ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԻՒՆ

Արարածներուն բազմազան կատարելութիւնները, ինչպէս՝ ճշմարտութիւնը, բարութիւնը, գեղեցկութիւնը, կը ցոլացնեն Արարիչին՝ Աստուծոյ անհուն կատարելութիւնը։ Այս իմաստով կատարելութիւնը արժէքներու բացարձակ, ամբողջական վիճակն է. գագաթնակէտը, վերջնագոյն կէտն է։ Աստուած «կատարեալ» է, քանի որ Ան ամէն արժէքի բացարձակը, բարձրագոյն վիճակը կը ներկայացնէ։ Ան բացարձակ բարի է, բացարձակ ճշմարիտ է, բացարձակ գեղեցիկ է, Ան սիրոյ բացարձակ արտայայտութիւնն է եւ ամէն արժէք որ մարդու կը վերաբերի, կը ճանչնայ, Աստուած անոնց վեհագոյնն է, լրո՛ւմն է։

Մարդ կրնայ ուրեմն Աստուծոյ անունը կոչել մեկնելով Իր ստեղծած արարածներուն վայելած կատարելութիւններէն. «որովհետեւ արարածներուն մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, հանգիտակցութեամբ՝ ճանչնալ կու տան անոնց Արարիչը» (ԻՄԱՍՏ. ԺԳ 5)։

Արդարեւ, բոլոր արարածները իրենց Արարիչին՝ Աստուծոյ հետ որոշ նմանութիւն մը կը կրեն, իսկ բոլորէն աւելի մա՛րդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան։ «Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է». (ՄԱՏԹ. Ե 48)։

Աստուած գերակայ է ամէն արարածէ վեր։ Ուրեմն հարկ է որ մարդ անդադար մաքրազտէ իր լեզուն այն բոլոր բառերէն, որոնք «սահմանաւոր», «անիմանալի», «անտեսանելի», «պատկերաւոր», «անկատար» են։ Մարդ պէտք չէ՛ շփոթէ զԱստուած իր մարդկային պատկերացումներուն հետ՝ որոնք սահմանաւոր են եւ անկատա՛ր։ Ուստի, մարդկային խօսքերը, խորհուրդները եւ գործերը Աստուծոյ խորհուրդէն, Աստուծոյ կատարելութենէն միշտ աւելի ասդին կը մնան։ Կատարելութեան տեսակէտէ Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ որեւէ բաղդատութեան եզր չկա՛յ, չի կրնար ըլլալ, քանի որ Աստուած բացարձակ «կատարեալ» է՝ կատարելութի՛ւն է։

Արդարեւ, Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ որքան ալ նմանութիւններ նշուին, սակայն անոնց «աննմանութիւն»ները ա՛լ աւելի են։ Ամենէն յստակ եւ պարզ բացատրութեամբ՝ Աստուած կատարեալ է, իսկ մարդը՝ անկատա՛ր։

Սուրբ Թովմաս Ագուինացի կ՚ըսէ. «Մենք չենք կրնար ըմբռնել Աստուած ինչպէս որ է, այլ միայն ինչպէս որ չէ, եւ թէ ի՛նչ են միւս արարածները Անոր նկատմամբ»։ Արդարեւ, Աստուած կատարեալ է եւ Իր կատարելութեամբ կը կատարելագործէ մարդը։

Ան որ կը հաւատայ Քրիստոսի, կ՚ըլլայ որդի Աստուծոյ։ Այս «որդեգրութիւն»ը կը կերպարանափոխէ զինք՝ տալով իրեն կարելիութիւնը հետեւելու Քրիստոսի օրինակին։ Ան զինք ատակ կը դարձնէ վարուելու անշեղօրէն եւ գործադրելու բարին։ Այս միութեան մէջ իր Փրկչին հետ, աշակերտը կը հասնի «կատարելութեան սիրոյ, սրբութեան»։

Բարոյական կեանքը հասուննալով շնորհքին մէջ, հետզհետէ կը կատարելագործուի, կը ծաղկի յաւիտենական կեանքին համար, երկինքի փառքին մէջ։

