ԺԱՄԱՆԱԿ ՉՈՒՆԻՄ
Կեանքի մէջ նկատած եմ, որ «Ժամանակ չունիմ» ըսող մարդիկ, ընդհանրապէս ժամանակ ունեցողներն են, որոնք անկարեւոր հաճոյքներու համար եւ զեխութեան համար մի՛շտ ժամանակ ունին, սակայն կարեւոր գործերու պարագային չունին:
Հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի մեծագոյն սուտն ու ստախօսները ժամանակ չունեցողներն են, որովհետեւ հաւատացող ենք, որ մարդ ի վիճակի է ժամանակ ստեղծել իր ուզածներուն համար եւ եթէ մէկը երբեւէ «ժամանակ չունիմ» ըսելով ձեզի չ՚այցելեր, վստահ եղէք, թէ պատճառը ո՛չ թէ ժամանակն է, այլ կամեցողութիւնը: Մարդ արարածը միշտ կարեւորութիւն կու տայ իր ժամանակին, ոսկի կը նկատէ այդ ժամանակը, սակայն իրենց համար թանկարժէք թուացող ժամանակը անիմաստ ձեւով կը վատնէ. երկար ժամեր գիշերային ակումբներու մէջ զեխութեամբ կը մսխէ իր այդ «ոսկին», սակայն երբ հարցը հասնի հարազատներու, եկեղեցւոյ եւ Աստուծոյ, ազգային կեանքին յանկարծ մսխուած ժամանակը կը դառնայ ոսկի:
Լիբանանցի գրող Խալիլ Ճըպրան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ.- «Զիս խենթի տեղ կը դնեն որ օրերս ոսկիով չեմ ծախեր, ես զիրենք խենթ կը նկատեմ, որովհետեւ կը խորհին որ օրերը գին ունին». ամբողջութեամբ համաձայն ենք այս խօսքին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ո՛չ թէ ժամանակը, այլ այդ ժամանակը լեցնող արժէքներն են, որ կ՚իմաստաւորեն ինքնին ոչինչ ներկայացնող ժամանակը:
Մարդ արարածը յաճախ ափսոսանքով կ՚արտայայտուի, թէ «ժամանակը կը թռի», սակայն ամբողջութեամբ կը մոռնայ, որ այդ թռչող ժամանակի օդաչուն ի՛նք է եւ ինք կ՚որոշէ այդ ժամանակի ուղղութիւնը: Ժամանակը ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ կամուրջ մը անցեալէն ներկային եւ ներկայէն ապագային գացող: Ժամանակը սուղ չէ, ընդհակառակը՝ ժամանակը մարդուն տրուած է անվճար, սակայն հակառակ անվճար ըլլալուն՝ ունի սահմանափակումներ:
Մարդու մեծագոյն հարստութիւնը ժամանակի կողմէ այն է, որ թէեւ ժամանակը չի՛ կրնար ետ տանիլ, սակայն կրնայ եւ ունի բախտաւորութիւնը ամէն բան դարձեալ փորձելու եւ սկիզբէն սկսելու՝ մինչեւ անյստակ ժամանակ մը եւ գուցէ ժամանակի աւարտի անյստակութիւնն է, որ այդ ժամանակը «սուղ» արժէքի կը վերածէ:
Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ ինչպէս կրնար ըլլալ մարդկային կեանքը, եթէ մարդ արարածին ի սկզբանէ յայտնուած ըլլար անոր ժամանակի աւարտը. իմ կամ քու ժամանակիդ աւարտը գուցէ վաղն է եւ ինչո՞ւ չէ, հաւանաբար այսօր եւ եթէ դուն կամ ես իրապէս գիտնայինք այդ մէկը, ինչպէ՞ս պիտի անցընէինք մեզի յատկացուած վերջին մի քանի ժամերը: Եւ հո՛ս է, որ սկիզբ կ՚առնէ մարդուն տգիտութիւնը. մարդ արարածը յաւիտենական կեանք մը ունեցողի հանգստութեամբ կ՚ուզէ ապրիլ եւ այդ համոզումին դիմաց անխնայ կը վատնէ ժամանակը եւ ժամանակի վերջին հանգրուանին կ՚անդրադառնայ, որ բազմաթի՜ւ անկատար երազներ ու իղձեր թողած է իր ետին. վերջին այդ վայրկեաններուն այդ բոլորը ընելու իղձ կ՚ունենայ. կը խոստանայ առողջանալու եւ ոտքի կանգնելու պարագային կատարել այդ բոլորը, սակայն անխնայ մսխուած ժամանակը ի՛նք կը դառնայ անխնայ եւ այդ առիթը կրնայ չընծայել մարդուն:
