ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ի՞նչպէս բացատրել մայրութիւնը, ի՞նչ կերպով նկարագրել զայն, եթէ ոչ պարզապէս ըսել, մայրութիւնը մարդկութեան գագաթնակէտն է՝ ամենաբարձր աստիճանը, ծայրագոյն դիրքը՝ զենի՛թը։

Արդարեւ, մայրը, ծնող կին-մարդը, կերպով մը գործակիցը եւ գործակատա՛րն է Աստուծոյ՝ Իր արարչագործութեան եւ նախախնամութեան գործին։ Աստուած ստեղծեց մարդը եւ եղաւ անոր նախախնամը, պաշտպանը հոգածուն անվերջ եւ անսահման սիրով եւ գուրգուրանքով։ Եւ մայրը՝ ան ալ կը ծնի մանուկը եւ կը հոգայ, կը խնամէ զայն մինչեւ վերջ՝ թէ մանուկը հասուն եւ ինքնաբաւ տարիքի հասնի, մօր մը հոգածութիւնը երբեք չի վերջանար, միշտ կը շարունակէ նոյն խանդավառութեամբ, նոյն խանդաղատանքով։ Աստուած երբեք չի լքեր, առանձին չի թողուր իր արարածները, եւ մա՛յրն ալ երբեք չի թողուր, չի լքեր իր զաւակը։ Աստուծոյ սէրը եւ գութը անժամանակ է, մօր սէրը եւ գութն ալ չէ՛ սահմանուած որոշ ժամանակով մը՝ անվերջ է եւ անսահման՝ Աստուծոյ նման։

Ուստի, կարելի է ըսել՝ թէ Աստուած իր ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ, արարչագործութեան շարունակականութիւնը յանձնած եւ վստահուած է կին-մարդուն՝ կոչելով զայն «մայրութեան» բարձր աստիճանին։ Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով, մայրը գործակից եղած է Աստուծոյ՝ կոչուելով Անոր գործակատարութեան։ Այս իսկ բաւարար է «մարդկութեան գագաթնակէտ»ը կոչելու մա՛յրը եւ մայրութիւնը։

«Ամենալաւ մայրը ան է, որ կարող է փոխարինել երեխաներու հօրը, երբ ան այլեւս բացակայ ըլլայ ընտանիքին մէջ», կ՚ըսէ Կէօթէ՝ գերման մեծ բանաստեղծը։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ մօր մը պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ամբողջական է եւ նոյնքան լուրջ եւ ծանր։

Իսկ Պալզակ մօր սիրոյն մասին հետեւեալը կ՚ըսէ. «Մօր սիրտը անդունդ է, որուն խորը միշտ ներում կը գտնուի»։ Անշուշտ ներումի համար անհրաժեշտ է սէրը եւ գութը, որոնք անսահման կերպով կը գտնուին մօր սրտին մէջ։ Եւ դարձեալ, Պալզակն է որ կ՚ըսէ. «Ազգի ապագան մայրերու ձեռքերուն մէջն է»։

Այս խօսքերուն մէջ արդէն կը յայտնուի մօր կարեւորութիւնը եւ արժէքը, ինչպէս եւ ըսուեցաւ՝ մայրութեան ամբողջ մարդկութեան գագաթնակէտը ըլլալու անուրանալի իրողութիւնը։ Արդարեւ, լաւագոյն սերունդ մը, մարդկութեան ապագայ մը կը կազմուի լաւագոյն եւ պատասխանատուութեան գիտակից մայրերու շնորհիւ, քանի որ անոնք մարդկային ցեղի առաջին դաստիարակչուհիներն են։

Եւ մօր կարեւորութիւնը մատնանշող խօսք մը. «Այն ձեռքը, որ օրօրոց կը շարժէ՝ կը ղեկավարէ ամբողջ աշխարհը»։ Արդարեւ, մայրութիւնը ամենազգայական փորձն է կեանքին։ Այս իմաստով, մօր առաջին նուէրն է կեանքը, երկրորդը՝ սէրը, իսկ երրորդը՝ դաստիարակութիւնը եւ կրթութիւնը։ Եւ ուրեմն, մայրութիւնը միակ աստուածային բանն է, որ երբեք անաստուածութիւն չի ճանչնար, քանի որ մօր մը սիրտը լեցուն է սիրով եւ Աստուած Սէ՛ր է, եւ ուրեմն մօր սիրտը լեցուած է աստուածային ճշմարտութեա՛մբ։

