Ա­ՌԱ­ՋԻՆ ԿՐՕ­ՆԱ­ԿԱՆ ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶ­ՄԸ - Բ -

Ար­շա­կու­նեաց թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ թէեւ Հա­յաս­տան պար­սիկ­նե­րու հպա­տակ էր եւ հար­կա­տու, բայց «ներ­քին ա­զա­տու­թիւն» կը վա­յե­լէր. եր­կի­րը կը կա­ռա­վա­րուէր հայ մարզ­պա­նով (մարզ­պան= պար­սից ար­քա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ կու­սա­կալ, նա­հան­գա­պետ), զի­նուո­րա­կան ու­ժը ամ­բող­ջա­պէս հայ նա­խա­րար­նե­րու ձեռքն էր, եւ քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցին բարձր դիրք գրա­ւած էր։ Մէկ խօս­քով՝ Հա­յաս­տան այն­պի­սի դրու­թեան մէջ էր, որ միա­ցեալ ու­ժե­րով միշտ կա­րող էր ա­զա՛տ ըլ­լալ պար­սից տէ­րու­թե­նէն՝ ե­թէ մա­նա­ւանդ յու­նաց օգ­նու­թիւնն ալ ստա­նար։

Ա­հա­ւա­սիկ այս «վտան­գա­ւոր» եւ նոյն­քան ալ շատ դժուար դրու­թեան ա­ռաջն առ­նե­լու հա­մար՝ Յազ­կերտ աշ­խա­տե­ցաւ ե­կե­ղե­ցիին զօ­րու­թիւ­նը ոչն­չաց­նել, ե՛ւ նա­խա­րար­նե­րը տկա­րաց­նել այ­լե­ւայլ խար­դախ մի­ջոց­նե­րով, եւ ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կը տնտե­սա­կա­նա­պէս ճնշե­լով կրօ­նա­փոխ ը­նել զա­նոնք։

Ա­պա­հո­վուած յու­նաց եւ Քու­շա­նաց կող­մէն՝ Յազ­կերտ 442-էն մին­չեւ 449 թուա­կան շա­րու­նակ մաս­նա­կի հա­լա­ծանք­ներ կը յա­րու­ցա­նէր քրիս­տո­նեա­նե­րու դէմ՝ ա­նոնք կ՚ար­հա­մար­հէր ու կը բռնա­դա­տէր եւ կամ կը պար­տադ­րէր ո­մանք ոս­կիով եւ ար­ծա­թով, ա­ռատ պար­գեւ­նե­րով, ո­մանք ա­գա­րակ­նե­րով եւ մե­ծա­մեծ գիւ­ղե­րով, ո­մանք պա­տիւ­նե­րով եւ մե­ծա­մեծ­նե­րու իշ­խա­նու­թեամբ։ Յազ­կերտ ա­մէն մի­ջոց կը գոր­ծա­ծէր…։

Եւ Յազ­կերտ այս­պէս կը վա­րուէր ո՛չ միայն Պարս­կաս­տա­նի, այլ իր բո­վան­դակ տէ­րու­թեան քրիս­տո­նեա­նե­րուն հետ։ Ա­հա­ւա­սիկ այս ըն­թաց­քին եւ ուղ­ղու­թեան դէմ ու հա­կա­ռակ կ՚աշ­խա­տի գոր­ծել Շա­հա­պի­վա­նի ժո­ղո­վը՝ գու­մա­րուած 444 թուա­կա­նին՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս մա­հուան պա­տիժ սպառ­նա­լով հա­ւա­տու­րաց­նե­րուն։

Վեր­ջա­պէս ժո­ղո­վուր­դի շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու պատ­րուա­կով Յազ­կերտ, Դեն­շա­պուհ իշ­խա­նը ա­ռան­ձին եւ յա­տուկ պաշ­տօ­նով Հա­յաս­տան կ՚ու­ղար­կէ եւ այդ­պէ­սով կ՚աշ­խա­տի ի­րա­կա­նաց­նել իր նպա­տա­կը։

Դեն­շա­պուհ իշ­խա­նին ա­ռա­ջին գոր­ծը կ՚ըլ­լայ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու վա­յե­լած ա­զա­տու­թիւն­նե­րը կար­ճել եւ ա­մէն­քը հպա­տակ ու հար­կա­տու դարձ­նել եւ այդ­պէս ճնշե՛լ։

