ԱՆՅԱԳ ԵՒ ՆԱԵՒ ԱՆԳՈՒԹ

Անյագ մարդը անգո՛ւթ է նաեւ, քանի որ չի կրնար զսպել եւ չափաւորել իր կիրքերը։ Ան իր նպատակին հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի կը նկատէ, բայց իր անյագութեան պատճառով երբեք չի կրնար հասնիլ իր նպատակին։ Այս իմաստով անյագ մարդը միշտ կը մնայ ամուլ շրջագծի մը մէջ՝ կը դառնայ, կը դառնայ եւ կը մնայ նոյն կէտին վրայ առանց դրական արդիւնք մը ձեռք ձգելու։ Ուրեմն անյագութիւնը անշարժութիւն է, ինչ որ անհատական եւ հաւաքական կեանքի մէջ բազմաթիւ վնասներու պատճառ կ՚ըլլայ եւ ընդհանուր ամլութիւն մը կը ստեղծէ։

Այս երեւոյթը, «Պատկերներ կենդանական աշխարհէն» գիրքին մէջ, Պերճանոյշ Պասմաճեան կը ներկայացնէ՝ որպէս «Գայլի ախորժակ ունենալ»։

Անյագ եւ ագահ է այն մարդը՝ որ կ՚ուտէ եւ երբեք ինքզինք կուշտ չի զգար։ «Ուտել»ը հոս պէտք է նկատի ունենալ թէ՛ նիւթական, թէ՛ բարոյական իմաստով, այսինքն անսահման փափաք մը ունենալ որեւէ բան սեփականացնելու, տիրանալո՛ւ։ Արդարեւ «գայլի ախորժակ ունի», կ՚ըսուի այդպիսի մարդոց, քանի որ միշտ անօթի կը զգան իրենք զիրենք եւ որեւէ կերպով չե՛ն յագենար, չեն բաւարարուիր։

Եւ այս անյագութիւնը՝ կշտանալու զգացումէն զուրկ ըլլալը պատճառ կ՚ըլլայ, որ անոնք անգութ ըլլան իրենց անյագ ընթացքին մէջ։ Տարակոյս չկայ՝ որ նպատակը երբեք չ՚արդարացներ միջոցը, եւ սակայն անյագ մարդուն համար ամէն միջոց կ՚արդարացնէ նպատակը եւ փոխադարձաբար ամէն նպատակ կ՚արդարացնէ միջոցը։ Մէկ խօսքով իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն անիրաւ արարքներու պատճառով, քանի որ «նպատակ» մը ունին՝ որուն երբեք պիտի չկարենան հասնիլ արդար եւ իրաւացի միջոցներով։ Եւ ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով անյագ մարդիկ կ՚ըլլան նաեւ անգո՛ւթ։ «Machiavelism» կ՚անուանուի այն տեսութիւնը, որ հիմնած եւ պաշտպանած է իտալացի Machievelli (1469-1527), ըսելով որ «օգտակար» նպատակի մը հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի եւ իրաւացի է։ Անշուշտ մարդկային արժանապատուութեան եւ բարոյական տեսակէտներէ եթէ դիտուի հարցը՝ վիճելի եւ քննադատելի տեսութիւն մըն է ասիկա։ «Օգտակարութիւն»ը պէտք է համեմատական ըլլայ «բարոյական»ին, արդարութեան եւ բարութեան էական սկզբունքներուն։

Արդարեւ, հռոմայեցի Plautus-ի կողմէ գործածուած եւ յետոյ անգլիացի իմաստասէր Hobbes-ի ընդունած տեսութիւնը՝ թէ «Homo homini lupus est», այսինքն՝ «մարդս մարդու գայլն է», կը պաշտպանէ նոյն այն մտածումը՝ թէ նպատակը կ՚արդարացնէ ամէն միջոց։

