ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Շատեր ըսելէն չձանձրացան, սակայն մենք նոյն յանկերգը լսելէն ձանձրացանք. ո՞ւր է մտաւորականութիւնը... Ինչքա՜ն տարօրինակ ազգ է չէ՞ հայ ժողովուրդը. կ՚ուզէ մտաւորական ունենալ, սակայն չ՚ուզեր զինք լսել, կ՚ուզէ եկեղեցիներ ունենալ, սակայն չ՚ուզեր աղօթել, կ՚ուզէ դպրոցներ ունենալ, սակայն չ՚ուզեր իր զաւակը հայկական դպրոց ղրկել եւ այսպէս շարունակ շա՜տ բան կ՚ուզէ հայը՝ առանց երբեք ուզելու:

Աւելի քան երբեք, այսօր մտաւորականութեան վիճակը կը մտահոգէ մեզ, որովհետեւ հակառակ խօսքի ազատութեան ջատագովութեան սովոր ենք անոնց ձայնը խեղդել. այսօր անոնք տիրական ներկայութիւն չեն մեր թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ազգային կեանքին մէջ. յաճախ այն տպաւորութիւնը ունինք, որ մտաւորական ըսելով պէտք է հասկնալ անձ մը, որ կը գրէ. այսօր հայ մտաւորականութիւն ըսելով չեմ գիտեր ինչու առաջին բանը, որ կը մտաբերենք Պետրոս Դուրեան, Մեծարենց եւ նման ուրիշներն են: Պէտք է յստակ ըլլայ, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցած են եւ ունին մտաւորականներ՝ որոնք գրելու սովորութիւնը չունին, սակայն ունին միտք՝ մտածելու:

Մտաւորականը ա՛ն է, որ գրելու կողքին քաջութիւնը կ՚ունենայ իր ըսելիքը բարձրաձայնել՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդին. մտաւորականը ան է, որ ժողովուրդի ցաւերով տոգորուած, իմաստութեամբ լոյս դառնալ կը փորձէ:

Աշխարհի մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ հզօր պետութիւն մը ունենալու համար առաջին հերթին պէտք է ունենալ հզօր բանակ, իսկ մենք կու տանք ա՛յն կարծիքը, որ նիւթապէս ամենէն հարուստ զօրքը անգամ եթէ չունենայ իմաստուն առաջնորդներ եւ մտաւորականներ, ուշ կամ կանուխ ենթակայ է կորուստի. վկայ տակաւին մի քանի տասնեակ առաջ գոյութիւն ունեցող Խորհրդային Միութիւնը, որ յիշատակ մըն է այսօր պարզապէս:

Անցեալին, երբ տակաւին չունէինք պետութիւն, ժողովուրդը կ՚առաջնորդէր մտաւորականութիւնը՝ մամուլի, գիրքի, ճառերու, բանախօսութիւններու ճամբով: Անոնք էին, որ կը պայքարէին խաւարամտութեան դէմ եւ այս կամ այն ձեւով կը փորձէին վերացնել յոռին. երբ կարդանք հիները պիտի տեսնենք անոնց էական դերը ժողովուրդի զարգացման մէջ. հրապարակախօս Շաւարշ Միսաքեան իր խմբագրականներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «հազարաւոր չարքաշ մտաւորականները, որ լոյս կը ցանէին խաւարակուռ Անատոլուի լեռներուն եւ դաշտերուն մէջ». այս էր պատճառը, որ նախքան Համաշխարհին Ա. պատերազմը, Պոլիս կ՚աքսորէին հայ մտաւորականներէն շատեր, որոնք տարբեր տարբեր շրջաններու մէջ դատուելով կ՚անհետանային:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին եւս պիտի տեսնենք, որ ազգ մը տկարացնելու եւ զինք լաւապէս ջարդելու համար բաւարար է իրմէ վերցնել մտաւորականութիւնը:

Մամուլի մէջ մի քանի տող գրող մը, կամ ազատ ժամերուն թուղթ մրոտող մը մտաւորական չի՛ դառնար. վկայ բոլո՛ր այն գրողները, որոնք գրեցին՝ սակայն այսօր թաղուած են պատմութեան էջերուն մէջ եւ միայն անոնցմէ մի քանին է որ կը յիշուի՝ ինչպիսի են Պարոնեան, Օտեան, Զօհրապ եւ ուրիշներ:

Զապէլ Եսայեան մտաւորականի կեանքը կը նկարագրէ «չարքաշ եւ դժուարին կեանք», որովհետեւ անոնց կեանքը թուղթի եւ գրիչի հետ ըլլալէ աւելի պարտի ժողովուրդին մէջ ըլլալ, որովհետեւ իսկական մտաւորական մը ունի ժողովուրդը խաղաղեցնելու, ինչպէս նաեւ յեղափոխութեան դուրս բերելու:

