ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԳ.)
Անգլիացի բանաստեղծը որպէս յաջողութեան յաջորդ կէտ պայման կ՚ընտրէ հետեւեալը. «Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ». յաջողութեան ճամբու ընթացքին կարեւոր է լսել սեփական ձայնը. ուրիշներու ձայնը շատ անգամ մեր նպատակներուն յարմար կրնայ չըլլալ եւ բնականաբար պիտի չըլլայ. ուրիշներու խօսքով առաջնորդուիլ, ուրիշներու կամքն ու երազները կատարել կը նշանակէ. միայն սեփական ձայնին հետեւելով կարելի է սեփական երազն ու նպատակը կեանքի կոչել. սակայն, բանաստեղծի բառերով այդ ձայնը պէտք է ըլլայ «վճիտ». այլ խօսքով՝ նպատակներն ու երազները յստակ պէտք է ըլլան. յստակ՝ որպէսզի մարդ կարենայ իր ձայնը լաւ լսել, որպէսզի չտարուի այլ ձայներով:
Այս բոլորէն ետք բանաստեղծը կը խօսի ձախողութեանց մասին. մարդուն ըսել կ՚ուզէ, որ պէտք է ունենաս ուժը, ձախողութիւններու հանդիպելէ ետք դարձեալ ուժը ունենաս վերականգնելու յաջողութիւնը՝ որ կորսնցուցիր. ահաւասիկ անոր բառերը. «Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ, բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի»։ Խորտակումին դիմաց մարդ ծունկի կու գայ. մէկը կու գայ ծունկի՝ ողբալու եւ լալու համար, իսկ ուրիշը զայն դարձեալ շինելու համար: Բանաստեղծը կ՚ուզէ, որ յաջողութեան ձգտողը ըլլայ երկրորդ տեսակէն եւ իր ծունկի գալը ըլլայ միայն ու միայն վերստին շինելու համար: Այդ կամքն է, որ կը տարբերէ ձախողութիւնը յաջողութենէն, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, յաջողութիւնը շատ անգամ մէկ անգամ չի տրուիր մարդուն եւ հետեւաբար զայն ձեռք բերելու համար պէտք է ծունկի գալ ու շինել:
Ձախողութեան դիմաց բանաստեղծը կը յորդորէ չտրտնջալ, որովհետեւ տրտնջալը երբեւէ յաջողութիւնը չէ՛ վերադարձուցած. պարզապէս ծառայած է մարդը աւելիով ձախողութեան առաջնորդելու։ Բանաստեղծը կ՚ըսէ. «Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու,/ Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին/ Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու/ Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին»։ Ողբը յաջողութեան չ՚առաջնորդեր, սակայն ծայրէն վերստին սկսիլը կրնայ մարդը յաջողութեան տանիլ. ձախողած մարդը արդէն իսկ իր բացթողումները լաւապէս գիտնալով երկրորդ անգամ սկսած ժամանակ կրնայ աւելի ինքնավստահ ըլլալ եւ այն երեւոյթները, որոնք զինք ձախողութեան առաջնորդեցին, այս անգամ վերանալով կրնան յաջողութեան ճամբան բանալ մարդուն դիմաց: Հարուածով բախտին յանձնելը մարդուն նուիրումն է. կայ երկու տեսակ մարդ. մարդ՝ որ իր ձեռքի ամբողջ ունեցածը իր երազներուն համար կը զոհէ, եւ մարդ, որ իր ձեռքինը կորսնցնելու վախը ունենալով երազները կը զոհէ. բանաստեղծը կը նախընտրէ ձեռքի ունեցածը զոհել երազներուն սիրոյն, որովհետեւ անոնց յաջողութիւնը մարդուն կեանքը տարբեր բարօրութեամբ մը պիտի փոխէ՝ որ նիւթականէն աւելի բարոյական գոհացում մը ունի: Ձեռքի ունեցած հարստութիւնը դարձեալ կարելի է վերականգնել, բայց երազները վերականգնելը տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն ունի. դժբախտ է ան՝ որ հարստութիւն ունի, սակայն չունի երազներու եւ նպատակներու իրագործում, եւ ուրախ է ան՝ որ մեծ հարստութեան տէր չըլլալով հանդերձ իր երազները կեանքի կը կոչէ: Հարստութիւնը այս պարագային ո՛չ թէ նիւթականին, այլ բարոյականին մէջ է:
