ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

Կասկածէ վեր է, որ մինչեւ օրս աշխարհի ամենէն դժուար պատասխանատու գործը ծնողք ըլլան է, որ տրուած չէ ամէն մարդու. ամէ՛ն զաւակ ծննդաբերող կրնայ մայր դառնալ, սակայն ամէն մարդ չէ՛ որ մայրութիւն կը յաջողի ընել. ամէ՛ն ամուսին կրնայ հայր դառնալ, սակայն հայութիւն չկարենայ ընել:

Վերջերս մեր հայկական շրջանակներէն ներս նոյնիսկ աւելիով սկսած եմ նշմարել ծնողներու իրենց զաւակներու մէջ դրած խտրութիւնը, որ սկզբնական տարիքին սովորական, սակայն յետագային կրնայ լուրջ եւ վնասակար արդիւնքներ ունենալ խտրականութեան զոհ դարձող անհատին համար:

Պահ մը փորձեցէք բազմանդամ ընտանիքի մը ծնողներուն հարց տալ, թէ ո՞ր զաւակը աւելի կը սիրէ. վստահաբար պատասխանը պիտի ըլլայ «բոլորն ալ հաւասար», սակայն իրականութիւնը կրնայ չհամապատասխանել այդ արտայայտութեան, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ նման ծնողներուն աւելի քան 85 առ հարիւր տոկոսը չ՚անդրադառնար այդ երեւոյթին:

Որքան ալ անհնար թուի ընդունիլ ծնողքի մը համար, անժխտելի է, թէ անհամեմատական մեծ է թիւը անոնց: Այդ խտրութեան գործօն կրնայ հանդիսանալ երեխային սեռը, տարիքային առաջնահերթութիւնը. օրինակի համար՝ ուսումնասիրութիւններ պարզած են, թէ ծնողներու մեծամասնութիւնը իրենց անդրանիկ զաւակի հանդէպ շատ աւելի սէր ունեցած են քան յաջորդողներուն. անցեալին (ինչու չէ մինչեւ այսօր եւս) տղայ զաւակը շատ աւելի արժէք ունեցած է ազգութիւններու մօտ, քան աղջիկ զաւակը:

Այդ խտրականութիւնը կրնայ պայմանաւորուած չըլլալ արտաքին սիրով (ողջագուրում, գուրգուրանք ու գորով). այդ մէկը կրնայ յայտնուիլ շատ անգամ այսպէս. բան մը որ արտօնեալ չէ մէկ զաւակին համար, միւսին համար կը դառնայ արտօնեալ: Յստակեցնելու համար պատմեմ ականատես եղած դէպք մը. զաւակներէն մին ծնողքէն բան մը խնդրեց ու ստացաւ ժխտական պատասխան. «դրամ չունինք հիմա». այս հաստատումէն վայրկեաններ անց իրենց միւս զաւակին համար գնեցին շատ աւելի սուղնոց բան մը՝ առանց տրտնջելու: Առաջին մանուկը բան մը չըսաւ. նկատի ունենալով տարիքը հաւանաբար կարեւորութիւն ալ չտուաւ, սակայն այդ մէկը կամայ թէ ակամայ պիտի արձանագրուի իր ենթագիտակցութեան մէջ եւ որոշ ժամանակ ետք երեւան պիտի գայ: Այս բոլորին հետեւանքը պիտի ըլլայ այն, որ խտրականութեան զոհ դարձած զաւակը ժամանակ մը ետք պիտի սկսի անդրադառնալ ու գիտակցիլ եղած խտրականութեան, որովհետեւ այդ մէկը վերջ պիտի չունենայ: Այդ բոլորը ընդվզում ու ըմբոստացում պիտի յառաջացնեն, որովհետեւ հո՛ն ուր խտրութիւն կայ, չի կրնար սէր, միութիւն գոյութիւն ունենալ:

