ՈՒՍՈՒՄԸ ԿԱՐԵՒՈ՞Ր

Ներկայ աշխարհին մէջ գոյատեւելու համար ի՞նչ բան պէտք է նոր սերունդին. անցեալները այս նիւթին շուրջ երկու բարեկամ բանավէճ մը ունեցան: Անոնցմէ մին յայտնեց, թէ «այսօր աշխարհի մէջ ամէն բանէ առաջ պէտք է ուսում ունենաս. եթէ ուսում չունեցար ո՛չ քեզի մարդու տեղ կը դնեն եւ ո՛չ ալ կրնաս տեղ հասնիլ»: Այս միտքին հակառակ, միւս բարեկամը առարկեց. «Ուսումը այս օրերուն անիմաստ բան է. շուրջդ տե՛ս ինչքան մարդ կայ, որ առանց ուսումի յաջողած եւ կեանքի մէջ ի՜նչ աստիճանի հասած են, անդին կան բազմաթիւ համալսարանականներ, որոնք անգործ նստած երիտասարդութիւնը կը մաշեցնեն: Այսօր ամէն բան ուսում չէ...»:

Բնական է, որ բանավէճը եզրակացութեան մը չհասաւ, որովհետեւ թէեւ իրար ամբողջութեամբ հակառակ երկու միտքեր են ըսուածները, երկո՛ւքն ալ ճիշդ են ու փաստացի:

Անցեալին միանշանակ ուսումը ամենէն շատ կարեւորուող բանն էր աշխարհի մէջ. կարդացէ՛ք Զարթօնքի սերունդի մեր հեղինակներն ու անոնց գործունէութիւնը. ուսում ջամբելու կրակը կայ անոնց մէջ, որովհետեւ անոնք կը հաւատային, թէ զարգացած ու բարգաւաճ հայրենիք մը ունենալու համար ուսումն ու կրթութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Այդ մէկը երեւան կու գայ նաեւ հին հայրենասիրական երգերուն մէջ. Կոմիտաս Վարդապետի «Մեր հայ գաւառն է խաւար» երգին մէջ ժողովրդական երգը կ՚ըսէ.-

«Մեր հայ գաւառն է խաւար,
Տգիտութիւն է աւար,
Ուսում տարէ՛ք
Ու լոյս վարէ՛ք,
Ու յոյս վառէ՛ք,
Հայ տգէտը վտարէ՛ք»:

Դարեր առաջ Պոլսոյ մէջ Սիպիլ կը բարձրաձայնէր. «Մենք ի՞նչ կը պահանջենք. կը պահանջե՛նք որ մեր տղաքը ուսում սորվին» (Ազգանուէր Հայուհիք ճառէն):

Ուսումը կարեւոր էր, սակայն որոշ ժամանակ ետք, պահելով հանդերձ իր անհրաժեշտութիւնը, հարցական դարձաւ ուսումը մարդուն համար, որովհետեւ այդ մարդ արարածը չկրցաւ զանազանել «լաւ ուսում»ը «վատ ուսում»էն. ուսումին լաւը կամ գէշը կ՚ըլլա՞յ... այո՛, որովհետեւ անցեալի եւ ներկայի ուսումին մէջ մե՜ծ տարբերութիւն կայ:

Անցեալին մարդիկ ուսում ըսելով կը հասկնային գաղափարներու ըմբռնումը, որու ճամբով կարելի է երաշխաւորել զարգացած կեանք ու ապագայ: Անցեալին ուսում ըսելով չէին հասկնար վկայականներն ու պատուոյ գիրերը. հին գրագէտներէն քանի՞ն ունէր վկայական. անոնցմէ քանի՞ն համալսարանի երես տեսած էր. ճի՛շդ հոս է տարբերութիւնը:

Անցեալին ունէինք ուսեալ մարդիկ՝ առանց վկայականներու, իսկ այսօր ունինք չզարգացած սերունդ մը՝ սակայն վկայականներով. ո՞ր մէկը անհրաժեշտ է մեզի համար: Ներկայ դարուս մարդիկ կը կարծեն, որ վկայականը զարգացած ու ուսեալ ըլլալու երաշխիք մըն է. անոնք կը փորձեն իրենց «մակարդակ»ն ու «աստիճան»ը վկայականներու բարձրութեամբ չափել, տարուելով այն համոզումով, թէ ինչքա՛ն բարձր է վկայականդ, այնքան բարձր ես նաեւ դուն:

