ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ
Նկատենք թէ ոչ, մեր շուրջ գտնուող ամէն բան ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով ազդեցութիւն կը գործէ մեր վրայ եւ մաս կը կազմէ մեր դաստիարակութեան: Մեր շուրջ գտնուող ամէ՛ն բան՝ ժապաւէն, ձայնասփիւռ, համացանց բոլորն ալ իրենց ձեւերով բան մը փոխանցել կը փորձեն մարդ արարածին:
Ամէն բան որ կը տեսնենք, կը լսենք եւ կամ կը կարդանք, ուզենք թէ ոչ, կ՚արձանագրուի մեր ենթագիտակցութեան մէջ: Նախապէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2021-ի թիւին մէջ հրատարակած «Մանուկներն ու ժապաւէնը» խորագրեալ գրութեամբ խօսեցանք, թէ ինչպիսի ազդեցութիւն կ՚ունենայ մանկական ժապաւէնները մանուկներուն ներաշխարհէն ներս: Ըսենք, որ նոյն ազդեցութեան ենթակայ են նաեւ մեծահասակները, որովհետեւ միտքը լսածն ու տեսածը ուղեղին մէկ անկիւնը պահելու կարողութիւնը ունի:
Մարդ արարածը արուեստագիտութիւնը զարգացուց, որպէսզի իր կեանքը աւելի դիւրին դառնայ, սակայն անոր հետ միատեղ դիւրացաւ թիւր գիտութեան տարածման աշխատանքը: Արուեստագիտութեան զարգացման հետ միատեղ անճիշդ գիտութիւններու տարածման ընթացք մը սկիզբ առաւ, որովհետեւ մարդ արարածը սկսաւ հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի եւ համացանցի ճամբով դիւրացնել սխալ ուսուցման «առաքելութիւն»ը:
Ես շատ հեռատեսիլ նայող կամ ձայնասփիւռ լսող մը չեմ, սակայն տարիներ առաջ հետաքրքրուեցայ, թէ հայ հասարակութեան ի՞նչ կը ներկայացուի որպէս ժամանց. վիճակը ահաւոր եւ նոյնքան ահազանգող էր.
Հայաստանի յայտնի ալիքներէն մէկուն մէջ գտայ «Վեցերորդ զգայարան» անունով յայտագիր մը, որ ուղղակի քարոզչութիւնն ու փրոփականտը կը կատարէր գուշակութեան, կախարդութեան եւ սատանայապաշտական միջոցներով անցեալի եւ գալիքի մասին «գիտութեան»:
Յայտագիրի բովանդակութիւնը հետեւեալն է. սեղաններու ետին նստած են վեց գուշակներ, որոնք տարօրինակ շարժուձեւերով, շատ անգամ թռչուն մը եւ կամ նապաստակ մը մորթելով, շատ անգամ ջուրին հետ խօսելով կամ կրակի ծուխին մէջէն կարդալով պիտի փորձեն գուշակել տաղաւարի միւս կողմը գտնուող անյայտ անձի ինքնութիւնն ու անոր անցեալն ու ապագան: Խորհրդաւոր լուսաւորութեան եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ գուշակը յանկարծ կը յայտնէ անյայտ անձի երեսին վրայ գտնուող մէկ բիծին մասին, անոր ամուսնացած կամ ամուրի ըլլալուն մասին եւ անոր ապագային մասին գուշակութիւններ կը սկսի կատարել:
Քարոզչութեան հիմնական մասը այն է, որ անյայտ անձը միշտ ալ այս արտայայտութիւնով հանդէս կու գայ. «Ես մինչեւ օրս չէի հաւատար, բայց իրենց բոլոր ըսածները ճշմարտութիւն են»:
Հիմա պատկերացուցէք, որ այս ալիքը բացած են հազարաւոր ընտանիքներ՝ մեծով պզտիկով ականատես այս բոլոր իրադարձութիւններուն: Կամայ թէ ակամայ մանուկին եւ մեծահասակին մէջ պիտի ծագի այն հարցականը, թէ ճշմարտութի՞ւն է այս մէկը եւ ինքնաբերաբար ստուգելու համար օր մը ինք եւս անոնց դիմելու փափաքը պիտի ունենայ. պարզապէս «ստուգել»ու համար:
Հեռուստատեսութեան ընկերութիւններ մի քանի երկվայրկեան մածունի եւ կամ պանիրի ծանուցում եւ գովածդ ընելու համար մեծամեծ գումարներ կը գանձեն, մինչ այսպիսով աւելի քան մէկ ժամ ծանուցում կը կատարուի թէ՛ գուշակութեան եւ թէ սեղաններու ետին նստող գուշակներուն, որոնք հանդիսատեսներէն իրենց յաճախորդները որսալ կը փորձեն: Այնպէս ինչպէս յայտագիրի անունը, նոյնպէս ալ բովանդակութիւնը կու գայ հանրութեան փաստելու, որ անոնք ունին վեցերորդ զգայարան մը, որմէ զուրկ ենք մենք մահկանացուներս: Անոնցմէ շատեր կը կրեն «մոգ» անունը, որովհետեւ իրենք յատուկ շնորհներ ունեցող մոգեր են եւ ցաւալին... շատ անգամ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ապագայի մասին անոնց հարց կը տրուի:
