ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԱՍԻՆ
Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ, որը կարելի չէ՛ սահմանափակել մէկ օրով եւ կամ եօթնակով մը, եւ մինչեւ իսկ ամիսով մը, կը փափաքիմ գրականութեան մեծ վաստակ մը ունեցող բարձրաստիճան հոգեւորականի մը՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի «Փունջ մը քարոզներ. հատոր ԺԱ» գիրքէն՝ ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։ Ուստի, ստորեւ նոյնութեամբ կու տանք Յովնան Սրբազանի օգտաշատ քարոզ-յօդուածը։
«ԱԶԳԵՐԸ Կ՚ԱՐԺԵՆ ԱՅՆՔԱՆ ԻՆՉՔԱՆ ՆՐԱՆՑ ՄՇԱԿՈՅԹԸ»
ՎԱԶԳԷՆ ՎԵՀԱՓԱՌ
«Զի ազգերը կ՚արժեն այնքան, ինչքան կ՚արժեն նրանց հոգեւոր գանձերը, նրանց ազգային մշակոյթը։ Առանց ազգային ոգեկանութեան եւ սեփական ինքնատիպ մշակոյթի, չկան ազգութիւններ բառին ամբողջական իմաստով։ Եւ այս է գաղտնիքը մեր Եկեղեցու եւ ժողովուրդի գոյատեւման, մանաւանդ վերջին հազար տարիների ընթացքում, երբ նրանք, թէեւ տեւապէս հրոյ ճարակ դարձան մեր երկիրը ներխուժող անհոգի ուժերի սմբակների տակ եւ կորցրին գրեթէ ամէն ինչ ու իրենց մարմինն իսկ նահատակեցին անհաւասար հերոսական մարտերում, սակայն, տոկալով բոլոր այդ դաժան պայմաններին, շարունակեցին պայքարը -վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց-, միշտ հաւատարիմ Քրիստոսի պատգամին՝ -զհոգին մի շիջուցանէք-»։
(Հայոց Հայրապետի ճառից՝ արտասանուած «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան գանձատան» բացման առթիւ 11 հոկտեմբեր 1980թ)։
Մեր ազգի կեանքի մէջ Եկեղեցին աստուածադրոշմ նուիրական այն հաստատութիւնն է, որն ամենալայն եւ ամենէն ամբողջական իմաստով իր մէջ կը բովանդակէ մշակոյթ հասկացողութիւնը, որպէս գործնակացուած ճշմարտութիւն, որովհետեւ ազգի մը վաւերականութիւնը ապահովող ամենէն էական որոշիչները ծնունդ են առած Հայց. Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանէն, Սուրբ Էջմիածնի անմար կանթեղին լոյսին ճառագայթումովը. հաւատք, լեզու, Հայրենիք եւ այն մէնը, ինչով կը պայմանաւորուի մեր հայեցի նկարագիրն ու ինքնութիւնը, որոնց արմատները խորապէս ամրացած են Հայց. Եկեղեցւոյ սիրտին մէջ»։
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
«Փունջ մը քարոզներ, հատոր ԺԱ»
Spiritual Reflections, 2013
Մշակոյթը, ժողովուրդի մը գոյապահպանման եւ գոյատեւման էական տարրն է՝ որուն ազդու գործօններն են, առաջնակարգութեամբ լեզուին եւ գիրին՝ հոգիները ազնուացնող արուեստներուն, եւ միտքը զարգացնող իմաստութեան եւ իմացականութեան։
Արդարեւ, մշակոյթը ժողովուրդի մը՝ ազգի մը հոգեւոր եւ մտային արժէքներուն ամբողջութիւնը՝ որ կանգուն կը պահեն անոր էութիւնը։ Ուստի, մշակոյթը կը բնորոշէ ազգին նկարագիրը, ինքնութիւնը եւ ամէն ինչ որ ընթացք կու տան անոր։ Ազգի մը պատմութիւնը կը կազմաւորուի իր մշակոյթով եւ կը գոյատեւէ մշակոյթով։ Ազգին զարգացումը ուղիղ համեմատական է իր մշակոյթին զարգացումով։
Մշակոյթը՝ իր բոլոր գործօններով աւի՛շն է ազգին։
Այս կէտին կ՚արժէ յիշել Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի խօսքերը, որ կ՚ըսէ.
«Մեր հին գրականութեան ինքնագիր եւ թարգմանածոյ մասերուն մէջ, մեր շարականներուն եւ ծիսական պաշտամունքի զանազան արտայայտութեանց մէջ բազմաթիւ են հետքերը այն ոգիին՝ այլաբանական այն ոգիին, որ շատ կանուխէն ջիղը եղած է Ս. Գրոց մեկնաբանական գիտութեան։ Աւետարանը գանձանակն է, որուն առջեւէն անցան աշխարհի հին քաղաքակիրթ գրեթէ բոլոր ազգերը, ամէնքն ալ իրենց ունեցածէն, ամէնքն ալ, ոմանք իրենց գրականութենէն, ուրիշներ իրենց մտաւոր կեանքէն, ուրիշներ իրենց խօսքերէն եւ աւանդութիւններէն, իրենց քաղաքական կամ ընկերային կեանքի ազդեցութիւններէն բան մը, անպատճառ տուին անոր։
«Բայց, ո՞վ պիտի կարենալ ժխտել, ժողովուրդներու այդ տողանցութեան մէջ գտնուեցաւ մէկը, ժողովուրդ մը կամ ազգ մը, որ «գոյիւ չափ» տուաւ. իր ունեցածն ամբողջ դրաւ գանձանակին մէջ։
«Տուինք ամէն ինչ որ ունէինք եւ կրնայինք ունենալ՝ իրեն, այսինքն՝ անոր որ տեսաւ թէ.- այրին այն տառապեալ - ի՞նչպէս իր ունեցածն ամբողջ դրաւ գանձանակին մէջ, ու երանեց զայն հոգեւին…»
Շնորհաւոր ըլլայ Թարգմանիչներու տօնը եւ մի՛շտ…
Վերջապէս, այս առթիւ կ՚ուզեմ որդիական սիրով եւ կարօտով յիշել երկու Սրբազան Պատրիարքներ՝ հոգեւոր ծնողս Գարեգին Ս. Պատրիարք Գազանճեանը եւ անմոռանալի Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Մութաֆեանը։
Այս երկու երջանկայիշատակ պատրիարքները, ամէն Թարգմանչաց տօնի առթիւ անարժանս կը շնորհաւորէին ըսելով. «Կը շնորհաւորեմ Ս. Թարգմանչաց տօնը՝ ո՛չ թէ անուանդ համար միայն, այլ՝ վաստակի՛դ համար…»։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 15, 2024, Իսթանպուլ