70 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ…

1953 տարւոյ Հայ թերթերու մէջ «Հարաւային ամերիկահայ կեանք» վերտառութեամբ կը կարդանք հետեւեալ լուրերը։

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

1953 սեպտեմբեր 13-ի կիրակին խուռն բազմութիւն ներկայ գտնուեցաւ Խաչվերացի արարողութեանց։ Պատարագեց Պատուիրակ Սրբազան Հայրը՝ շրջապատուած սպասարկու Հայր Մուշեանէ եւ Տէր Շաւարշէ, որոնք ներդաշնակօրէն կը խնկարկէին՝ զոյգ բուրվառով։

«Կոմիտաս» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Պ. Լ. Վարդապետեանի, երգեց Եկմալեան Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։ Արարողութիւնը վերացնող էր։

Սրբազան Պատարագիչը քարոզեց «Զի ճառ Խաչին կորուսելոցն յիմարութիւն է այլ փրկելոցս մեզ՝ զօրութիւն Աստուծոյ» բնաբանով։ Թուեց թէ՝ Խաչի տօնը տարին չորս անգամ կը կատարենք, հաւատացեալներուն զգացնելով որ խաչը քրիստոնէութեան մեծագոյն խորհրդանշանն է։ Անոր խորհուրդին նկատմամբ՝ մարդիկը կարելի է բաժնել երկու խումբի, անոնք որ խաչին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը սեպեն եւ անոնք որ իմաստութիւն եւ զօրութիւն կը սեպեն։

Հայ ժողովուրդը հետեւեցաւ Յիսուսի՝ խաչի ճանապարհէն, նկարագրեց Խաչվերացի պատմական դէպքերը, խաչի վերադարձը ի Գողգոթա եւ Տիրոջ յաղթական Սուրբ Նշանով օրհնեց Հայ ժողովուրդը։

Պատարագէն վերջ կատարուեցան Խաչվերացի յատուկ թափօր եւ Անդաստան։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ը «ԼՈՒՆԱ ՓԱՌՔ»Ի ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 1953 սեպտեմբեր 15-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վարչութիւնը «Լունա Փառք»ի մարզարանին մէջ հովանաւորեց երկու հայ ըմբիշներու մրցումները, որոնց նիւթական հասոյթը յատկացուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի շէնքի շինութեան։

Ամիսներ առաջ, մայրաքաղաքիս անուանի ըմբիշ հայազգի Գարատաղլեան, երբ այցելեց մեր մարզարանը եւ տեսաւ կիսկատար շէնքը, սրտաբուխ արտայայտութիւն մը ունեցաւ, մասնակցելու համար այդ ազգանուէր գործին, յայտնելով որ ուրախութեամբ պիտի ուզէր «Լունա Փառք»ի մէջ մրցում մը կատարել, զուտ հասոյթը շէնքի շինութեան յատկացնելու համար։

Այսպէս ալ եղաւ, ի պատիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ժրաջան Վարչութեան եւ ազգանուէր ձեռնարկներ քաջալերող մեր հասարակութեան, յայտնենք, թէ նախատեսութիւնները անցան որոշեալ սահմանները։ Հանրութիւնը իր ներկայութեամբ եւ խուռն բազմութեամբ քաջալերեց հայ ըմբիշները, բարձրախօսէն ունկնդրեց իր ազգին փառքն եղող Խաչատուրեանի երգերը եւ իրեզեկ դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան։

Հետաքրքրական այլեւայլ խաղերէ վերջ, տեղի ունեցան մեր ազգակիցներուն ըմբշամարտի մրցումները։ Ներկաները որքան հետաքրքրութեամբ նոյնքան ալ հրճուանքով տեսան ազգակիցներու պայքարին արդիւնքը։

Նախ Արարատեան եւ յետոյ Գարատաղլեան իրենց հակառակորդները պարտութեան մատնեցին։

Ապրին եւ յաւէտ անպարտելի մնան յաղթական հայորդիները եւ շարունակեն պահել որքան անհատական, նոյնքան ալ իրենց ազգային ոգին։

ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ՇՈՒՇԱՆ ՄԱՏՐԱՆ

1953 սեպտեմբեր 20ին, Վ. Ալսինայի Ս. Շուշան մատրան 25-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութիւն՝ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։ Պատարագեց Պատուիրակ Սրբազան Հայրը, որուն սպասարկեց Տէր Շաւարշ։ «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Պ. Լ. Վարդապետեանի, երգեց Սուրբ Պատարագը։

Սրբազան Հայրը քարոզեց՝ հիմ ունենալով նահատակ Սրբուհիին այս կտակը.- «Սրտիս Տաճարը պահեցի անաղարտ. զայն կը նուիրեմ Աստուծոյ, Մեծ Հօրս՝ Ս. Սահակի եւ ծնողացս՝ Վարդանի եւ Դստրիկի միջոցաւ»։

Յաւարտ Պատարագի, նորակառոյց վարժարանի շէնքին մէջ, ի պատիւ Սրբազան Հօր տրուեցաւ ճաշասեղան, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 70 հոգի։

Սեղանապետ Պ. Խաչեր Պուտախեան հաճելի մթնոլորտ ստեղծեց, խօսք տալով արտասանողներու, երգողներու եւ խօսողներու։

Ի վերջոյ խօսեցաւ Սրբազան Հայրը եւ իր գոհունակութիւնն յայտնեց, որ թաղին Հոգաբարձութիւնն ու ժողովուրդը, իր հրաւէրին վրայ բաւական աշխատանք տարած են ու մաղթեց, որ լրացնեն նաեւ եկեղեցւոյ նորոգութիւնն ու բարեզարդութիւնը։

Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ տիկնանց հաւաքոյթ։

Տէր Շաւարշ կարդաց Սրբազան Հօր պատրաստած «Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան» կանոնագրութիւնը։ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ հայ կնոջ դերի մասին եւ ծանրացաւ հայ մօր պարտականութեանց վրայ։

Ապա, հրաւիրուեցան վարչութեան նշանակովի 12 անդամուհիները, որոնք գործի ձեռնարկելով, սկսան անդամագրութեան։

Ի վերջոյ, Սրբազան Հայրը ցուցադրեց գունաւոր ժապաւէնը Հիւսիս. եւ Հարաւ. ամերիկահայութեան եկեղեցական-ազգային անցքերու շուրջ։

-«The Gotchnag» An Armenian Weekly, May 15, 1954, No. 20

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 1 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2023