ԽՕՍՔԻՆ ՀՐԱՊՈՒՐԻՉ ԿՈՂՄԸ

Խօս­քը, ընդ­հան­րա­պէս, որ­քան ալ կարճ ըլ­լայ եւ պարզ, ե­թէ ճշմա­րի­տը եւ ճշմար­տու­թիւ­նը կ՚ը­սէ, հրա­պու­րիչ կողմ մը կ՚ու­նե­նայ, եւ կը տպա­ւո­րուի միտ­քե­րու մէջ։

Ար­դա­րեւ, խօս­քը որ­քան պարզ ըլ­լայ եւ կարճ, այն­քան կ՚ազ­դէ մար­դուս վրայ եւ կը տպա­ւո­րէ զայն, ան­շուշտ ե­թէ ճշմար­տու­թեան թարգ­մա­նը կրցած է ըլ­լալ։ Մարդ­կա­յին միտ­քը կա­րող է զա­նա­զա­նել պա­րապ, ա­նի­մաստ եւ ա­նօ­գուտ խօս­քը եւ ի­մաս­տա­լի­ցը եւ օգ­տա­կա­րը։ Օգ­տա­կար խօս­քը այն է՝ որ ու­ղե­ցոյց կ՚ըլ­լայ, ել­քի ճամ­բայ մը ցոյց կու տայ մար­դուս։

Ա­հա­ւա­սիկ այս ի­մաս­տով «խօսք»եր կ՚ու­զենք ներ­կա­յաց­նել մեր սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն, խօս­քեր՝ որ ո՛չ միայն ի­րենց խօ­սուած ժա­մա­նա­կին հա­մար, այլ ամ­բողջ ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մար ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նեն։

1) «Մէ՛­կէն միւս­նե­րը հասկ­ցէք». Վիր­գի­լիո­սի խօս­քը՝ որ կա­րե­լի է գոր­ծա­ծել մէ­կու մը այն­պի­սի բնո­րոշ գոր­ծին առ­թիւ, որ կը բա­ւէ ամ­բողջ մար­դը հասկ­նալ։ «Ab uno disce omnes»։

2) «Զեղ­ծու­մը չի խա­փա­ներ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը». Հին ժա­մա­նակ­նե­րու ի­րա­ւա­գի­տա­կան ա­սու­թիւն։ Ըն­թա­ցիկ գոր­ծա­ծու­թեան մէջ՝ բա­նէ մը ե­ղած զեղ­ծու­մը չ՚ար­գի­լեր, որ ըստ ին­քեան լաւ բան մը չըլ­լայ այն. պար­տա­դիր կեր­պով ան­կէ հրա­ժա­րե­լու հար­կա­ւո­րու­թիւ­նը չի ստեղ­ծեր։ «Ab usus non tolit usum»։

3) «Ա­րար­քը վեր­ջա­ցաւ». Օ­գոս­տոս կայ­սեր մա­հուան ան­կող­նին մէջ ը­սած վեր­ջին խօս­քը։ «Acta est fabula»։

4) «Ծռա­զատ­կին՝ յու­նա­կան կա­ղան­դին, բա­րի ար­քայ, պի­տի ըն­դու­նիմ ձեր հրա­ման­նե­րը». «Ad graecas, rex bone fiand mandata, calendas»։ Անգ­լիոյ Ե­ղի­սա­բէթ թա­գու­հին ա՛յս պա­տաս­խա­նը տուաւ Ֆի­լիբ Բ­.-ի՝ որ քա­ռա­տող ո­տա­նա­ւոր մը ուղ­ղած էր ա­նոր՝ իբր վերջ­նա­գիր։ Թա­գու­հին Սպա­նիոյ թա­գա­ւո­րին չափ հպարտ՝ այլ ան­կէ ա­ւե­լի ու­սեալ՝ այս խօս­քե­րով պա­տաս­խա­նեց իս­կոյն. «Ծռա­զատ­կին, ո՛ բա­րե­միտ ար­քայ, պի­տի կրնաս հրա­մա­յել ին­ծի»։

