ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԶ.)
Լեզուի խնդիրը շատերու համար որքան ալ պարզ թուի, իրականութեան մէջ մեծ մտահոգութիւն էր մտաւորականներուն համար. մտահոգութիւն՝ որ շատ անգամ վէճ կը յառաջացնէր անոնց միջեւ: Շատ մը մտաւորականներ անմիջականօրէն ժողովուրդին մէջ ապրած չըլլալով, գաւառները շրջած ու անոնց բարբառները լսած չըլլալով, լեզուի հիմք կ՚ընդունէին գրաբարը եւ անոր հիմերուն վրայ կը փորձէին հիմնել աշխարհաբար լեզուն, իսկ ուրիշներ, գրաբարը մինչեւ իսկ «վայրենի» լեզու նկատելով, կը փորձէի գրաբարը հեռացնել լեզուէն եւ ընդունիլ բարբառները:
Բարբառները կարեւորող մտաւորականներէն Յովսէփ Փոնտոյեան կ՚ըսէ. «Աշխարհաբարը իր խօսքերը պէտք է վերցնէ կենդանի բառարանէն՝ որ ժողովուրդն է»:
Այս հակառակութիւնները ի յայտ կու գան առաւելաբար մամուլի ճամբով, որովհետեւ իւրաքանչիւր խմբագիր աշխարհաբարի հանդէպ ունէր իր մտածումն ու համոզումը՝ որ ամբողջութեամբ կրնար ուրիշ ըլլալ միւսներէն. մին կը նախընտրէր թրքախառն հայերէնով գրել, իսկ ուրիշ մը՝ գրաբարը գործածել որպէս հիմք. շատեր ալ կը փորձէին գրաբարէ անցնիլ աշխարհաբարի։ Օրինակի համար, կը տեսնենք թերթ մը, որ գրաբարէ կը փորձէ անցնիլ աշխարհաբարի, սակայն մտաւորականներ հետեւեալը կը գրեն այդ անցումին մասին. խմբագիրներ «մղումով են գրաբար հրատարակուող իրենց պարբերաթերթի լեզուն դարձրել աշխարհաբար, այն էլ այնպիսի մի խառնափնթոր գրաբարախառն աշխարհաբար, որը կարող էր վատ օրինակ ծառայել դեռեւս լեզուական անհրաժեշտ պատրաստութիւն չունեցող լրագրողների եւ ընթերցողների համար»: Այդ օրերուն սակայն աշխարհաբարը անյայտութեան մէջ էր. որովհետեւ ճիշդը բոլորին համար տարբեր տեսք մը ունէր: Այդ էր պատճառը, որ աշխարհաբարի հարցին մէջ Խաչատուր Աբովեան տարբեր փայլք մը ունեցաւ, որովհետեւ տիրող համոզումներուն հակառակ իր աշխատութեան մէջ ի գործ դրաւ թէ՛ բարբառները եւ թէ՛ գրաբարը եւ յաջողեցաւ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել այդ երկուքին միջեւ, որուն պատճառով ալ աշխարհաբարի հայր ճանչցուեցաւ:
Անցեալի քննադատութիւնները երբ կարդանք, պիտի նկատենք, որ անոնց մեծ մասը լեզուական կռիւներ են. օրինակի համար, Միսաք Մեծարենց ունի նման յօդուածներ, ուր կը քննադատէ այս կամ այն գրողի լեզուն եւ ոճը. կը յիշէ Ենովք Արմէնը՝ անձ որ գրաբարի կարեւորութիւնը կ՚ուրանար եւ իր ուրոյն աշխարհաբարով կը փորձէր գրել: Խօսելով անոր աշխարհաբարի գործածութեան մասին՝ Մեծարենց կը գրէ. «Ենովք Արմէնի լեզուին մէջ կը վխտան այս կարգի մոլար կապկութիւններ ու սխալներ՝ զորս ամէն հետաքրքիր կրնայ որսալ լիաբուռն»:
Ռեթէոս Պէրպէրեան սակայն հակառակ էր այն համոզումին, որ գրողներ իրաւունք վերապահած ըլլան փոխելու եւ իրենց հասկցածին համաձայն «կոկելու» լեզուն. Պէրպէրեանի համոզումով «լեզուները կը կազմուին ու կը ձեւափոխուին իրենց յատուկ օրէնքներու համեմատ, ո՛չ թէ մարդիկ կը նստին կը շինեն զանոնք ըստ հաճոյից»:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
ՀԵ.- ՄՕՏԱ
Մօտա բառը հայացած բառերէն մէկն է՝ որ մինչեւ օրս կը գործածենք: Գրականութեան մէջ մօտա բառը յաճախ կը տեսնենք որպէս տեղանուն (Թուրքիոյ մէջ մինչեւ օրս գոյութիւն ունեցող շրջան մըն է), սակայն որպէս առանձին բառ եւս կարելի է տեսնել:
