ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՈԳԻՆ - Դ -

Մարդկային կեանքի կարիքները, մանաւանդ հոգեմտաւոր ապրումներու մէջ, կարելի է խտացնել երեք բառերու մէջ՝ «գիր», «գիրք» եւ «մա՛րդ»։ Եւ ահաւասիկ այս երեք գաղափարներուն մէջ է ամփոփուած Թարգմանիչներու մեծգործութիւնը։ Ուստի ամէն շրջանի պէտք է գտնուի՛ն Թարգմանիչներու ոգիով լեցուած, անոնց պէս գործող նուիրականներ, ապա թէ ոչ կարելի չ՚ըլլար տեւականցնել Թարգմանիչներու մեծգործութիւնը, առաքելութիւնը…։

Մեծգործութիւն մը որքան ալ կարեւոր դեր խաղացած ըլլայ իր շրջանին մէջ, անոր տեւականութիւնը պէտք է ապահովել, որպէսզի հետզհետէ աճի եւ զարգանայ ան։ Մեծգործութիւն մը կը նմանի ժառանգութեան մը, որ եթէ ժառանգորդը զայն լաւ չպահպանէ եւ չարդիւնաւորէ, չաւելցնէ անոր արժէքը, ի վերջոյ կը փճանայ՝ կ՚ոչնչանայ։ Այս իմաստով Թարգմանիչներու մեծգործութիւնն ալ գոյապահպանուելու եւ գոյատեւելու համար պէտք ունի նոր թարգմանիչներու, Թարգմանիչներու ոգիով գործող նուիրականներու։

Այլապէս ո՞վ պիտի կարենայ լեցնել այն պարապութիւնը, որ հետզհետէ կը տարածուի։

Ուստի նոր թարգմանիչներ պէտք է մեզի։

Հին թարգմանիչներու ոգին շարունակելու ընդունակ, կարող, գիտակից, նուիրուած անձեր՝ հոգեւորական կամ աշխարհական՝ հոգեւորը եւ մտաւորը ներդաշնակելու կարողութեամբ զօրացած հոգիներ։ Անշուշտ, թէ՛ հոգեւորական, թէ՛ աշխարհական, պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ ուսուցանելու, դաստիարակելու, մէկ խօսքով սորվեցնելու, այսինքն գիտութիւնը փոխանցելու պատրաստակամութիւնը։ Ինչպէս ամէն արժէք, նաեւ մշակոյթը՝ լեզուն, գիրը, գրականութիւնը աւելի եւս արժէք կը ստանայ տարածուելով, բաժնուելով։ Արդարեւ, ի՞նչ կ՚արժէ պահուած հարստութիւն մը, ի՞նչ կ՚արժէ գիտութիւն մը՝ որ անձնական իրի մը պէս կը պահուի եւ չի բաժնուիր, չի փոխանցուիր։ Եւ որքա՜ն ճիշդ է՝ թէ աւելի արդիւնաբեր է տալը քան առնելը։

Եւ ժողովուրդի մը հոգեմտաւոր արժէքը կը չափուի անոր սերունդէ սերունդ փոխանցումովը, բազմապատկուելովը։

Գիրերու գիւտը, թարգմանութիւնները եթէ սերունդէ սերունդ չփոխանցուին, ո՞վ պիտի գնահատէ անոնց արժէքը։

Արդարեւ գիրերու գիւտը չկատարուեցաւ անցեալին համար, պատմութեան համար, այլ մանաւա՛նդ ապագային համար։ Եւ այդ ապագան սա պահուս մե՛նք ենք, եւ մեզի համար կատարուեցաւ թարգմանութիւններ, աշխատութիւններ, եւ մենք ամէն մէկս պատասխանատո՛ւ ենք անոնց պահպանութեան եւ տեւականացման, եւ մանաւանդ յաջորդ սերունդներու փոխանցման։ Եւ այս մասին անտարբերութիւնը ուրացում է անցեալին մեզի փոխանցած ժառանգին, մերժում է ամէն արժէք՝ որուն վրայ է հաստատուած մեր հոգեմտաւոր կեանքը։

Անտեսել ամէն արժէք՝ կը նշանակէ ինքնուրացում, ինքնութեան անճանաչում եւ պատճառ՝ անկայուն, անորոշ ինքնութեան մը։

