«ԹԻԹԱՆԻՔ»ԷՆ ԴՐՈՒԱԳ ՄԸ

Կեան­քի զա­նա­զան ե­րե­ւոյթ­նե­րուն, պա­տա­հար­նե­րուն եւ դէպք­նե­րուն ա­մէն մար­դէ չի սպա­սուիր նոյն հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ ո­մանք քաջ են, ո­մանք շուա­րած, ո­մանք սար­սա­փի մատ­նուած, եւ տա­կա­ւին ան­հա­մար մարդ­կա­յին ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ կա­րե­լի է նշմա­րել նոյն դէպ­քին, նոյն ե­րե­ւոյ­թին նկատ­մամբ։ Ա­սի­կա շատ բնա­կան է, քա­նի որ ա­մէն մարդ նոյն բնա­ւո­րու­թիւ­նը, նոյն նկա­րա­գի­րը կամ նոյն խառ­նուած­քը չու­նի։

Այս պա­րա­գան կրնայ ըլ­լալ ժա­ռան­գա­կան, այ­սինքն բնա­ծին, եւ կամ ստա­ցա­կան, այ­սինքն ար­տա­քին՝ ըն­կե­րա­յին մի­ջա­վայ­րի ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով գո­յա­ցած ըլ­լալ մար­դուս մէջ։ Ան­շուշտ ա­սի­կա ո­րո­շել հո­գե­բան­նե­րու եւ ըն­կե­րա­բան­նե­րու կը վե­րա­բե­րի։ Եւ մենք չենք ու­զեր մի­ջամ­տել մաս­նա­գի­տու­թեան սահ­ման­նե­րուն եւ կ՚անց­նինք ներ­կա­յաց­նե­լու պատ­մա­կան դէպք մը՝ «Թի­թա­նիք»ի ա­ղէ­տէն առ­նուած, ո­րուն կը վկա­յեն պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­ներ։

«Թի­թա­նիք»ի յայտ­նի ա­ղէ­տին ըն­թաց­քին երբ նա­ւուն նա­ւա­պե­տը հրա­մա­յեց նա՛խ կի­ներն ու մա­նուկ­նե­րը ա­զա­տել, աշ­խարհ հիա­ցու­մով լսեց այ­րե­րուն քա­ջա­րի ըն­թաց­քը՝ ո՛չ խու­ճապ ա­նոնց մէջ, եւ ոչ ալ ինք­զինք ա­զա­տե­լու հա­մար նա­ւակ­նե­րուն մէջ նե­տուե­լու փոր­ձեր։ Բայց պատ­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ կը վկա­յեն նաեւ թէ՝ նմա­նօ­րի­նակ պա­րա­գա­յի մը տակ, «Թի­թա­նիք»ի նա­ւա­պե­տը ստի­պուած է կրա­կել չի­նա­ցի այ­րե­րու վրայ՝ ո­րոնք հա­կա­ռակ իր հրա­մա­նին, կի­նե­րէն ա­ռաջ նա­ւակ­նե­րուն մէջ կը նե­տուէին։ Այս, հա­զուա­դէպ պա­րա­գայ մը թէեւ, բայց ար­ձա­նագ­րուած է որ­պէս ի­րո­ղու­թի՛ւն։

Եւ դար­ձեալ, կը պատ­մուի, թէ՝ ու­սու­ցիչ մը, որ երկ­րա­շար­ժի մը ա­տեն իր խնամ­քին ու հո­գա­ծու­թեան յանձ­նուած ու­սա­նող­նե­րը հո­գա­լու, ա­նոնց օգ­նե­լու տեղ, պա­տու­հա­նէն վա՛ր նե­տուած է ինք­զինք ա­զա­տե­լու եւ միա՛յն իր կեան­քը փրկե­լու հա­մար։

Բայց այս եր­կու օ­րի­նակ­նե­րը բա­ցա­ռու­թիւն կը կազ­մեն բա­րե­բախ­տա­բար, քա­նի որ ընդ­հան­րա­պէս մար­դիկ կը վա­րուին ա՛յն­պէս՝ ինչ­պէս որ պէ՛տք է վա­րուին, եւ ի՛նչ որ կը պա­հան­ջէ ի­րենց կո­չու­մը՝ ի­րե­րօգ­նու­թեան, ի­րա­րու հաս­նե­լու, ի­րա­րու պա­կաս լրաց­նե­լու եւ զօ­րաց­նե­լու ի­րենց տկա­րու­թիւն­նե­րը փո­խա­դար­ձա­բա՛ր։