Իսկ նա­խա­րար­նե­րու միու­թիւ­նը ու միա­բա­նու­թիւ­նը ջլա­տե­լու հա­մար՝ ա­նոնք ի­րա­րու հետ խռո­վեց­նե­լու մի­ջոց­նե­րու դի­մեց, ինչ­պէս դա­ւա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու ձեռ­քէն առ­նել ու մոգ­պե­տի յանձ­նել, վեր­ջա­պէս ժո­ղո­վուր­դին ա­ւե­լի ծանր հար­կե­րով նե­ղել, որ­պէս­զի ա­նոնք աղ­քա­տա­նան, տկա­րա­նան եւ ստի­պո­ղա­բար դի­մեն ու հպա­տա­կին մոգ­պե­տին օ­րէնք­նե­րուն։ (Մոգ=պար­սիկ քուրմ՝ հե­թա­նոս կրօ­նի պաշ­տօ­նեայ, մոգ­պետ=քրմա­պետ գլխա­ւոր մոգ)։ Բայց հայ ժո­ղո­վուր­դը համ­բե­րու­թեամբ կը տա­նէր այս բո­լոր զրկանք­նե­րը եւ կե­ղե­քիչ հար­կա­հան­նե­րուն գո­հա­ցում կու տար, քա­նի որ «ար­քա­նե­րու ար­քայ»ն տա­կա­ւին ա­նոր կրօ­նա­կան հա­մոզ­մուն­քին, հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն, ա­նոր ե­կե­ղե­ցիին յայտ­նա­պէս ձեռք չէ՛ր տուած։ Մօ­տե­ցաւ եւ այս րո­պէն։

449 թուա­կա­նի վեր­ջե­րը Միհր­ներ­սե­հը Յազ­կեր­տի կող­մէն նա­մակ մը ու­ղար­կեց հա­յոց նշա­նա­ւոր նա­խա­րար­նե­րուն եւ բա­ցար­ձա­կօ­րէն ա­ռա­ջար­կեց թո­ղուլ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը եւ զրա­պաշ­տա­կան վար­դա­պե­տու­թիւ­նը ըն­դու­նիլ։ (Զրա­պաշ­տու­թիւն=կռա­պաշ­տու­թիւն)։­

Այս նա­մա­կին պա­տաս­խա­նե­լու հա­մար 450 թուա­կա­նին սկիզբ­նե­րը հա­յոց իշ­խան­նե­րու հրա­ւէ­րով ժո­ղով մը գու­մա­րուե­ցաւ Ար­տա­շա­տի մէջ։ Ժո­ղո­վին ներ­կայ գտնուե­ցան 18 ե­պիս­կո­պոս­ներ, բազ­մա­թիւ ե­րէց­ներ ու վա­նա­կան­ներ, իսկ հայ իշ­խան­նե­րէն ա­նոնք՝ ո­րոնք ներ­կայ էին եւ Շա­հա­պի­վա­նի ժո­ղո­վին, այ­սինքն՝ Վա­սակ Սիւ­նին, Վրիւ Խոր­խո­ռու­նին, Վար­դան Մա­մի­կո­նեա­նը, Ար­շա­ւիր Կամ­սա­րա­կա­նը, Վա­հան Ա­մա­տու­նին եւ այլք, ըն­դա­մէ­նը 18 հո­գի։

Ժո­ղո­վը ընդ­հա­նուր հա­ճու­թեամբ ու ստո­րագ­րու­թեամբ «մեր­ժո­ղա­կան պա­տաս­խան» ու­ղար­կե­ցին Միհր­ներ­սե­հին՝ յայտ­նե­լով պատ­րաս­տա­կա­նու­թիւն ի­րենց հա­ւատ­քին հա­մար մին­չեւ իսկ նա­հա­տա­կուի՛լ։

Հա­յոց հա­մար­ձակ ու ժխտո­ղա­կան պա­տաս­խա­նը մե­ծա­պէս զայ­րա­ցուց ար­քա­նե­րու ար­քան եւ ա­նոր հրա­մա­նով ան­մի­ջա­պէս Պարս­կաս­տան կան­չուե­ցան նա­մա­կը ստո­րագ­րող հայ նշա­նա­ւոր իշ­խան­նե­րը։