(Վերջ­նա­գիր»=Ազ­դա­րա­րու­թիւն՝ ո­րուն ան­տե­սու­մը պա­տե­րազմ կը յա­ռա­ջաց­նէ)։

5) «Թող ար­դա­րու­թիւ­նը կա­տա­րուի՝ նոյ­նիսկ ե­թէ աշ­խարհ կոր­ծա­նուի». «Fiat justitia, pereat mundus»։

6) «Շտա­պէ՛ դան­դա­ղօ­րէն». մի՛ ա­ճա­պա­րեր։ «Festina lente»։ Պա­ղա­րիւն եւ ա­նայ­լայլ ըլ­լալ։

7) «Օ­րէն­քի տակ ա­զա­տու­թիւն». Այ­սինքն՝ սան­ձար­ձակ ա­զա­տու­թիւ­նը ան­թոյ­լատ­րե­լի՛ է. «Sub lege libertas»։

8) «Ժա­մա­նակ­նե­րը կը փո­խուին եւ մենք ա­նոնց մէջ (կը փո­խուինք)». «Tempora mutantur, et nos in illis»։

9) «Ե­թէ կ՚ու­զես խա­ղա­ղու­թիւն, պատ­րաս­տուէ՛ պա­տե­րազ­մի». «Si vis pacem, para bellum»։ Յար­ձակ­ման չեն­թար­կուե­լու հա­մար պէ՛տք է պատ­րա՛ստ ըլ­լալ դի­մադ­րե­լու։

10) «Մար­դը սխա­լա­կա՛ն է»։ «Ան ալ եր­բեմն կը սխա­լի». «Errare humanum est»։

11) «Գտա՛յ». «Eurêka»։ Ար­գի­մէ­տի բա­ցա­գան­չու­թիւ­նը, երբ բաղ­նի­քի մէջ յան­կարծ գտաւ մար­մին­նե­րու ծան­րու­թեան օ­րէն­քը։ Այս խօս­քը կը գոր­ծա­ծուի ընդ­հան­րա­պէս երբ մէ­կը յան­կարծ գիւտ մը կ՚ը­նէ կամ լու­ծում մը կը գտնէ հար­ցի մը շուրջ՝ դժուար վի­ճա­կէ մը դուրս գա­լու հա­մար։

12) «Բե­մադ­րու­թիւն». «Mise en scène»։ Կը գոր­ծա­ծուի փո­խա­բե­րա­բար ա­ռա­ջուը­նէ պատ­րաս­տուած եւ գոր­ծադ­րուած ո­րե­ւէ գոր­ծի հա­մար։

13) «Ան­հա­ւատ­նե­րու բաժ­նում». «In partibus infidelium»։ Հ­ռո­մէա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ գոր­ծա­ծուած ա­սու­թիւն՝ այն ե­պիս­կո­պոս­նե­րու հա­մար, ո­րոնք կը նշա­նա­կուէին ա­ռաջ­նորդ՝ Հռո­մի չեն­թար­կուած եր­կիր­նե­րու մէջ, եւ ու­րեմն կը կրէին միայն «պա­տուի ա­նուն» ա­ռանց պաշ­տօ­նա­վա­րե­լու այդ երկ­րին մէջ։

14) «Բո­լո­րը՝ որ­քան որ կան». «Tutti quanti»։ Կը գոր­ծա­ծուի երբ կը թուար­կուին մար­դիկ, ո­րե­ւէ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար, իբ­րեւ շա­րու­նա­կու­թիւն այդ թուար­կու­թեան կ՚ը­սուի. «բո­լո­րը՝ ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան» կամ «ա­ռանց խտրու­թեան»։

15) «Վա՛յ պար­տուած­նե­րուն». «Vae vintis»։ Պ­րէն­նո­սի խօս­քը, երբ իր սուրն ալ ձգեց կշիռ­քի նժա­րին մէջ՝ ո­րով պար­տուած հռո­մա­յե­ցի­նե­րը ոս­կի կը կշռէին ա­նոր վճա­րե­լու հա­մար։ Խօս­քը կը գոր­ծա­ծուի՝ նշա­նա­կե­լու հա­մար, թէ պար­տուա­ծը յաղ­թո­ղին տրա­մադ­րու­թեա­նը տակ է։

