ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԻԼ ՍԱԿԱՅՆ ՉԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱ՛Լ

Մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս ան­տար­բեր են զի­րենք շրջա­պա­տող գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն եւ չե՛ն անդ­րա­դառ­նար բա­րիք­նե­րուն։

Եւ դար­ձեալ, մար­դիկ սո­վո­րա­բար չեն նկա­տեր այն ամ­բողջ գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը ու բա­րիք­նե­րը՝ ո­րոնց­մով ի­րենք մշտա­պէս շըր-ջա­պա­տուած են։ Ա­նոնք միայն կորսնց­նե­լէ յե­տոյ կը սկսին ար­ժէ­քը գնա­հա­տել զի­րենք շրջա­պա­տող գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն եւ բա­րիք­նե­րուն։ Մինչ­դեռ պէտք է զա­նոնք տես­նել մշտա­պէս՝ ի­րենց ներ­կայ վի­ճակ­նե­րով։

Ար­դա­րեւ պէտք է օգ­տա­գոր­ծել բա­րիք­նե­րը՝ ո­րոնք մե­զի տրուած են Աս­տու­ծոյ կող­մէ որ­պէս շնորհ­ներ։

Կը պատ­մուի, թէ ժլատ՝ ա­գահ մարդ մը իր ամ­բողջ ու­նե­ցուած­քը դրա­մի կը դարձ­նէ եւ ա­նով ձու­լա­ծոյ ոս­կի կը գնէ եւ կը թա­ղէ պա­տի մը տակ։ Ա­մէն օր կու գայ, կը նա­յի եւ կը դի­տէ հիա­ցու­մով իր ոս­կի­նե­րը։

Մօ­տե­րը աշ­խա­տող մար­դոց­մէ մին կը տես­նէ, որ ան ա­մէն օր կու գայ ու նա­յի, կ՚եր­թայ եւ ոս­կի­նե­րը կը գող­նայ։

Եւ երբ ա­գահ մար­դը դար­ձեալ կու գայ եւ կը տես­նէ, թէ պա­րապ է ոս­կի­նե­րը պա­հած տե­ղը՝ վայ-վույ ը­նե­լով կը սկսի մա­զե­րը փե­տել։

Ճամ­բորդ մարդ մը կը տես­նէ ա­գահ մար­դուն յու­սա­հատ ու ցա­ւա­լի՜ վի­ճա­կը՝ կը հե­տաքրք­րուի եւ կը հասկ­նայ ե­ղե­լու­թիւ­նը եւ կ՚ը­սէ. «Ի զուր կը տխրիս, ոս­կիին տե­ղը քար մը դիր եւ են­թադ­րէ, որ ա­նի­կա ոս­կի է, նոյն բանն է, քա­նի որ դուն չէիր օգ­տուեր ոս­կիէն, միայն կը նա­յէիր»։

­Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, այս ա­ռա­կը՝ որ Ե­զո­բո­սի ա­ռակ­նե­րէն մէկն է, մե­զի կը սոր­վեց­նէ օգ­տուիլ մեր ու­նե­ցած ար­ժէք­նե­րէն, շնորհ­նե­րէն՝ նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­մէն ստա­ցուած­քէ՝ զոր մեր սե­փա­կա­նու­թի՛ւնն է։

Ար­դա­րեւ, Աս­տուած կ՚ու­զէ, որ մարդս չապ­րի միայն ինքն ի­րեն հա­մար, այլ նաեւ իր նմա­նին օգ­նե­լու է իր կա­րո­ղու­թեան ու տա­րո­ղու­թեան չա­փով։ Մարդ ինք ա­ռողջ կրնայ ըլ­լալ, բայց ե­թէ ու­նի դրա­ցի մը, մօ­տա­ւոր մը, ըն­կեր մը հի­ւանդ, պէտք է ա­նոր օգ­նու­թեան հաս­նի։ Եւ ե­թէ ու­նի մեր­ձա­ւոր մը, բա­րե­կամ մը բան­տար­կեալ՝ պէտք է այ­ցե­լու­թեա­նը եր­թայ, ա­նոր բա­րո­յա­պէս օգ­նե­լու, օգ­տա­կար ըլ­լա­լու հա­մար։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այն ժա­մա­նակ մարդ եր­կին­քի մէջ կը ստա­նայ իր վարձ­քը ա­ւե­լիով…։

Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ը­սած ենք՝ մարդ ստեղ­ծուած է ի­րե­րօգ­նու­թեան կո­չու­մով իր նման­նե­րուն հետ։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ ա­մէն մարդ տար­բեր յատ­կու­թիւն­նե­րով, տար­բեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով եւ զատ զատ տա­րո­ղու­թիւն­նե­րով ստեղ­ծուած է՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր ու­նե­ցա­ծէն տա­լու հա­մար իր նմա­նին։

Եւ դար­ձեալ մար­դիկ ստեղ­ծուած են ան­կա­տար կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով՝ ա­մէն ան­հատ ու­նի ո­րոշ թե­րու­թիւն­ներ, տկա­րու­թիւն­ներ՝ որ­պէս­զի իր նման­նե­րուն օժ­տուած կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով եւ զօ­րու­թիւն­նե­րով, կա­րե­լի չա­փով ա­նոնց օգ­նու­թեամբ կա­տա­րե­լա­գոր-ծըւի եւ զօ­րա­նայ, եւ փո­խա­դար­ձա­բար, ինքն ալ իր օժ­տուած ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րով ու­րիշ­նե­րու պա­կա­սը լրաց­նէ, ամ­բող­ջաց­նէ, կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ՛։

Դար­ձեալ կը պատ­մուի, թէ հա­րուստ մարդ մը կ՚ապ­րէր լեռ­նե­րու մէջ։ Ան ու­նէր ոչ­խար­նե­րու մեծ հօտ եւ նոյն­քան ըն­կեր­ներ։ Ան եր­ջա­նիկ կ՚ապ­րէր…։

Օր մը սա­կայն ա­նոր պա­տա­հե­ցաւ մեծ ա­ղէտ մը։

Ա­նոր տու­նը գո­ղեր մտան գի­շեր մը եւ գող­ցան ա­նոր բո­լոր ոչ­խար­նե­րը։ Երբ ա­ռա­ւօտ ե­ղաւ, ան տե­սաւ, որ ո՛չ մէկ ոչ­խար մնա­ցած էր։ Եւ սկսաւ լալ։ Իր ամ­բողջ տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քը ա­պար­դիւն էր մնա­ցած, եւ ըն­տա­նի­քը մէկ գի­շե­րուան մէջ աղ­քա­տա­ցաւ։

Ե­ղե­լու­թիւ­նը լսուե­ցաւ ամ­բողջ շրջա­կայ­քը։

Ան­ցաւ օր մը եւս եւ լու­սա­բա­ցին ան ճամ­բու վրայ տե­սաւ փո­շիի ամպ մը՝ որ հետզհե­տէ կը մեծ­նար ու կը պա­տէր ա­մէն կողմ։ Քիչ յե­տոյ այդ փո­շիի ամ­պին մէջ տե­սաւ, որ մար­դիկ կա­յին։ Տե­սած­նե­րը իր ըն­կեր­ներն էին։ Իր ըն­կեր­նե­րէն ա­մէն մէ­կը կու գար ո՛չ թէ պա­րապ ձեռ­քով, այլ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նէր ոչ­խար մը իր ձեռ­քին մէջ բռնած։ Տե­սա­րա­նը ապ­շե­ցու­ցիչ էր՝ ամ­բողջ հօտ մը կու գար դէ­պի ի­րեն։

Երբ ըն­կեր­նե­րը հա­սան իր մօտ, ան հասկ­ցաւ, թէ իր ըն­կեր­նե­րը ե­կեր են ի­րեն օգ­նե­լու…։

Այդ օ­րէն վերջ հա­րուստ մար­դուն ոչ­խար­նե­րու հօ­տը կրկնա­պատ­կուե­ցաւ՝ դար­ձաւ մի քա­նի ան­գամ ա­ւե­լի մեծ, քան նախ­կին հօ­տը։ Եւ ա­մէն ա­ռա­ւօտ, երբ ան դուրս կը հա­նէր իր հօ­տը՝ ան ու­րա­խու­թեամբ եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը յի­շէր իր ըն­կեր­նե­րուն աչ­քե­րը՝ որ գոհ կը փայ­լէին եւ ո­րոնք փրկե­ցին իր ըն­տա­նի­քին կեան­քը։

