ԺՈՂՈՎ ԸՐԻ՜ՆՔ…

Ես ըսեմ տա՛սն... դուն ըսէ՛ հարի՜ւր...

Ես ըսեմ հարի՛ւր... դուն ըսէ՛ հազա՜ր...

Եւ զարմանալի չէ՛ որ հազարը դառնայ հարի՜ւր հազարներ. գուցէ հիմա, այս յօդուածը կարդացած պահուդ արդէն աշխարհի վրայ նուազագոյնը 10-20 ժողովներ տեղի կ՚ունենան հայկական գաղութներուն մէջ, որովհետեւ մեր մէջ բոյն դրած է ժողով գումարելու ախտը:

Չեմ կարծեր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենայ ազգ մը՝ որ մեզմէ աւելի ժողովներ կը գումարէ՝ առանց երբեք արդիւնք տալու: Գրեթէ շաբաթական դրութեամբ թաղականութեան ժողով, տիկնանց յանձնախումբերու ժողով, դպրաց դասերու ժողով, ուսումնական խորհուրդի ժողով, ազգային ժողով, կենդրոնական վարչութեան ժողով, շրջանային վարչութեան ժողով, կրօնական խորհուրդի ժողով, դատական խորհուրդի ժողով, երգչախումբերու եւ երաժշտական խումբերու ժողով, մարզական խումբերու ժողով, խնամակալութեան ժողով, բարեսիրական հիմնարկներու ժողով, հիմնադրամներու ժողով, կուսակցութիւններու ժողով, երիտասարդական յանձնախումբի ժողով, տնտեսական յանձնախումբի ժողով, կալուածոց յանձնախումբի ժողով, գրողներու միութեան ժողով, մամուլի ժողով... եւ դեռ շա՜տ շա՜տ աւելին:

Ժողո՜վ... ժողով... ժողո՛վ...

Ցաւ ի սիրտ մեր ազգի մեծաւորները չեն կրցած հասկնալ, որ ժողովը պարզապէս միջոց մըն է՝ հասնելու նպատակին. մենք ժողովը դարձուցած ենք նպատակ՝ կարծելով որ ազգի հարցերը ժողով գումարելով կը լուծուի: Այս պատճառով մեր մէջ գոյութիւն ունի այն սխալ համոզումը, որ ազգային ծառայող դառնալ՝ ժողովական դառնալ կը նշանակէ:

Անցեալները բարեկամ մը կը խօսէր իր գիւղին մասին. փոքր գիւղ մըն է՝ սակայն շաբաթական դրութեամբ կը գումարուի աւելի քան 15 տարբեր ժողովներ. արդի՞ւնք... երիտասարդները եկեղեցի՛ չեն գար, ակումբ չե՛ն գար, հայերէն չե՛ն խօսիր, հայկական շրջանակներէն հեռու են: Այս բոլորին դիմաց իրաւունք կը վերապահենք հարց տալու, թէ ի՞նչ իմաստ ժողով գումարել՝ եթէ արդիւնքը գումարէք թէ ո՛չ պիտի ըլլայ նոյնը:

Երթա՛նք դարձեալ անցեալ (շատեր պիտի ըսե՛ն ահաւասիկ դարձեալ անցեալ գնաց): Դար մը առաջ Յակոբ Պարոնեան խիկարի մէջ կ՚արձանագրէ երկխօսութիւն մը: Բարեկամը հարց կու տայ.-

«-Խիկա՛ր, ուրբաթ օրը ժողովի պիտի երթա՞ս»:

Խիկար կը պատասխանէ.- «Չէ՛, պարապ խօսքեր մտիկ ընելու ժամանակ չունիմ»:

Դժբախտաբար մեր գաղութներու ճահճանալը պատճառ դարձաւ, որ ժողովները ընկալւին որպէս «պարապ խօսք մտիկ ընել»ու վայր, ուր սոսկ լոզունգներ ու առաջադրանքներ կը դրուին՝ առանց երբեք կեանքի կոչուելու: Այսքան ժողովներէ ետք, երբ տեսնենք, թէ նահանջ կ՚արձանագրենք, պէտք է գիտակցինք, որ տեղ մը սխալ կայ... մենք այսօր ժողովի յայտարարութիւնը կը հրապարակենք, մինչ ազգը այսօր ժողովին արդիւնքը կ՚ուզէ տեսնել:

Անոնց համար՝ որոնք լուծում կը պահանջեն:

