ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԿԱՐԴԱԼ - Ա -

Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Համապատում»ը ծանօթ է բոլորիս։ «Համապատում»ի նախաբանը անգամ մը եւս կարդալ, կը յուսամ, այնքան օգտակար պիտի ըլլայ, որքա՛ն ամբողջ գիրքը կարդալը։ Ուստի, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներու հետ վերյիշենք «Համապատում»ի նախաբանը՝ ուր մեզի կը տրուի այն ամէն ինչ, որ գիտնալ պէտք է Աւետարանի մասին։

ՆԱԽԱԲԱՆ

Աւետարանը այն գիրքն է, ուսկից աւելի բարձր մտաւորական արտադրութիւն մը ի լոյս եկած չէ աշխարհիս վրայ։

Այդ բանը կրնանք համարձակ հռչակել, ոչ միայն իբրեւ ճշմարիտ քրիստոնեայ, անոր մէջ տեսնելով աստուածային ներշնչումով պատրաստուած գիրք մը, այլեւ իբրեւ անկախ դիտող մը, քննելով եւ զննելով անոր յառաջ բերած արդիւնքը եւ անոր անշիջանելի կենդանութիւնը։

Մարդկութեան ամենամեծ յեղափոխութիւնը Քրիստոսի անունին հետ կապուած է։ Քրիստոնէութեան կը պարտի աշխարհք, ինչ որ իբր մարդկային ինքնագիտակցութեան, ազատագրութեան, արժանապատուութեան, եղբայրակցութեան եւ զարգացուն յառաջդիմութեան անուններու ներքեւ ստացած է, եւ իրեն պարծանքի եւ վայելքի կէտեր ըրած է։ Իսկ Քրիստոնէութիւնը իրեն սկզբունքները Աւետարանէ քաղած է, կանոնները Աւետարանով է կազմած, իր ճանպան Աւետարանով է գծած, իր ոյժը Աւետարանով է ունեցած։

Աւետարանը եղած է լուսաւոր արեւ մը, որ իւր լոյսը ամէն կողմ տարածած է, իւր ճառագայթներով ցնցած ու ոգեւորած է ամէնքը, ոչ միայն անոնք՝ որ սիրայորդոր հպատակութեամբ ընդունած են անոր պատգամները, այլ նաեւ անոնք՝ որ անկէ հեռու մնացած ըլլալ կը կարծեն, բայց գործով եւ արդեամբ անոր նմանողութեան ճանպան են բռնած, եւ անով միայն իրենց կացութիւնը բարձրացնել կը յաջողին։

Աւետարանին անուրանալի արդիւնքներուն չափ բացայայտ է անոր անշիջանելի կենդանութիւնը։ Աւետարանն ունեցած է եւ ունի իւր ոխերիմ հակառակորդները, եւ ինչ որ վերջին դարերու քննադատները կը գրեն, արդէն առաջին դարերու քննադատներէն գրուած են, եւ դարէ դար շարունակած են։ Բայց այդ անընդհատ պայքարը չէ կրցած նուազել Աւետարանին յարգը, չէ կասեցուցած անոր ընդունելութիւնը, չէ տկարացուցած անոր ոյժը, չէ կրցած խախտել անոր անսասանելի պատուանդանը։ Աւետարանը այն է այսօր, ինչ որ էր իւր սկզբնաւորութեան ատեն, ամէնուն ցանկալի եւ ամէնուն սխրալի գիրքը։

Այդ անզուգական տոկունութեան գաղտնիքը եւսքանզեւս հիանալի կը դառնայ, երբոր դիտենք որ անոր ոյժը ոչ իմաստասիրական նրբութիւններէ եւ ոչ հռետորական ճարտարութիւններէ յառաջ կու գայ, ոչ գիտական մակածութիւններէ եւ ոչ արուեստական առաւելութիւններէ կը բղխի. այլ նորասքանչ ներքին օծութենէ մը, որ միտքը կը պարարէ եւ սիրտը կը գրաւէ, հոգին կը հանգչեցնէ եւ կամքը կը զօրացնէ։ Նոյն իսկ անոր անարուեստ, թող ներուի մեզ այդ յանդուգն բացատրութիւնը, անոր անարուեստ կազմութենէն դուրս կը բղխի շող մը որ կը լուսաւորէ, ցոլք մը որ կը ցնցէ, շունչ մը որ կ՚ոգեւորէ, ոյժ մը որ կը մղէ։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2023