ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԼԵԶՈՒՆ - Ա -
Յաճախ կը դիմաւորուինք սա հարցումով. եկեղեցւոյ պաշտամունքը, ընթերցանութիւնը գրաբա՞ր թէ աշխարհաբար ըլլալու է։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ եկեղեցին իր առաքելութիւնը կատարելու համար ո՛ր լեզուն որ աւելի շատ կ՚արդիւնաւորէ, կ՚օգնէ, այդ լեզուն գործածելու է, քանի որ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաջնակարգ նպատակը՝ հաւատքն է, լեզուն անոր միջոցն է, առարկան է։ Եկեղեցիին նպատակը ծառայել է ժողովուրդին ե՛ւ ուրեմն ժողովուրդին ամենահասկնալի միջոցը ի՛նչ որ է, ան պէտք է գործածել։ Ոմանք չափազանցնելով, ըսած են, որ եկեղեցին «դպրոց» չէ, որ հայերէն սորվեցնէ, ժողովուրդին ո՛ր լեզուն որ դիւրամատչելի է՝ դիւրին հասկնալի, ա՛յդ պէտք է գործածել։
Անշուշտ տեսակէտներ են այս արտայայտութիւնները՝ որոնք մասամբ իրաւացի են եւ ընդունելի։
Բայց սիրելի՜ներ, պէտք է ընդունիլ, որ Եկեղեցին, ընդունելով իր հոգեւոր հանգամանքը եւ առաքելական նպատակը, ի վերջոյ պէտք է ընդունիլ նաեւ, թէ ան, իր ընդհանուր առումով «հաստատութիւն» մըն է, կազմակերպութիւն մը, վարչական կազմ ունեցող միութիւն մը՝ մարմին մը, կարգաւորում մը։
Եւ դարձեալ, հարկադրանք մըն է՝ որ ամէն հաստատութիւն, իր պաշտօնը եւ առաքելութիւնը կատարելու՝ ստանձնած պարտականութիւնը կատարելու համար «լեզու»ի մը պէտքը ունի։ Լեզուն, եթէ նոյնիսկ «միջոց» կամ «առարկայ» ալ ըլլայ, անհրաժեշտ եւ առաջնակարգ «գործիք» մըն է, եւ գործելու համար կարգապահութիւն (=discipline) մը ունենալու է, եւ այս իսկ պատճառով՝ խառնաշփոթութիւններու, իրարանցումներու տեղի չտալու համար պայման է, որ «պաշտօնական լեզու» մը ունենայ, հասարակաց լեզու մը գործածուի։ Եւ այս պաշտօնական լեզուն գործածելով է, որ ներդաշնակութիւն կրնայ հաստատուիլ եւ հոն ուր ներդաշնակութիւն կայ՝ հոն կայ նաեւ խաղաղութիւն եւ արդիւնաբերութիւն։
Ուրեմն մեր համեստ կարծիքը այն է, թէ ամէն հաստատութիւն պէ՛տք է գործածէ իր պաշտօնական լեզուն, որպէսզի համաչափութիւնը եւ եղանակաւորումը ապահովուի հոն, որ արդիւնաբերութեան ու լաւ գործածութեան նախապայմա՛նն է ամէն մարզի մէջ՝ թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ աշխարհիկ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ադամ Քահանայ Մակարեանի «Քրիստոնէութեան Իսկութիւնը - Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, 2012» աշխատասիրութենէն հատուածներ, ուր կը բացատրուի, թէ, ինչո՞ւ եկեղեցական ծէսերը գրաբար ըլլալու են։
«Նկատի ունենալով եկեղեցական ծիսակատարութիւններու գրաբար լեզուն, որով հայութիւնը այսօր չի խօսիր, ոմանք անհրաժեշտ կը համարեն գրաբար լեզուի փոխարէն խօսակցական լեզուի գործածումը եկեղեցական արարողութիւններուն մէջ, յատկապէս՝ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին։
«Սակայն Եկեղեցին նպատակայարմար չի՛ նկատեր ծիսական լեզուի փոփոխումը։ Կան մի քանի պատճառներ։