Տակաւին կայ աւելին. ամէն բան աւելիով ստացող ու սիրուող զաւակը ժամանակ մը ետք ակամայ այդ բոլորը իրեն բնական իրաւունք պիտի սկսի համարել, իսկ իր եղբօր հանդէպ անտարբերութիւնը բնական ու պարզ արարք եւ երկուստեք՝ թէ՛ սիրուած զաւակը եւ թէ ծնողը պիտի չընդունին եւ կամ անդրադառնան եղած անարդարութեան:

Նիւթապէս լաւ վիճակի մէջ գտնուող հայ ընտանիք մը կը ճանչնամ. անոնց մէկ զաւակը գրեթէ ամբողջ կեանքի ընթացքին չէ՛ աշխատած ու վայելած է ծնողքին բարիքները, դրամատան մէջ ունեցած է դրամ, իրեն շնորհուած տուն եւ խանութ. նոյն ընթացքին միւս զաւակը ընկղմած է պարտքերու մէջ եւ անտրտունջ կը փորձէ գոյատեւել. ծնողքին համար անոր պարտքերուն վերջ տալը շատ դիւրին բան մըն է: Այս պարագային անտեսուած ու խտրականութեան զոհ դարձած զաւակը սխալ մը գործած չէ ծնողքին հանդէպ, որուն որպէս պատիժ արժանանայ այս վիճակին. այս մէկը պարզապէս կեանքի ընթացք մը եղած է. խտրականութիւն՝ առանց զգալու:

Շատ անգամ դուրսէն դիտողը շատ աւելի կը զգայ ու կ՚անդրադառնայ կացութեան՝ քան այդ կացութեան մէջ ապրողներն ու գործողները եւ կեանքը փաստած է, թէ այն ընտանիքին մէջ որ գոյութիւն ունի հաւասարութիւն, այդտեղ գոյութիւն է նաեւ սէրն ու յարգանքը, համերաշխութիւնն ու միաբանութիւնը:

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ ամենէն շատ անտեսուած ու խտրականութեան զոհ դարձած մանուկները կ՚ըլլան միջնեկները. մեծը կը սիրուի՝ որովհետեւ առաջին զաւակն է. փոքրը կը սիրուի՝ որովհետեւ վերջին զաւակն է եւ այդ բոլորին զոհ կը դառնայ միջնեկը: Շատ անգամ խտրականութիւն կը տեսնուի նաեւ սեռի հիման վրայ. եթէ ընտանիք մը ունի երկու-երեք տղայ եւ աւելի եւ մէկ աղջիկ, բնականաբար աւելի կը սիրէ աղջիկը, որ իր «մէկ հատիկ»ը կ՚ըլլայ. նոյնը նաեւ հակառակ. եթէ ընտանիք մը ունի երկու-երեք դուստր եւ մէկ տղայ զաւակ, բնական է, որ յատուկ սէր կը տածէ իր տղուն նկատմամբ, որ «ընտանիքին սիւն»ն է վստահաբար:

Ծնողք-երեխայ յարաբերութեան արտացոլացումն է զաւակներուն իրարու նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքը. եթէ ծնողքը խտրականութիւն դրած է զաւակներուն միջեւ, չի կրնար եւ իրաւունք չունի սպասել, որ անոնք իրարու հետ ապրին հաշտ ու համերաշխ, որովհետեւ անոնց մեծցած միջավայրը այն չէ՛ եղած, ինչ որ ծնողը կ՚ակնկալէ: Զաւակը հայելին է ծնողքին. շատ բաներ մենք ուղղակի չենք սորվեցներ անոնց, սակայն անոնց մէջ ակամայ կը սերմանենք այդ բոլորը:

Ծնողք դառնալը եթէ մարմնապէս դիւրին գործ կը թուի ըլլալ շատերու համար, խորքին մէջ շատ դժուար, պատասխանատու եւ տաժանելի յանձնառութիւն մըն է: Երանի այն ծնողքին, որ հաւասարակշռելով իր զգացումներն ու յոյզերը կը յաջողի ամբողջութեամբ հաւասար սէր տածել իր զաւակներուն նկատմամբ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՂԱՐՇ ՎԱՂԱՐՇԵԱՆ
(1894-1959)

