ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՇՐՋԱՆԸ

Մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին կը ձգտի հասնիլ «բարոյական բարի»ին։ Բարոյական բարին՝ Աստուծոյ պատգամներուն կենսագործումն է։ Աստուած Ի՛նք «բարոյական բարի»ն է։ Անոր սահմանած կեանքը՝ մարդուն համար անկատարէն կատարեալի եւ երկրայինէն երկնայինի անցնիլ կ՚ենթադրէ։

Ահաւասիկ, Մեծ պահքի շրջանը կը յիշեցնէ եւ կ՚անդրադարձնէ մարդը այս իրականութեան, կը ներշնչէ ներհայեցողութեան եւ ինքնամփոփման վիճակի մը կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը՝ բարոյական բարիին հասնելու համար։ Մեծ պահքի շրջանն է, որ կը թելադրէ թափանցել այս իրականութեան, եւ անմեղ հոգիով, մաքուր սրտով եւ հանդարտ խիղճով «նոր կեանք»ի մը սկսիլ եւ բարոյական բարիին բարիքները վայելել։ Ուստի, Մեծ պահքի էական գաղափարն է «պահեցողութիւն»ը։

Քրիստոս կ՚ըսէ. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտմերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս». (ՄԱՏԹ. Զ 16-18)։ Ուստի, պահքը ըստ էութեան ո՛չ առաքինութիւն է եւ ո՛չ ալ վարձք։ Ան իր արժանիքը կը ստանայ այն ժամանակ, երբ կատարուի անկեղծ եւ հեզ սրտով։ Այս իմաստով, պահքը պէտք չէ՛ ըլլայ սնապաշտութիւն մը՝ որ կ՚ենթադրէ մեծամտութիւն եւ հպարտութիւն, այլ՝ բարեպաշտութեան անկեղծ դրսեւորում մը։ Եւ անոնք որ պահքը միջոց կ՚ընեն ինքնահաւանութեան եւ կ՚ընեն ամէն ինչ ի ցոյց մարդկան, ոչ մէկ օգուտ եւ բարիք կրնան քաղել իրենց պահեցողութենէն։ Ուերմն, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս, այն որ անկեղծ պահք կը պահէ, պէտք է «անկեղծ ըլլայ՝ հեզ սիրտ ունենայ փոխանակ տրտմած երեսի մը»։ Եւ պահքը մարդոց հաճոյքին համար պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ ի փառս Աստուծոյ։ Քրիստոնէութիւնը կը սորվեցնէ, որ պահեցողութիւնը բեռ պիտի չըլլայ մեզի համար, այլ՝ ուրախութիւն, սրբազա՜ն ուրախութի՛ւն։ Արդարեւ, պահքը պէտք է այս իմաստով ընդունուի եւ ըստ այնմ գործադրուի, ապա թէ ոչ՝ աննպատակ եւ անիմաստ արարք մը միայն կ՚ըլլայ։

Պահքի օրերուն պէտք է ֆիզիքական մարմինը հեռու պահել հաճոյքներէ եւ վայելքներէ. իսկ հոգեւոր կեանքը աճեցնել կրօնական խոկումներով եւ պաշտամունքով։ Պահքի օրերուն պէտք է անդրադառնալ մանաւանդ հոգեւոր կեանքի, որ ընդհանրապէս անտեսուած կ՚ըլլայ կեանքի ամէն տեսակ զբաղումներու մէջ։ Մարդկային կեանքը սովորաբար կ՚ընթանայ փոփոխութիւններով եւ վայրիվերումներով, հոգեւոր մակընթացութեան եւ տեղատուութեան իրերայաջորդ փուլերով։ Այս ուղղութեամբ, անսանձ եւ անհակակշիռ կրքի փոթորկումներուն կը յաջորդեն զգաստութեան խաղաղ պահեր։ Այս պատճառով է որ Մեծ պահքի շրջանին հաւատացեալներ կը հրաւիրուին խոկումի, ներհայեցողութեան, աղօթքի, լռութեան եւ խորհրդաւոր առանձնութեան…։

Ուստի, Յիսուս Քրիստոսի առաջնորդութեամբ, Անոր ցոյց տուած օրինակով, իւրաքանչիւր հաւատացեալ խոկումի, ներհայեցողութեան եւ աղօթքի այս շրջանին պէտք է տրամադրուի՝ ներքնապէս մեկուսացած արտաքին աշխարհի մը մէջ ապրելու փորձառութիւնը ունենալու։

Մարդ որպէսզի ա՛լ աւելի կարենայ ճանչնալ ինքզինք, որպէսզի կարենայ հասկնալ եւ թափանցել իր ներքին աշխարհին, եւ ապրի այդ աշխարհէն ծնունդ առած զգացումները, պէտք է առանձնանայ եւ ծանօթանայ իր «Ես»ին հետ։

Ուստի առանձնանալով՝ Աստուծոյ առջեւ մարդ կը բանայ իր հոգին եւ հրեշտակներու ներկայութիւնը կ՚ապրի եւ կը վայելէ խոկումի եւ աղօթքի մեծ եւ կարեւոր շրջան մը, որ Հայ Եկեղեցին կ՚ընդունի եւ կ՚անուանէ Մեծ պահքի քառասնօրեայ շրջան։ Եւ այս շրջանը հնարաւորութիւն կու տայ մարդուն ամփոփուելու ինքն իր մէջ, միջոցի մը համար բացառելու սովորական կեանքը, ուշադրութիւն դարձնելու իր ներաշխարհին, պատասխանելու զինք յուզող եւ մտահոգութիւն պատճառող բազմաթիւ հարցերուն եւ գտնելու այն ուղիղ ճամբան, որ կարող է իր կեանքը մօտեցնել Աստուածային վեհ պատգամներու իրագործմանը։

Մարդ, Մեծ պահքի այս շրջանին խորապէս եւ սերտօրէն կը կապուի Եկեղեցիին, կ՚ըմբռնէ աղօթքի ջերմացնող անպատմելի զօրութիւնը, կը սթափի պահ մը անցեալի իր մոլորութիւններէն եւ արթնութեան աչքերով կը տեսնէ բարութեան, արդարութեան, իմաստութեան եւ սիրոյ Աստուածը։ Այս երջանիկ եւ լուսաւոր պահուն մարդուն հոգիին մէջ կը ծագի «բարոյական կատարելութեան» գաղափարը, որուն հասնելու համար ան անցնելու է քառասնօրեայ շրջանէ մը՝ աղօթքով, ողորմածութեամբ, աւետարանական ընթերցումով, աննկարագրելի գեղեցիկ եւ ազդեցիկ, տպաւորիչ եւ յափշտակիչ, սրտաբուխ եւ հոգեբուխ երգերով։

Այս ուղղութեամբ, Մեծ պահքի շրջանը իր խորհուրդներով, դրսեւորման իր գեղեցիկ եւ տպաւորիչ ձեւերով քրիստոնեայ հաւատացեալ մարդու համար շողեր կը սփռէ տարուայ մնացած բոլոր օրերուն վրայ։ Այս շրջանը կը խորհրդանշէ մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ ծոմապահութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 17, 2021, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2021