Արդարեւ, բարոյական կատարելութիւն կայ, երբ մարդը կը մղուի դէպի բարին ո՛չ միայն իր կամքով, այլ նաեւ իր զգացական ախորժակով, ըստ Սաղմոսերգուին այն խօսքին, ուր կ՚ըսէ. «Սիրտս եւ մարմինս կը ցնծան դէպի Աստուած կենդանի». (ՍԱՂՄ. ԶԳ 3)։ Ուստի կատարեալ ըլլալու համար մարդ պէտք է գործէ սրտով, անկեղծութեամբ, ամբողջ էութեա՛մբ։

Աստուած է կատարելութեան տիպարը. Աստուած լիութիւնն է էութեան, անսկիզբ եւ անվախճա՛ն։ Մինչ բոլոր արարածները Անկէ ընդունեցան ի՛նչ որ են եւ ի՛նչ որ ունին, միայն Ի՛նքն է Իր էութիւնը եւ Ինքնիրմէ ունի ի՛նչ որ Ինքն է։

Աստուած ո՛չ մէկ ձեւով մարդուն պատկերին համեմատ է։ Ան ո՛չ այր է եւ ո՛չ ալ կին։ Աստուած զուտ հոգի է եւ անոր մէջ սեռերու տարբերութիւնը տեղ չունի։ Բայց այրին եւ կնոջ «կատարելութիւն»ները Աստուծոյ անհո՜ւն կատարելութենէն բան մը կը ցոլացնեն. կատարելութիւնները մօր. (ԵՍ. ԽԹ 14-15), (ԵՍ. ԿԶ 13), (ՍԱՂՄ. ՃԼ 2-3), հօր, ամուսինի. (ՈՎՍ. ԺԱ 1-4), (ԵՐԵՄ. Գ 4-19)։

Մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամո՛ւր կեցուածքներն են. կայուն տրամադրութիւններ, ունակական կատարելութիւններ՝ որոնք կը կանոնաւորեն մարդուն արարքները, կը կարգաւորեն իր կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն իր վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։ Անոնք կը հայթայթեն դիւրութիւն, ինքնազսպում եւ ուրախութիւն բարոյապէս բարի կեանք մը վարելու համար, ինչ որ կատարելութի՛ւն է։

Կատարեալ մարդը այն է, որ առաքինի մարդ է եւ ազատօրէն կը գործէ բարին։

Բարոյական առաքինութիւնները մարդկօրէն ձեռք ձգուած են։ Անոնք բարոյապէս բարի գործերուն արդար պտուղները եւ սերմերն են. անոնք մարդկային արարածին բոլոր զօրութիւնները եւ կարողութիւնիւնները կը տրամադրեն հաղորդուելու աստուածային սիրոյ հետ։ Եւ այս իմաստով անոնք կատարելութեան ստուգանիշներէն առաջնակարգերն են։

Արդարեւ, իւրաքանչիւր արարած ունի իր յատուկ բարութիւնը եւ կատարելութիւնը։

Արարչագործութեան իւրաքանչիւր վեց օրուան համար ըսուած է. «Եւ Աստուած տեսաւ թէ բարի էր»։ Ուստի, արարչագործութեան զօրութեամբ է, որ բոլոր իրերը կայացած են ըստ իրենց գոյացութեան, ըստ իրենց իսկականութեան, ըստ իրենց յատուկ բարելաւութեան, իրենց իւրայատուկ կարգաւորութեամբ եւ օրէնքներով։ Եւ այս ուղղութեամբ իւրաքանչիւր իր ունի իրեն յատուկ կատարելագործուելու կերպ մը։ Եւ իրենց յատուկ էութեան համեմատ Աստուծմէ ուզուած այլազան արարածները, Աստուծոյ անհո՜ւն իմաստութեան եւ բարութեան ճառագայթը կը ցոլացնեն, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ կերպով։ Այս պատճառով, մարդը պարտի յարգե՛լ իւրաքանչիւր արարածին յատուկ պիտանիութիւնը, որպէսզի խուսափի անոնց անկարգ գործածութենէն, ինչ որ արհամարհանք է անոնց Արարչին, իսկ մարդոց եւ անոնց շրջապատին համար աղէտալի հետեւանքներ յառաջ բերող։

Ուստի, մարդ պարտի միշտ յառաջդիմել դէպի կատարեալին, կատարելութեա՛ն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 14, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020