդ եւ պատշաճ կը տեսնուի։ Մարդ, մկրտութեամբ «նոր կեանք» եւ «նոր ինքնութիւն» կը ստանայ եւ ատիկա կը հաստատուի անուանակոչութեամբ։ Պարագան նո՛յնն է հոգեւորականի ձեռնադրութեան եւ օծումի պայմաններուն, ուր ենթական կը վերակոչուի նո՛ր անունով։

 Ուրեմն, «նոր կեանք» եւ «նոր մարդ» ըմբռնումով ստացուած «նոր անուն»ը փոխել ո՞րքան կը պատշաճի «նոր կեանք» եւ «նոր մարդ» խորհուրդներուն հետ։ Անշուշտ հոս հարցը «մկրտութեամբ» ստացուած անունին մասին է, թէ ոչ ձեռնադրութեամբ վերանուանուած մէկը չի փոխեր իր անունը, այդ պարագային որեւէ փոփոխութիւն խնդրոյ առարկայ չէ՛։ Ուստի մկրտութեան սուրբ խորհուրդը տրուած է «Հօր եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունովը» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19)։ Մկրտութեան մէջ, Տիրոջ անունը կը սրբացնէ մարդը եւ ան ի՛ր անունը կը ստանայ։ Այդ անունը կ՚արտայայտէ ինքնին խորհուրդ մը՝ որ պէ՛տք է ենթական կրէ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 13, 2018, Իսթանպուլ    

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2018