16) «Ո­չին­չէն ո՛­չինչ». «Ex nihili nihil»։ Ո՛չ մէկ բան ո­չին­չէն ստեղ­ծուած է, այլ ա­մէն ինչ, որ գո­յու­թիւն ու­նի, ո­րե­ւէ ձե­ւով կամ ո­րե­ւէ կեր­պի տակ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է յա­ւի­տե­նա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէն։ (Հին յոյն փի­լիոս­փա­նե­րու ա­սոյթ)։

17) «Փա՜ռք յաղ­թուած­նե­րուն». «Gloria victis»։ Այս ա­սու­թիւ­նը հա­կադ­րու­թիւնն է՝ «Vae victis»ի. վա՜յ յաղ­թուած­նե­րուն, ո­րոնք քա­ջա­բար կը պա­տե­րազ­մին եւ սա­կայն ի վեր­ջոյ կ՚իյ­նան։

18) «Ակն ընդ ա­կան եւ ա­տամն ընդ ա­տա­ման» (ՄԱՏԹ. Ե 38), կը հա­կադ­րէ քրիս­տո­նէա­կան օ­րէն­քը այս մով­սի­սա­կան օ­րէն­քին (Ե­ԼԻՑ ԻԱ 24)։

«Մի՛ կալ հա­կա­ռակ չա­րին»։ Ար­դա­րեւ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւնն ալ կ՚ը­սէ. «ա­րիւ­նը ա­րիւ­նով չի մաք­րուիր», եւ կամ սխա­լը սխա­լով կա­րե­լի չէ՛ սրբագ­րել կամ ուղ­ղել։

19) «Ա­մե­նայ­նի յաղ­թեաց ժիր ջան». «Labor omnia vincit improbus»։ Ջան­քը կը յաղ­թէ ա­մէն բա­նի, ա­մէն դժուա­րու­թեան։ Վիր­գի­լիո­սի «Մշա­կա­կանք»ի խօս­քե­րէն։

20) «Լաւ է կոյր աչ­քով քան կոյր մտքով»։ Լաւ է աչ­քով կոյր ըլ­լալ, քան մտքով կոյր։ Ե­ղի­շէի խօսքն է, որ վե­րա­ծուած է ա­ռա­ծի։

21) «Ծա­նի՛ր զքեզ», այ­սինքն՝ չափդ գիտ­ցի՛ր։

22) «Հարկ զօ­րէնս լու­ծա­նէ». հար­կը օ­րէն­քը կը լու­ծէ։ Եր­բեմն կեան­քի պա­հանջ­քը կը ստի­պէ օ­րէն­քը զանց առ­նել։ Զոր օ­րի­նակ, պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ՝ թէ Հայ նա­խա­րար­ներ Պար­սիկ­նե­րու թա­գա­ւո­րին մօտ, ընթ­րի­քի ժա­մա­նակ ստի­պուե­ցան ու­տել զո­հուա­ծի մի­սէն պատ­րաս­տուած կե­րա­կու­րը՝ որ օ­րէն­քով ար­գի­լուած էր. հար­կը օ­րէն­քը լու­ծե՛ց։

23) «Յեր­կուս չա­րեաց փոք­րա­գոյնն է ընտ­րե­լը». եր­կու չա­րիք­նե­րէն ընտ­րե­լի է փոք­րա­գոյ­նը։

«Կամ կեանքդ կամ քսակդ». քսա­կը տալ եւ կեան­քը ա­զա­տել՝ եր­կու չա­րի­քէն փոք­րա­գոյ­նը ընտ­րել է։