Քաղաքական գործիչ, գրող եւ հրապարակախօս Սիմոն Վրացեան (որ իսկական մտաւորական մըն է իր կարգին) մտաւորականութեան ինչ ըլլալը կը բացատրէ հետեւեալ տողերով. «Մտաւորականը նա չէ, որ միայն զարգացած միտք ունի եւ գիտական հմտութիւն: Իսկական մտաւորականը մտքի բազմակողմանի եւ հարուստ պաշարի հետ պէտք է ունենայ եւ բարձր ու հաստատուն գաղափարականութիւն, ամուր նկարագիր եւ որոշ աշխարհահայեացք, ինչպէս եւ մտքի իտէալ եւ պատրաստակամութիւն՝ պայքարելու եւ զոհուելու այդ իտէալի համար». մեր մտաւորականներուն մեծամասնութիւնը գրեթէ անմնացորդ զոհուեցան իրենց իտէալներուն եւ գաղափարներուն համար. անոնցմէ շատեր հալածուեցան եւ փոխանակ գաղափարները ձգելու օտարութեան մէջ իրենց փախտը փորձեցին, որովհետեւ իսկական մտաւորականը իր հանգիստն անգամ կը զոհէ՝ ի սէր իր գաղափարներուն:

Այսօր քի՛չ են մտաւորականները, որովհետեւ ներկայ դարուն ապրող մարդը աւելի՛ կը կարեւորէ իր հանգստութիւնն ու կեանքը՝ քան գաղափարները. այսօրուան մարդը պատրաստ է իր շահերուն համար առանց վարանելու փոխել գաղափարներ, նորերը որդեգրել եւ նոյն պարզութեամբ նաեւ հրաժարիլ այդ գաղափարներէն: Ուսումնասիրեցէ՛ք մեր մտաւորականներուն կեանքը, որոնք իրենց խօսքերուն ու գործերուն համար կեանք մը ամբողջ մաշեցուցած ու զոհած են`առանց երբեք դաւաճանելու ա՛յն գաղափարները՝ որոնց հաւատացած են: Հաւանաբար Եղիշէ Չարենց, Պարոյր Սեւակ եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ շատ աւելի հանգիստ ու խաղաղ կեանք մը ունենային՝ եթէ զոհէին ազատամութեան գաղափարախօսութիւնը:

Պէտք է գիտնալ, որ ազգի մը ապագան ո՛չ իր բանակին եւ ո՛չ ալ այդ ազգը առաջնորդող ղեկավարներէն կախեալ է. մտաւորականութիւնը ի՛նք կրնայ միայն առողջ հայրենիք մը ստեղծել, որովհետեւ իր գաղափարներու համար մահը անգամ ընդունած մարդը այդ գաղափարներուն համար ամէ՛ն բան կ՚ընէ՝ նոյնիսկ իր կեանքի գնով:

Այնպէս ինչպէս Համաշխարհային Ա. պատերազմին, նոյնպէս այսօր, մտաւորականութեան պակասն է որ մեզ կը կործանէ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -22-

Պէտք է ընդունիլ, որ հայերէն լեզուին լաւապէս չտիրապետելը, մանաւանդ Հայրենիքին մէջ կրնայ դժուարութիւններ առաջ բերել եւ նեղ կացութեան մատնել քեզ:

Տարիներ առաջ հօրաքրոջս տղուն «աղջիկ ուզել»ու գացինք. նկատի ունենալով հայր-մայր չունենալը հայրս եւ հօրեղբայրս յանձն առին կատարել այդ «ուզել»ու պարտականութիւնը:

Աղջիկը որ հօրաքրոջս տղան կը սիրէր հայաստանցի էր, իսկ հայրս ու հօրեղբայրս հայաստանեան լեզուին՝ արեւելահայերէնին անծանօթ:

Ծանօթացման պահուն աղջկան մայրը յայտնեց, որ իմ տղաս երրորդ կարգի հաշմանդամ է... այս բառին անտեղեակ հօրեղբայրս կարծեց, որ հաշմանդամ ըլլալը մեծ պետական կառոյցներու մէջ հաշուապահութիւն ընել կը նշանակէ. տպաւորուած ըսաւ.

-Պրաւօ՛, մեր զաւակներ համալսարան չգացին, բայց կը գնահատեմ որ ձեր տղան հաշմանդամութեան պաշտօնին հասած է արդէն...

***

Առիթով մը Վեհափառ Հայրապետին հետ Աստուածաբանութեան դաս կ՚ընենք. Վեհափառը իր մօտ կը կանչէ գաւազանակիրը եւ կը խնդրէ, որպէսզի գաւաթ մը թէյ պատրաստէ իրեն համար:

Մի քանի վայրկեան ետք գաւազանակիր հայր սուրբը թէյի գաւաթը ձեռքին կը մօտենայ:

Վեհափառ Հայրապետը դասը բացատրած պահուն միւս կողմէ կը սկսի թէյը ըմպել: Չի սիրեր. թէյին մէջ տարօրինակ համ մը կը նկատէ եւ դարձեալ կը կանչէ գաւազանակիրը եւ հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս պատրաստուած է թէյը:

Այս հարցումին դիմաց անակնկալի եկած գաւազանակիր հայր սուրբը լրջութեամբ «ջուրով» կը պատասխանէ...

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 19, 2022