ԱՊՐԻԼԸ ԵՐԿՈՒՆՔ ՄԸՆ Է ԱՆՎԵՐՋ

Կեանքը միշտ «յղի» է անակնկալ դէպքերու, եւ ուրեմն կեանքը անվերջ երկունք մըն է։ Երկունք, քանի որ կեանքը ցաւի, նեղութիւններու, դժուարութիւններու, անգութ ուժերու եւ մահուան դէմ պայքար մըն է։

Առաւօտ կանուխ ժամերուն երբ նոր օրը կը ծագի՝ իրեն հետ կը բերէ նոր մտահոգութիւններ, նոր հարցեր, որոնց հետ պէտք պիտի ըլլայ պայքարիլ։ Եթէ մարդ պատրաստ չէ այդ պայքարին, արդէն դասալիք կ՚ըլլայ, կանխաւ կը պարտուի այդ պայքարին, կանխահաս նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ կը կորսուի…

Մարդ, արդարեւ, որքան պէտք է մտահոգուի իրեն համար, նոյնքան եւս իր մերձաւորներուն համար, եւ «մարդ» ըլլալու բնական մէկ հետեւանքն է ասիկա, քանի որ «մարդ» կոչուած է իրերօգնութեան։ Եսամոլ եւ ինքնակեդրոն մարդը՝ անհաւատարիմ մէկն է իր կոչումին։ Եւ ուրեմն, այսպէսով, մարդուն մտահոգութիւնները կը բարդուին, եւ անհատական ըլլալէ աւելի՝ կ՚ըլլան ընկերային, սկսելով ընտանիքէն։

Մարդ կարօտ է ումպ մը ջուրի եւ կտոր մը հացի. ահաւասիկ այս է անոր նախնական եւ առաջնակարգ մտահոգութիւնը։ Մարդուն պահանջքն է՝ գոյապահպանել իր էութիւնը եւ գոյատեւել՝ հաց, իր ամենալայն առումով եւ սերունդը տեւականացնելու բնազդը։ Մարդ կ՚ուզէ ապրիլ ներկան եւ նաեւ՝ ապրիլ շարունակել ապագային. կերպով մը՝ անմահանա՛լ…

Եւ ահաւասիկ, մարդուն ամբողջ պայքարը այս երկու տարրական իրողութիւններուն համար է։

Մարդ իր կեանքին մէջ ունի բազմաթիւ վախեր՝ որոնց առաջնակարգն է. մահուան վախը, ուրիշ բացատրութեամբ՝ կեանքէն զրկուելու, կեանքը կորսնցնելու սկզբնական վա՛խը։ Մարդ, այս պատճառով կը մղուի անվերջ պայքարի մը՝ կեանքի պայքարին։

Մարդիկ, ընդհանրապէս, թռչունները անհոգ եւ երջանիկ կեանքի մը նշանակ կը համարեն. թռչուններու պէս ազատ կեանք մը ունենալ՝ երջանկութեան ստուգանիշը կ՚ընդունին։ Բայց հոս պէտք է հարցնել. ազատ ըլլալ երջանկութիւն ունենալ կրնա՞յ նշանակել։ Ուրիշ խօսքով՝ ազատութիւնը երջանկութիւն կը բերէ՞։ Անշուշտ, ասիկա պատասխանելու համար պէտք է գիտնալ, թէ «ազատութիւն»ը ի՞նչ է, եւ յետոյ որոշել, թէ «երջանկութիւն» ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ։ Մարդ ե՞րբ «ազատ» է, եւ ե՞րբ՝ երջանիկ։