24) «Շա­բաթ վասն մար­դոյ ե­ղեւ, եւ ո՛չ մարդ վասն շա­բա­թու». շա­բա­թը մար­դուն հա­մար է եւ ո՛չ թէ մար­դը շա­բա­թին հա­մար (ՄԱՐԿ. Բ 28)։ Կը նշա­նա­կէ՝ թէ օ­րէն­քը մար­դուն հա­մար է, ուս­տիեւ պէտք է հա­մա­պա­տաս­խա­նէ ա­նոր պա­հանջք­նե­րուն։ Այս սկզբուն­քին բո­լո­րո­վին հա­կա­ռակ է հռո­մէա­կան ա­ռա­ծը՝ որ կ՚ը­սէ. «Պէտք է օ­րէն­քը կա­տա­րուի, նոյ­նիսկ ե­թէ աշ­խար­հը կոր­ծա­նի». «Fiat justitia, pareat mundus»։

25) «Սո­դոմ Գո­մոր»։ (ԾՆՆԴ. ԺԹ). Աս­տուած Պա­ղես­տի­նի Սո­դամ եւ Գո­մոր քա­ղաք­նե­րը այ­րեց ոչն­չա­ցուց բնա­կիչ­նե­րը ա­նօ­րի­նու­թեան եւ ան­բա­րո­յա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով։

Խօս­քը կը գոր­ծա­ծուի ընդ­հան­րա­պէս տե­ղի մը, հիմ­նար­կի մը կամ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան հա­մար՝ ուր կը տի­րէ ա­նի­րա­ւու­թիւն եւ ան­բա­րո­յա­կա­նու­թիւն։

26) «Վախ­ճան պսա­կէ զգործն». ա­ւար­տումն է որ կը պսա­կէ աշ­խա­տան­քը, գոր­ծը. «Finis coronat opus»։ Կը գոր­ծա­ծուի այն ի­մաս­տով, թէ՝ աշ­խա­տան­քի մը կամ գոր­ծի մը մա­սին լաւ կամ վատ ո­րո­շում տա­լու հա­մար պէտք է նա­յիլ ա­նոր հե­տե­ւան­քին։ Դա­տե­լու հա­մար պէտք է սպա­սել ար­դիւն­քին։ Նոյն միտ­քը ար­տա­յայ­տուած է նաեւ՝ «Ա­մէն բա­նի վե՛րջն է գո­վե­լի կամ քննա­դա­տե­լի»։

27) «Մի՛ ի վեր քան զկօ­շիկս». կօ­շի­կէդ ա­ւե­լի վեր մի՛ բարձ­րա­նար։

Ա­պե­լէս նկա­րի­չը իր մէկ նկա­րը ցոյց կու տայ կօշ­կա­կա­րի մը՝ ո­ր չի հաւ­նիր նկա­րուած կօ­շիկ­նե­րը։ Նկա­րի­չը կը սրբագ­րէ նկա­րած կօ­շիկ­նե­րը։ Ա­պա կօշ­կա­կա­րը կը սկսի քննա­դա­տել նկա­րին միւս կող­մե­րը եւ մա­սե­րը։ Այն ա­տեն նկա­րի­չը կ՚ը­սէ վե­րո­յի­շեալ խօս­քը։ Այս խօս­քը կը գոր­ծա­ծուի այն մար­դոց հա­մար՝ ո­րոնք իբր մաս­նա­գէտ կը քննեն հար­ցեր, տե­սա­կէտ կը յայտ­նեն, որ ի­րենց կա­րո­ղու­թե­նէն վե՛ր են։

28) «Միով բա­նիւ». մէկ խօս­քով, կարճ ը­սե­լով…։

Ա­հա­ւա­սի՛կ «միով բա­նիւ»՝ շատ բան ը­սող խօս­քեր։

-Սկզբնաղ­բիւր.- «Ա­սա­ցուածք­ներ օ­տար լե­զու­նե­րով» Ս. Մալ­խա­սեանց, 1945, «Բառ­գիրք լա­տին եւ ու­րիշ օ­տա­րա­բար­բառ ա­սու­թիւն­նե­րու» Մես­րոպ Նու­պա­րեան, 1911, «Օ­տա­րա­գիր բա­ռեր եւ դար­ձուածք­ներ», 1958։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Նո­յեմ­բեր 12, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016