ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս շատ մարզերու մէջ, ուսուցման եւ կրթութեան մարզերու մէջ ազատութիւնը ընկերային կեանքին չափանիշներէն մին է։ Արդարեւ, ազատութեան հարցը յարաբերական եւ խնդրական հարց մըն է, եւ այս ուղղութեամբ, ազատութիւնը շատ անգամ անհանդուրժողութեան ենթակայ կը դառնայ։ Ազատութեան գաղափարը յաճախակի կերպով հակակրութեան առարկայ կ՚ըլլայ։

Ազատութիւնը՝ մարդկային իրականութեան հաստատ հիմերէն մէկն է. մարդկային արժանապատուութիւն է ան։

Բայց ազատութիւնը երբեք մարդը բոլորովին ինքն իրեն շարժելու, բոլորովին անկախ ըլլալու չ՚առաջնորդեր։ Ազատութիւնը ունի իր բանական եւ բնական պայմանները եւ սահմանները։ Երեւակայեցէք տղայ մը «ազատ» թողուած, իր ընդհանուր առումով, ուզածը ընելու վիճակին։ Ասիկա տղան կը տանի անորոշութեան՝ խաւար վիհի մը խորը։

Ազատ թողուած տղան հետզհետէ կը սկսի շահագործել ազատութիւնը եւ զանազան մոլութիւններու մէջ կը կորսնցնէ իր ճամբան։ Եւ այս ուղղութեամբ երբ կը խօսինք ուսման եւ Կրթութեան ազատութեան վրայ, երբեք պէտք չէ հասկցուի անսահման ազատութիւն, կամ ուզածը ընելու, ուզածին պէս գործելու եւ շարժելու վիճակ մը։ Այս հարցին պատկան իշխանութեան մը եւ կարգապահութեան գոյութիւնը անհրաժեշտ է եւ առաջնակարգ պայմա՛ն։

Կրթութեան եւ ուսուցման հարցը զանազան երեսակներով դիտելով՝ պետութեան, կրօնական շրջանակներու, դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մինչեւ իսկ ուսանողին ինքն իրեն, ինչ որ ընդհանրապէս կ՚անտեսուի եւ անկարեւոր կը նկատուի, տեսանկիւնէն ուսումնասիրուի եւ ըստ այնմ գործադրուի։ Այս բոլորէն ո՛չ մէկը անկողմնակալ է, քանի որ անոնք բոլորովին տարբեր տեսանկիւններէ կը դիտեն կրթութեան եւ ուսուցման հարցը։ Արդարեւ, եթէ երեւոյթ մը տարբեր տեսանկիւններէ կը դիտուի՝ անխուսափելի է որ երեւոյթին տարբեր կողմերը կը տեսնուի։ Անոնք բոլորն ալ կրթութեան եւ ուսուցման նպատակին եւ հեռանկարին կը ծառայեն, բայց նաեւ տարբեր մօտեցումներ կ՚ունենան։ Այս կերպով անոնք որքան դրական, նո՛յնքան ալ բացասական եւ ժխտական ազդեցութիւններ կը գործեն։ Դպրոց մը նոյն դպրոցն է, բայց ուսուցիչին համար տարբեր, ուսանողին համար տարբեր է. իշխանութեան համար տարբեր, եւ ծնողներու համար տարբեր…

Հին ժամանակներուն, եւ Միջին դարուն իշխանութիւնը՝ պետութիւնը չէր հետաքրքրուեր, որեւէ միջամտութիւն չէր ունենար։ Արդարեւ, Վերածննդեան դարաշրջանէն (Renaissance) առաջ կրթութեան եւ ուսուցման միայն Եկեղեցին կարեւորութիւն կու տար։ Վերածննդեան դարաշրջանին բարձրագոյն ուսուցման կարեւորութիւն տալ սկսուեցաւ։ Այս միջամտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ եկեղեցւոյ պատկանող Sorbonne-ի դէմ հաւասարակշռութիւն մը հաստատելու նպատակով՝ Collège de France-ի նման հաստատութիւններ հիմնուին։ Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ մէջ Վերակազմութեան շարժումը լեգէոններու եւ համալսարաններու Պապականութեան ապաստաններ ըլլալուն արգելք հանդիսանալու նպատակով շարժումներու հետեւանք՝ պետութիւնը սկսաւ հետզհետէ հակակշռութեան ենթարկել կրթական եւ ուսուցման մարզը։ Բայց ասիկա երկարատեւ չեղաւ։ Մինչեւ այն ժամանակները՝ երբ կրթութիւնը եւ ուսուցումը ընդհանրացաւ, պետութիւնը շարունակական եւ ազդու դեր մը չունեցաւ…

Արդարեւ, պարտաւորիչ եւ ընդհանրացած ուսուցում հիմնուած է կարգ մը բնազդներու վրայ։ Այս բնազդներէն առաջնակարգը եւ կարեւորագոյնն է «գրել-կարդալ»ուն փափաքելի բան մը ըլլալը, ինչ որ մարդկային բնութեան մէկ զգացումին վրայ հաստատուած է՝ հետաքրքրութի՛ւն։ Արդարեւ, սորվելու, գիտնալու բնական պատճառն է հետաքրքրութիւնը։

Եւ երբ սորվելու եւ գիտնալու նախապատճառը հետաքրքրութիւնն է, սորվելու եւ գիտնալու ամենամեծ արգելքն ալ՝ գիտնալ կարծելն է. անոնք որոնք կը յաւակնին, թէ ամէն ինչ գիտեն, ո՛չինչ կը սորվին եւ ո՛չինչ կը գիտնան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 18, 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2023