ՀԱՐՍՏԱՆԱԼ Կ՚ՈՒԶԵ՞Ս

Անցնող մի քանի տարիներուն երիտասարդութիւնը, ինչու չէ նաեւ շատ մը մեծահասակները հետաքրքրող նիւթը միեւնոյնն է. «ինչպէ՞ս հարստանալ». օրական դրութեամբ բազմահազարներ, աղջի՛կ թէ տղայ համացանցի էջերուն մէջ կը փնտռեն հարստանալու կարճ եւ դիւրին հնարքներուն մասին:

Այսօր համացանցը ողողուած է այնպիսիներով, որոնք մէկ օրուան մէջ մեծամեծ գումարներ աշխատիլ կը խոստանան, սակայն ի՜նչ առեղծուած, խօսողները իրե՛նք չեն շահիր այդ գումարները, սակայն երբեք չեն յուսահատիր կեղծիքներ հրապարակելէ, որովհետեւ դրամի սիրոյն անպայման հաւատացող մը պիտի գտնուի, որովհետեւ փաստօրէն արհեստագիտութիւնը ինչքա՛ն զարգացաւ, մարդ արարածը նոյնքան բթացաւ:

Հարստանալու մարմաջը մարդուն մէջ նոր երեւոյթ մը չէ. հազարաւոր տարիներ առաջ նոյնիսկ գոյութիւն ունեցած է այդ ախտը, սակայն տարբերութիւնը անոնց արտայայտութեան մէջ է: Արդի արհեստագիտութիւնը առիթ տուաւ մարդ արարածին, աւելի մօտէն հետեւելու եւ քննելու աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող մեծահարուստներու կեանքերը, անոնց նկարներուն եւ գրառումներուն ճամբով. անցեալին իր օրուան կերած ճաշը «ամօթ կ՚ըլլայ ըսելով» յայտնող հասարակութիւն մը չտեսի նման սկսաւ իր առօրեան տեղադրել այդտեղ՝ իր կերածէն սկսեալ, մինչեւ իսկ անկողինը, լոգարանն ու բաղնիքը: Արդի արհեստագիտութեան շնորհիւ երիտասարդներ սկսան տեսնել դուրսի երկիրներու մէջ ապրող իրենց տարիքակիցներու փառաւոր կեանքը, ինչ որ աշխատանքի հանդէպ սէր արթնցնելու փոխարէն անոնց մէջ արթնցուց նախանձի եւ ատելութեան զգացողութիւնը, որոնց դիմաց դուրս եկան նոր փիլիսոփայական միտքեր, որոնք կ՚ըսեն «եթէ ատուած ես՝ կը նշանակէ ճիշդ ճամբու վրայ ես»:

Այսօր կ՚ապրինք այլանդակուած ընկերութեան մը մէջ, որ դրամի համար պատրաստ է ընել ամէ՛ն բան՝ առանց սահմաններ կամ կարմիր գիծեր ունենալու. իսկ պատրաստակամներու կողքին գոյութիւն ունին այնպիսիներ՝ որոնք նոյնպէս պատրաստ են անիմաստ բաներու համար մեծամե՜ծ գումարներ ծախսել՝ վասն ոչինչի:

Այդ տարօրինակութիւն սահմանումը աւելի յստակացնելու համար տամ պարզ օրինակ մը, որ այս օրերուն համացանցի մէջ տարածում կը գտնէ. համացանցի «յայտնի» դէմքերէն մին՝ Ստեֆանի Մաթթօ անունով աղջիկ մը ապակեայ փակ տուփերու մէջ կը հանգստափչէ (տտռէ) եւ համացանցի ճամբով վաճառքի կը հանէ: Հաւանաբար ինծի պէս մտածէք այդ ո՞ր ապուշը դրամ պիտի տայ նման այլանդակութեան. երիտասարդ աղջիկը մի քանի ամսուան մէջ կը յաջողի իր հանգստափչիկին շնորհիւ վաստակիլ 200 հազար ամերիկեան տոլարի հասնող գումար մը. գումար՝ որ ամբողջ կեանքը տաժանակիր ձեւով բանուորութիւն կատարող մը գուցէ չկարենայ մէկտեղել...: Մեղադրել աղջի՞կը, որ այսօր բարեկեցիկ կեանք մը կ՚ապրի, թէ մեղադրել այն ապուշները՝ որոնք հանգստափչիկի մը համար (որ կարելի է տուփին մէջ ալ մնացած չըլլայ) կը վճարեն մեծ գումարներ:

Երկու տարիներ առաջ՝ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող պայթումի ժամանակ ազգութեամբ լիբանանցի յայտնի բոզ մը որոշեց «Լիբանանի օգնութեան» համար վաճառքի հանել իր ակնոցը, որ համաշխարհային Ebay կայքի վրայ աճուրդի դրուելով 100 հազար ամերիկեան տոլարի ծախուեցաւ. այսօր շա՜տ են այն արուեստագէտները, որոնք արուեստ ու մշակոյթ ստեղծելով այդ գումարը չեն կրնար ունենալ, մինչ բոզ մը միայն ակնոցը վաճառքի հանելով կը տիրանայ այդ գումարին:

