ՀԱՄԱԽՈՀ ԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԾՒՔ
Մարդկային միտքը եւ երեւակայութիւնը սահման չունի եւ բազմակողմանի է եւ այս իսկ պատճառով իւրաքանչիւր անձ կրնայ տարբեր մտածում եւ կարծիք ունենալ ուրիշի մը նկատմամբ։ Սակայն մտքի, կարծիքի եւ գաղափարներու զանազանութիւնը ո՛չ թէ արգելք, այլ եւ մանաւանդ առիթներ են ճշմարտութեան հասնելու, քանի որ կարծիքներու փոխանակութեան արդիւնք կը յայտնուի ճշմարտութիւնը։ Եւ եթէ մարդիկ ամէն բանի մէջ համամիտ եւ համակարծիք ըլլային՝ թերեւս «ճշմարտութիւն»ը այսքան արժէք պիտի չունենար, հասարակ եւ սովորական գաղափար մը պիտի ըլլար միայն։ Մինչդեռ, այն որ աշխատանքով, նոյնիսկ պայքարով ձեռք կը ձգուի, ան աւելի մեծ արժէք կը ստանայ, յարգ ու պատիւ կը վայելէ։
Ուրեմն գաղափարներու եւ կարծիքներու տարբերութիւնը բանական մարդուս համար բնական է եւ անհրաժե՛շտ։ Բայց անհրաժեշտ է նաեւ գաղափարներու, կարծիքներու արտայայտութեան մէջ անկեղծութի՛ւնը։ Մէկը երբ անկեղծ է իր մտածումներուն մէջ եւ զանոնք կ՚արտայայտէ անկեղծութեամբ, այսինքն կը խօսի՝ ինչպէս որ կը խորհի եւ իր խօսքը համապատասխան կերպով կ՚իրականացնէ, գործի կը վերածէ, այլապէս անիկա առողջ գաղափարի եւ սկզբունքի տէր մարդ է…։
Անկեղծութի՜ւն՝ ի՛նչ որ ամէն անհամաձայնութեան, ամէն անհասկացողութեան դեղթափն է ու դարմանը, պայմա՛ն է առողջ փոխյարաբերութեան մը, ամէն մարզի մէջ։ Մարդիկ կան, որ մէկուն «հաւատարմութիւն» անուանածը, ուրիշ մը միամտութիւն եւ տխմարտութիւն կ՚անուանէ։ Եւ դարձեալ մէկուն նուիրական ու սրբազան դաւանածը, ուրիշ մը նախապաշարում կը կոչէ։ Եւ դարձեալ մարդիկ կը գտնուին, որոնց համար սուտը, կեղծիքը, խարդախութիւնը յաջողութեան անհրաժեշտ պայմաններ են. անպատշաճութիւն, անպարկեշտութիւն, թեթեւաբարոյութիւնը շատերու կողմէ «ընկերային կեանքի պահանջ» կը նկատուին։ Եւ զանազան մոլութիւններ «անմեղ ժամանց»ներու կարգը կը դասուին։ Այս կերպով, ի՞նչ բանաւոր արդիւնք բանաւոր է ակնկալել այն կարծիքներէն, զորս շարժման մէջ դնելու պաշտօն ունեցող անձեր իրարու այսքա՛ն ներհակ, հակադիր մտածումներ, գաղափարներ ունին եւ կենսական սկզբունքներու, էական հարցերու մասին մարդիկ այսքան թիւր ու վնասակար ըմբռնումներ կը զարգացնեն եւ կը գործադրեն զանոնք։
Արդարեւ համամիտ, համախոհ ըլլալ, հոգ չէ թէ մանրամասնութիւններու մէջ տարբերութիւններ ըլլայ, համակարծիք ըլլալ՝ առողջ ընկերային կեանքի մը համար մղիչ ուժ մըն է, զօրութիւն մը, քանի որ համակարծիք ըլլալով կը ստեղծուի «հասարակաց ուժ» մը, որու միջոցով կարելի կ՚ըլլայ աւելի ինքնավստահ պայքարիլ կեանքի դժուարութիւններու դէմ։ Արդարեւ, միութիւնը զօրութիւն է եւ ազդակ՝ յաջողութեան եւ յաղթութեա՛ն։
Արդարեւ, համախոհութեան եւ համակարծիք ըլլալու գործին մէջ երբեմն կարծուածէն շատ աւելի կարեւոր դեր կը կատարեն խոնարհ ու համեստ յարկերու մէջ դեռահաս միտքերու եւ հոգիներու հետ ամէնօրեայ շփում ունեցող ողջամիտ, ազնիւ, պատուախնդիր եւ պարկեշտ ծնողներ, որոնք առաւել չափով գիտակից իրենց ծնողական բարձր կոչումին, պարտականութեան եւ ծանր պատասխանատուութեան՝ ո՛չ թէ միայն իրենց իմաստուն եւ շինարար խորհուրդներով եւ խօսքերով, այլ մանաւա՛նդ իրենց կեանքին օրինակով կը կազմաւորեն, կը կաղապարեն մեղմ հոգիները իրենց զաւակներուն՝ իրենց արիւնէն արիւն, ոսկորէն ոսկոր, կեանքէն կեա՛նք կու տան իրենց հոգեհատորներուն։