Բանաստեղծը յաջողութեան հասնելու համար աշխատելու կարեւորութիւնը կը շեշտէ. «Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան/ Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար»։ Յաջողութեան հասնելու համար պէտք է մաշեցնել ջիղ ու մկան եւ ձախողութեան հասնելու պարագային պէտք է այդ ջիղն ու մկանը դարձեալ ամրացնել ու գործի լծուիլ. առանց մաշելու յաջողութիւն չկայ, այդ իսկ պատճառով այդ ջիղն ու մկանը պէտք է մի՛շտ ու միշտ պատրաստ ըլլան մաշելու՝ եթէ կ՚ուզեն յաջողութիւնը տեսնել:
Այս բոլորը իրականացնելու համար մարդուն անհրաժեշտ է կամքը. «Եւ դիմանալ, երբ մեռած է ամէն բան/ Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ». պէտք է դիմանալ, նոյնիսկ եթէ ամէն բան բացասական ընթացք մը ունի մեր շուրջ. բանաստեղծը ըսել կ՚ուզէ, որ ամէ՛ն ձախողութիւն, դժբախտութիւն ձախողութեան չեն տանիր մարդը. միայն մէ՛կ բան մարդը դժբախտութեան կ՚առաջնորդէ, այդ ալ կամքի մահն է. եթէ կամքը մահացած է մարդուն մէջ, ապա յաջողութիւնը անհասանելի է. կամքն է, որ ջիղն ու մկանը կենդանի կը պահէ, կամքն է, որ մարդուն յաջողութեան ճամբուն մէջ եղած դժուարութիւնները յաղթահարելու կ՚առաջնորդեն. հետեւաբար ձախողութիւնը միայն ու միայն մարդու կամքի կորուստն է, որովհետեւ եթէ կայ կամք՝ կայ նաեւ յաղթանակ ու յաջողութիւն:
Սակայն, բանաստեղծը կը խօսի նաեւ յետյաջողութեան մասին. անոր կարծիքով՝ յաջողութիւնը մարդուն պէտք չէ՛ այլափոխէ. պէտք չէ յաջողութիւնը մարդուն մէջէն վերացնէ մարդկայինը. այդ իսկ պատճառով բանաստեղծը կ՚ըսէ. «Եթէ կրնաս արքաներու հետ՝ պարզուկ,/ Ամբոխին մէջ՝ առաքինի ըլլալ միշտ». կը յորդորէ ո՛չ մեծերուն հանդէպ շողոքորդութիւն ընել եւ ո՛չ փոքրերուն՝ իրմէ վար գտնուողներուն հանդէպ գոռոզութիւն. յաջողութիւնը ապրելակերպով կարելի չէ փաստել. այո, յաջողութեան հասած մարդիկ յաճախ ինքնահաւան կողմ մը կ՚ունենան, սակայն, այդ ինքնահաւան ըլլալը յաջողութեան չափանիշ մը չէ. այդ իսկ պատճառով պէտք է ըլլալ մարդ, բառին բուն եւ ամբողջական իմաստով, որովհետեւ յաջողութիւնը մտածելակերպով կարելիէ լաւագոյնս արտայայտել եւ ո՛չ շարժուձեւերով:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ յաջող մարդիկ ինքնահաւան կ՚ըլլան:
Պատասխան. Յաջողակ մարդոց ինքնահաւանութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը յաճախ յառաջ կու գայ իրենց ձեռքբերումներու շնորհիւ անոնց մէջ ստեղծուած վստահութեան պատճառով: Մանաւանդ եթէ անոնք դժուարին մարտահրաւէրներէ ետք հասած են յաջողութեան. այդ դժուարութիւնները յաղթահարելը անոնց մէջ կը ստեղծէ սեփական արժէքի հանդէպ աւելի բարձր համարում: Այս մէկը սակայն կրնայ ընկալուիլ որպէս ամբարտաւանութիւն եւ ունենալ իր բացասական կողմերը, բարձրացնելով թէ՛ սեփական եւ թէ շրջապատի ունեցած ակնկալիքները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան