ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ԵՒ ՏԱՐԵՑՆԵՐ

Մեր ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահեր կ՚ըսէ, թէ 40 տարեկանը երիտասարդութեան ծերութիւնն է, իսկ 50 տարեկանը՝ ծերութեան երիտասարդութի՛ւնը։

Արդարեւ հոգեբանական եւ կենսաբանական իրողութիւն մըն է, որ ամէն մարդ նոյն աստիճանով եւ համեմատութեամբ չի ծերանար։ Ուստի կան մարդիկ որ ծեր են 45, 50, եւ կամ 60 տարիքի մէջ։ Անդին կան ուրիշներ, որոնք 70, 80, 90 եւ աւելի տարեկան հասակին մէջ պահած են իրենց մտքի առուգութիւնը, հոգիի երիտասարդութիւնը, խանդը, եռանդը եւ մարմնական-ֆիզիքական առողջութիւնը եւ կորովը։ Եւ այս իսկ իմաստով կարելի է ըսել, թէ երիտասարդութեան եւ ծերութեան ըմբռնումները յարաբերական են՝ ո՛չ բացարձակ, այլ՝ համեմատական, առընչակա՛ն։ Այս իրողութիւն մըն է, որ ընդհանրապէս անտեսուած է, եւ սովորութիւն է եղած թէ՛ երիտասարդութեան, թէ՛ ծերութեան բացարձակ հանգամանք մը վերագրել եւ հաստ գիծերով բաժնել զանոնք։

Այս իրողութենէն մեկնելով կարելի է զանազանել երկու ըմբռնումները՝ «ծերութիւն»ը եւ «տարեց» ըլլալու  վիճակը։ Այն որ որոշ տարիք մը ունի, կարելի է անուանել՝ «տարեց» բայց միշտ ո՛չ «ծեր»։ Ուստի մարդ կրնայ տարիք ունենալ, սակայն կրնայ երիտասարդ զգալ ինքզինք՝ առոյգ, գործունեայ եւ աշխոյժ։ Եւ մարդ կրնայ մեծ տարիք չունենալ բայց ինքզինք երիտասարդ չզգալ՝ յոգնաբեկ, աշխատանքէ պարտասած։ Ուրեմն ո՞վ է երիտասարդը եւ ո՞վ՝ տարեցը կամ ծերը։

Մարդիկ կան որ երիտասարդ են սովորական չափանիշներով եւ սակայն «յոգնած մարդ» ըլլալ։ Երբեմն կեանքը կը մաշեցնէ մարդը, կ՚ընկճէ կանուխէն, երբեմն ալ մարդ կը տոկայ ամէն նեղութեան, դժուարութեան, կեանքի զանազան հարուածներուն եւ կանգուն կը մնայ, անխախտ եւ զօրաւոր։ Եւ բոլոր այս պայմանները կախում ունին իւրաքանչիւր մարդու բնութենէն, կազմուածքէն, խառնուածքէն՝ բնախօսական եւ բարոյական առանձնայատկութիւններէն։ Ոմանք շատ զգայուն են, դիւրազգած եւ իրենք զիրենք կը մաշեցնեն, կը հատցնեն, կը սպառեն եւ անշուշտ կանուխ կը ծերանան։ Մանաւանդ անտեղի մտահոգութիւններ, չափազանց զգայուն, դիւրաւ ազդուող, դիւրաւ վշտացող եւ նուրբ տպաւորութիւններ իւրացնող բնաւորութեան տէր մարդիկ շատ արագ կը մաշին… եւ կանո՛ւխ կը ծերանան։

Ուրեմն կը հետեւի, թէ երիտասարդութիւն եւ ծերութիւն՝ որքան տարիքի, նո՛յնքան ենթականերուն մարմնական-հոգեկան-մտային կազմուածքին, խառնուածքին եւ ընդհանուր կերպով բնաւորութեան հետ սերտօրէն կապուած վիճակներ են։

