ԲԱՑՈՒՈՂ ՆՈՐ ԷՋԸ

Իւրաքանչիւրս ալ ճամբեցինք հին տարին՝ որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ունէր եւ ունի տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն՝ ըլլայ այն լաւ թէ վատ։ Իր ուրախ թէ տխուր պահերով 2022 թուականը գնաց արձանագրուելու իւրաքանչիւրիս կեանքի պատմութեան գիրքին մէջ, ուրկէ ո՛չ մէկ պահ կարելի է ջնջել կամ փոխել։

Մարդկային կեանքը կարելի է դիտել որպէս մէկ ամբողջութիւն, սակայն տարեսկիզբները կանգառներ են պահ մը կեանքի վազքը թեթեւցնելու, հաշուեյարդար մը ընելու եւ նոր եռանդով նոր սկիզբ մը ստեղծելու համար։ Իւրաքանչիւր սկիզբ նոր յոյս մըն է յուսահատ մարդուն համար, նոր ուժի աղբիւր մը՝ նորը հինէն տարբերելու ակնկալութեամբ։

Երբեւէ տեսա՞ծ էք աշակերտներու տետրերը տարեսկիզբին. դպրոցի վերամուտին կը սկսին մաքոուր գիրով ընդօրինակել դասերը, սակայն ժամանակ մը ետք կ՚անհետանայ այդ բծախնդրութիւնը եւ տետրին մէջ քաոս մը կը ստեղծուի։ Նոյնն է նոր տարին մարդուն համար, որ կ՚ուզէ կեանքի մէջ բացուող այս էջը անաղարտ պահել, սակայն ժամանակ մը ետք կը սկսի նմանիլ հինին՝ այլ նորի մը յոյսն ու ակնկալութիւնը ունենալով, ինչ որ յաճախ բոլորին չէ որ կը տրուի։

Նոր տարուան սեմին որոշած ենք մեր կեանքէն վանել յոռի երեւոյթներ, ըլլալ աւելի զգաստ ու գիտակից, աւելի՛ արդիւնաւէտ ու օգտաւէտ եւ պահ մը մենք զմեզ կը համոզենք այդ բոլորով՝ մոռնալով կեանքի դաժանութիւնն ու դժուարութիւնները, որովհետեւ տարին միայն մարդոց համար է որ կը փոխուի, մինչ կեանքը կը շարունակէ մնալ նոյնը։ Կեանքը նոյնը կը մնայ, սակայն այդ տարեփոխութիւնը կը դառնայ հանգրուան եւ աստիճան՝ յաջորդ քայլերը աւելի ինքնավստահ թեւակոխելու եւ գուցէ յաղթահարելու համար։

Նման առիթներու կը մտաբերեմ նախամարդը. տարեսկիզբները այնքան կարեւոր պիտի չըլլար իրենց համար, եթէ աշխարհ մուտք չի գործեր մահը, որովհետեւ տարեսկիզբներու անվերջութիւնը իմաստ մը պիտի չունենար իրենց համար, սակայն մեզի՝ մահկանացուներուս համար ունի իմաստ մը։ Մանուկներուն ու պատանիներուն համար մեծնալու, իսկ երիտասարդներուն ու մեծահասակներուն համար վերջին կանգառին քայլ մը աւելի մօտենալու։

Տարուան նորը էութեամբ հինէն չի տարբերիր, որովհետեւ ամէն նոր հին դառնալու դատապարտուած է։ Նոր տարին յոյսերու կողքին մարդուն դիմաց կը բանայ 365 օրերու վրայ երկարող անորոշութիւն մը եւ այդ անորոշութիւնն է, որ մարդուն մէջ երազելու սէրը կը ցանէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր անորոշութեան տակ մարդ լաւատես բան մը գտնել կը ցանկայ, մոռնալով որ կեանքը այնքան ալ լաւատես չէ՝ ինչքան մարդոց երազները։ 

Այս բոլորը կը գրենք, վստահ ըլլալով որ տարի մը ետք նոյն ակնկալութեամբ պիտի դիմաւորենք այլ նոր մը՝ հինին հանդէպ մեր զգացումները տալով այս նորին՝ որուն երկրորդ օրը կ՚ապրինք այսօր։ 

Այս բոլորին գիտակցութիւնը ունենալով հանդերձ կ՚ուզենք հաւատալ եւ կուրապէ՛ս համոզուիլ, որ նորը հինէն տարբեր պիտի ըլլայ ո՛չ թէ միայն մեր անհատական կեանքին համար, այլեւ մեր ազգին, որ նոր տարիէ մը աւելի նոր յոյսերու, նոր յաղթանակներու կարիքը ունի։ 

Մեր նորը գծագրողը յաճախ բախտն է՝ որ ոմանց համար ճակատագիրի տեսք ունի, սակայն երանելի է այն մարդը, որ կը յաջողի բախտին ու ճակատագիրին կողքին իր կամքի գրիչով լեցնել 365 օրերու անյայտութիւնը, որպէսզի ատելութեան փոխարէն հպարտութեամբ ճամբու դնէ հինը՝ կեանքի նոր քննութիւններուն պատրաստ ըլլալու համար։ 

Չմեղադրենք գացող հին տարին, որովհետեւ այդտեղ տեղի ունեցող բոլոր դժբախտութիւնները նախապատրաստական քննութիւն մըն են՝ նորին մէջ զանոնք յաղթահարելու եւ ընդմիտ յաղթական դուրս գալու, որովհետեւ կեանքի լաւ աշակերտը այն է, որ ողբալու փոխարէն իր սխալներէն կը սորվի եւ նոյն քննութեան դիմաց չի ձախողիր։ 

Մեր մաղթանքն է, որ բացուող այս նոր էջը բոլորիդ համար մնայ մի՛շտ մաքուր ու անաղարտ։ 

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -135-

Մի քանի տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հեռուստատեսութեան մը հաղորդավարը յանդգնութիւն ունեցաւ յայտարարելու, թէ «Կաղանդ պապա»ն իրողութիւն մը չէ։ Ուղիղ սփռուող այս յայտարարութեան ականջալուր եղան բազմատասնեակ մանուկներ։ 

Շաբաթ մը ետք երկրին մէջ հաղորդավարին դէմ բողոքի ցոյց մը սկիզբ առաւ.. հարիւրաւոր մանուկներ հոգեբաններու կողմէ բուժում ստացան, որովհետեւ իրենց վրայ ծանր ազդեց «Կաղանդ պապա»յին սուտ ըլլալու հանգամանքը։ 

Այս է տարբերութիւնը իրենց եւ մեր զաւակներուն։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023