ԶԱՒԱԿԸ՝ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏԷՐ ԱՆՁԸ
Մարդը «անձ» մըն է եւ ասիկա՝ հաւասար չափով բոլոր մարդոց համար՝ հասուն կամ անչափահաս, այր մարդու եւ կին մարդու, քանի որ բոլորն ալ ստեղծուած են «ըստ պատկերին եւ նմանութեան Անձ»՝ Աստուծոյ։
Ընտանիքի մը մէջ՝ իւրաքանչիւր անդամ Աստուծոյ ամենակարողութեան, զօրութեան եւ գորովին պատկերն է հաւասար արժանապատուութեամբ, թէպէտ եւ տարբեր կերպով։ Արդարեւ, մարդուն ընտանիքին մէջ անդամակցութիւնը «միութիւն» մըն է։ Ուստի, ամուսնութիւնը կերպ մըն է մարմինի միջոցով նմանելու Արարչին բեղմնաւորութեան եւ առատաձեռնութեան. «Մարդը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ պիտի կապուի իր կնոջ, երկուքը պիտի կազմեն մէկ մարմին». (ԾՆՆԴ. Բ 24)։ Եւ այս միութենէն յառաջ կու գան մարդկային բոլոր սերունդները. (ԾՆՆԴ. Դ 1,2,25-26, Ե 1)։
«Պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ որպէսզի աշխարհի վրայ երկար կեանք ունենաս, զոր քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի». (ԵԼՔ. Ի 12)։
«Հնազանդ էր անոնց». (ՂՈՒԿ. Բ 51)։ Նոյն Ինքն Տէր Յիսուս յիշեցուց. «Աստուծոյ այս պատուիրանին» զօրութիւնը. (ՄԱՐԿ. Է 8-13)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կ՚ուսուցանէ. «Որդինե՛ր, հնազանդեցէք ձեր ծնողներուն ի Տէր» եւ ասիկա արդար է։ Պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ. ասիկա է առաջին պատուիրանը՝ որուն կապուած է խոստումը՝ որպէսզի երկրի վրայ երջանկութիւն եւ երկար կեանք վայելես (ԵՓՍ. Զ 1-3)՝ նաեւ՝ (Բ ՕՐ. Ե 16)։
Պատուիրանը ցոյց կու տայ «սիրոյ կարգը»։
Աստուած ուզեց որ Իրմէ ետք, պատուենք մեր ծնողները՝ որոնց կը պարտինք կեանքը եւ որոնք փոխանցեցին մեզի Աստուծոյ ճանաչումը։ Մենք պարտաւո՛ր ենք յարգել եւ պատուել բոլոր անոնք, զորս Աստուած մեր բարիքին համար Իր իշխանութեան գլուխը դրաւ։ Այս պատուէրը դրական ձեւով կ՚արտայայտուի կատարուելիք պարտականութիւններուն մասին։ Ան ծանուցումն է յաջորդ պատուիրաններուն՝ որոնք կը վերաբերին կեանքին մասնայատուկ յարգանքին, ամուսնութեան, ընտանիքի միութեան, երկրաւոր բարիքներուն, խօսքին։ Ան կը գոյացնէ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հիմերէն մէ՛կը։
Պատուիրանը կ՚ուղղուի յատկապէս զաւակներուն, նկատի առած անոնց փոխյարաբերութիւնները իրենց հօր եւ մօր հետ, որովհետեւ այս առընչութիւնը ամենէն տիեզերակա՛նն է։
Արդարեւ, «փոխյարաբերութիւններ», քանի որ ամէն պարտականութիւն իբր փոխարէն ունի նաեւ «իրաւունք»ը, եւ ամէն իրաւունք կը բերէ պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը բնականաբար։
Պատուիրանը կը հայի նաեւ ազգականական եւ արենակցական յարաբերութիւններուն՝ «ընտանեկան խումբ»ին անդամներուն միջեւ։ Ան կը խնդրէ որ ինչպէս ծնողքին, նաեւ պապերուն եւ նախահայրերուն, նախամայրերուն պատիւ, սէր եւ մա՛նաւանդ երախտագիտութիւն ընծայուի։ Վերջապէս ան կ՚ընդգրկէ աշակերտներուն պարտականութիւնները իրենց ուսուցչին, դաստիարակին եւ պաշտօնեաներուն հանդէպ՝ հանդէպ նաեւ իրենց գործատէրներուն, ստորակարգեալներուն՝ հանդէպ իրենց պետերուն, քաղաքացիներուն՝ հանդէպ երկիրը տնտեսող կամ կառավարող անձերուն, իշխանաւորներուն։
Ըսենք, որ ամէն իրաւունք ունի պարտականութեան փոխադարձը եւ ամէն պարտականութիւն՝ իրաւունքը։ Ուստի, պատուիրանը կը պարունակէ եւ լռելեան կը հասկնայ պարտականութիւնը ծնողներուն, խնամարկուներուն, վարժապետներուն, պետերուն, ատենակալներուն, կառավարիչներուն եւ վերջապէս բոլոր անոնց որոնք ուրիշին եւ կամ մարդոց ընդհանուր հասարակութեան մը վրայ իշխանութիւն ունին եւ կը կիրարկեն զայն։
Պատուիրանի գործադրութիւնը, արդարեւ, իր հետ կը բերէ իր վարձատրութիւնը, թէ՝ «Պատուէ՛ հայրդ եւ մայրդ, որպէսզի աշխարհի վրայ երկար կեանք ունենաս, զոր Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի». (ԵԼՔ. Ի 12) եւ (Բ ՕՐ. Ե 16)։
Այս պատուիրանին յարգանքը, հոգեւոր պտուղներուն հետ, կը հայթայթէ ժամանակաւոր պտուղներ՝ խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն։ Իսկ ընդհակառակը, այս պատուիրանին ոչ պահպանումը ընտանիքին, հասարակութեան եւ մարդկային անձերու, անհատներու մեծ վնասներ կը հասցնէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 13, 2022, Իսթանպուլ