ԿԱՆԽԱՒ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾՆԵՐ

«Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, դուն Քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի» (ԵՐԵՄ. Ա 5)։

Կան մարդիկ, որոնք կարծես նախօրօք որոշ նպատակի մը ծառայելու, յատուկ առաքելութեան մը համար ծնած են։ Անոնք «ծրագրուած» են պարտականութիւն մը ստանձնելու որեւէ մարզի մէջ՝ մարդկութեան ծառայութիւն մատուցանելու համար։

Երբ Յիսուս կը պատմէ «հրաւիրեալ»ներու առակը՝ ցոյց կու տայ Աստուծոյ կարգաւորութեան հանդէպ մարդոց հակազդեցութիւնը եւ դիրքորոշումը։

Արդարեւ, հրաւէրը ընդհանուր է, բայց այդ հրաւէրը կ՚ընդունին եւ կ՚ընդառաջեն միայն անոնք՝ որ իրապէս արժանի են ընդունուելու։ Հրաւէրի մը ընդառաջելու համար պայման է «ընդունելի» ըլլալ, կանխաւ որոշուած ըլլալ անոնց արժանաւորութիւնը։ Ուստի, հրաւէրի մը ընդունելի ըլլալուն համար պէ՛տք է նախապայմանները լրացուցած ըլլալ, ի՛նչ որ նախապէս տրուած է աստուածային կարգադրութեամբ՝ որոշ անձերու, որոշ պայմաններու մէջ։ Եւ ինչպէս ըսուեցաւ, կարգ մը մարդիկ առաջուց արդէն ընտրուած եւ հրաւիրուա՛ծ են «հարսանիք»ի՝ որ կը խորհրդանշէ «երկքնի արքայութիւն»ը, որ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ ըլլալ, Աստուծոյ բարիքները վայելե՛լ։

Հետեւաբար, հրաւէրի մը արժանանալու համար, ընդունուելու համար կ՚արժէ ընտրեալներու խումբին մէջ ըլլալ եւ վայելել Աստուծոյ յաւիտենական երկնային հոգեւոր խրախճանքը։

Ուստի այս հրաւիրեալներուն կարգին են նաեւ քահանաները՝ իր ամենալայն իմաստով։ Ս. Թովմաս Աքուինացի սապէս կ՚ըսէ. «Ո՛չ մէկ ծառայութիւն այնքան մեծ է, քան Յիսուսի Մարմինին սրբագործումը»։ Եւ դարձեալ, Ս. Յովհան Ոսկեբերան, քահանայութեան սրբութիւնը կը հիմնէ երկու իրաւասութիւններու վրայ՝ զորս կ՚իրագործէ քահանան Յիսուսի բնական եւ խորհրդական մարմնին վրայ, այսինքն սրբագործելու եւ արձակելու իշխանութիւններուն վրայ։ Արդարեւ, Յիսուս առաքեալները քահանայ ձեռնադրեց սա խօսքով. «Ասիկա ըրէք իմ յիշատակիս համար», եւ այս խօսքով տուաւ անոնց՝ «սրբագործե՛լ»ու իշխանութիւնը։ Նոյնպէս, երեք օր վերջ, երբ փչեց անոնց վրայ ըսելով. «Առէք Սուրբ Հոգին», տուաւ անոնց «արձակե՛լ»ու իշխանութիւնը։

Եւ այս երկու իշխանութիւններով, ահաւասի՛կ, քահանայութիւնը լրիւ եղաւ։

Ուրեմն, քահանայութիւնը այն պաշտօնն է, զոր Յիսուս՝ Ի՛նք ստանձնեց փրկելու աշխարհը, Իր անձին նուիրումով, մարդկային կերպարանքին տակ։

Իր անձին յաւիտենական նուիրումի գործին մէջ, Ինքը՝ Յիսուս Զոհն է եւ Քահանան։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է մշտնջենաւոր քահանայութիւնը «ըստ կարգին Մելիքսեթեքի», որուն կեանքը, ըստ Պօղոս Առաքեալի, ո՛չ սկիզբ ունի եւ ո՛չ վախճան՝ որու Քահանայութիւնը օրինա՛կն է քահանայութեան Աստուծոյ Որդւոյն՝ թագաւորը խաղաղութեան։ Եւ Նոր Կտակարանի քահանաները անոր հետ կը միանան եւ «կը մասնակցին» Անոր յաւիտենական քահանայութեան։

Արդարեւ, երկու տեսակ մարդիկ կոչուած եւ հրաւիրուած են Քրիստոսէ Իր պաշտօնեաները ըլլալու։

Առաջին դասակարգի մարդիկ՝ անմեղ, անբիծ հոգիներ են, ինչպէս՝ Սուրբ Յովհաննէս մը, Նարեկացի մը, Շնորհալի մը, որոնք իրենց մանուկ հասակէն օժտուած են սրբարար շնորհքով եւ ներքին կատարելութեամբ։

Երկրորդ դասակարգի մարդիկը ապաշխարողներն են, ինչպէս՝ Պօղոս Առաքեալ մը՝ որ նախապէս հալածած էր Յիսուսի անունը եւ անոր հետեւողները կամ Սուրբ Օգոստինոս մը՝ որ աւելի առաջ կատարեալ «մոլորա՛ծ» մըն էր եւ հեռացած Աստուծոյ պատուիրաններէն։

Այս երկու դասակարգի մարդոց անցեալը բոլորովին տարբեր է, բայց իրենց վախճանը նոյն եւ նմա՛ն է։

Սուրբ Սեղանին կը հասնին բոլորովին տարբեր ճամբաներով, բայց իրարու կը հանդիպին Սուրբ Սեղանին առջեւ միաձուլուած նո՛յն սիրտով եւ նոյն հոգիով, ամէնքն ալ կաղապարուած այն կերպարին վրայ, որ իրենց կ՚ընծայէ աստուածային նախատիպը՝ Քահանան՝ հովիւներու գերագոյն Պետը։

Այս «հոգեկան ներքին կատարելութիւն»ը չի կայանար առանց մեղքի ըլլալուն մէջ, քանի որ «ո՞վ է առանց մեղքի, այլ կը կայանայ ա՜յնքան «անջատուած ըլլալ մեղքի կապանքներէն» որ յանձն առնէ մեռնի՛լ քան թէ մահու չափ մեղք ունենալ»։

Եւ դարձեալ, այնպիսի վախ եւ փոյթ մը ունենալ խուսափելու ամէն յանցանքէ, որ յանձն առնէ կրելու ամէն դժբախտութիւն, քան «Աստուած վշտացնել» նոյնիսկ մէկ կամաւոր ներելի մեղքով։

Երրորդ, յօժարութեամբ եւ ուրախութեամբ ընդունիլ «հոգիով աղքատութիւն»ը, «խոնարհութիւն»ը, «աշխատանք»ը եւ «խաչի կեանք»ը, այսինքն Յիսուս Քրիստոսի բաժին ինկած զոհողութեան կեա՛նքը։ Այնպէս որ եթէ կարենային ապահովել իրենց փրկութիւնը, նոյնիսկ վայելելով աշխարհի հաճոյքները, իրենք պիտի արհամարհէին զանոնք, նմանելու համար Փրկիչին եւ հետեւելու համար իրեն խաչի զանազան ճամբաներէն։

Այսպիսի բարձր տրամադրութիւններով լի քահանան, որու սրտին մէջ Աստուծոյ եւ հոգիներու սէրը կը թագաւորէ տիրաբա՛ր, արդէն ինքնին ցոյց կու տայ «ներքին հոգեւոր կատարելութիւն»ը՝ ինչ որ կը պահան-ջըւի քահանայութեան թեկնածուներէն։

Հակառակ այս բոլորին, բնութիւնը երբեմն պիտի տրտնջէ, պիտի յարձակի, պոռթկումներ պիտի ունենայ եւ ակամայ ցանկութիւնը պիտի խլրտի իր մէջ եւ հոգին անակնկալի գալով գուցէ անկումներ ունենայ։ Բայց կարեւորը հոգեկան բարձր տրամադրութիւնն է։

Ուստի, ամէն անոնք որ սրբարար շնորհքը ունին՝ Աստուծոյ հետ միացած են։ Աստուծոյ հետ միութիւնը, այսինքն «ազա՛տ» ըլլալը ամէն մահու աստիճան մեղքէ, կը բաւէ Սուրբ Հաղորդութեան արժանանալու։ Եթէ ներելի է պարզ հաւատացեալի մը այս պայմաններով հաղորդուիլ, բայց քահանային համար շատ քի՛չ է, քանի որ ան կը սըր-բագործէ եւ կը ճաշակէ Յիսուսի Մարմինը եւ Արիւնը եւ կը բաշխէ զԱյն բոլորին։

Քահանան ձեռնադրուած է «գործադրելու համար կատարելութիւնը», այսինքն ո՛չ միայն «կատարեալ» ըլլալու, այլ նաեւ ցոյց տալու, տիպար ըլլալու եւ դրոշմելու զայն ուրիշներու մէջ, իր օրինակով, իր խօսքերուն ազդեցութեամբ եւ կեանքին բոլոր գործերով։ Արդարեւ, քահանայէն կը սպասուի առաքինութիւններու կատարելագործումը՝ զոհողութիւն, համեստութիւն, խոնարհութիւն, երախտագիտութիւն, եղբայրսիրութիւն, մարդասիրութիւն, արդարութիւն, ողորմածութիւն, հաւատարմութիւն եւ անպայման սէ՛ր։

Քահանան եթէ ունի Յիսուսի օրինակով «սէր», ան արդէն հասած է կատարելութեան՝ որուն կոչուած է նոյնիսկ ձեռնադրութենէն ալ առաջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 23, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 2, 2018