Տա­րա­կոյ­սի մէջ կ՚իյ­նան հայ իշ­խան­նե­րը՝ եր­թա­լու կամ չեր­թա­լու վե­րա­բե­րու­թեամբ, եւ ու­րեմն վեր­ջա­պէս կ՚ո­րո­շեն եր­թա՛լ եր­դում տա­լով ճշմար­տա­պէս հաս­տա­տո՛ւն մնալ ի­րենց կրօ­նին վրայ։

Ա­նոնց հետ կը միա­նան Ա­ղուան­ներ եւ Վրա­ցի­ներ։

450 թուա­կա­նին, Ապ­րիլ ամ­սուն հայ իշ­խան­նե­րը կը ներ­կա­յա­նան ար­քա­նե­րու ար­քա­յին՝ որ կրկին բա­ցար­ձա­կա­պէս ա­նոնց­մէ կը պա­հան­ջէ՝ իբ­րեւ հա­ւա­տիմ ու ար­դա­րա­միտ ծա­ռա­յու­թեան նշան զրա­դաշ­տի կրօ­նը ըն­դու­նիլ։

Նա­խա­րար­նե­րու լռու­թիւ­նը կը խզէ Վար­դան, որ իր պա­պե­րէն՝ Սա­հակ Պար­թե­ւէն մա­նա­ւանդ կրօ­նա­կան ըն­տիր դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­ցած էր, եւ ա­մե­նայն հա­մար­ձա­կու­թեամբ իր կող­մէն կը պա­տաս­խա­նէ՝ թէ պատ­րա՛ստ է մեռ­նիլ եւ ո՛չ եր­բեք իր հա­ւատ­քը ու­րա­նալ։

Վար­դա­նի այս հա­մար­ձակ, ան­վախ ու ան­կաշ­կանդ պա­տաս­խա­նէն եւ Յազ­կեր­տի բար­կու­թե­նէն խռո­ված նա­խա­րար­նե­րը խոր­հե­լու եւ վերջ­նա­կան պա­տաս­խա­նը տա­լու հա­մար մի քա­նի օր պայ­մա­նա­ժամ կը խնդրեն՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­ռա­ջար­կուած եւ ար­ծար­ծուած խնդրին ծան­րակշ­ռու­թիւ­նը։

 Նա­խա­րար­նե­րու խոր­հուր­դը այս ծանր ու դժուար կա­ցու­թե­նէն ա­զա­տուե­լու հա­մար ու­րիշ ո­րե­ւէ ելք չեն կրնար գտնել, բայց ե­թէ առ ե­րեսս թա­գա­ւո­րին կամ­քը կա­տա­րել եւ ու­րեմն Վար­դան Մա­մի­կո­նեանն ալ եւս կը հա­մո­զեն այս­պէս վա­րուիլ։

Այս ա­ռա­ջար­կին մե­ծա­պէս կ՚ու­րա­խա­նայ Յազ­կերտ, երբ նա­խա­րար­նե­րուն ո­րո­շու­մը կը լսէ եւ ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը մե­ծա­մեծ ըն­ծա­նե­րով պա­տուե­լէ յե­տոյ՝ շտա­պով Հա­յաս­տան կ՚ու­ղար­կէ զա­նոնք բազ­մա­թիւ մո­գե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ՝ պա­տուէր տա­լով մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի դար­ձը գլուխ հա­նել։

Մո­գա­կան բա­նա­կը նա­խա­րար­նե­րու հետ Հա­յաս­տան կը հաս­նին Յու­նիս 1, 450 թուա­կա­նին, եւ կը հաս­տա­տուին Անգղ գիւ­ղա­քա­ղա­քը։

Բայց մին­չեւ այս բա­նա­կի Հա­յաս­տան հաս­նե­լը՝ ար­դէն նա­խա­րար­նե­րու «ու­րա­ցու­թեան համ­բաւ»ը շա­տոնց հա­սած էր եւ պատ­ճառ դար­ձած էր ընդ­հա­նուր շփո­թու­թեան։ Վի­ճա­կա­ւոր ե­պիս­կո­պոս­ներ ժո­ղո­վուր­դը սկսան դրդել՝ պաշտ­պա­նե­լու ե­կե­ղե­ցին հա­ւա­տու­րաց իշ­խան­նե­րու դէմ…։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 22, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016