ԿԵՂԾ ՀԵՐՈՍ ՓԱՆՋՈՒՆԻՆ…

Ահաւասի՛կ «կեղծ հերոս» մը՝ Փանջունին, երեւակայական տիպար մը, որ երգիծաբան Երուանդ Օտեան ստեղծած է իր շուրջի մարդիկը դիտելով։ Անոր թերութիւնները, տկարութիւնները պատկերացնելու համար սկսած է ներկայացնել իր մանկութենէն՝ ուսումնասիրելով եւ բացայայտելով անոր կեանքը։

Ուրեմն հետեւինք Երուանդ Օտեանի «Փանջունի»ին կեանքի դրուագներուն՝ սկսեալ անոր մանկութենէն։

Փանջունին կրտսեր զաւակն է տրապիզոնցի ընտանիքի մը։ Մայրը տղաբերքի հետեւանքով մեռած է, առանց կարենալ սնուցանելու իր երեխան, որ մեծցուած է այծի կաթով։

Ուրիշ կենսագիր մը թերեւս փորձէր հետեւութիւններ հանել այս աննշան մանրամասնութենէն. ես կը խուսափիմ ատկէ. կը բաւականանամ պարզ կենսագրական իրողութիւնը արձանագրելով։

Փանջունին շատ ուշ լեզու ելած է, բայց անգամ մը խօսիլ սկսելէ ետք ա՛լ բերանը դիւրաւ չէ գոցած։

Քանի կը մեծնար, այնքան իր խօսելու կատաղութիւնը կ՚աճէր. ա՛յն աստիճան որ խեղճ հայրը ստիպուեցաւ բժիշկի մը դիմել՝ այդ անսովոր երեւոյթին դարման գտնելու համար։

Բժիշկը քննեց տղան, լեզուն նայեցաւ, կոկորդը նայեցաւ, աչքերուն մէջ նայեցաւ, ու վճռաբար ըսաւ հօրը.

-Ճար ու դարման չկայ, այս տղան միշտ պիտի խօսի։

-Բայց տան մէջ ա՛լ դիմացուելիք բան չէ, պարո՛ն բժիշկ։

-Բամպակ թխեցէք ականջնիդ, այս է միակ միջոցը, պատասխանեց բժիշկը։

Հակառակ խօսելու մարմաջին, փոքրիկ Փանջունին յաճախ սխալ կը գործածէր բառերը, բոլորովին աղաւաղելով անոնց նշանակութիւնը։

Օր մը սեղանի մը վրայ դրուած արժէքաւոր անօթ մը կ՚առնէ ու գետին նետելով ջարդ ու փշուր կ՚ընէ։

Հայրը, իրիկունը գործէն վերադարձին, կը տեսնէ եղածը, եւ տղան կանչելով ու անօթին կոտրտուանքները ցոյց տալով կը գոչէ.

-Ծօ՛, ի՞նչ ես ըրեր ծաղկամանը։

-Շինեցի, հայրիկ, կը պատասխանէ փոքրիկ Փանջունին համոզումով։

-Ծօ՛, ի՞նչ շինել, կոտրեր ես, շա՛ն զաւակ։

-Չէ՛, հայրիկ, շինեցի, կը պնդէ ան կրկին։

Ի զուր հայրը երկար-բարակ բացատրեց, թէ՝ երբ առարկայ մը գետին նետելով կտոր-կտոր կ՚ընենք, այդ գործողութիւնը «շինել» բայով չ՚արտայայտուիր, այլ «կոտրել» բայով։ Անկարելի եղաւ բառագիտական այդ նրբութիւնը հասկցնել Փանջունիին, որ շարունակեց տան գաւաթները, պնակները, շիշերը կոտրել. եւ ամէն անգամ որ «ի՞նչ կ՚ընես կոր» ըսելով յանդիմանէին զինք, անխռով կը պատասխանէր.

-Կը շինեմ կոր։

Դպրոցին մէջ Փանջունի ճառ խօսելով եւ ընկերներուն հետ վիճելով ժամանակ կ՚անցընէր, իսկ դասերուն բնաւ չէր հետեւեր, չհաւնելով կա՛մ դասագիրքը, կա՛մ ուսուցիչը, կա՛մ տետրակն ու գրիչը։

Օր մը թուաբանութեան խնդիրի մը մասին վէճ ունեցաւ դասընկերներուն մէկուն հետ։

-Հինգ անգամ հինգ՝ քսանհինգ կ՚ընէ, կ՚ըսէր ընկերը, որ ողջամիտ տղայ մըն էր, եւ որ յետոյ հարուստ վաշխառու մը եղաւ։

-Չէ՛, կը յամառէր Փանջունին, հինգ անգամ հինգ՝ յիսուն կ՚ընէ։

-Ո՛չ, քսանհինգ կ՚ընէ։

-Յիսո՛ւն կ՚ընէ…

Միւսը, տեսնելով որ դժուար է - ի՜նչ կ՚ըսեմ՝ անկարելի է - խօսքը հասկցնել Փանջունիին, եւ խուսափելով անօգուտ կռիւէ, հաշտարար ոգիով մը պատասխանեց.

