ԳԱՂՈՒԹՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ՄԱՀ

Յաճախ կ՚ահազանգենք, որ սփիւռքի մեր գաղութները ժամանակի ընթացքին կը դատապարտուին կորուստի եւ այս ահազանգը յաճախ որպէս «սովորական» յանկերգ կ՚ընկալենք եւ չենք թափանցեր թէ ինչ վախճանի կրնայ հասցնել մեզ:

Այդ կորուստը աւելի հասկնալի դարձնելու համար կ՚արժէ համեմատական մը կատարել գաղութներու միջեւ եւ լաւապէս ուսումնասիրել, թէ նշեալ գաղութը տասնամեակներու ընթացքին յառաջդիմա՞ծ է՝ թէ ոչ նօսրանալով բռնած է կորուստի ճամբան:

Հրապարակագիր եւ ազգային-քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի «Սեւն ու ճերմակը ճամբուս վրայ» խորագրեալ աշխատութեան մէջ «Քանի մը իրողութիւններ» վերնագիրին տակ գտայ մանրամասնութիւններ ա՛յն քաղաքներուն մասին, որ տարիներ առաջ որպէս մայրենի լեզուի, հայոց պատմութեան եւ կրօնի ուսուցիչ գործուղղուեցայ:

Միսաքեան այդ շրջաններու մասին իր տպաւորութիւնները գրած է մեր թուականէն 90 տարիներ առաջ՝ 1932 թուականին, «Յառաջ» թերթին մէջ եւ այսօր կու գանք տարիներ ետք համեմատութեան մէջ դնելու գաղութը Միասքեանի եւ իմ տեսածիս համեմատ:

Միսաքեանի առաջին տողը իսկ բաւարար է ցոյց տալու կորուստի ճամբան։ Հրապարակագիրը կը գրէ. «Քոմոթինին ալ ունի իր դպրոցը». առաջին ցաւալի երեւոյթը. Քոմոթինիի գաղութը այսօր չունի՛ հայկական դպրոց. եկեղեցւոյ կից գտնուող սրահին մէջ շաբաթ օրերը մի քանի ժամով կամաւորներ կը փորձեն հայերէն սորվեցնել շրջանի մանուկներուն (կը փորձեն սորվեցնել անոնց՝ որոնք փափաքը ունին, որովհետեւ յունական դպրոցներ յաճախելով եւ յունական շրջանակի մէջ ապրելով շատ մը հայեր աւելորդ կը նկատեն նաեւ այդ դասընթացքը եւ իրենց զաւակները հեռու կը պահեն այդ դասընթացքներէն):

Գաղութի մը մէջ 90 տարիներ առաջ դպրոցի մը գոյութիւնը եւ 90 տարիներ ետք նոյն այդ դպրոցի չգոյութիւնը մտահոգիչ պէտք է ըլլայ թէ՛ ընդհանրապէս հայոց եւ մասնաւորաբար յունահայոց համար, որովհետեւ համեստ պայմաններու մէջ հիմնուած դպրոց մը բարգաւաճելու փոխարէն եթէ մահուան կը դատապարտուի... կը նշանակէ այդտեղ կայ ոչ-առողջ բան մը՝ որ գաղութը կորուստի կ՚առաջնորդէ:

Միսաքեան կը յիշէ, որ այդ ժամանակաշրջանին յունական դպրոց կը յաճախէին միայն 20-30 աշակերտներ, որոնք շնորհիւ Կարմիր Խաչին, շաբաթը երկու անգամ կը մասնակցէին հայերէն դասընթացքներու:

Քոմոթինիի մէջ հայկական դպրոցի գոյութիւնը ցոյց կու տայ, թէ գոյութիւն ունեցած է մեծաթիւ աշակերտութիւն մը, մինչ մի քանի տարիներ առաջ հայերէն դասընթացքներուն կը մասնակցէին առաւելագոյնը 10-15 հոգի: Այսօր Անթիլիասական հոգեւոր հովիւի մը ջանքերով փորձ կը կատարուի աշխուժացնել Քոմոթինին, սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ նախկին վիճակի բերելը գրեթէ անհնար է, որովհետեւ ո՛չ թէ նիւթական միջոցները չեն որ կը պակսին. կը պակսի կամքն ու սէրը. նոր սերունդը կը յաճախէ յունական դպրոց, ուր բնականաբար կը սիրէ յոյն տղայ կամ աղջիկ, կ՚ունենայ յունական մտածողութիւն ու շրջապատ, իսկ իր հայութիւնը կը դառնայ անուանական:

Միսաքեան շարունակելով իր ճանապարհորդութիւնը կը հասնի Քոմոթինիի կողքի շրջանը՝ Քսանթի, ուր դարձեալ ուսուցչութեան պաշտօն կատարելու կոչուած էի. այդ շրջանին մասին Միսաքեան կը գրէ հետեւեալը. «Դպրո՞ց։ Այո՛։ 150-170 աշակերտով». 150-170-ի հասնող աշակերտութիւնը ինքնին ապացոյց մըն է աշխոյժ գաղութի մը՝ աւելի քան 200-300 հայ ընտանիքներով, սակայն այսօր նոյնը չէ Քսանթիի վիճակը. ինչպէս Քոմոթինին, նոյնպէս ալ Քսանթիի մէջ այսօր փակուած է անցեալին 150-170 աշակերտութիւն ունեցող հայկական միակ դպրոցը: Անոնք եւս այսօր միօրեայ դասերով կը փորձեն հայերէն սորվեցնել արդէն իսկ օտարացած նոր սերունդին՝ որ թիւով շա՜տ քիչ է. Քսանթիի մէջ կատարուող պատարագներուն այսօր առաւելագոյնը կը մասնակցին 15-20 հաւատացեալներ. ո՞վ գիտէ, հաւանաբար անոնց մահէն ետք եկեղեցին ալ փակուի:

Միսաքեան կը խօսի այդ քաղաքներուն մէջ գործող հայկական կազմակերպութեան մը մասին՝ ՀԵԵՄ (Հայ երիտասարդներու երկսեռ միութիւն) անունով. հրապարակախօսին հետեւեալ տողերը փաստ են անոնց աշխոյժ աշխատութեան. «Երկու տարի առաջ՝ ունէին համեստ սենեակ մը։ Այժմ ապահոված են ընդարձակ սրահ մը, ուր հինգ հարիւր հոգի կրնան հանգիստ նստիլ, ոտքի վրայ տեղ ձգելով ուրիշ երկու հարիւրի մը». սրահին ընդարձակումը փաստն է անոնց արդիւնաւէտ աշխատանքին, սակայն այսօր ո՞ւր են իրենց յաջորդող հայ երիտասարդները... ո՞ւր են ընդարձակուող սրահները: Նախանձով կարդանք այդ միութեան իրագործումները. «Միութիւնը ունի գրադարան մը, որ միակն է ոչ միայն ամբողջ Յունաստանի, այլ եւ շատ մը գաղութներու մէջ։ Հատորներուն թիւը կ՚անցնի հազարը։ Բոլորն ալ հայկական»:

Քսանթին եւ Քոմոթինին օրինակ մըն են մեռնող բազմաթիւ այլ գաղութներէն, որոնք կա՛մ հոգի տուած են եւ կամ հոգեվարքի մէջ են այսօր: Ի սփիւռս աշխարհի այսօր նոր դպրոցներ չեն կառուցուիր, այլ ընդհակառակը՝ եղածներն են որ կը փակուին. նոր եկեղեցիներ, հաստատութիւններ, ակումբներ ու մամուլներ չեն ստեղծուիր՝ այլ եղածները կը նօսրանան:

Այս բոլորին դիմաց անտարբերութիւն մը ունինք. մի քանի տասնամեակ ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ. վստահ ենք, որ նորերը պիտի չի՛ գան... սակայն նոյնքան ալ վստահ ենք, որ եղածները պիտի վերանան ու այսպէս առանց նկատելու ի սփիւռս աշխարհի պիտի հիւծինք... հաւանաբար մինչեւ ոչնչանանք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -48-

Յունաստան Քոմոթինիի եւ Ալեքսանդրուպոլսոյ եւ Քսանթիի մէջ դասաւանդութիւն կատարած ժամանակ հետեւեալ երեւոյթը մեծապէս կը վիրաւորէր զիս. յաճախող պատանիները իրարու հետ երբեւէ հայերէն լեզուով չեն խօսիր. իրենց խաղերու ժամանակ, մտերմիկ զրոյցներու ժամանակ իրենց գործածած լեզուն անկասկած յունարէնն էր:

Անոնցմէ քանի՞ն ծնողքի պարտադրանքով, իսկ քանի՞ն սիրայօժակ կու գար սորվելու մայրենին՝ որ պարտաւորութիւն մը պէտք է ըլլար գիտնալ: Անոնցմէ քանի՞ն պիտի պսակուէր յոյնի մը հետ եւ արդէն իսկ օտարացած... քայլ մը աւելի պիտի հեռանար հայութենէն. չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ այդ երեւոյթը միայն Յունաստանի մէջ չէ. ամէ՛ն տեղ այսպէս դէպի նոյն անդունդը՝ կործանում կ՚առաջնորդուինք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2022