Այսօր հաւատանք թէ ոչ, 18-19 տարեկան «կոյս» աղջիկներ իրենց կուսութիւնը համացանցի ճամբով աճուրդի կը հանեն, խոստանալով իրենց կուսութիւնը յանձնել այն մարդուն՝ որ ամենէն շատ գումարը պիտի վճարէ տիրանալու համար անոր. այս բոլորը գաղտնի ձեւով չէ՛ որ կը կատարուի, այլ հանրութեան աչքին առջեւ, որոնք ականատես կ՚ըլլան անծանօթ մեծահարուստներու, որոնք յանձն կ՚առնեն գնել վճարելով աւելի քան 400-500 հազար ամերիկեան տոլարներ:

Վերջին այլանդակութիւն մըն ալ ու վերջ. Համացանցի մէջ գոյութիւն ունի կայք մը, որուն ճամբով կրնաս երկինքի մէջ աստղ մը գնել (այդ ինչպէ՞ս եղաւ որ բոլոր աստղերը իրենց եղաւ եւ սկսան մէկ առ մէկ վաճառքի հանել չեմ գիտեր). կայքը որոշ սահմաններու մէջ կը խոստանայ աստղերու տէր դարձնել իր յաճախորդները, մինչեւ իսկ վկայական մը նուիրելով անոնց՝ որպէս փաստ աստղի սեփականատէր ըլլալուն: Վաճառքի դրուած է երեք տեսակի աստղեր. ամենէն աժանը կարելի է տեսնել միայն աստղադիտակով. միջին աժէքի աստղը կարելի է տեսնել առանց աստղադիտակի, սակայն շատ պղտոր ու նուաղ փայլք մը կ՚ունենայ, իսկ եթէ որոշէք առնել ամենէն սուղնոց աստղերէն, կրնաք վստահ ըլլալ, որ պարզ աչքերով յստակօրէն պիտի տեսնէք անոր փայլքն ու սիրունութիւնը. դարեան նոյն հա՞րցը. ո՞ր ապուշը դրամ պիտի տայ աստղ մը գնելու... արդիւնքները այդպէս չեն ըսեր:

Յաճախ լսուած խօսք է, որ դիւրին բան չէ դրամ շահիլը, սակայն այսօր դրամ շահիլը դժուար է միայն անո՛նց համար, որոնք մարդկային արժէքներ պահելով կ՚ուզեն ապրիլ իրենց կեանքը:

Այսօր վաճառքի դրուածը ո՛չ հանգստափչիկն է, ո՛չ բոզին ակնոցն է, ո՛չ ալ Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած աստղերն են. մեր մարդկային արժէքներն են վաճառքի հանուածները, որոնց կարօտը սկսած ենք ունենալ: Հարստանա՞լ կ՚ուզես... դո՛ւն ալ փորձէ:

Սոդոմ-Գոմոր մը պարզապէս...

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՀԱՅԿԱՆՈՅՇ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
(1893-1958)

Մեր թուականէն 64 տարիներ առաջ՝ 19 ապրիլ 1958-ին, Երեւանի մէջ մահացած է օփերայի երգչուհի, դերասանուհի, դասական երգարուեստի վարպետ եւ պետական մրցանակի դափնեկիր Հայկանոյշ Դանիէլեան:

Դանիէլեան ծնած է 15 դեկտեմբեր 1893-ին, Թիֆլիզի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա երաժշտական բարձրագոյն ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Սեն Փեթերսպուրկ, ուսանելու համար տեղի երաժշտանոցէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1920 թուականին:

Դանիէլեան ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ երգած է Փեթերսպուրկի մէջ, ապա վերադարձած է Թիֆլիզ, ուր մաս կազմած է Թիֆլիզի օփերայի թատրոնին։ 1924 թուականին յայտնի խորհրդային արուեստագէտ Լեւոն Իսեցկիի եւ երգիչ Շարա Տալեանի հետ մասնակցած է Կիւմրիի օփերայի խումբի ներկայացումներուն:

Դանիէլեան 1941-1951 թուականներուն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն ներս. 1949-1952 թուականներուն եղած է Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցի տնօրէն:

Արուեստագիտուհին 1932-1948 թուականներուն եղած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի մեներգչուհին, ուր հանդէս եկած է բազմաթիւ ներկայացումներով. անոնցմէ յայտնի է Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ»ը, ուր Դանիէլեան ստանձնած է Անուշի դերը: Հայերէն լեզուի կողքին հանդէս եկած է նաեւ օտար ներկայացումներով. ինչպէս՝ Փուչչինիի «Չիօ չիօ-սան» ներկայացումը: Օփերային ներկայացումներու կողքին դեր ստանձնած է նաեւ «Հայկական կինոհամերգ» ժապաւէնին մէջ:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Դանիէլեան 1939 թուականին ստացած է Ժողովրդական արուեստագէտի կոչում եւ նոյն տարին արժանացած է «Լենին» շքանշանին. 1948 թուականին արժանացած է Ստալինեան մրցանակին եւ «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» շքանշանին:

Ի յիշատակ Դանիէլեանի՝ Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանին արուեստի դպրոցը կոչուած է Հայկանոյշ Դանիէլեանի անունով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2022