Եւ բոլոր այս հանգամանքներով, մայրութիւնը յաւերժական, մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի կոչո՜ւմ մըն է։

«Մայր» բառը բնիկ հնդեւրոպական «mater» «մայր» բառն է, «պտղաբեր-մայր ծառ», ծառանիւթ արմատէն սերած։ Լատիներէն, «materia» պտղաբեր ծառի շառաւիղ, փայտանիւթ, նիւթ. եւ մայրը՝ իր զաւակներուն նկատմամբ ծնող կինն է։

«Մայր»ը նաեւ այն անձն է, որ ուրիշներու նկատմամբ հոգ կը տանի, խնամք ցոյց կու տայ, խնամող է, մէկ խօսքով մայրը մայրութիւն ընող կին-մարդն է։ «Մայր»ը նաեւ որեւէ բան յառաջացնող, ծագեցնող պատճառ, հանգամանք կը նշանակէ, ինչպէս առածը կ՚ըսէ. «Կրկնութիւնը գիտութիւններու մա՛յրն է»։

Իսկ «մայր»ը որպէս ածական կը նշանակէ՝ գլխաւոր, հիմնական, այնպիսին՝ որուն կը ստորադասուին կամ որմէ կը ճիւղաւորուին նոյն տիպի, նոյն տեսակի աւելի փոքր ստորադաս միաւորները։ Որպէս արտայայտութիւն, «մայր»ը կը գործածուի, զոր օրինակ, լեզուի համար. «մայր լեզու», որ կը նշանակէ «նախալեզու», նաեւ՝ «մայր մտնել»՝ լուսաւորներու հորիզոնի արեւմտեան կողմին ծածկուիլը, եւ կամ երկնակամարին մէջ անտեսանելի դառնալը։ «Մայր մտնել» կը նշանակէ նաեւ՝ մարիլ, խաւարիլ, գործը անյաջողութեան, ձախողութեան հանդիպիլ։ «Մայրը լացնել», արտայայտութեան ձեւն է՝ մէկը շատ նեղելը, մեծ վիշտ, ցաւ եւ չարիք պատճառելը բացատրելու։ (Սկզբնաղբիւրներ.- Եդուարդ Բագրատի Աղայեան, Հրաչեայ Աճառեան, Աշոտ Մուրադի Սուքիասեան բառարաններ)։

Արդարեւ, հարց մըն ալ սա է՝ թէ ո՞վ է կամ ո՞րն է ճշմարիտ մայրը։ Ծնո՞ղը, թէ խնամողը։

Անշուշտ թէ ճշմարիտ իմաստով, իր բոլոր հանգամանքներով, ճշմարիտ մայրը թէ՛ ծնողը եւ թէ խնամողն է իր զաւակը, քանի որ մայրութիւնը աստուածանման կոչում մըն է, եւ Աստուած թէ՛ արարիչ եւ թէ՛ նախախնամ է, եւ այս պատճառով, մայրութիւնն ալ ո՛չ միայն ծնունդ տալ, կեանքի կոչել է մանուկը, այլ նաեւ՝ խնամել եւ հոգալ զայն։ Արդարեւ ի՜նչ պիտի արժէր այն մօր մայրութիւնը, եթէ ծնունդ տար մանուկին եւ յետոյ անխնամ թողուր զայն եւ անտարբեր գտնուէր անոր նկատմամբ։ Ուրեմն, մայրը պէտք է նախ կեանքի կոչէ, յետոյ սէր եւ գուրգուրանք ցոյց տալու տրամադրուի եւ վերջապէս խնամք տանի դաստիարակութեան եւ կրթութեան որպէս ճշմարիտ մա՛յր իր զաւկին։

Եւ այս վերջինը՝ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն, մայր մը «մա՛յր» կոչումին հաւատարիմ դարձնող, մայրութիւնը իրագործող, ճշմարիտ մայր ըլլալը զգացնող եւ յայտնող ամենակարեւոր ազդա՛կն է։ Արդարեւ, ամէն կին-մարդ կրնայ մայր ըլլալ՝ կեանքի կոչել, դարձեալ ամէն կին-մարդ, սէր կրնայ ունենալ, ինչ որ սիրոյ պակասը բացառութիւն է, բայց ամէն ծնող, ամէն սէր ունեցող կրնայ անտարբեր գտնուիլ իր զաւկին հանդէպ կրթութեան եւ դաստիարակութեան նկատմամբ… եւ ուրեմն ճշմարիտ մայրը այս երեք կոչումներուն հաւատարիմ մնացո՛ղն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 12, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018