Մեր թուականէն 128 տարիներ առաջ՝ 2 փետրուար 1894-ին, Շուշիի մէջ ծնած է դերասան, բեմադրիչ, թատերագիր, թատերական գործիչ, Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդային արուեստագէտ, Խորհրդային Միութեան Պետական մրցանակի դափնեկիր եւ Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Վաղարշ Վաղարշեան (բուն անունով՝ Վաղարշակ Տէր-Պօղոսեան):

Վաղարշեան արձակագիր եւ թարգմանիչ Արազիի խորհուրդով (Մովսէս Յարութիւնեան) Վաղարշակ անունը դարձուցած է Վաղարշ եւ որպէս գրական անուն ընդունած՝ Վաղարշ Վաղարշեանը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի տեղական դպրոցին մէջ եւ ապա 1906 թուականին մեկնած է Թիֆլիզ՝ ընդունուելու Ներսիսեան վարժարան, սակայն չյաջողելով ընդունուած է Թիֆլիզի առեւտրական ուսումնարան: Վաղարշեան իր առաջին ստեղծագործութիւնները՝ «Բարեգործութիւնից յետոյ»ն եւ «Փող եւ տաղանդ»ը գրած է 1911-1912 թուականներուն: Նոյն միջոցին սիրողական խումբի մը հետ մեկնած է Գանձակ, ուր ունեցած է իր առաջին բեմական ներկայացումը: Նոյն տարին բեմադրիչ եւ թատերական գործիչ Ամօ Խարազեանի խումբը առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուցած է Վաղարշեանի «Փող եւ տաղանդ» թատրերգութիւնը, որուն ներկայ եղած են նաեւ Յովհաննէս Թումանեանն ու դերասան Կարապետ Գալֆայեանը: Տարի մը ետք՝ 1913 թուականին Վաղարշեան դարձած է Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ հիմնադրուած Կովկասեան հայ գրողներու ընկերութեան առընթեր ստեղծուած սկսնակ գրողներու միութեան անդամ:

Որոշ ժամանակ Վաղարշեան հեռանալով թատերական կեանքէն, եղած է ուսուցիչ Արտանուշի շրջանի Տանձուտ գիւղին մէջ. որոշ ժամանակ աշխատած է նաեւ Պաքուի նաւթի արդիւնաբերութեան խորհուրդին մէջ:

Վաղարշեան Պաքուի մէջ հիմնուած թատերախումբի հետ սկսած է ներկայացումներ ունենալ Կովկասի զանազան շրջաններուն մէջ. սկիզբը ստանձնած է աննշան դերեր եւ կամաց-կամաց բարձրանալով արժանացած մեծ դերերու:

Սիրողական թատրոնէն դուրս գալով Վաղարշեան 1923 թուականին հաստատուած է Երեւան եւ եղած՝ Երեւանի առաջին պետական թատրոնի դերասան, ուր դարձած է թատրոնի ամենէն յայտնի գործիչներէն մին: Դերասանութեան կողքին դերեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէններու մէջ. ինչպէս՝ «Խուսփուշ», «Լեռնային արշաւ», «Առաջին սիրոյ երգ» եւ ուրիշներ:

Վաղարշեան 1941-1949 թուականներուն գեղարուեստական ղեկավարը եղած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան տրամաթիքական թատրոնին, ուր բեմադրած է Տիգրան Հախումեանի «Թշնամին», Ալեքսանդր Ֆատիեւի «Ջարդը», Մաքսիմ Կորքիի «Թոստիկեաւ եւ ուրիշներ»ն ու այլ ներկայացումներ:

Շնորհիւ իր վաստակին Վաղարշեան արժանացած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» եւ «Լենինի» շքանշաններուն, ինչպէս նաեւ 1954 թուականին ստացած է Խորհրդային Միութեան Ժողովրդական արուեստագէտի կոչումը. 1939 թուականին դարձած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ:

Վաղարշ Վաղարշեան մահացած է 6 մայիս 1959 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 2, 2022