Այնպէս ինչպէս կեանքը եւ այլ երեւոյթներ, ժամանակը եւս եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ առեղծուած մը՝ անհասկնալի եւ անըմբռնելի. այդ առեղծուածային վիճակը պարզենք հետեւեալ ձեւով.- 1854 թուականին ծնած ամերիկացի բանաստեղծ Օսքար Ուայլտ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ժամանակը դրամի վատնում է պարզապէս», մինչ մերօրեայ գրող մը կ՚ըսէ «Ժամանակը դրամ է». երկուքն ալ մտաւորական, սակայն մին ժամանակը դրամի մսխում, իսկ միւսը դրամ կը նկատէ:
Մարդ արարածը նման է այն էշին, որ իր կռնակին վրայ թանկարժէք ոսկի շալակած կը տանի, սակայն հակառակ իր վրայ դրուած հարստութեան՝ կը շարունակէ գետնի խոտը ուտել. նոյնն է մարդ արարածը, որ մեծապէս կը գիտակցի ժամանակի կարեւորութեան, սակայն գիտակցելով հանդերձ անխնայ կը վարուի անոր հանդէպ:
Ժամանակին հանդէպ կատարուած մեծագոյն անխնայ ջարդը «օր մը» ըսուած անիրականանալի երազանքներն են. իր ժամանակին յաւիտենական ըլլալը կարծող մարդ արարածը մի՛շտ ալ «օր մը»ի երազով կ՚ապրի եւ ժամանակ առաջ այդ երազանքները կատարելու ձգտելու փոխարէն, «օր մը» ընելու յոյսին կը մնայ եւ օր մըն ալ կը տեսնէ, թէ այդ «օր մը»ն այնպէս ալ չհասաւ ու պիտի չհասնի: Հեռացող անցեալը մեր ձեռքերուն մէջ չէ, սակայն անյայտ ապագան մեր ձեռքերուն մէջ է: Յաճախ անցեալի կարօտով կ՚ապրինք, որովհետեւ ունինք գիտակցութիւնը, որ այդ անցեալը անվերադարձ է. սակայն պէտք է անդրադառնանք, որ անվերադարձ է նաեւ անյայտ ապագան, որ օր մը դարձեալ անվերադարձ անցեալին պիտի միանայ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -231-
Բարեկամներէս ողորմած Կիրակոսը հրաշալի ձայն մը ունէր եւ ամէն առիթի ես դաշնամուրով կ՚ընկերակցէի իր երգեցողութեան: Միշտ ալ կ՚ուզէինք այդ հրաշալի պահերը անմահացնել, սակայն միշտ արգիլող պատճառ մը դուրս կու գար. կամ իր հագուստը անյարմար կը նկատէր այդ օր նկարելու համար, կամ ձայնին մէջ անհանգստութիւն մը կը զգար եւ ամէն անգամ «միւս շաբաթ» անպայման նկարենք կ՚ըսէր:
Օր մըն ալ անակնկալ լուրը ստացանք, թէ Կիրակոս սրտի կաթուածի պատճառով անժամանակ հեռացած է աշխարհէն. այս է պատճառը, որ «միւս շաբաթ կ՚ընենք» եւ կամ «օր մը» արտայայտութիւնները չեմ սիրեր, որովհետեւ «միւս շաբաթ» նկարուիլ ցանկացող Կիրակոսը յաւիտենապէս անկարող է նկարուելու...:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024