Յաճախ կը հարցուի. սիրե՞լ եւ յետոյ ճանչնալ, թէ ճանչնա՞լ եւ աւելի վերջ սիրել։

Բանականութիւնը ցոյց կու տայ, թէ սիրելու համար որեւէ բան, նախ պէտք է ճանչնալ զայն։ Այն որ մարդուն անծանօթ է, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել։ Ուրեմն ճանչնալու է մարդ իր սեփական մշակոյթը՝ լեզուն, գիրը, գրականութիւնը, դպրութիւնը եւ ամէն հոգեմտաւոր արժէք եւ ապա սիրէ կամ ատէ։ Բայց մարդ կրնա՞յ ատել բան մը՝ որ իրեն կը պատկանի, իր հարազատ սեփականութիւնն է։ Հայ մարդը կրնա՞յ ատել իր լեզուն, իր գիրը, իր գրականութիւնը, ուրեմն կը սիրէ, բնական է որ սիրէ, քանի որ ի՛րն է, ապա ուրեմն, ինչո՞ւ չի ծանօթանար անոր՝ որ ի՛րն է, ինչո՞ւ չի հետաքրքրուիր, անտարբեր կը մնայ իր իսկ լեզուին, գիրին, մշակոյթին։

Պատմական-ընկերային կարգ մը պայմաններ պէտք չէ՛ արդարացում նկատուի այդ անտարբերութեան։ Մարդ որքա՞ն օտար կրնայ մնալ իր հարազատին, իր սեփական արժէքներուն։ Մարդ գոնէ մի քանի բառ չի կրնար սորվիլ, բա՛ռ՝ որ իրն է, ինքն է, իր սեփականութիւնն է, իր հարազատն է։

Այո՛, դժուար է, բայց դժուարութիւնը յաղթահարել, պարտութեան մատնելն ալ քաջ մարդու գործ է։ Կեանքի շատ մը դժուարութիւններու դէմ յաղթական քաջ մարդիկ ինչո՞ւ այս մասին քաջ չեն, ինչո՞ւ հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններու դիմելով իրենք զիրենք արդարացնել կը փորձեն։ Անշուշտ որ անոնցմէ չի սպասուիր «հայագէտ»ներ ըլլալ, անիրաւութիւն եւ անարդարութիւն է անիկա, բայց գոնէ պարզ խօսակցութիւն մը հասկնալու, պարզ բառերով արտայայտուելու համար մի քանի բառ սորվիլ այդքան դժուա՞ր է…։

Գիրը, գրելը աւելի դժուար է սորվիլ, հասկնալի եւ ընդունելի է, բայց խօսի՞լ, երբ հարիւր բառով պարզ խօսակցութիւն մը կատարել կարելի է։ Ինչո՞ւ այս յամառ անտարբերութիւնը։ Հասկնալ կարելի չէ շիտակը։ Անտարբերութի՞ւն, թէ՝ ծուլութիւն…։

Որոշ տարիքէ մը ետք սորվելու դժուարութիւնն ալ հասկնալի է, քիչեր ունին այդ կարողութիւնը, բնական է ասիկա։ Հապա ի՞նչ ըսել երիտասարդներուն։ Եւ ի՜նչ հեգնական է, երբ կը ծանօթանաք հայու մը հետ, առաջին հարցումը կ՚ըլլայ. «Հայերէն կը խօսի՞ք», եւ նոյնիսկ բացայայտօրէն չի հարցուիր այդ հարցումը, բայց երկու կողմն ալ պահ մը կը վարանի՝ խորհելով թէ արդեօք իր խօսակիցին հետ ի՞նչ լեզուով խօսի։ Եւ աւելի բնական եւ բանական բան մը կարելի է խորհիլ, քան երկու հայ մարդու հայերէն խօսիլը։ Բայց շատ անգամ բացառութիւն կ՚ըլլայ այդ մէկը։ Ո՞վ է պատասխանատուն. պատմութի՞ւնը, ընտանի՞քը, դպրո՞ցը, միջավա՞յրը, յայտնի չէ՛, քանի որ ամէն մէկս բան մը կ՚ըսէ, բայց ո՛չինչ կ՚ըսէ։

Յանցաւորը մե՛նք ենք որ չե՛նք կրցած այդ ոգին փոխանցել, դժբախտաբար եւ մանաւանդ անոնք, որ կ՚ըսեն յաճախ.- Ինչո՞ւ սորվինք հայերէն, ի՞նչ օգուտ ունի մեզի, ի՞նչ պիտի շահինք հայերէն սորվելով. անպէտ լեզու մըն է անիկա, եւ ժամանակի վատնում է սորվիլ…։

Որքա՜ն սարսափելի են այս խօսքերը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, բայց իրականութի՛ւն, քանի որ յաճախ կը լսենք եւ ցաւ ու վիշտ կը զգանք, եւ այս պայմաններուն մէջ է որ կը տօնենք Թարգմանչաց մեծ տօնը, այս մտայնութեան մէջ իբր թէ կ՚ապրինք մշակոյթի շաբաթ մը։

Շնորհաւո՜ր ըլլայ մշակոյթի շաբաթը…։

Հոկտեմբեր 13, 2017, Իսթանպուլ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2017