Հայ լեզուի ու գրականութեան համալսարանը աւարտող բազմաթի՜ւ երիտասարդներ եղած են, որոնք հայ լեզուի ամենէ՛ն բարձր ուսումը ստացած են. անոնց անունները այսօր չե՛ն յիշուիր, սակայն ամբողջ հայ աշխարհն ու հայ գրականութիւնը կը շարունակէ յիշել Յակոբ Օշականը, Երուանդ Օտեանն ու բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք եղած են զարգացածներ՝ առանց վկայականներու:

Հայ թէ օտար մտաւորականներ բազմի՛ցս ըսած են, թէ մեծագոյն կրթութիւնն ու գիտութիւնը ինքնաշխատութիւնն է. համալսարանն ու համալսարանական գիտութիւնը կը կատարելագործէ մարդու զարգացման գործընթացը, սակայն հրաշքով չի՛ կրնար զարգացնել մարդը: Պոլսահայ գրող Զապէլ Եսայեան 150 տարիներ առաջ «Պրոմեթէոս ազատագրուած» աշխատութեան մէջ «պրոլետարական գրականութեան մասին» խորագրեալ յօդուածին մէջ հետեւեալը կը գրէ.- «կ՚անդրադառնամ թէ ինչքան ինքնուս երիտասարդները շատ աւելի պաշար ունին քան Եւրոպական մեծ կեդրոններու մէջ դեգերող տժգոյն երիտասարդներ»:

Ուսումը կարեւոր է ա՛յն ժամանակ, երբ մարդ իրապէս կը սորվի այն՝ ինչի նկատմամբ սէր ու շնորհք ունի: Կարդացէ՛ք այս օրուան «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ը. Կարա Մուրզա փոքր տարիքէն սէր կ՚ունենայ երաժշտութեան հանդէպ, սակայն հայրը զինք հաշուապահ կ՚ուզէ դարձնել. առանց բարձրագոյն ուսում ստանալու Կարա Մուրզա կը յաջողի յաւերժացնել իր անունը հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ. պահ մը պատկերացուցէք, թէ ինչքա՛ն աւելին պիտի կարենար ընել ան՝ եթէ իրապէս ստացած ըլլար այդ բարձրագոյն ուսումը: Հակառակ այս իրողութեան այսօր Կարա Մուրզա կը շարունակէ ապրիլ, մինչ ժամանակակից շա՜տ մը «երաժշտագէտ» մարդիկ մոռցուած են եւ յաւիտեան այդպէս ալ պիտի մնան:

Ուսումը պարզապէս շնորհքին ու տաղանդին կատարելագործումն է. Կոմիտաս Վարդապետ իր ուսման ճամբով չէ՛ որ երաժիշտ դարձաւ. ուսումով պարզապէս կատարելագործեց իր գիտութիւններն ու կարողութիւնները:

Ուսումը, մանաւա՛նդ ուսուցիչը ունի այն անհատը առաջ մղելու կարողութիւնը. եթէ այսօր կը յաջողիմ բան մը գրել, կը պարտիմ հայ լեզուի ուսուցիչիս՝ բանաստեղծ ու մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանին, որ հակառակ բազմաթիւ թերութիւններուն կը գնահատէր գրուածները եւ այդ սէրը կ՚արթնցնէր աւելի՛ գրելու եւ աւելի՛ կարդալու:

Երանելի՛ է այն մարդը, որ իր գիտութիւնը փաստելու համար վկայականներու չի՛ կարօտիր. որովհետեւ վկայականը միշտ մեր ձեռքը կրնայ չըլլալ, սակայն մեր ուղեղներն ու միտքերը մի՛շտ մեր հետ են՝ որպէս փաստ ու վկայ մեր զարգացման ու գիտութեան:

Բարձրանալու միակ միջոցը ուսումն է, սակայն ո՛չ այն ուսումը, որ որպէս նիշ կ՚արձանագրուի վկայականներու վրայ. այլ այն՝ որ իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ մարդու կազմաւորման, մարդու միտքին ու հոգիին մէջ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԿԱՐԱ ՄՈՒՐԶԱ
(1853-1902)

Մեր թուականէն 169 տարիներ առաջ՝ 2 մարտ 1853-ին, Խրիմի մէջ ծնած է երաժշտահան, խմբավար ու երաժիշտ Քրիստափոր Կարա Մուրզա (կարգ մը աղբիւրներու համաձայն ծնած է 18 փետրուարին):

Կարա Մուրզա սկզբնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցէն ներս, ուր լեզուական ու գիտական նիւթերէն աւելի երաժշտական գիտութեան հանդէպ սէրը ի յայտ կու գայ: Երաժշտական ուսման վրայ այնքան կեդրոնացած է, որ 10 տարեկան հասակին լաւապէս գիտէր երգել, ձայնանիշերը կարդալ եւ նուագել:

Ծխական դպրոցի ուսումը աւարտելէ ետք Կարա Մուրզայի հայրը ուզած է զինք հոգեւոր պաշտօնի նուիրել, սակայն տեսնելով երաժիշտին դժկամութիւնը զինք ղրկած է Օտեսա՝ հաշուապահական ուսում ստանալու: Ուսումնական շրջանը աւարտելէ ետք Կարա Մուրզա վերադարձած է ծննդավայր եւ որոշ ժամանակ զբաղուած է հօր գործերուն հաշուապահութեամբ: Սակայն երաժշտութեան սէրը երբեք դուրս չգալով երաժիշտին մէջէն, առօրեայ աշխատանքի կողքին դաշնամուրի դասերու սկսած է հետեւիլ: Կարա Մուրզա դուրս գալով հաշուապահական գործէն նուիրուած է երաժշտութեան եւ սկսած է երգեր յօրինել ու նուագել. որոշ ժամանակ ետք սկսած է երաժշտական խումբեր կազմել եւ ելոյթներ կազմակերպել ծննդավայրէն ներս: Երաժշտական համերգներու կողքին կազմակերպած է նաեւ թատերական ներկայացումներ, որոնք ուշադրութիւնը գրաւած են նաեւ օտարազգիներուն:

Կարա Մուրզա տարուած երաժշտական գործունէութեամբ 1882 թուականին կը մեկնի Թիֆլիզ, միտքին մէջ ունենալով քառաձայն երգչախումբ հիմնել ու նուիրուիլ երաժշտական գործունէութեան։ Ճանապարհի ընթացքին մինչեւ Թիֆլիզ ամէն մարդ ցնորք նկատելով քառաձայն երգչախումբ հիմնելու գաղափարը ծաղրած են երաժիշտը: Թիֆլիզի մէջ մտաւորական Գրիգոր Արծրունիի ջանքերով յաջողած է հիմնել երգչախումբ, որ սկսած է սորվիլ ու կատարել Կարա Մուրզայի յօրինումներն ու դաշնաւորումները: Երեք տարիներ ետք՝ 15 մարտ 1885 թուականին Կարա Մուրզա յաջողած է տալ իր առաջին համերգը, որ հայ երաժշտական պատմութեան մէջ անկիւնադարձային օր մըն է։ Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 15 երգողներ, որոնք ներկայացուցած են 22 ազգային երգեր:

Համերգի յաջողութենէն ետք պաշտօնապէս սկիզբ առած է Կարա Մուրզայի երաժշտական գործունէութիւնը:

Կարա Մուրզա հեղինակած է բազմաթիւ հայրենասիրական երգեր, որոնցմէ շատեր մինչեւ օրս կ՚երգուին:

Երաժշտական գործունէութեան կողքին Կարա Մուրզա աշխատակցած է նաեւ «Մշակ» թերթին, ուր լոյս տեսած են անոր երաժշտագիտական յօդուածներն ու քննադատութիւնները:

Կարա Մուրզա մահացած է 9 ապրիլ, 1902-ին, Թիֆլիզի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022