Օրինակի համար, Գրիգոր Զօհրապ 21 Սեպտեմբեր 1911 թուականին իր կնոջ Գլարա Զօհրապի գրած մէկ նամակին մէջ խօսելով Փարիզի մէջ գլխարկ դնելու սովորութեան մասին կը գրէ. «Գլխարկներու համար մոռ գոյնը շատ մօտա է, բայց դուն չի սիրելուդ այդ գոյնը շինել չեմ տար»:
Յակոբ Օշական մօտա բառը կը գործածէ իր «Նոր պսակը» թատերախաղին մէջ. «Տէր Աստուած։ Ատիկա մօտա չէ որ անցնի»:
Յովսէփ Մալէզեան մօտա բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել նորաձեւ հայերէն բառը:
ՀԶ.- ՆԱԶԱՐ
Նազար բառը մեզի ծանօթ է որպէս անձնանուն, ուրկէ յառաջ եկած է նաեւ Նազարեան ազգանունը. մեզմէ ո՞վ չէ լսած «Քաջ Նազար»ի պատմութիւնը. սակայն բացի անձնանունէ գրականութեան մէջ գործածուած է որպէս բառ: Նազար բառը կարելի է տեսնել բանաստեղծութիւններու եւ տաղերու մէջ։
Օրինակի համար, Քոսաց Երէց անունով անյայտ գրողը իր տաղերուն մէջ կը գործածէ այդ բառը, ըսելով. «Գնայ, արա այլոց նազար, Ինձնէ վա՛զ արի, վա՛զ արի»:
Նազար բառը այնքան տարածուած ըլլալու է պոլսահայերու շրջանակէն ներս, որ Յովհաննէս Գազանճեան «չար աչք» արտայայտութիւնը կը բացատրէ նազար բառով:
Յակոբ Օշական իր «Հաճի Ապտուլլահ» աշխատութեան մէջ կը յիշէ նազարի հլունքներ:
Յովսէփ Մալէզեան նազար բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ չարակնութիւն բառը, թէեւ Օշական ու այլ գրողներ որպէս հայերէն կը յիշէ «չար աչք» բառը:
ՀԷ.- ՆԱԶԼԸ/ՆԱԶԼՈՒ
Նազլը բառը մինչեւ օրս գործածուող բառերէն մէկն է։
Նազլը բառին կարելի է հանդիպիլ բանաստեղծութիւններու եւ տաղերու մէջ։
Օրինակի համար, Յովհաննէս Հալէպցի իր «Տաղ սիրոյ Ովանիսի ասացեալ» խորագրեալ տաղին մէջ կը գրէ. «Եկ մօտեցիր քո ծառային, Ա՛յ նազլը, նազիք ու շիրին»:
Նազլը բառը կարելի է գտնել նաեւ հայկական ժողովրդական երգերու մէջ. օրինակի համար, հին երգերէն մէկուն մէջ կը հանդիպինք «Նազ արէ, նազ արէ, նազըդ վերցընեմ»:
«Տաղ բլպուլին վերայ ասացեալ» երգին մէջ կը կարդանք. «Զրո՛ւցէ, բլպո՛ւլ, զրուցէ՛, Զրո՛ւցէ, նազլը ՛, զրուցէ՛»:
Յակոբ Օշական իր «Խիկար» աշխատութեան մէջ կը գործածէ նազլը բառը.- «Մահն որ այն ատենները կանչուելուն պէս կու գար եւ հիմակուանին պէս նազլը չէր»:
Զապէլ Եսայեան նազլը բառը կը յիշէ «Երբ այլեւս չեն սիրեր» աշխատութեան մէջ.- «Իմ վրաս նայէ օրինակ առ, նազլը մեծցած էի ամա, էրիկս տէզկէհին առաջքը դրաւ ինծի»:
Եղիա Տէմիրճիպաշեան եւս կը գործածէ նազլը բառը իր «Գրական եւ հանրային դէմքեր» աշխատութեան մէջ. «Եւ քառասնամեայ նազլը՜ կուսանք, որոց թիւն ամ ըստ ամէ կ՚աւելնայ, ներս կ՚առնեն Չինկեանէին կնիկն...»:
շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -346-
Դպրեվանքին մէջ ունեցած ենք Կիրակոս անունով աշակերտ մը, որ եկած էր Սուրիոյ Գամիշլի շրջանէն։ Հայերէն բառ մը չէր գիտեր. ամբողջութեամբ արաբախօս էր։
Երկու տարի ետք Կիրակոսը ամբողջութեամբ հայախօս էր. անոր արաբախօս ըլլալէն ոչ մէկ նշոյլ։
Եթէ հայերէն բառ մը չգիտցող Կիրակոսը յաջողեցաւ հայերէն լեզուն ամբողջութեամբ սորվիլ, ուրեմն աշխարհի բոլոր հայերէն չգիտցող պատանի երիտասարդները կրնան մէկ տարուան աշխատանքով հայախօս դառնալ։
Պարզապէս կամք պէտք է ունենալ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան