ՀՐԱՇՔՆԵՐՈՒՆ ԻՄԱՍՏԸ
Յիսուսի կատարած հրաշքները՝ որոնց կը վկայեն Սուրբ Աւետարանները, կը հաւաստիացնեն, թէ Հայրը առաքեց զԻնք։ Հրաշքները, արդարեւ, կը հրաւիրեն մարդը՝ հաւատալու, քանի որ մարդկային միտքը թերի է եւ տկար հասկնալու այն ամէն ինչ, որ կը պատահի իր շուրջը։ Մարդ, որքան ալ գիտուն ու իմաստուն ըլլայ, կարելի՞ է որ հասկնայ ամէն երեւոյթ, ամէն իրողութիւն եւ ճշմարտութիւն։
Հրաշքները, այս իմաստով, իրենց հերթին կը զօրացնեն հաւատքը դէպի Աստուած, կերպով մը հրաշքները Աստուծոյ ամենազօրութեան, ամենակարողութեան, ամենատեսութեան վկաներն են եւ Յիսուսի միջոցով կատարուածներն ալ ապացոյցներ՝ որ Ան Աստուծոյ միածին Որդի՛ն է։
Բայց հրաշքները կրնան նաեւ առիթ տալ կասկածի կամ սայթաքումի։ Անոնք չե՛ն եղած գոհացում տալու սին, պարապ հետաքրքրութեան եւ կամ բարոյական ցանկութիւններու իրականացման միջոցներ։ Անշուշտ, հակառակ գործուած այսքան հրաշքներու, կան մարդիկ, որոնք չեն անդրադառնար հրաշքներուն իրողութեան ու չեն հասկնար, հասկնալ չեն ուզեր անոնց իսկական իմաստը։
Տեսանելի իրողութիւն մը մերժել՝ պարզապէս անոր իմաստին անդրադառնալու կարողութիւնը չունենալուն համար, մարդկային բանականութեան բոլորովին հակառա՛կ է։ Մարդ անտեսանելին կրնայ մերժել կամ ուրանալ, բայց տեսանելին մերժել կամ ուրանալ՝ բանականութեան զօրութեան չի՛ համապատասխաներ։
Յիսուս, ինչպէս կը վկայեն Ս. Աւետարանները, «մեսիական նախանշան»ներ կատարեց մարդոցմէ ոմանք անօթութեան, անարդարութեան, հիւանդութեան եւ մահուան երկրային չարիքներէն փրկելով։ Բայց Ան ըսաւ նաեւ, թէ այս աշխարհի վրայ պիտի ըլլան նեղութիւններ, զորս մարդ պէտք է դիմաւորէ քաջութեա՛մբ։ Ուստի, Ան չեկաւ այս աշխարհէն ամէն չարիք վերցնելու, այլ մարդը ազատագրելու ամենածանր ստրկութենէն՝ որն է «մեղքին ստրկութիւն»ը, որ կը կաշկանդէ մարդը «Աստուծոյ որդի»ներ ըլլալու իր կոչումին մէջ եւ կը պատճառէ մարդկային ամէն տեսակ ստրկացում, որ կը վիրաւորէ մարդկային արժանապատուութիւնը։
Աւետարանիչները առաջին հաւատացողները եղած են, որոնք կ՚ուզէին ուրիշներն ալ մասնակից դարձնել այս հաւատքին։ Արդարեւ, ամէն ինչ Յիսուսի կեանքին մէջ նշա՛ն է Անոր խորհուրդին։ Անոր գործած հրաշքներուն եւ խօսքերուն ընդմէջէն՝ բացայայտուեցաւ, թէ «Անոր մէջ մարմինով կը բնակի ամբողջ լիութիւնն աստուածութեան» (ԿՈՂ. Բ 9)։ Այսպէս՝ Անոր մարդկայնութիւնը կը յայտնուի իբր «սուրբ խորհուրդ»ը, այսինքն՝ Անոր աստուածութեան եւ բերած փրկութեան նշա՛նն է եւ գործիքը։ Անոր երկրաւոր կեանքին մէջ ի՛նչ որ «տեսանելի» էր, առաջնորդեց դէպի «անտեսանելի խորհուրդ»ը Անոր աստուածային որդեծնութեան եւ փրկչական առաքելութեան։
Արդարեւ, Յիսուսի ամբողջ կեանքը՝ խօսքերը, հրաշքները, լռութիւններն ու տառապանքները Անոր «Յայտնութիւն»ն է Հօր։ Յիսուս կարող է ըսելու, թէ՝ ո՛վ որ զԻնք կը տեսնէ, կը տեսնէ Հայրը։ Քրիստոսի ամբողջ կեանքը խորհո՛ւրդ է «Փրկչագործութեան»։
«Հացերուն բազմացում»ին հրաշքները, որոնց ընթացքին Տէրը հացերը օրհնեց, բեկանեց եւ Իր առաքեալներուն միջոցաւ բաշխեց բազմութեան, որպէս ուտեն, նախապատկերն են Իր Հաղորդութեան միա՛կ հացին բազմաճոխութեան։ Կանայի մէջ գինիի փոխուած ջուրին հրաշքը արդէն իսկ կ՚աւետէ Յիսուսի փառաւորումին «Ժամ»ը։ Հացին բազմացումը կը համապատասխանէ Հաղորդութեան բաշխման։
Հին Ուխտին մէջ, երկրի երախայրիքը՝ հացը եւ գինին Արարչին «զոհ» մատուցուած են ի նշան երախտագիտութեա՛ն։ Ելից Գիրքի մէջ «հաց»ն ու «գինի»ն նոր նշանակութիւն կը ստանան։ Ամէն տարի Զատիկի օրը Իսրայէլի ճաշակած բաղարջ հացերը կը յիշատակեն «Եգիպտոսէն ազատումի շտապ մեկնում»ը։
Անապատի մանանան Իսրայէլին միշտ պիտի յիշեցնէ, թէ կ՚ապրի «Աստուծոյ Խօս-ք»ին հացով։ Իսկ ամէնօրեայ հացը՝ խոստացուած Երկրին պտո՛ւղն է եւ գրաւականը Աստուծոյ հաւատարմութեան՝ Իր կատարած «խոստում»ներուն հանդէպ։ Վերջապէս Յիսուս Ս. Հաղորդութիւնը հաստատեց՝ հացին եւ բաժակին օրհնութեան նոր եւ վերջնական նշանակութիւն մը տալով։ Արդարեւ, Հաղորդութեան պարգեւը հաւատքո՛վ ընդունողը՝ Քրիստոսը կ՚ընդունի։ Հացը՝ հաղորդութեան միջո՛ցն է բարոյական կապին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024