«Այսօր աշխարհասփիւռ հայութիւնը կ՚ապրի տարբեր երկիրներ, որով ծէսի լեզուի փոփոխութեան պարագային պիտի խախտուի արարողութիւններու միօրինակութիւնը. կ՚ունենանք արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ այլ լեզուներով պատարագներ, եւ որեւէ առիթով տուեալ երկիրներու ապրող հայերը, մէկ այլ երկրի մէջ Սուրբ Պատարագի արարողութեանը մասնակցելով, օտար եւ անհաղորդ, անմասն պիտի ըլլան։
«Մինչդեռ մեր Սուրբ Եկեղեցիի արտասահմանեան թեմերուն մէջ հին ժամանակներէն արդէն գործածութեան մէջ են հաւատացեալներու համար նախատեսուած պատարագամատոյցները՝ հայերէնին զուգահեռ համապատասխան խօսակցական լեզուով բացատրութիւններով, որով արդէն պարբերաբար եկեղեցի յաճախող հաւատացեալը նոյնիսկ մէկ այլ երկրի մէջ գրաբար երգեցողութիւնն ու աղօթքները լսելէն գիտէ, թէ ո՛րն է կամ ի՛նչ է ըսուածին իմաստը։
«Իսկ Հայաստանի մէջ կը գործածուին պատարագամատոյցներ, ուրտեղ մանրամասն բացատրուած է Պատարագի իւրաքանչիւր հատուածի նշանակութիւնն ու իմաստը։
«Մեր Սուրբ Եկեղեցիի շարականներու, հոգեւոր երգերու, մեղեդիներու խօսքերը եւս գրաբար են։ Բանաստեղծական գեղեցիկ յօրինուածքներով ու չափերով։ Եւ անոնք գրաբարէն ուրիշ լեզուի փոխադրուելով պիտի խախտուի բանաստեղծական չափը, աւելին՝ ըստ այդմ կ՚այլափոխուի երաժշտութիւնը։
«Մեր եկեղեցական արարողութիւնները, անոնց բնօրինակ եւ բնագիրները (=texte) ու երաժշտութիւնները նաեւ մշակութային արժէքներ են, իսկ մշակութային արժէքները փոփոխութիւններու չեն ենթարկուիր։ Զարմանալի է, որ կան նման իրողութիւններ, որոնց առընչութեամբ փոփոխման պահանջներ չեն արտասանուիր կամ շեշտուիր։
«Զոր օրինակ՝ իտալական նուագախաղերու (=opéra) ներկայացումները ամէնուրեք կը հնչեն իտալերէն լեզուով, եւ հանդիսատեսներն ալ կը լսեն զայն եւ կ՚ընդունին ա՛յդ լեզուով։ Բացի ասոնցմէ երիտասարդներ արտասահմանեան շատ մը երգեր կը լսեն, մտիկ կ՚ընեն՝ որոնց բառերը բոլորովին չեն հասկնար եւ անոնց դէմ չեն բողոքեր եւ չեն գանգատիր։ Մինչդեռ Պատարագի եւ միւս արարողութիւններու լազուն դասական հայերէնն է՝ որուն բառապաշարը ծանօթ է բոլորին, միայն տարբեր է քերականութիւնը։ Եւ եթէ նոյնիսկ չըլլային Սուրբ Պատարագի առընչութեամբ վերոյիշեալ բացատրական միջոցները, պարզապէս նախանձախնդրութիւն պէտք էր՝ հասկնալու համար, հասկնալու նպատակով գրաբարի մի քանի քերականական կանոնները սորվելու համար։
«Այսօր բազմաթիւ մարդիկ կ՚օգտուին համակարգիչէ, համացանցէ, զանազան կայքերէ՝ որու համար կը սորվին անգլերէն բառեր, եզրաբառեր, տերմիններ եւ խօսքեր։ Եւ եթէ սեփական հաճոյքի կամ հետաքրքրութեան համար մարդիկ բոլորովին օտար բառեր ու եզրեր, եզրաբառեր կը սորվին, ուրեմն որքան առաւել եւս պէտք է նախանձախնդիր ըլլան հոգեւոր շահու համար փոքր բան մը սորվելու գործին…»։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 9, 2015, Իսթանպուլ