ԳԻՒՏ ԽԱՉ ԵՒ ԽԱՉՎԵՐԱՑ

Բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ անդ­րա­դար­ձանք Խա­չի մա­սին այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ, քա­նի որ խա­չին գա­ղա­փա­րը եւ խոր­հուր­դը ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն մե­ծա­րե­լի դար­ձած է քրիս­տո­նէա­կան զգա­ցում­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ խա­չը իր յա­տուկ տե­ղը ու­նի ա­մէն քրիս­տո­նեայ ան­հա­տի կեան­քին մէջ։ Աշ­խա­տան­քի մը, գոր­ծի մը սկսե­լէ ա­ռաջ խա­չակն­քու­մը ցոյց կու տայ ա­նոր անհ­րա­ժեշտ ու կեն­սա­կան էու­թիւ­նը։ Ան ա­պա­հո­վու­թեան, վստա­հու­թեան տարր մըն է, էա­կան տարր մը՝ ա­ռանց ո­րու ա­նա­պա­հով պի­տի զգայ ինք­զինք մէ­կը, որ պար­տա­ւոր է դի­մադ­րել այս աշ­խար­հի դժուա­րու­թիւն­նե­րուն ու կեան­քի նե­ղու­թիւն­նե­րուն։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով, Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նէ բազ­մա­թիւ խա­չի տօ­ներ՝ կը պա­տուէ զայն ո՛չ միայն «նուի­րա­կան իր» այլ զօ­րու­թիւն՝ ա­նոր վրայ տես­նե­լով թափուած ա­րիւ­նով սրբա­ցած խոր­հուրդ մը եւ ամ­բողջ կեա՛նք մը։

Այս ի­մաս­տով Խաչ­վե­րա­ցը եւ Գիւտ Խա­չը ներ­քին կապ մը ու­նին ի­րենց մէջ՝ պատ­ճառ եւ ար­դիւն­քի բնա­կան կապ մը, շար­ժա­ռիթ մը կամ ը­սենք՝ մղիչ ուժ մը միւ­սին։

Ար­դա­րեւ խա­չին հան­դի­սա­ւոր բարձ­րաց­ման եւ հրա­պա­րա­կա­յին փա­ռա­ւո­րու­թեան պա­տե­հու­թիւն ըն­ծա­յեց ա­նոր «գիւտ»ը Կոս­տան­դիա­նոս կայ­սեր մօր՝ Հե­ղի­նէի ձե­ռամբ 327 թուա­կա­նին։

Այս պատ­ճա­ռով է որ կ՚ը­սենք, թէ խա­չին հան­դի­սա­ւոր բարձ­րա­ցու­մը եւ հրա­պա­րա­կա­յին փա­ռա­ւո­րու­մը պատ­ճառ ե­ղած է Խա­չի գիւ­տին։ Ուս­տի Հա­ղի­նէի կող­մէ կա-­տա­րուած ստի­պում­նե­րուն վրայ՝ Յու­դա ա­նուն ե­րու­սա­ղէ­մա­ցի ի­րա­զեկ հրեայ մը ցոյց տուաւ ա­նոր թա­քուցուած տե­ղը՝ ուր գտնուե­ցան ե­րեք խա­չեր, ո­րոնց­մէ մին փրկչա­կա­նը պի­տի ըլ­լար, իսկ միւս եր­կու­քը՝ եր­կու ա­ւա­զակ­նե­րու­նը։ Հոս շե­ղում մը ը­նենք. ճշմար­տու­թիւ­նը որ­քան ալ պա­հուի, ծածկուի, ան­պայ­ման կը յայտ­նուի. ճշմար­տու­թիւ­նը եր­բեք ծա­ծուկ չի՛ մնար։ Ուս­տի խա­չին ճշմար­տու­թիւնն ալ յայտ­նուե­ցաւ եւ ի վեր­ջոյ գտնուե­ցա՛ւ։

Երբ գտնուե­ցան ե­րեք խա­չեր, ստու­գե­լու հա­մար, թէ ո՛րն է Յի­սու­սի խա­չուած խա­չա­փայ­տը՝ մե­ռած պա­տա­նիի մը դին մօ­տե­ցու­ցին ե­րեք խա­չե­րուն հետզ­հե­տէ եւ հասկ­ցուե­ցաւ, թէ եր­րոր­դը՝ ո­րուն հպու­մո­վը յա­րու­թիւն ա­ռած էր մե­ռեալ պա­տա­նին, իս­կա­կան տէ­րու­նի խա­չա­փայտն էր։

Այն ա­տեն Կիւ­րեղ Եպիս­կո­պոս, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի հայ­րա­պետն էր, բարձ­րա­ցուց զայն ի տես հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, ո­րոնք եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ երկր­պա­գե­ցին ա­նոր։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, պատ­մա­կան այս ե­ղե­լու­թեան յի­շա­տակն է, որ կը կա­տա­րուի Հոկ­տեմ­բեր 26-ի մեր­ձա­ւոր Կի­րա­կիին, «Գիւտ Խաչ» ա­նուան ներ­քեւ։

