ՊԱՏՈՒԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

«Պա­տուախնդ­րու­թիւն», իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ իր պա­տուին հան­դէպ նա­խան­ձա­ւո­րու­թիւն, բծախնդ­րու­թիւն եւ այդ մա­սին ե­ռան­դոտ ըլ­լա­լու ընդ­հա­նուր վի­ճակ։ Մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ նա­խան­ձա­ւոր ըլ­լալ կը պա­հան­ջէ ա­մէն մէկ ան­հա­տէն, քա­նի որ «մարդ»ը ինք­նին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւն մը ու­նի՝ բո­լո­րո­վին ան­կախ իր ըն­կե­րա­յին դիր­քէն, աս­տի­ճա­նէն, պաշ­տօ­նէն, պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար որ «ան­հատ» մըն է ան՝ «անձ» մը՝ որ ար­ժէք մը ու­նի եւ պա­տի՛ւ մը, ան­ձեռնմ­խե­լի՛։ Ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով վե­րա­պա­հուած, անհ­րա­ժա­րե­լի, մարդ­կա­յին էու­թեան սեր­տօ­րէն կա­պուած ի­րա­ւունք մը՝ ար­դար սե­փա­կա­նու­թիւն մը, ըն­դո­ծին պա­հանջք մը եւ բնա­տուր կա­րո­ղու­թիւն մըն է։ Մարդ, ու­րեմն ի գին ա­մէն բա­նի պէ՛տք է պաշտ­պա­նէ եւ նա­խան­ձա­ւոր ըլ­լայ իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան նկատ­մամբ, որ կը նշա­նա­կէ՝ պա­տուախն­դիր ըլ­լալ, ե­ռան­դոտ ըլ­լալ այդ մա­սին։

Շատ բնա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւն մըն է պա­տուախնդ­րու­թիւ­նը, քա­նի որ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, ինչ­պէս ը­սինք, բնա­տուր ի­րա­ւունք մը, ան­ձին կա­պուած սե­փա­կա­նու­թի՛ւն մըն է։

Թէեւ պա­տուախնդ­րու­թիւ­նը ան­ձին սեր­տօ­րէն կա­պուած ի­րա­ւունք մըն է, բայց ի վեր­ջոյ ան ալ ու­նի իր չա­փը եւ սահ­մա­նը՝ ինչ­պէս ա­մէն ի­րա­ւունք։

Պա­տուախնդ­րու­թիւ­նը կամ պա­տուի նկատ­մամբ նա­խան­ձա­ւո­րու­թիւ­նը պէտք է վա­յե­լել կամ գոր­ծա­ծել սահ­մա­նա­ւոր կեր­պով, քա­նի որ այդ սահ­մա­նը կ՚ո­րո­շուի ու­րիշ ան­հա­տի մը, ան­ձի մը ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան գի­ծով։ Ուս­տի երբ մէ­կը կը զգայ կամ կը կար­ծէ, որ վի­րա­ւո­րուած է իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, երբ հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տայ ա­նոր, որ բնա­կան է եւ բա­նա­կա՛ն, պէտք է ու­շա­դիր ըլ­լայ՝ որ ինքն ալ փո­խա­դարձ չվի­րա­ւո­րէ իր հաս­ցէագ­րած ան­ձը եւ կամ ոե­ւէ մէ­կը։ Մա՛րդ, իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լու պատ­րուա­կով չի՛ կրնար ու­րիշ մէ­կուն ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը վի­րա­ւո­րել, յար­ձա­կիլ ու­րի­շին մարմ­նա­կան կամ բա­րո­յա­կան սե­փա­կա­նու­թեան, չի կրնար ա­տել ու նա­խա­տել, ա­նար­գել, ան­պա­տուել եւ մին­չեւ իսկ թշնա­մա­նալ…։

Ա­հա­ւա­սիկ այս կէ­տին կը յի­շենք Հին Ուխ­տի «աչ­քի դէմ՝ ա՛չք, ա­տա­մի դէմ՝ ա­տա՛մ» յայտ­նի պա­տուի­րա­նը, որ Մով­սի­սա­կան օ­րէն­քի մէջ ար­տա­յայ­տուած դաս­տիա­րակ­չա­կան պա­տուի­րան մըն էր՝ որ­պէս­զի մար­դիկ անդ­րա­դառ­նան ու հասկ­նան, թէ վրէժխնդ­րու­թիւ­նը եւ ո­խա­կա­լու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն եւ նպաս­տա­ւոր ար­դիւնք­ներ չեն կրնար տալ։ Ուս­տի Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ, գա­ղա­տա­ցի­նե­րու գրած նա­մա­կին մէջ սա­պէս կ՚ը­սէ.

«Օ­րէն­քը ե­ղաւ դաս­տիա­րակ՝ Յի­սուս Քրի­սոտ­սը բե­րե­լու հա­մար»։ Այ­սինքն՝ այս պա­տուի­րա­նը նաեւ մար­գա­րէա­կան էր, քա­նի որ մարդ, այդ խօս­քը ը­նե­լով, հե­տա­գա­յին Յի­սուս Քրի­սոտ­սի նե­րո­ղամ­տու­թեան ըմբռ­նու­մը պէտք է հասկ­նար։

Ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ժա­մա­նակ «մարդ»ուն տրուե­ցաւ Աս­տուած ըն­կա­լե­լու աչք եւ ա­տամ­ներ՝ այ­սինքն՝ մարդ օժ­տուե­ցաւ զԱս­տուած ճանչ­նա­լու, վա­յե­լե­լու եւ բա­րո­յա­պէս ու հո­գե­պէս ճա­շա­կե­լու կա­րո­ղու­թեամբ։ Բայց եւ դժբախ­տա­բար այդ կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ կա­րե­լիու­թիւ­նը, մարդ ի վնաս ի­րեն գոր­ծա­ծեց, քա­նի որ իր աչ­քով տե­սաւ ու հաւ­նե­ցաւ ար­գի­լուած «հա­ճե­լի պտուղ»ը եւ իր ա­տամ­նե­րով՝ ակ­ռա­նե­րով ճա­շա­կեց զայն։