Ա­հա­ւա­սիկ, սի­րե­լի­նե՜ր, ի­րե­րօգ­նու­թեան, օգ­նու­թեամբ եր­ջան­կա­նա­լու եւ եր­ջան­կաց­նե­լու հրա­շա­լի՜ օ­րի­նակ մը։ Ըն­կեր­ներ ի­րեն օգ­նե­լով՝ եր­ջան­կա­ցան եւ եր­ջան­կա­ցու­ցին ի­րենց յու­սա­հատ ըն­կե­րը։

Ուս­տի Յի­սուս ը­սաւ. «Ա­ւե­լի եր­ջան­կա­բեր է տա­լը, քան առ­նե­լը» (ԳՈՐԾ. Ի 35)։­

Ինչ­պէս ը­սինք, մարդս կո­չուած է իր նման­նե­րուն օգ­նե­լու՝ ի­րե­րօգ­նու­թեան եւ այն որ կու տայ՝ եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ, իսկ այն որ կ՚առ­նէ, ան ալ եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ եւ այս ան­գամ հեր­թը կու գայ ի­րեն՝ մէկ ու­րի­շին տա­լու՝ եր­ջան­կաց­նե­լով եր­ջան­կա­նա­լո՛ւ…։

Ա­ռանց սի­րոյ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ մարդս կը դարձ­նէ դիւ­րագր­գիռ եւ դիւ­րա­բոր­բոք։

Ու­րեմն օգ­նու­թեան մէջ անհ­րա­ժե՛շտ է սէ­րը։

Ա­ռանց սի­րոյ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը՝ մարդս կը դարձ­նէ՝ ան­յար­գա­լից։

Իսկ ա­ռանց սի­րոյ ար­դա­րու­թիւ­նը մարդս կը դարձ­նէ՝ ա­նո­ղոք ու ան­գութ։ Ար­դա­րեւ սէ՛րն է, որ կը կազ­մա­ւո­րէ եւ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծէ ար­դա­րու­թիւ­նը։

Եւ ար­դա­րու­թիւ­նը ի­րե­րօգ­նու­թեան ա­մե­նէն էա­կան ի­րո­ղու­թիւնն է՝ մար­դիկ ար­դա­րու­թեամբ ի­րա­րու կ՚օգ­նեն, թէ ոչ՝ օգ­նու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ի­մաստ չ՚ու­նե­նար եւ ա­պար­դիւն կը մնայ։ Ա­մէն փոխ­յա­րա­բե­րու­թեան կեն­սա­կան տարրն է սէ­րը՝ որ ա­ռանց ա­նոր ան­տա­նե­լի կ՚ըլ­լայ կեան­քը, մա­նա­ւանդ հա­ւա­քա­կան կեան­քը՝ ուր իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ, կեր­պով մը, պա­տաս­խա­նա­տու է մէկ ու­րի­շին կեան­քէն, էու­թե­նէն…։

Նոյն­պէս, ա­ռանց սի­րոյ ճշմար­տու­թիւնն ալ ո­րե­ւէ ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ եւ կը դառ­նայ մարդ՝ քննա­մո՛լ։

Ա­ռանց սի­րոյ գի­տու­թիւ­նը՝ մարդս կը դարձ­նէ մե­ծա­միտ, ինք­նա­հա­ւան եւ ինքն իր­մով հպարտ՝ գո­ռո՛զ։

Ուս­տի մե­ծա­միտ եւ ինք­նա­մոլ մար­դիկ զուրկ են ի­րե­րօգ­նու­թեան զգա­ցու­մէն, քա­նի որ ա­նոնց հա­մար չկա՛յ ի­րենց «նման»ը, չկա՛յ «ու­րիշ»ը եւ չկայ նաեւ ի­րենց­մէ կա­րե­ւո­րը, ի­րա­ւա­ցին ու ա­զա­տը…։

Ա­ռանց սի­րոյ բա­րեկր­թու­թիւ­նը՝ մարդս կը դարձ­նէ եր­կե­րես։ Ե­րե­ւու­թա­պէս բա­րե­կիրթ մար­դիկ եր­բեք ան­կեղծ չեն կրնար ըլ­լալ եւ կեղ­ծա­ւոր մար­դը չի՛ կրնար օգ­նել իր նմա­նին, քա­նի որ ան չի բխիր սիր­տէն, պար­զա­պէս ցու­ցա­մո­լու­թեան հա­մար օգ­նել կը ձե­ւաց­նէ իր նմա­նին, ի՛նչ որ օ­գու­տէ ա­ւե­լի վնա՛ս կը պատ­ճա­ռէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 25, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յունուար 2, 2016