ՀԱՒԱՏԱԼՈՒ ՊԱՀԱՆՋՔԸ

Voltaire (1694-1778), ինչպէս ուրիշ առիթներով ալ յիշած էինք, Աստուծոյ գոյութեան մասին կ՚ըսէ, թէ՝ եթէ գոյութիւն չունենար Աստուած, մարդ արարածը անպայման «աստուած» մը պիտի ստեղծէր։ Իրաւացի է Voltaire-ի խօսքը, քանի որ մարդիկ դարերու ընթացքին ձեռակերտ կուռքեր եւ կամ բնական երեւոյթներ պաշտած, անոնց հաւատացած են։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ մարդ հաւատալու՝ վստահելու պահանջքը ունի։ Արդարեւ, բնազդ մըն է հաւատալը։

William James (1898-1944) ուսումնասիրութիւն մը կատարած է «հաւատալու փափաք»ի մասին։

Bertrand Russell (1872-1970) կ՚ըսէ, թէ հաւատալիքներուն ո՛չ մէկը ճշմարտութիւնը բացարձակ կերպով կրնայ ցոլացնել։ Մասամբ ընդունելի է այս տեսակէտը, քանի որ մարդուս միտքը եւ ըմբռնումի կարողութիւնը սահմանաւոր է, մարդ չի կրնար ըմբռնել անհունը, անսահմանը։ Բացարձակ կատարեալի, ամբողջական արժէքի, ամենակարողութեան, ամենատեսութեան, ամենազօրաւորը ըլլալու, անթերի ըլլալու ըմբռնումը բոլորովին «օտար» է մարդուն սահմանափակ մտածողութեան եւ թէ անորոշ եւ վարանոտ, շուար զգացողութեան. տէրը կը կարծէ ինքզինք բնութեան, բայց բնութի՛ւնն է անոր տէրը, քանի որ մարդ բնութեան կը պատկանի եւ ո՛չ բնութիւնը մարդուն…

Մարդ, յաճախ անորոշութեան եւ սխալանքներու ենթակայ է, եւ մի՛շտ սայթաքումի, մոլորումի, գայթումի կը մատնուի, բայց, դժբախտաբար երբեք չ՚ընդունիր այս իրականութիւնը եւ ինքզինք կատարեալ՝ անթերի եւ զօրաւոր կը նկատէ։ Սակայն այս չէ իրականութիւնը։ Մարդ, թէեւ կը ձգտի կատարելութեան, բայց չի՛ կրնար կատարելագործուիլ՝ միշտ պակաս մը կը գտնուի, միշտ թերի է մարդ եւ տկա՛ր։ Արդարեւ, կատարելութիւնը՝ բացարձակը կը նմանի հորիզոնին՝ մարդ որքան ալ փորձէ մօտենալ հորիզոնին, ան միշտ հեռո՛ւ է, կը հեռանայ, եւ կարելի չ՚ըլլար անոր հասնիլ։ Ուստի, հորիզոնին նկարագիրն է «անմատչելի» ըլլալը, ան միշտ հեռու է, եւ այդ պատճառով ալ ան «հորիզոն» է։

Կատարելութեան ալ, կարելի է մօտենալ, բայց կարելի չէ հասնիլ, յարաբերիլ եւ միանալ՝ իւրացել զայն։ Բացարձակը՝ «բացարձակ» է, որովհետեւ նո՛յնքան անմատչելի է եւ միշտ արգե՛լք մը կայ անոր հասնելու։ Եւ կարծեմ ա՛յս է «արգիլուած ծառին պտուղ»ի պատմութիւնը. մարդ միշտ արգելքով կը դիմաւորուի կատարելութեան հասնելու ճամբուն վրայ։

Ահաւասի՛կ, ճիշդ այս պատճառով, յաճախ հաւատքը զօրացնելու միջոցներ կ՚որոնուի. կ՚ըսուի, թէ հաւատքը պէտք է զօրացնել՝ կատարելութեան առջեւ արգելքները ոչնչացնելու համար… Ասոր համար բազմակողմանի պէտք է մտածել եւ գործել՝ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, բայց ամէն ճամբայ անոր չի հասցներ դէպի ճշմարտութիւն քալողը, քանի որ ոմանք իրապէս դէպի ճշմարտութիւն կը քալեն, իսկ ոմանք՝ կը կարծեն, թէ՝ դէպի ճշմարտութիւն կը քալեն…

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, հաւատքը պարզ զգացում մը, հոգեվիճակ մը չէ՛. հաւատքը գիտակցութիւն կը պահանջէ, մա՛րդ «կը հաւատամ…», ըսելով ճշմարիտ իմաստով հաւատացեալ չ՚ըլլա՛ր. «հաւատացեալ եմ…» ըսել, մարդը հաւատացեալ չ՚ընե՛ր։ Քննարկել, ուսումնասիրել, հասկնալ, ըմբռնել՝ հաւատքը երբեք չի տկարացներ, այլեւ մանաւանդ կը զօրացնէ։ Արդարեւ, ճշմարիտ հաւատքի ամենամեծ արգելքը եւ թշնամին՝ կանխակալ ըլլալ եւ նախապաշարումներու յորձանքին մէջ ճշմարտութենէն հեռանալն է. երբ մարդ առանց քննելու, ուսումնասիրելու փորձէ ճշմարտութեան հասնիլ, կը սխալի, կը սայթաքի եւ կը շեղի իր ճամբայէն։ Կեանքի մէջ մոլորութիւններու, մոլեռանդութիւններու, համոզուի ծայրայեղութիւններու նախապատճառը միշտ նախապաշարումները եղած են։

Հաւատքը երբեք հրամայականոն (dogmatique) դրութիւն մը չէ՛. ընդհակառակը՝ գործնական բնոյթ կամ կիրառութիւն ունեցող, գործաբանական (pragmatique) դրութիւն մըն է։ Եւ այս ցոյց կու տայ, որ հաւատքը պէտք է գիտական միջոցներով եւ առարկաներով գործադրուի եւ զարգանայ։ Հաւատքը հասկնալով, ըմբռնելով եւ իւրացնելով է, որ իր ճշմարիտ արժէքը կը ստանայ։ Այս մասին լայնախոհ եւ շրջահայեաց ըլլալ՝ հաւատքը կը զօրացնէ, քանի որ ան ճշմարտութեան ապահով ճամբան է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 18 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2023