Իսկ խա­չին փա­ռա­ւո­րեալ ու պա­տուա­կան բարձ­րա­ցուց­ման եր­րորդ եւ մե­ծա­գոյն ա­ռի­թը ե­ղած է ա­նոր «գե­րե­դարձ»ը։ Պար­սիկ­նե­րու Խոս­րով թա­գա­ւո­րը՝ յոյ­նե­րու դէմ իր պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին՝ 610 թուա­կա­նին, յաղ­թե­լով Հե­րակ­լի, Ե­րու­սա­ղէ­մէն գե­րի տա­րաւ խա­չա­փայ­տը՝ Ե­րու­սա­ղէմն ալ գրա­ւե­լով։ Հե­րակլ զօ­րա­ժո­ղով ը­րաւ եւ մեծ բա­նա­կով քա­լեց պար­սիկ­նե­րուն վրայ։ Խում­բին մէջ էր նաեւ Մժէժ Գնու­նի։ Խոս­րով յաղթուե­ցաւ։ Ուս­տի 628 թուա­կա­նին խա­չը վե­րա­դար­ձուե­ցաւ քրիս­տո­նեա­նե­րուն։

Ա­զա­տուած խա­չա­փայ­տը Պարս­կաս­տա­նէն Կա­րին, Կա­րի­նէն Կ. Պո­լիս եւ յե­տոյ մին­չեւ Ե­րու­սա­ղէմ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեան պատ­ճառ հան­դի­սա­ցաւ ա­նոր անց­քը։ Ա­մէն տեղ բարձ­րա­ցուե­ցաւ ա­նի­կա որ­պէս մխի­թա­րու­թիւն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու։ Ար­դա­րեւ, կա­րե­լի է թե­րեւս խոր­հիլ, թէ վե­րա­ցու­մի այս պա­րա­գան էր նոյ­նիսկ, որ պատ­ճառ հան­դի­սա­ցաւ «Խաչ­վե­րաց»ի տօ­նին, զոր այս դէպ­քէն վերջ է որ յոյ­ներ սկսան կա­տա­րել Սեպ­տեմ­բեր 14-ին։ Ուս­տի Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նը ա­մե­նա­մեծ հան­դի­սու­թեամբ կը կա­տա­րուի նաեւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ՝ մա­նա­ւանդ եւ յատ­կա­պէս ու­շագ­րաւ է Կի­րա­կի ե­րե­կո­յի Խաչ­վե­րա­ցի «թա­փօր-ան­դաս­տան»ը՝ որ կը կա­տա­րուի մեծ շու­քով ու ո­գե­ւո­րու­թեամբ։

Հա­ւա­նա­կան է, որ այս հան­դի­սա­ւո­րու­թիւ­նը չա­փով մը գէթ ար­դիւն­քը ըլ­լայ այն տպա­ւո­րու­թեան՝ զոր խա­չա­փայ­տին գե­րե­դար­ձը գոր­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դին սրտին վրայ՝ երբ ան վե­րա­դար­ձաւ Ե­րու­սա­ղէմ։

Տե­ղա­կան ա­ւան­դու­թիւն մը կը պատ­մէր՝ թէ պար­սիկ­ները խա­չա­փայ­տը յանձ­նե­լէ վերջ, զղջա­լով, դար­ձեալ փոր­ձած են յար­ձա­կիլ ետ առ­նե­լու հա­մար զայն. քրիս­տո­նեա­ներ վա­նած են այդ յար­ձա­կու­մը, եւ տես­նուած է, որ խա­չա­փայ­տին հանգ­չե­ցու­ցուած տե­ղէն վճիտ ջուր մը սկսած է բղխիլ։ Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հինգ «տա­ղա­ւար»նե­րէն մին է, ինչ­պէս նա­խա­պէս անդ­րա­դար­ձանք այս սիւ­նակ­նե­րուն մէջ։

Խա­չի տօ­նե­րու կար­գին՝ երկ­րորդ գլխա­ւոր տօնն է «Խաչ­գիւտ»ը՝ ո­րուն անդ­րա­դար­ձանք նաեւ այս տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն սկիզ­բը։ Այս եւ միւս խա­չի տօ­նե­րը ար­դա­րեւ, ցոյց կու տան Ե­կե­ղեց­ւոյ ըն­ծա­յած կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը Խա­չին նկատ­մամբ։ Խա­չը խոր­հուրդ մըն է՝ որ կը ներ­կա­յաց­նէ մա­հ-ւան դէմ յաղ­թա­նա­կը Քրիս­տո­սի եւ ամ­բողջ մարդ­կու­թեան։ Խա­չա­փայ­տին վրայ կայ Քրիս­տո­սի ա­րիւ­նը՝ որ կը սրբա­գոր­ծէ զայն, խորհր­դա­նիշ կը դարձ­նէ խա­չը պահ­պա­նու­թեան, ա­պա­հո­վու­թեան, վստա­հու­թեան, մխի­թա­րու­թեան։ Խա­չը պա­հա­պա՛նն է քրիս­տո­նեա­յին։ Խա­չը պաշտ­պանն է քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեա­լին…։

Խա­չը ճամ­բան է ան­մա­հու­թեան, իս­կա­կա՛ն կեան­քին։ Խա­չին վրայ կը գտնուի Քրիս­տո­սի ա­րիւ­նը, որ կը սրբա­գոր­ծէ նաեւ այն բո­լոր մար­դի­կը՝ ո­րոնք կը հա­ւա­տան ա­նոր զօ­րու­թեան։ Խա­չը նաեւ խորհր­դա­նիշն է սի­րոյ եւ խա­ղա­ղու­թեան, քա­նի որ ա­նոր վրայ խա­չուե­լով Քրիս­տոս, ցոյց տուաւ Աս­տու­ծոյ ան­սահ­մա՜ն սէ­րը մարդ­կու­թեան նկատ­մամբ, եւ քա­նի որ չկա՛յ ա­ւե­լի մեծ սէր՝ քան զո­հել իր կեան­քը իր սի­րած ան­ձին հա­մար։ Խա­չին մէջ պէ՛տք է տես­նել այդ մեծ ան­կեղծ «սէ՛ր»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 30, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015