Ի դէպ այդ գուշակներէն մին՝ Անի Մաջնունեան ոճրագործի մը զոհը դարձաւ. ի՜նչ առեղծուած... գուշակես բազմահազար մարդոց գալիքն ու ապագան, սակայն չկարենաս տեսնել քու սեփական ճակատագիրդ: Զաւեշտ է պարզապէս:
Գուշակութիւնն ու կախարդութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Հայաստանի մէջ բոյն դրած ախտերէն մէկն է: Պատմութեան մէջ նոյնիսկ անպակաս եղած է գուշակութեան «քարոզութիւն»ը, օրինակի համար՝ Փ. Բիւզանդ իր «Պատմութիւն հայոց»ին մէջ կը յիշէ Մուշեղի Ուռնայր անունով գուշակ մը, որ թագաւորին կը տեղեկացնէ պարսիկներու Շապուհ թագաւորի յարձակման ծրագիրներուն մասին. պատմիչի բառերով. «Եւ սոքա վաղագոյն ըստ գուշակութեանն աճապարեցին հասին յիւրեանց սահմանն» եւ այսպիսով նախապէս պատրաստուած ըլլալով կը յաղթանակէ հայկական բանակը: Մեր հայրերը բազմիցս նզոված են գուշակութիւններն ու կախարդութիւնները:
Պէտք է լաւապէս մտածել, թէ ինչ կը հրամցուի նոր սերունդին. պէտք է գիտակցիլ, որ հեռուստացոյցը, ձայնասփիւռն ու համացանցը ժամանց մը ըլլալէ աւելի դաստիարակելու կարողութիւնն ունի:
Մեր ապագան գուշակներու լեզուներէն կախեալ չէ՛. մեր ապագան կախեալ է մեր այսօրէն, կախեալ է մեզմէ եւ մե՛նք է, որ պիտի կերտենք այդ ապագան. ո՛չ թէ մորթուած թռչուններով ու նապաստակներով, այլ՝ հայրենասիրութեամբ եւ աշխատանքով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԳՐԻԳՈՐ ՍԻՒՆԻ
(1876-1939)
Մեր թուականէն 82 տարիներ առաջ՝ 18 դեկտեմբեր 1939-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ մահացած է երաժշտահան եւ երաժիշտ Գրիգոր Սիւնի (բուն անունով՝ Գրիգոր Միրզայեան):
Գրիգոր Սիւնի ծնած է 10 սեպտեմբեր 1876-ին, Գետաբեկ քաղաքին մէջ: Եղած է աշուղ Դադասիին թոռը եւ որդին բանաստեղծ երգիչ Յովհաննէս Միրզայեանին: Ան իր կրթութիւնը ստացած է Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանէն ներս, ուր Կարա-Մուրզայի եւ Կոմիտասի ազդեցութեամբ սկսած է ժողովրդական երգեր հաւաքել եւ դաշնաւորել. աւարտելէ ետք ուսումը Շուշիի մէջ կազմած է երգչախումբ եւ սկսած՝ բազմաձայն երգչախումբով ելոյթներ ունենալ: Երաժշտական ուսումը շարունակելու համար մեկնած եւ ընդունուած է Փեթերպուրկի երաժշտանոց, միաժամանակ ստանձնելով տեղի հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը: Երաժշտական ուսումը աւարտելէ ետք Գրիգոր Սիւնի 1905-1907 թուականներուն երաժշտութիւն դասաւանդած է Թիֆլիզի Ներսիսեան դպրոցին մէջ, ուր սկսած է թատերական ընկերութեան միջոցաւ բեմադրել օփերաներ. 1908 թուականէն սկսեալ սկսած է շրջիլ հայաբնակ զանազան վայրեր՝ Տրապիզոն, Կարին, Թիֆլիզ, Թեհրան, Պոլիս եւ այլ շրջաններ եւ հաւաքել ժողովրդական երգեր, դաշնաւորել զանոնք եւ երգչախմբային ելոյթներու ճամբով ապրեցնել երգերը: Գրիգոր Սիւնի դաշնաւորած է երգեր Յովհաննէս Թումանեանի եւ Աւետիք Իսահակեանի ինչպէս՝ «Ինձ մի խնդրիր»ն ու «Ախ ալ վարդի» գոհարները: Գրիգոր Սիւնի կատարած է գեղջական երգերու մշակումներ. օրինակ՝ «Սարերի հովին մեռնեմ», «Սարերը հովելա», «Ալագեազ» եւ այլ ստեղծագործութիւններ:
Գրիգոր Սիւնիի աշխատութիւններուն մէկ մասը հրատարակուած է առանձին հատորներով, որոնցմէ են «Հայ ժողովրդական երգեր»ը (1904), «Ժողովրդական տուերգեր եւ խմբերգեր»ը (1935) եւ ուրիշներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