Եւ այս տեսութիւնը կը համեմատէ անյագութեան զգացումը անգութ ըլլալու վիճակին հետ։ Մարդ երբ ամէն միջոց արդար կը նկատէ, այդ կը նշանակէ նաեւ անգութ ըլլալ։ Ուստի անյագութիւնը կիրքերը զսպելու եւ չափաւոր ըլլալու հարց մըն է. մարդ անշուշտ պիտի ունենայ «նպատակ»ներ եւ պիտի գործածէ այդ նպատակին հասնելու համար «միջոց»ներ։ Բայց կարեւորը կարենալ զանազանելն է նպատակը եւ միջոցը, եւ մանաւանդ որոշել, թէ ո՛րու նախապատ-ւութիւն պէտք է տալ։

Ուստի, նպատակը որքան ալ կարեւոր ըլլայ, պէտք չէ՛ անտեսել միջոցին կարեւորութիւնը եւ դերը՝ անոր իրականացման, մանաւանդ արդար կերպով իրականացման գործին մէջ։ Արդարեւ, նպատակն ալ, անոր նպաստող միջոցն ալ մարդուն համար են, ո՛չ թէ մարդը նպատակին եւ միջոցին համար։ Եւ այս կը նշանակէ, որ թէ՛ մարմնական, թէ՛ բարոյական տեսակէտէ կարեւորը եւ էականը մա՛րդն է եւ պէտք է նկատի ունենալ անոր մարմնական ե՛ւ բարոյական ամբողջութիւնը։

Այս իմաստով անյագութիւնը մարդկային տկարութեան եւ թերութիւններու արդիւնք՝ մոլութիւն մըն է։ Մոլութիւնները կարելի է դասաւորել ըստ առաքինութիւններուն՝ որոնք կը հակադրուին եւ կամ կ՚առընչուին «գլխաւոր մեղք»երուն։ Անոնք «գլխաւոր մեղք»եր կը կոչուին, քանի որ ծնունդ կու տան ուրիշ մեղքերու, այլ մոլութիւններու։ Զոր օրինակ, ագահութիւնը՝ անյագութիւնը ծնունդ կու տայ անգթութեա՛ն։

Գլխաւոր մեղքերը, բացի ագահութենէ կամ անյագութենէ, են նաեւ՝ հպարտութիւնը, նախանձը, բարկութիւնը, վաւաշատութիւնը, որկրամոլութիւնը, ծուլութիւնը կամ հեղգութիւնը։ Մեղքը «անձնական արարք» մըն է, եւ սակայն մարդ պատասխանատուութիւն կ՚ունենայ նաեւ ուրիշներուն գործած մեղքերուն, երբ «մեղսակից» ըլլայ անոնց՝ ուղղակի կամ խորհուրդ տալով, գովելով կամ հաւանելով. ինչպէս նաեւ զանոնք կամաւորապէս ծածկելով կամ չարգիլելով եւ վերջապէս չարը գործողները պաշտպանելով։ Այս կերպով մեղքը մարդիկը իրարու «մեղսակից» կը դարձնէ՝ ուր կը տիրապետեն ցանկութիւններ, բռնութիւններ եւ անարդարութիւններ, ինչպէս անիրաւ եւ անարդար զանազան «միջոց»ներ։

Անյագութիւնը կամ ագահութիւնը այն աստիճան վնասակար է, որ Սուրբ Գիրքը զայն կ՚անուանէ «կռապաշտութիւն», այսինքն ունայն, պարապ՝ սին բաներու կամաւոր ծառայութիւն։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ Յիսուս կը պատուիրէ «գանձերը կուտակել ո՛չ թէ այս աշխարհի մէջ, երկրի վրայ, ուր ցեցը եւ ժանգը կ՚ոչնչացնեն, գողերը կը գողնան, այլ՝ երկինքի մէջ՝ ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ալ ժանգը կրնան ոչնչացնել եւ ո՛չ իսկ գողերը կրնան գողնալ» (ՄԱՏԹ. Զ 19-21)։ Ուստի ագահութիւնը կամ անյագութիւնը հակառա՛կն է չափաւորութեան, ողորմութեան եւ աղքատսիրութեան, ընդհանուր առումով՝ այլասիրութեա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հակտեմբեր 14, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019