Մինչ­դեռ Յի­սուս Քրի­սոտս ե­կաւ եւ թշնա­մու­թեան դէմ բա­րին հա­տու­ցա­նեց, մար­դուն չա­րա­կա­մու­թեան դի­մաց ինքն իր աչ­քե­րը մա­տու­ցա­նեց, ինք­զինք զո­հեց, քա­նի որ Ինքն իր Մար­մի­նը եւ Ա­րիւ­նը տուաւ ճա­շա­կե­լու։

Ու­րեմն երբ մարդ ի­րա­ւա­ցիօ­րէն եւ ար­դա­րու­թեամբ կը հա­կազ­դէ ու կը պաշտ­պա­նէ իր պա­տիւն ու ի­րա­ւուն­քը, պէտք է նախ չա­փա­ւոր ըլ­լայ՝ սահ­մա­նը չանց­նի, յե­տոյ նոյն­պէս չվի­րա­ւո­րէ այն՝ որ զինք վի­րա­ւո­րած կը կար­ծէ։ Ար­դա­րակշ­ռու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է, իսկ ար­դա­րա­դա­տու­թիւ­նը՝ ազ­նուու­թի՛ւն։

Յե­տոյ, ա­ւե­լի կա­րե­ւո­րը, այդ մա­սին ցու­ցա­բե­րած նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նը եւ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը պէտք չէ եր­բե՛ք թշնա­ման­քի վե­րա­ծէ այն՝ որ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը վի­րա­ւո­րուած կը նկա­տէ։ Եւ որ­պէս ճշմա­րիտ, ան­կեղծ եւ հա­ւա­տա­րիմ քրիս­տո­նեայ, ան­վե­րա­պա­հօ­րէն պէտք է փոր­ձէ դի­մել նե­րո­ղամ­տու­թեան ազ­նիւ զգա­ցու­մին։

Մա՛րդ իր ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը վի­րա­ւո­րուած կար­ծե­լով ու­րի­շին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը պէտք չէ վի­րա­ւո­րել փոր­ձէ։ Մա՛րդ պէտք չէ մոռ­նայ, որ սխա­լը սխա­լով, աղ­տը աղ­տով եւ ա­րիւ­նը ա­րիւ­նով կա­րե­լի չէ սրբագ­րել կամ մաք­րել։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ հո՛ս է որ ար­ժէք կը ստա­նայ նե­րո­ղամ­տու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը, վե­հու­թիւ­նը, վե­հանձ­նու­թի՛ւ­նը։ Ար­դա­րեւ կեան­քի մէջ կարգ մը ա­ւե­լի բարձր ար­ժէք­նե­րու հա­մար սո­վո­րա­կան ար­ժէք­ներ «մա­սամբ» զո­հել վեհ հո­գի­նե­րու ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն մէկն է. ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւն եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն, այս ար­ժէք­նե­րը ան­շուշտ որ ան­սա­կարկ, ան­հա­շիւ, լման նուի­րու­մով վա­յե­լե­լու ար­ժա­նի ի­րա­ւունք մըն է, եւ պէ՛տք է պաշտ­պա­նուի, պահ­պա­նուի, եւ սա­կայն այդ մի­ջո­ցին պէտք է ու­շա­դիր եւ բծախն­դիր ըլ­լալ ու­րիշ­նե­րու ալ ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան, որ­պէս­զի ա­նոնք ալ փո­խա­դարձ վի­րա­ւո­րանք չու­նե­նան։ Ուս­տի հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը չա­փա­ւոր եւ հա­մա­պա­տաս­խան պէտք է ըլ­լայ, եւ ինչ­պէս Հին Ուխ­տին մէջ ը­սուած է, գո­նէ՝ «աչ­քի դէմ աչք» եւ «ա­տա­մի դէմ ա­տամ» ըլ­լայ, այ­սինքն աչ­քի դէմ ամ­բողջ գլու­խը, ամ­բողջ մար­մի­նը, եւ կամ ա­տա­մի մը փո­խա­րէն ամ­բողջ ան­դամ­նե­րը չպա­հան­ջուի՛։ Ի­րա­ւունք պաշտ­պա­նել ի­րա­ւա­ցի եւ ար­դար ա­րարք մըն է, բայց ա­նի­կա չա­փա­զան­ցել՝ նուա­զա­գոյն ո­րա­կու­մով՝ սխա՛լ է, ե­թէ ո՛չ յան­ցանք կամ պա­տուի­րա­նի դէմ թե­րա­ցում, մե­ղան­չո՛ւն։

Եւ վեր­ջա­պէս, ա­մէն պա­րա­գա­յի եւ հան­գա­ման­քի մէջ բա­ցար­ձա­կա­պէս պէտք չէ՛ ան­տե­սուի նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը՝ ե­թէ նոյ­նիսկ ա­նի­կա զո­հո­ղու­թիւն եւ հրա­ժա­րում պա­հան­ջէ կարգ մը ար­ժէք­նե­րէ։ Նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը վսեմ հո­գի­նե­րու, ա­ռա­քի­նի եւ ազ­նիւ ան­ձե­րու փառքն է, այտ­կա­նի­շը եւ նկա­րա­գի­րը։ Վէր­քը ու­րիշ վէրք մը բա­նա­լով կա­րե­լի չէ՛ դար­մա­նել, կա­րե­լի չէ՛ բու­ժել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 25, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016