ՏՈՒԳԱՆՈՒԵԼՈՒ «ՄԱՏԵՐԵԱԼ»ՆԵՐՍ
Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը նախքան պաշտօնի կոչուիլը կ՚աղաղակէր, թէ «Հայաստանի քաղաքացին տուգանուելու մատերեալ չի», սակայն կը տեսնեմ, որ հակառակ այդ կոկորդ պատռող աղաղակներուն, Հայաստանի քաղաքացին կը շարունակէ մնալ տուգանուելու մատերեալ: Այս համոզումը անգամ մը եւս փաստուեցաւ երէկ, երբ անուշիկ պահարանի մը մէջ ստացայ տուգանք մը. մեղաւորութի՞ւն. Երեւանի կենդրոնը «արգիլուած» տեղ մը ինքնաշարժը երեք վայրկեան կանգնեցնելու պատճառով:
Մերօրեայ պետութիւնը անցեալին կը քննադատէր նախորդ պետութեան տուգանքներու սարսափելի վիճակը. կը խոստանար պաշտօնի կոչուելէ ետք վերացնել բոլոր այն օրէնքները, որոնք պարզապէս քաղաքացիներ տուգանելու եւ պետութիւնը հարստացնելու կը ծառայեն, սակայն փորձը ցոյց կու տայ, որ նորը հինէն ո՛չ մէկ բանով կը տարբերի:
Մէկ անգամ Հայաստան այցելելը բաւարար պիտի ըլլայ հասկնալու համար տուգանուելու ահաւորութիւնը. ականատես պիտի ըլլաք, թէ ինչպէս զինուորական ինքնաշարժները անօթիներու պէս որս կը փնտռեն եւ ամենէն նուազագոյն պատճառը կը փնտռեն կանգնեցնելու եւ անհուն սիրով մը տուգանելու համար քաղաքացիները: Հիմա արդէն զինուորներու նոր խումբ մը ծնունդ առած է, որոնք կը տուգանեն նաեւ հետիոտն անցորդները:
Լիբանան ծնած ու մեծցած ըլլալով, օր մը օրանց պետութեան որպէս պատիժ ու տուգանք վճարում կատարածնիս չեմ յիշեր, սակայն Հայաստան հաստատուելէ ի վեր գոնէ ամիսը մէկ անգամ պետութեան «նուէր» տուգանք մը կը ծագի:
Այս բոլորի կողքին Հայաստանի կառավարութիւնը կու գայ տուգանելու նոր ձեւով մը. յետ այսու ամէն մարդ իր հեռախօսին մէջ կրնայ ծրագիր մը արձանագրել, որուն միջոցով կը կարողանայ մարդոց սխալները նկարել եւ ներկայացնել պետութեան. այլ խօսքով պարապ մարդոց զբաղմունք մը՝ զինուորի բացակայութեան իսկ հետապնդուելու եւ տուգանուելու:
Ու զարմանալիօրէն ներկայ կառավարութիւնը առանց ամօթ զգալու մերօրեայ տուգանքները կը փորձէ համեմատել անցեալի կանոններուն հետ. օրինակ՝ հպարտութեամբ կը նշէ, որ ինքնաշարժի համար նախատեսուած տուգանքները երեսուն օրուան ընթացքին չվճարելու պարագային չի բարձրանար, մինչ անցեալին այդ տուգանքը կրնար 50 առ հարիւր տոկոսով աւելնալ:
Երբեւէ կարդացա՞ծ էք Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները տուգանքի մասին. եթէ ոչ, ապա մի քանի հետաքրքրական կէտեր.-
Քրէական օրէնսգիրքի 51-րդ յօդուածի չորրորդ կէտը կ՚ըսէ.- տուգանքը վճարելու անկարողութիւն ունենալու պարագային տուգանքը կը փոխարինուի հանրային աշխատանքով, իսկ նոյն յօդուածի երկրորդ կէտը կ՚ըսէ, թէ հանրային աշխատանքներէն չարամտօրէն խուսափիլը անձը կը տանի կալանքի եւ մինչեւ իսկ բանտարկութեան:
Հայաստանի մէջ տուգանելը այնքա՜ն սովորական դարձած է, որ յաճախ կրնաք տուգանուիլ՝ նոյնիսկ երբ երկրէն դուրս կը գտնուիք. բացատրեմ. տարի մը ընտանիքս Նոր տարին նշելու համար Լիբանան մեկնեցաւ. այն ժամանակ ես Լիբանան կ՚ապրէի. մօտաւոր երեք շաբաթ մնալէ ետք վերադարձան Հայաստան եւ փաստօրէն Լիբանան գտնուած ժամանակ ինքնաշարժի խախտումի մը համար տուգանք ստացան. ո՛չ ոք քշած էր ինքնաշարժը, սակայն խախտումի վերաբերեալ նամակ մը հասած էր. բողոքեցին եւ տուգանքը չեղեալ նկատուեցաւ, նկատի ունենալով որ այդ ժամանակաշրջանին Հայաստանէն դուրս կը գտնուէին: Ինչպէ՞ս կրնայ պատահած ըլլալ. մի՛ մտածէք, Հայաստան է եւ ամէն բան կարելի:
Հիմա մեր կառավարութիւնը խելքը դրած է ինքնաշարժներու սեւ ապակիներուն եւ զարմանալիօրէն այդ նոր տուգանքի որոշումին որպէս պատճառ կ՚ընդունին վարորդին յստակ չերեւիլը. սեւ ապակիներու ետին դժուար է տեսնել, թէ վարորդը կը ծխէ՞, ամրագօտին դրա՞ծ է, հեռաձայնի վրա՞յ է. եւ բացէ ի բաց կը յայտարարեն, թէ նման օրէնք կ՚ընդունի պարզապէս յստակ տեսնելու եւ տուգանելու համար քաղաքացիները:
Սիրայօժար ձեւով պատրաստ ենք տուգանքները վճարել, եթէ գիտնանք, թէ այդ գումարները պիտի ծառայեն լաւ նպատակներու, դպրոցներու վերաշինութեան եւ այլն:
Այս բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու այն դժբախտ երեւոյթը, որ Հայաստանի մէջ օրէնքները միա՛յն քաղաքացիներուն համար կը նախատեսուին. զարմանալիօրէն օրէնքը ընդունողները զերծ կը մնան օրէնքէն...
Մեզի պէտք է կառավարութիւն մը, որ առնելէ աւելի տալու մասին մտածէ, որովհետեւ բոլորիս ալ ծանօթ է Հայաստանի մէջ եղող թշուառութիւնները եւ հետեւաբար «տուր» ըսող կառավարութեան մը փոխարէն «հրամմէ՛» ըսողը պէտք է մեզի:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -258-
Ողորմած հայրս կրնանք նկատել Հայաստանի մէջ տուգանք վճարողներու առաջնութեան մրցանակակիր, որովհետեւ ամսական նուազագոյնը վեց-եօթ տուգանք անպայմանօրէն կը նուիրաբերէր պետութեան:
Օր մը հինգ տուգանք միաժամանակ եկաւ եւ արդէն վճարելէն այնքան զզուած էր, որ առանց կարդալու բոլորն ալ պատռեց, սակայն հանրային աշխատանքէն եւ բանտարկութենէն ազատուելու համար վճարեց բոլորը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան