ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Նախորդ գլուխին մէջ Հայրիկ խօսեցաւ զաւակին եւ մօր միջեւ տեղ գտած սկզբնական կապին մասին. հիմա արդէն կու գայ «Ընտանեկան դաստիարակութիւն զաւակաց» խորագրին տակ խօսելու Հայրիկին համար ամենէն կարեւոր նիւթերէն մէկուն՝ դաստիարակութեան մասին:

Զաւակի մը համար առաջին ուսուցիչը, ինչպէս բոլորս գիտենք ու բազմիցս լսած ենք, հայրն ու մայրն է։ Հայրիկ ծնողական պարտաւորութեան մէջ ամենէն շատ կը կարեւորէ դաստիարակութիւնը. անոր խօսքերով. «Արդ երբ շունչ եւ կեանքը՝ երկնից Հօրն է, սքանչելի պատկերն ու կերպարանքն՝ երկնից Հօր, արեւ, անձրեւ, հաց եւ ջուր, երկնից Հօր, հասակն եւ աճումն երկնից Հօր. այլ եւս ի՞նչ կը մնայ երկրաւոր Հօր եւ Մօր բաժինն, եթէ ոչ միայն դաստիարակութիւն»: Մեծագոյն հարստութիւնը որ ընտանիք մը իր զաւակին կրնայ տալ, դաստիարակութիւնն է: Հայրիկ նոր լոյս աշխարհ եկող մանուկը կը նմանեցնէ կոյր մանուկի մը, որուն աչքերը ծնողքը կը բանայ, որպէսզի աշխարհը տեսնեն, կարենան զանազանել լոյսը խաւարէն, բարին՝ չարէն:

Մանուկը մտաւոր կուրութեամբ լոյս աշխարհ կու գայ եւ ծնողքի մը մեծագոյն ու առաջնահերթ պարտականութիւնն է կրթել մանուկը, մշակել մանուկին միտքը. մանուկը լոյս աշխարհ կու գայ մտապէս դատարկ եւ ծնողքն է, որ անոր մէջ կը սերմանէ բարի ու չար խորհուրդները։ Մանուկը չի՛ գիտեր զանազանել չարն ու բարին. ան ինչ որ լսէ ու տեսնէ իր ծնողքին կողմէ, այդ մէկը բարի կը կարծէ: Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ նիւթական բարիքները մեծ զոհողութիւններ են, սակայն հարստութիւնը անիմաստ է՝ եթէ ծնողքը այդ հարստութեան կողքին զաւակին չփոխանցէ հոգիի բարութիւն ու դաստիարակութիւն: Հայրիկ օրինակ կը բերէ մեծահարուստներու զաւակները, որոնք նիւթական ամէն հարստութիւն ունին, սակայն շատ անգամ չունին դաստիարակութիւն. Հայրիկ կ'ըսէ, որ անոնց վախճանը դարձեալ չքաւորութիւնն է, որովհետեւ նիւթական հարստութենէն անկախ բարոյական հարստութիւնն է, որ մարդը մարդ կը դարձնէ. շատ շատեր այս աշխարհի մէջ հարուստ ծնած, սակայն որպէս ստրուկ մեռած են, այդ իսկ պատճառով բոլոր մանուկներուն, մանաւանդ թշուառ պայմաններու մէջ ապրող մանուկներու համար մեծագոյն հարստութիւնը կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնն է:

Հայրիկի խօսքերով, անդաստիարակ զաւակներուն վախճանը աղքատութիւնն ու թշուառութիւնն է եւ Հայրիկ օրինակ կը բերէ անառակ որդիին առակը, որ հայրը ամէն տեսակ հարստութեան տէր ըլլալով գնաց եւ թշուառ կեանք մը ապրեցաւ. անառակ որդին ունէր ամէն հարստութիւն, սակայն չունէր դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն: Այս բոլորին մասին խօսելով Հայրիկ գրի կ՚առնէ այս իմաստալից խօսքը. «Ուրեմն զաւակաց ապագայ կեանքը՝ ծնողաց դաստիարակութենէն կախումն ունի: Եթէ ի սկզբան մատաղ զաւակները բարի եւ ուղիղ դաստիարակութիւն ստացած են այլ եւս տարակոյս չի կայ որ հայրենի տան ճրագ մշտավառ կը մնայ եւ ընտանեկան առհասարակ բարեկեցիկ կեանք կը վարեն»:

Հայրիկի համար առաջնահերթ ու ճի՛շդ դաստիարակութիւնը սկիզբ կ՚առնէ Աստուածապաշտութեան գիտութիւնը փոխանցելէ. մանուկները վստահաբար ի վիճակի չեն հասկնալու այդ վերացական գաղափարները, անոնք չեն կրնար ըմբռնել, սակայն Աստուածապաշտութիւն ըսելով Հայրիկ նկատի չունի վերացական Աստուածաբանական խրթին ըմբռնումները. «Չեմ խօսիր, որ ծնողք իբրեւ աստուածաբան վարդապետ ճառեն կրօնի բարձրութեան վերայ: Ո՛չ, ծնողաց դասերը շատ պարզ ու բնական են. մանուկ երկինքը եւ աստղերը տեսնելով հետաքրքրիր կը լինի, կը հարցնէ, գիտնալ կ՚ուզէ թէ ով է երկնի եւ երկրի զարդարող Արարիչը», կ՚ըսէ Հայրիկ։ Այդ իսկ պատճառով, Հայրիկ կը յորդորէ մանուկներուն հետ ըլլալ մանուկ ու պարզ. չձանձրանալ անոնց բազմաթիւ հարցումներէն եւ համբերութեամբ լաւագոյն ձեւով պատասխանել անոնց հարցերուն: «Ծնողական դասերուն մէջ ճարտարախօսութիւն, փիլիսոփայութիւն բնաւ պէտք չունի, հապա զիջանելով՝ մանկական հասակին համեմատ հարկ է պարզ, ընտանի եւ սիրալիր խօսքերով աւանդել կրթութիւնը», կ՚ըսէ Հայրիկ: Ճշմարիտ ու առողջ դաստիարակութեան մը հիմը ծնողական գորովն ու բնական սէրն է, որուն մէջ պէտք է պահել հաւասարակշռութիւնը, որովհետեւ հակառակ պարագային կրնայ առաջնորդել երկու հակառակ ծայրայեղութիւններու:

Դաստիարակութեան պարագային պէտք է հեռու մնալ նաեւ խստութենէն, որովհետեւ, ինչպէս Հայրիկ կ՚ըսէ. «խստութենէն՝ ուրիշ խստութիւն ծնանի». այս խօսքով Հայրիկ ըսել կ՚ուզէ, որ զաւակը կը ծնի մօր եւ հօր նմանութեամբ եւ կ՚ընդօրինակէ անոնց բնաւորութեան գիծերը եւ հետեւաբար անոնք հայելին են իրենց ծնողքին: Կարեւոր են Հայրիկի հետեւեալ խօսքերը. «Արծւոյ չափ սրատես են մանուկներու աչքերը, քաջ կը դիտեն իրենց ծնողաց կեանքը եւ շարժումն. Եւ ըստ այնմ կ՚ընդունին եւ կը հետեւին եթէ առ չարն՝ եւ եթէ առ բարին»: Հետեւաբար դաստիարակելու լաւագոյն ձեւը ճառելու, քարոզելու եւ յորդորելու փոխարէն սեփական կեանքով օրինակ ըլլալն է, որովհետեւ մէկ ազդու եւ տպաւորիչ օրինակ աւելի կ՚ազդէ՝ քան տրուած բազմաթիւ խրատներ, որովհետեւ աչքը կ՚ընդօրինակէ եւ զանոնք կը տպաւորէ մանուկին հոգիին եւ սիրտին մէջ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մանուկի մը ինչպէ՞ս բացատրել, թէ ո՞վ է Աստուած:

Պատասխան. Երեխային Աստուծոյ մասին պէտք է խօսիլ պարզ ու յստակ բառերով: Առաջին հերթին կրնաք զԱստուած նկարագրել որպէս անտեսանելի, որ ստեղծած է Աշխարհը, մարդիկն ու կենդանիները: Պէտք է ներկայացնել զԱստուած որպէս պաշտպան մարդկութեան եւ առաջնորդ, որ կը հոգայ իւրաքանչիւրիս: Կրնաք զԱստուած ներկայացնել որպէս իմաստուն եւ բարի ընկեր մը, որ միշտ պատրաստ է լսել, օգնել ու մխիթարել: Պէտք է շեշտել այն գաղափարը, որ մենք թէեւ չենք տեսներ զԱստուած, սակայն կրնանք զգալ անոր ներկայութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024