ՀԵԶՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ

«Հեզութիւն» եւ «խոնարհութիւն» ընդհանրապէս մերձիմաստ ըմբռնումներ են, բայց խոնարհութիւնը հեզութեան գագաթնակէտն է։ Մարդ եթէ ծառայութեան ոգիով մօտենայ իր նմաններուն, խոնարհութիւնը կ՚ընդունի որպէս կեանքի սկզբունք։ Ծառայութեան ոգին կը մերժէ ամէն շնորհակալութիւն եւ գնահատանք, քանի որ անոր համար ծառայութիւնը մարդկային պարտականութիւն մըն է։ Մարդ, սակայն ընդհանրապէս մեծութեան կը ձգտի՝ մեծ ըլլալ կ՚ուզէ եւ առաջնակարգ՝ իր նմաններուն նկատմամբ։ Ասիկա բնութեան մէկ արտայայտութիւնն է։

Բայց ո՞վ է մեծը։ Մեծ՝ իր ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ վեհ, վսեմ, կարեւոր։ «Մեծ» եւ «խոշոր» ածականները մեր լեզուին մէջ թէեւ տրուած են որպէս հոմանիշներ, սակայն աւելի լա՛ւ է նրբերանգ մը դնել անոնց միջեւ. «մեծ»ին տալ որակական արժէք. զոր օրինակ՝ «մեծ մարդ» արժէքով. իսկ «խոշոր»ին՝ քանակական արժէք. օրինակի համար՝ «խոշոր տուն». ընդարձակ։

Յիսուս կ՚ըսէ, որ ճշմարիտ մեծը այն է՝ որ խոնա՛րհ է։ «Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց (աշակերտներուն) մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծը։ Յիսուս անոնց սրտին խորհուրդը իմանալով՝ տղայ մը առաւ եւ զանիկա իր քով կանգնեցուց եւ ըսաւ անոնց.- Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ՚ընդունի, եւ ան որ զիս կ՚ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ՚ընդունի, վասնզի ան որ ձեր ամէնուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ». (ՂՈՒԿ. Թ 46-48)։

Աւանդական պատմութիւնը կը վկայէ, որ այդ տղան յառաջիկային, Երուսաղէմ եպիսկոպոս ձեռնադրուած է։

Յիսուսի այս պատուէրէն առաջ պատահած էր Իր Այլակերպութիւնը՝ ուր Յիսուսի հետ էին միայն երեք աշակերտ՝ Պետրոս, Յովհաննէս եւ Յակոբոս. (ՂՈՒԿ. Թ 28)։ Այս դէպքը՝ միւս աշակերտներուն մէջ նախանձի հոգին արթնցուցած էր, թէ ինչո՞ւ միայն այդ երեքը ընտրած էր Յիսուս։

Արդարեւ, «նախանձ»ը մահացու մեղքերուն երկրորդն է։ Եւ նախանձը ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ ժողովուրդներու, թագաւորութիւններու, իշխանութիւններու քայքայման եւ փլուզման պատճառ հանդիսացած է։

Արդարեւ, փառասիրութիւնը եւ մեծամտութիւնը կը ստեղծեն նախանձը։ Մինչդեռ մարդիկ չեն գիտեր, հասկնալ չեն ուզեր, որ իւրաքանչիւր մարդ ստեղծուած է տարբեր յատկութիւններով, տարբեր ձիրքերով, տարբեր մասնաւոր ատակութիւններով, եւ այսպէս, մարդիկ փոխանակ իրար նախանձելու՝ պէտք է իրար լրացնեն, ամբողջացնեն՝ իրարու օգնեն՝ մէկը միւսին թերութիւնը եւ տկարութիւնը զօրացնելով։ Եւ ասիկա կ՚իրականանայ ո՛չ թէ նախանձով, այլ՝ խոնարհութեա՛մբ։

Ուստի, մեծ ըլլալ՝ հեզ, խոնարհ, ազատ եւ ծառայասէր ըլլալ կը նշանակէ։ Ան որ գիտակից է իր պատասխանատուութեան, ան որ անթերի կը կատարէ իր պարտականութիւնները եւ պարտաւորութիւնները եւ ան որ հաւատարիմ է իր «մարդ» ըլլալու կոչումին եւ ըստ այնմ կ՚ապրի եւ կը գործէ՝ ա՛ն է մեծը։

Հին կտակարանի մէջ անտեսուած էին կինը եւ մանուկները։ Բայց Յիսուս փոխեց այս հասկացողութիւնը եւ արժէք ընծայեց կին-մարդուն եւ մանուկներուն։ Զոր օրինակ, երբ Յիսուս հինգ հազարը կերակրեց, Աւետարանի հատուածին մէջ կ՚ըսուի. «Անոնք որ կերան, հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաներէն զատ». (ՄԱՏԹ. ԺԴ 21)։ Բայց Յիսուս հաւասարութիւն բերաւ այր-մարդու եւ կին-մարդու եւ անշուշտ տղաներու մէջ՝ անոնց ընկերութեան մէջ ունեցած դիրքին եւ արժէքին համեմատ։

Յիսուս, այս պատճառով մանուկներու մեծ կարեւորութիւն տուաւ եւ ասիկա արտայայտեց բազմաթիւ առիթներով։ Եւ վերջիններ եղան առաջին, իսկ առաջիններ՝ վերջի՛ն…

Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ՝ միտքով չափահաս ըլլալ, բայց գործով՝ մանուկի պէս։ Ուստի, մարդ որքան ալ ձգտի մեծութեան, պէտք է գիտնայ, որ կա՛յ ամենամեծը՝ Աստուած։ Եւ մա՛րդ չի կրնար ամենամեծէ աւելի ըլլալ՝ Յիսուսէն՝ աւելի. բաւ է որ հոգիով մեծ ըլլայ եւ ձգտի Անոր նմանիլ։ Իրական մեծութիւնը, ուրեմն խոնարհութեան մէջ է, հեռո՛ւ մնալով փառասիրութենէ եւ նախանձէ։

Մեզի կը պարտի Անոր նման ըլլալ՝ հեզ եւ խոնարհ, հեռո՛ւ հպարտութենէ եւ փառասիրութենէ յաւիտեան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 18, 2024, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2024