Ար­դա­րեւ, մարդ էա­կին ա­ռաջ­նա­կարգ պար­տա­կա­նու­թիւնն է՝ ի­րա­րու օգ­նել ա­մէն նե­ղու­թեան մէջ, հո­գալ եւ խնամք տա­նիլ ի­րա­րու, ան­շուշտ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն, կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նե­րած չա­փով։

Պէտք է ըն­դու­նիլ, որ ա­մէն մարդ, իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ տա­րո­ղու­թիւն մը ու­նի ի­րե­րօգ­նու­թեան հար­ցին նկատ­մամբ։ Բայց սա ան­վի­ճե­լի է, թէ պա­հանջք մըն է ի­րե­րօգ­նու­թիւ­նը, քա­նի որ մարդ էա­կը ըն­կե­րա­յին էակ մըն է՝ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ ապ­րե­լու նպա­տա­կով ստեղ­ծուած է, եւ ո՛չ թէ մի­նակ ապ­րե­լու հա­մար։ Եւ գու­ցէ, մարդ, մա­հու կամ ո­րե­ւէ վնա­սի եւ կամ կո­րուս­տի յան­կար­ծա­հաս վտան­գի մը պա­րա­գա­յին, ա­մէն գնով ա­զա­տե­լու է թէ՛ իր կեան­քը եւ թէ՛ իր շուր­ջին­նե­րուն կեան­քը կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու թոյլ­տուու­թեա­նը չա­փով ան­շուշտ։

Ար­դա­րեւ, ո՛չ մէ­կէ կա­րե­լի է սպա­սել՝ ան­կա­րե­լին կա­տա­րե­լը, ա­մէն ինչ ո­րոշ տա­րո­ղու­թեան մը, կա­րո­ղու­թեան մը հա­մե­մատ կ՚ակն­կա­լուի։ Որ­քան գի­տենք՝ կրօն­ներն ալ, ընդ­հան­րա­պէս ան­կա­րե­լի ո­րե­ւէ բան չեն պա­հան­ջեր մար­դոց­մէ, քա­նի որ մարդ էա­կը բնու­թեամբ ո­րոշ տկա­րու­թիւն­ներ եւ թե­րու­թիւն­ներ ու­նի, կա­տա­րեալ չէ՛։ Ու­րեմն մար­դուս կը վե­րա­բե­րի՝ «կա­րե­լի՛ն ը­նել». ջա­նա­սէր ըլ­լալ եւ ձգտիլ՝ կա­տա­րեա­լին։

Այս կէ­տին, կ՚ու­զենք յի­շել եր­կու պա­րա­գայ՝ որ ա­ռա­ծի նիւթ է ե­ղած։

Նախ, այն որ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, թէ՝ լա­ւա­գոյ­նը թշնա­մի՛ է լա­ւին։ Ար­դա­րեւ մարդ լա­ւա­գոյ­նը, կեր­պով մը «ան­կա­րե­լի»ն ը­նե­լու ա­տեն տե­ւա­պէս կ՚ան­տե­սէ «լաւ»ը, այ­սինքն կա­րե­լին՝ որ թե­րեւս բա­ւա­րար պի­տի ըլ­լայ նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու, կա­տա­րեա­լին մօ­տե­նա­լու։

Յե­տոյ, երբ մարդ տե­ւա­պէս վեր նա­յի, վե­րը փնտռէ իր մտադ­րա­ծը, կրնայ չտես­նել վա­րի­նը՝ ուր թե­րեւս իր փնտռա­ծը կա­րե­լի է որ գտնէ։ Եւ երբ մարդ շա­րու­նակ վեր նա­յի, գու­ցէ վա­րը՝ ոտ­քին առ­ջեւ քա­րը կրնայ չտես­նել, եւ կառ­չե­լով ա­նոր, կրնայ գլո­րիլ կամ տա­պա­լիլ։ Նոյնն է պա­րա­գան հե­ռուն փնտռե­լու մէջ նպա­տակ­նե­րը, թե­րեւս ա­նոնք ան­մի­ջա­պէս մօտն են եւ կ՚ան­տե­սուին, քա­նի որ ամ­բողջ ու­շադ­րու­թիւ­նը սե­ւե­ռած է հե­ռուի­նին վրայ։ Ե­թէ կա՛յ «վեր»ը, ու­րեմն կա՛յ նաեւ՝ «վար»ը, եւ դար­ձեալ, ե­թէ գո­յու­թիւն ու­նի «հե­ռու»ն, ու­րեմն եւ գո­յու­թիւն ու­նի նախ՝ «մօտ»ը, եւ չես գի­տեր թէ ո՞ւր է մար­դուս փնտռա­ծը, հաս­նիլ ու­զած կա­տա­րե­լու­թիւ­նը, մտադ­րած նպա­տա­կը։ Եւ դար­ձեալ, քա­նի որ կայ թէ՛ «վեր»ը եւ թէ «վար»ը, եւ կայ թէ՛ «հե­ռու»ն եւ թէ «մօտ»ը, ա­պա ու­րեմն մարդ պէտք է օգ­տա­գոր­ծէ եր­կուքն ալ, փոր­ձե­լով հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը։

Այս ուղ­ղու­թեամբ, կեան­քի մէջ կայ նաեւ՝ «դիւ­րին»ը եւ «դժուար»ը։ Եր­կուքն ալ մար­դուս հա­մար է քա­նի որ, ու­րեմն եր­կու ճամ­բան ալ օգ­տա­գոր­ծե­լու է մարդ։ Այս ի­մաս­տով թէեւ Ա­ւե­տա­րա­նը կ՚ը­սէ. «Մտէ՛ք նեղ դռնէն, քա­նի կո­րուս­տի տա­նող դու­ռը լայն է եւ ճամ­բան՝ ըն­դար­ձակ, եւ շա­տեր կը մտնեն ան­կէ։ Մինչ դէ­պի կեանք տա­նող դու­ռը նե՛ղ է եւ ճամ­բան դժուա­րին, եւ քի­չեր միայն կը գտնեն զայն» (ՄԱՏԹ. Է 13-14)։­

Ար­դա­րեւ, ի­րա՛ւ է որ յաղ­թա­նակ մը կը շա­հուի պայ­քա­րով, յա­ջո­ղու­թիւն մը ձեռք կը ձգուի աշ­խա­տան­քով՝ ա­ռանց նե­ղու­թիւն կրե­լու հան­գիս­տը ո՛չ մէկ ար­ժէք ու­նի։ Բայց կա­րե­նալ բաղ­դա­տե­լու, կա­րե­նալ հա­մե­մա­տե­լու հա­մար միշտ պէտք է ըլ­լայ հա­կա­դիր ար­ժէք­ներ, զոր օ­րի­նակ, ծու­լու­թեան գա­ղա­փարն է որ ար­ժէ­քը կ՚ա­ւելց­նէ աշ­խա­տու­թեան, ո՛չ միայն աշ­խա­տու­թե­նէ ձեռք բե­րուած յա­ջո­ղու­թիւ­նը, գո­նէ նա­խընտ­րու­թիւն մը ը­նե­լու եւ օգ­տա­կա­րը ընտ­րե­լու պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ այդ հա­կադ­րու­թիւ­նը։

Այս մա­սին կը ներ­կա­յա­նայ պա­րա­գայ մը եւս, ուս­տի երկ­րորդ կա­րե­ւոր ար­գելք մըն է «ան­տար­բե­րու­թիւն»ը՝ որ գո­նէ կա­րե­լին ը­նե­լու մէջ ան­գամ խո­չըն­դոտ մը կը կազ­մէ մար­դուս առ­ջեւ։ Ան­տար­բե­րու­թիւ­նը ա՛խտ մըն է, որ կը խա­փա­նէ ա­մէն օգ­տա­կար ձեռ­նարկ՝ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն եւ աշ­խա­տու­թիւն։ Եւ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը կը խա­թա­րէ ըն­կե­րա­յին կեան­քը ամ­բող­ջու­թեամբ։ Ուս­տի նպա­տա­կի մը հա­մար, գա­ղա­փա­րի մը հա­մար, բա­րո­յա­կան ար­ժէ­քի մը հա­մար նուի­րուիլ, զո­հուիլ՝ կեան­քը գի­տակ­ցա­բար զո­հե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ու­նե­ցած բազ­մա­թիւ հե­րոս­ներ կա­րե­լի է տես­նել մարդ­կու­թեան ընդ­հա­նուր պատ­մու­թեան մէջ զա­նա­զան շրջան­նե­րու, զա­նա­զան վայ­րեր։ Նուի­րա­կան սկզբուն­քը կը պա­հան­ջէ նուի­րում, զո­հո­ղու­թիւն, մին­չեւ իսկ անձ­նուի­րու­թիւն, ո­րոնք կա­տա­րող­ներ ա­հա­ւա­սիկ կը յի­շուին որ­պէս «հե­րոս»ներ եւ «դիւ­ցազն» ան­ձեր՝ ո­րոնք թէեւ հա­զուա­գիւտ բայց մեծ գոր­ծեր կը կա­տա­րեն՝ մարդ­կու­թեան բա­րի­քին եւ օգ­տին ի նպաստ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 18, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017