Հոս յատկապէս անդրադառնանք «ողջամիտ», «պարկեշտ» եւ «պատուախնդիր» բառերուն, որոնց պէտք չէ՛ պակսի անկեղծութի՛ւնը։
Շեշտ դնենք այս բառերուն վրայ, քանի որ ընդհանրապէս «ազնիւ» մարդ ըլլալու նախապայմաններն են անոնք։ Ուստի, որքան որ ողջամիտ, պարկեշտ եւ պատուախնդիր հայրեր ու մայրեր իրենց տուած «ընտանեկան դաստիարակութեամբ» անգին ու անբաղդատելի ծառայութիւն մը կը մատուցանեն ընտանիքին, համայնքին եւ մարդկային ընկերութեան, միւս կողմէ ծանծաղ, մակերեսային, խորութենէ զուրկ, անձնասէր եւ անխոհեմ եւ թեթեւաբարոյ ծնողներ՝ հայրեր ու մայրեր իրենց անխորհուրդ ու անտարբեր խօսակցութիւններով եւ կասկածելի ու տարօրինակ կենցաղով՝ պատանի հասակով, 10-18 տարեկան իրենց անփորձ մանչերուն են անբիծ աղջիկներուն նորաբողբոջ կեանքը կը խաթարեն. նախ զանոնք յուսախաբ եւ հիասթափ ընելով իրենց իմաստութեան, նկարագրին եւ վարքին մասին, եւ այսպէս կորսնցնելով անոնց յարգանքն ու սէրը, եւ ապա իրենց անմեղ զաւակները իրենց ծուռ եւ վտանգաւոր շաւիղներուն հաւատարիմ հետեւորդներ ընելով, եւ այս կերպով ի վերջոյ ընտանեկան կեանքի սրբութիւնը, անբծութիւնը եւ ընկերային կեանքի առողջութիւնը լրջօրէն խանգարելով։
Արդարեւ, անկեղծութիւնը՝ պարկեշտութեան, ազնուութեան, ողջախոհութեան եւ պատուախնդրութեան մէջ անհրաժեշտ է. մարդ ըլլալու է այնպէս՝ ի՛նչպէս որ է իր միտքը եւ սիրտը, արտաքինը համապատասխան ըլլալու է ներքինին, այլապէս կեանքի ամէն ապրում խաբէութիւն մը, սուտ մը եւ խարդախութիւն մը կ՚ըլլայ եւ մարդ, թէ՛ ինքզինք եւ թէ՛ իր շուրջինները կը խաբէ՝ թէ՛ կը վնասուի եւ թէ՛ կը վնասէ իր շուրջինները։
Անշուշտ կեանքի մէջ բարոյական ուրիշ կարեւոր արժէքներ ալ գոյութիւն ունին՝ որոնք կը կազմեն մարդուս բարոյականը, նկարագի՛րը։
Այս իմաստով, կարեւոր դեր կը խաղան երկու արժէքներ՝ «դատողութիւն» եւ «պատիւ», որոնք մարդուս թանկագին ստացուածքներն են։
Զօրաւոր եւ գործնական դատողութիւն մը «աստուածային ընդոծին շնորհ» մըն է՝ որ անձնական գործերու մէջ յաջողութիւն, հանրային ծառայութիւններու մէջ թանկագին ծառայութիւն կը մատուցանէ, մանաւանդ երբ մարդ հոգ կը տանի զանիկա զօրացնել ամէնօրեայ մտային մարզանքով եւ ծանօթութիւններու նորանոր պաշարներով, տեղեկութիւններով։
Եւ պատիւի զգացումը՝ որուն համար կ՚արժէ մեծապէս եւ վերջին ծայր բծախնդիր ըլլալ, մարդկային ամենէն կարեւոր մէկ դրամագլո՛ւխն է։
Սակայն, ամէնուն գիտցած իրողութիւնն է, թէ դատողութիւնը որքան ալ զօրաւոր եղած ըլլայ, վարջապէս անսխալ չէ՛ եւ իմաստուն ու խոհեմ մարդը կենսական խնդիրներու ժամանակ ուրիշներու դատողութեան ալ դիմելու, զանոնք բաղդատելու եւ համեմատելու պահանջքը կը զգայ։
Իսկ պատիւն ալ, ըստ բաւականի առաձգական բառ մը, ըմբռնում մըն է, եւ մարդոց համոզումներուն, գաղափարներուն եւ հայեացքներուն համեմատ, մարդէ մարդ կը տարբերի, իմաստի փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի։ Կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ պատուաւոր գործերու եւ արարքներու չափանիշները լայնօրէն կը տարբերին, ոմանց համար պատուաւոր արարքը, ընթացքը, ուրիշի մը համար անպատիւ կրնայ նկատուիլ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 28, 2017, Իսթանպուլ