ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐՈՒԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ
Կեանքի մէջ ամենէն դժբախտ մարդը ո՞վ կրնայ ըլլալ, եթէ ոչ՝ անիրաւուած, մատնուած, ուրացուած, լքուած, մոռցուած եւ մինակութեան դատապարտուած մէկը։ Գիշերուան մութին մէջ իր մերձաւորներէն մինակ թողուած եւ ամէնքին կողմէ անտեսուած մէկը եթէ այս բոլորին արժանացած է անիրաւութեամբ ու անարդարութեամբ աշխարհի ամենէն դժբա՛խտ մարդն է։
Անիրաւութիւնը միշտ կը պատահի կեանքի մէջ, անարդարութեամբ կը տառապին մարդիկ, մասամբ բնական եւ սովորական է այս երեւոյթը։ Բայց երբ այդ իրականանայ մէկու մը՝ իր վստահածներուն կողմէ, ահաւասիկ մահէն աւելի՛ մահ է այդ մէկը։ Մահ մը՝ որուն տոկալ, որուն ցաւը տանիլ դժուար է, անկարելի սովորական մարդու մը համար։ Անսովոր է տոկալ այդ ցաւին ու վշտին, քանի որ ո՛չ միայն կը վիրաւորէ մարմինը, այլ՝ հոգին ամբողջութեա՛մբ։
Մութը, խաւարը կը ծածկեն ճշմարտութիւնը։
Արդարեւ ի՞նչ է ճշմարտութիւնը՝ որուն բացակայութիւնը մահէն շատ աւելի խորտակիչ է մարդուն համար, քանի որ կորստեան չի մատներ միայն մարմինը, այլ՝ մանաւանդ հոգի՛ն։ Ճշմարտութիւնը համազօր է կեանքին, կատարեալ երջանկութեան՝ որուն կը ձգտի մարդ։
Ճշմարտութիւնը մեծ «զօրութի՛ւն» մըն է, բայց եթէ մարդ չկարենայ ընդունիլ, թէ սէրը գերազանց է քան զայն, այսինքն եթէ չուզէ զայն ստորադաս համարել սէրէն՝ պիտի չկարենայ հասկնալ զայն եւ օգտուիլ անկէ։ Արդարեւ, ճշմարտութիւնը անպիտան ու անօգուտ է առանց սիրոյ։ Հարկ է նոյնիսկ ըսել՝ առանց սիրոյ չկա՛յ ճշմարտութիւն։ Սէրը խաւարներ փարատող, մութը լուսաւորող զօրութիւն մըն է։ Ան կը փարատէ մտքին խաւարը եւ կը լուսաւորէ հոգիին մթութիւնը։ Ուստի ճշմարտութիւնը կը յայտնուի լոյսին մէջ, մութը կը ծածկէ զայն, եւ ուրեմն լո՛յսն է, որ կը յայտնէ ճշմարտութիւնը։ Եւ քանի որ սէրը կը լուսաւորէ՝ ապա ուրեմն անհրաժե՛շտ է ան ճշմարտութեան յայտնութեան համար։
Մութին մէջ կ՚աճի ամէն չարութիւն, խաւարին մէջ կը ծածկուին ամէն անիրաւութիւն, սուտ, անարդարութիւն եւ ամէն ինչ՝ որ հակառա՛կ է ճշմարտութեան։ Մութին մէջ՝ գիշերուան խաւարին կը պատահին մատնութիւններ, լքումներ, մերժումներ, ուրացումներ, անհաւատարմութիւններ, վստահութեան շահագործումներ, խաբէութիւններ, նախանձի տագնապներ կը զօրանան հոն եւ կ՚ատեն լոյսը՝ չյայտնուելու համար։ Մութին ու խաւարին կ՚ապաւինին չարերը, անիրաւները, անարդարները…։
Կեղծ բարեկամներ, անհաւատարիմ ծառաներ մութին մէջ կը լքեն արդարները, կ՚ուրանան ամէն ճշմարտութիւն, կը մերժեն գեղեցիկը եւ բարին։
Զարմանալի թող չթուի այս տեսութիւնը, քանի որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ա՛յս ցոյց կու տայ ողջախոհ մտքին ու աչքին։ Ճշմարտութիւնը սոսկ մտքի տեսութիւն մը կամ գաղափար մը չի՛ նշանակեր, այլ աւելի գոյացական բան մը՝ իր մը, իրողութիւն մը, երեւոյթ մը, իրականութիւն մը, գոյացած «վիճա՛կ» մը, յարաբերութի՛ւն մը։
Ճշմարտութիւնը՝ խորհող միտքին եւ խորհուած բանին միջեւ եղած համաձայնութի՛ւնն է։
Եւ ճշմարտութիւն մը եթէ ուրացումի եւ լքումի մատնուի՝ ո՜րքան մեծ ցաւ կը պատճառէ ճշմարիտին։
«Ճշմարտութիւն»ը՝ Յիսուս, մութ գի-շերուան խաւարին մէջ մատնուեցաւ, ուրացուեցաւ, լքուեցաւ, անհաւատարմութեան առարկայ դարձաւ «հաւատարիմ»ներու կողմէ։ Եւ սիրելինե՜ր, անգամ մըն ալ այս զգացումներով ապրինք Յիսուսի վերջին գիշերուան տագնապները՝ ցաւերը եւ վիշտը։ Գեթսեմանիի մութ գիշերը ապրինք, եւ տեսնենք, տեսնել փորձենք ճշմարտութիւնը եւ ճանչնանք ճշմարիտ կեանքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 18, 2015, Իսթանպուլ