Այս իրողութիւնը անտեսուած էր նախապէս եւ սովորութիւն եղած էր ընդհանրապէս որոշ տարիքներու համեմատ մէկը որակել «երիտասարդ» կամ «ծեր»։ Բայց հիմա այն իրողութեան լոյսին տակ, թէ «երիտասարդութիւն» կամ «ծերութիւն» կախում ունին նաեւ եւ յատկապէս անձին դիրքէն, տարեցներու ալ պատեհութիւն կը տրուի արժեցնելու իրենց յղկուած տաղանդը, ամբարած հմտութիւնը եւ մանաւանդ տարիներու թանկագին փորձառութիւնը։ Եւ որքա՜ն իրաւացի է այն խօսքը որ կ՚ըսէ. «Երիտասարդներ փափաքէին ընել, տարեցներ կարենային ընել»։

Ո՛չ մէկ տարակոյս, թէ իրապէս արուեստ մըն է իմաստութեամբ ապրիլ եւ ծերութեան մէջ իսկ երիտասարդական խանդ, ցոլք եւ աւիւն ունենալ։

Կ՚արժէ որ տարեցներ դեռ չծերացած շարունակեն ապրիլ երիտասարդներու պէս, զոր օրինակ՝ գրեն, արտադրեն իրենց կեանքէն եւ մանաւանդ փորձառութիւններէն, որպէսզի երիտասարդներ առիթ ունենան օգտուելու ատոնցմէ։ Եւ այս կերպով, երիտասարդներու եւ տարեցներու միջեւ ենթադրուած, կարծուած «վիհ»ը, անդունդը կարելի կ՚ըլլայ միացնել բարոյական կամուրջով մը։ Եւ մանաւանդ այս կերպով երիտասարդներ եւ տարեցներ, կամ իրենք զիրենք «երիտասարդ» կարծողներու նը-կատմամբ «ծեր»եր կրնան մօտենալ իրարու փոխադարձ հասկացողութեամբ, հանդուրժողութեամբ եւ սիրո՛վ։ Եւ այս կէտին կարեւոր է՝ երիտասարդներ անդրադառնան եւ գիտնան, թէ օր մը իրենք ալ տարեց եւ թերեւս «ծեր» պիտի ըլլան եւ տարեցներ, նոյնպէս յիշեն, թէ իրենց անցեալին մէջ ալ կար երիտասարդութեան շրջան մը. ապրած էին երիտասարդութիւն մը, եւ այն թերութիւնները որ այսօր տեսնել կ՚ուզեն երիտասարդներուն վրայ, ապրած էին նոյնութեամբ, թերեւս աւելին եւ կամ պակասը…։

Ուստի, թէ՛ երիտասարդներ, թէ՛ տարեցներ համակրական հասկացողութեամբ պէտք է մօտենան իրարու եւ տարեցներ պէտք է խորհին, թէ օր մը այդ «երիտասարդ»ները պիտի ստանձնեն նոյն պարտականութիւնները՝ որոնք ստանձնած էին իրենք նախապէս։ Եւ «օր մը» երիտասարդները պիտի լեցնեն տարեցներէ պարտուած պաշտօնները, պաշտօնատարութիւնները…։

Երիտասարդներ ալ պէտք է նկատի ունենան, որ ծերերն ալ կրնան գործել եւ մարդկութեան օգտակար ըլլալ, եթէ կարգ մը պայմաններ յարգուին։ «Ծեր» կարծուած «տարեց»ներ կրնան շատ օգտակարութիւններ ունենալ մարդկութեան, եթէ իրենք զիրենք «լքուած», «անտեսուած» անշահ անհատներ չզգան…։

Ուրեմն յարգա՜նք տարեցներուն եւ սէ՛ր երիտասարդներուն։ Երկուքն ալ անբաժան եւ անհրաժեշտ անդամներն են մարդկային մեծ ընտանիքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 7, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019