Մեր գաղութներէն, կուսակցութիւններէն, եկեղեցիներէն ու կազմակերպութիւններէն ներս տեղի ունեցող բոլոր ժողովները պէտք է, որ ըլլան հրապարակային (որովհետեւ կը կարծենք ազգի մը խնդիրներուն լուծում տալը գաղտնիութիւն չի՛ պահանջեր. միայն բամբասանքն ու «պարապ խօսք»երն են, որոնք գաղտնիութեան կը կարօտին):

Մեր ժողովները պէտք է հանրութեան ներկայացուին իրենց ամբո՛ղջ մերկութեամբ, որպէսզի ժողովուրդը առիթը ունենայ հաշուետուութիւն ընել՝ տեսնելու համար արդիւնքը, այլապէս առ ի սովորութիւն գումարուած ժողովներէն բանո՛վ մը պիտի չտարբերին:

Տասն տարի առաջ՝ 2011 թուականին Լիբանանի մէջ ներկայ կը գտնուէի Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին. ներկաներէն մին համագումարի ամբողջ ընթացքը քննելէ ետք խօսք ուզեց եւ ըսաւ. «նախքան մասնակցիլս ուզեցի նախորդ երկու համագումարներու տեղեկատուականները կարդալ. ի՛նչ որ այսօր խօսեցանք, խօսած ենք նախորդ երկու համագումարներուն»: Շատերու համար ամբարտաւանութիւն, իսկ ուրիշներու՝ հաւաստի ճշմարտութիւն:

Եւ զարմանք պիտի չըլլայ, եթէ միւս համագումարներուն եւս նոյն բաները խօսուին, որովհետեւ մենք անունէն խաբուիլ կը սիրենք. Համագումա՜ր... ինչքան մեծ ու ծանր բառ:

Այս բոլոր մեր ըսածները դարձեալ կեանքի պիտի չկոչուին, որովհետեւ դարձեալ ժողովի կը կարօտին եւ մեր իրականութեան մէջ տակաւին չկայ ժողով՝ որ ժողովէ մը անդին կը մնայ:

Թող մեր ժողովները չնմանին «մուկերու ժողով»ին, որ կը գումարուի պարզապէս «Ժողով ըրի՜նք» ըսած ըլլալու սիրոյն...:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ
(1856-1951)

Մեր թուականէն 165 տարիներ առաջ Կիւմրիի մէջ ծնած է երաժշտահան, բանահաւաք, դաշնակահար եւ երաժշտագէտ Նիկողայոս Տիգրանեան:

Նիկողայոս ծաղկախտի հետեւանքով ինն տարեկանին կորսնցուցած է տեսողութիւնը։ Ընտանիքը զինք ղրկած է Վիեննա՝ ուսում ստանալու այդտեղի կոյրերու յատուկ ուսումնարանէն ներս: Ան աշակերտելով երաժիշտ Շեններին՝ աւարտած է Վիեննայի Երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժինը:

Տիգրանեան վերադառնալով Կիւմրի հիմնած է կոյրերու դպրոց եւ եղած է անոր տնօրէնը, միաժամանակ դասաւանդելով երաժշտական առարկաներ: Երաժիշտը 1894 թուականէն սկսեալ շրջած է Կովկաս, Ռուսաստան, Եւրոպա եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ՝ որպէս դաշնակահար ելոյթներ ունենալով: Եղած է առաջին երաժիշտներէն, որ դաշնամուրի եւ նուագախումբերու համար գրի առած է հայ աշուղներու կատարած երգերը, որոնք առաջին անգամ հրատարակուած են 1887 թուականին:

Աչազուրկ երաժիշտը 1900 թուականին Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսին պարգեւատրուած է անագապղինձէ (Bronze) պատուանշանով: Հայկական, պարսկական եւ քրտական երաժշտութեան բազմաթիւ նմոյշներ պահպանուած են Տիգրանեանի գրառումներու շնորհիւ, որոնցմէ օգտուած են Սպենդիարեան, Բարխուդարեան, Այվազեան, Խաչատուրեան եւ այլ յայտնի երաժիշտներ: Եղած է Հայկական ազգային դաշնամուրային երաժշտութեան հիմնադիրներէն:

Նիկողայոս Տիգրանեանի անուամբ կոչուած է Երեւանի Կոմիտաս պողոտայի յարակից փողոցներէն մին, ուր անցեալին գործած է Խորհրդային Հայաստանի Կոյրերու միութիւնն ու կոյրերու դպրոցը: Արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Արուեստագէտ եւ Աշխատանքի հերոս կոչումներուն:

Տիգրանեան մահացած է 17 փետրուար 1951 թուականին, Երեւան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 19, 2021