-Լա՛ւ, ես թո՛ղ այնպէս գիտնամ, թէ քսանհինգ կ՚ընէ, դուն այնպէս գիտցիր, թէ յիսուն կ՚ընէ. ա՛լ չխօսինք այդ մասին, ու երթանք միասին գնդակ խաղանք։

-Չ՚ըլլա՛ր, պնդեց Փանջունին, պէտք է նախ համոզուիս, թէ հինգ անգամ հինգ յիսուն կ՚ընէ։

-Ատիկա՝ անկարելի է։

-Անպատճառ պէտք է քեզ համոզեմ, շարունակեց մեր հերոսը, աւելի ու աւելի բորբոքելով։

-Երբեք չեմ կրնար համոզուիլ, եւ դուն ալ երբեք չես կրնար ապացուցանել ըսածդ, պատասխանեց ապագայ վաշխառուն։

-Չեմ կրնար ապացուցանե՜լ, չեմ կրնար ապացուցանե՜լ, մռնչեց Փանջունին, ա՛ռ քեզի համոզիչ ապացոյց մը։

Եւ գետնէն քար մը առնելով՝ իջեցուց խօսակիցին գլխուն։

Գլուխը վիրաւորուեցաւ թեթեւապէս, բայց տղան կրկին չհամոզուեցաւ, թէ հինգ անգամ հինգ կրնայ յիսուն ընել, ու լալով գնաց բողոքելու ուսուցիչին։

Ուսուցիչը անմիջապէս կանչեց Փանջունին եւ գոչեց.

-Ծօ՛, ի՞նչ ըրիր, ինչո՞ւ ընկերոջդ գլուխը պատռեցիր։

-Զինք համոզելու համար, պատասխանեց Փանջունին հանդիսաւորապէս։

Հայրը տեսնելով իր զաւկին այս տարօրինակ ընթացքը, յաճախ ակռաները կճրտելով կը պոռար.

-Փորձա՜նք պիտի ըլլաս, փորձա՜նք…

Երուանդ Օտեան «Փանջունի» անունը շինած է յատուկ մտքով, ուստի, փորձենք քիչ մը փոխել ուղղագրութիւնը, եւ ահաւասիկ, կ՚ունենանք իր տալ ուզած իմաստը։

Երուանդ Օտեան, արեւմտահայ վիպագիր եւ երգիծաբան ծնած է Պոլիս, 19 սեպտեմբեր 1869 թուականին։ Յաճախած է Պէրպէրեան վարժարանը, ուր նկատուած է գրականութեան եւ պատմութեան հանդէպ իր հետաքրքրութեամբ։ Պոլիսէն մեկնած 1896-ին՝ տարինե՜ր թափառած է երկրէ երկիր՝ ուր ապրած է թափառական կեանք, վարելով զանազան պաշտօններ եւ ծառայելով զանազան ասպարէզերու։

Կեանքին վերջին տասնամեակը ապրած է Պոլիս, յետոյ Սուրիա, Լիբանան եւ Եգիպտոս։

Երուանդ Օտեան գրեթէ ամբողջ կեանքը անցուցած է գրելով, նաեւ թերթեր խմբագրելով։ Իր արտադրութիւնը քանակով եղած է հսկայ, բայց որակով շատ անհաւասար, որովհետեւ օրը օրին նիւթ է հասցուցած թերթերու՝ վէպեր, թատրերագրութիւններ, թարգմանութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, հազարաւոր «տոմս»եր եւ քրոնիկ-յօդուածներ՝ մեծ մասամբ երգիծական շեշտով։ Օտեանի բուն երգիծաբանական գործերէն են «Յեղափոխութեան մակաբոյծները», «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն», «Ընկեր Փանջունի»։ Այս վերջինը քննադատութեան նիւթ կը դարձնէ կեղծ հերոսները եւ կեղծ յեղափոխական գաղափարները։

Երուանդ Օտեան մահացած է 3 հոկտեմբեր 1926 թուականին՝ Գահիրէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 12 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2022