Սա բացայայտ է, որ թէ՛ ազատութիւնը եւ թէ՛ երջանկութիւնը յարաբերական գաղափարներ են՝ մէկուն համար այն ինչ որ ազատութիւն է, միւսին համար կրնայ ստրկութիւն համարուիլ, ինչպէս մէկու մը համար երջանկութիւն ընդունուածը, ուրիշի մը համար դժբախտութիւն սեպուիլ։ Պարզ օրինակ մը՝ ոմանք ամուսնութիւնը երջանկութեան մթնոլորտ կը տեսնեն, իսկ ուրիշներ՝ ամուրի, առանձին կեանք մը ապրիլը։ Ոմանք ամուսնութիւնը դրախտային, ոմանք ալ դժոխային կեանք կը նկատեն։ Վերջին շրջաններուն «կենակցութիւն» կոչուած՝ առանց պաշտօնական եւ օրինաւոր ամուսնութեան միասին ապրելու սովորութիւն մը տարածուած է. փոխանակ «ամուսին» կոչելու «կեանքի ընկեր» կամ «կին-այր ընկեր» կոչելով եւ շուրջիններուն այդպէս ծանօթացնելով, մարդիկ սկսած են խաթարել «ընտանիք»ի սրբութիւնը եւ եղծանել «ամուսնութեան» խորհուրդը։ Իբր թէ ազատամիտ եւ լայնախոհ, յառաջադիմական «անձ»եր, տարուելով այս քանդիչ հոսանքէն, կ՚ըսեն, թէ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն, իրենց ըմբռնումով «ընտանիք» կազմելու համար ձեւական կարգ մը արարողութիւններու պէտք չկայ, եւ ասիկա «ազատութիւն», «ազատամտութիւն» կը կարծեն…

Ահաւասիկ, թէ՝ ինչպէս կը խաթարուի ազատութեան առաքինութիւնը։ Եւ այս պատճառով, կեանքը անվերջ երկունք մըն է՝ ճիշդը, ուղիղը, շիտակը, օրինաւորը յաղթական դարձնելու համար։ Չըսենք չարը, բայց սխալը պէտք է պարտուի այս պայքարին մէջ, եւ ա՛յս է ճշմարիտ կեանքի պայքարը։

Արդարեւ, մեր տուած «կենակցութեան» եւ ամուսնութեան օրինակը, այս պայքարին դրուագներէն միայն մէկն է. կեանքի մէջ հինին եւ նորին, օգտակարին եւ վնասակարին, բարիին եւ չարին պայքարները անվերջ են, եւ կարծեմ կեանքը «կեա՛նք» ընողներն ալ անոնք են։ Մարդ պարտաւոր է ապրիլ այս պայմաններու տակ։ «Ես ազատ եմ», ըսելով մարդ չի կրնար որեւէ նպատակի ծառայել, ուստի ան պէտք է իր ազատութեան սահմանները լաւ որոշէ. ազատութիւն է՝ օրինաւոր կեանք ապրիլ, տուեալ կարգ եւ կանոնի հնազանդիլ եւ ամենէն կարեւորը՝ հաւատարիմ ըլլալ «մարդ» կոչումին։ Մարդ «մա՛րդ» է իր օրինապահութեամբ, իր սկզբունքներով եւ յատկապէս մարդավայել վարմունքով։

Այո՛, ճիշդ է, թռչունները ազատ կը թռչին երկինքը, բայց արդեօք երջանի՞կ են, ո՜վ գիտէ, բայց երջանիկ եւ ազատ ըլլալու համար պէտք է նախ եւ առաջ երջանկութեան եւ ազատութեան գիտակցութիւնը ունենալ։ Մարդը ունի այդ գիտակցութիւնը, բայց թռչունները ունի՞ն։ Խնդրական է եւ յատուկ ուսումնասիրութեան կարօտ մասնագիտական հարց մըն է ասիկա, բայց մարդը ունի՛, որուն մասին ո՛չ մէկ տարակոյս ունինք, սակայն այն պայմանով որ մարդն ալ անդրադառնայ իր գիտակցութեան եւ գիտակցութեան «գիտակցութիւն»ը ունենայ…։

Եւ այս տիեզերական անվերջ կեանքի պայքարին մէջ է մարդը՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ հաւաքապէս։ Մարդ կ՚ապրի միշտ երկունքով եւ պայքարով այն ուժերուն դէմ, որոնք որեւէ կերպով կը փորձեն կեանքը դժուարացնել, դառնացնել եւ վտանգել, եւ մեռցնե՛լ։

Բայց ի՛նչպէս որ ալ կ՚ապրի մարդ, գէթ առանց Աստուծոյ չապրի։

Աստուած կեանքը չի փոխեր, մարդուն ցաւերը, վտանգները չի բառնար եւ ո՛չ իսկ մահը կը խափանէ, բայց ատոնց դէմ մարդուն պայքարը անվհատ քաջութեամբ մղելու կարող ըլլալու համար՝ անոր հարկաւոր զօրութիւնը կու տայ։

«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջ եղէք…». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Քա՛ջ ըլլանք սիրելի՜ բարեկամներ, քանի որ մեր տիպարը Յիսուս Քրիստո՛սն է…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 10 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022