ԹԱՂՈՒԱԾ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

Բնաւ խոր­հա՞ծ էք, թէ կեան­քի մէջ ի՜նչ ար­ժէք­ներ, բա­րիք եւ գե­ղեց­կու­թիւն­ներ կան՝ ո­րոնք թա­ղուած ու ծած­կուած՝ կը սպա­սեն, որ մէ­կը անդ­րա­դառ­նայ ի­րենց գո­յու­թեան եւ յայտ­նուին։ Ի՜նչ գան­ձեր կան պա­հուած, քօ­ղար­կուած՝ ան­յայտ, ո­րոնք կը սպա­սեն օգ­տա­կար ըլ­լա­լու, բայց ան­յայտ կը մնան՝ ան­տար­բեր ու ան­հոգ մար­դոց աչ­քին։

Շա­տեր դար­ձած, շրջած են այդ թա­ղուած ար­ժէ­քին վրայ, ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու, ինչ­պէս աղ­քատ մը՝ որ չ՚անդ­րա­դառ­նար այն դրա­մին, որ ան­մի­ջա­պէս իր ոտ­քին տակն է, կ՚անց­նի կ՚եր­թայ աղ­քա՜տ։ Մինչ­դեռ ո՜ր­քան կա­րօ­տը եւ պէտ­քը ու­նէր այդ դրա­մին՝ որ թե­րեւս կեն­սա­կան ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէր ի­րեն հա­մար…։

Աղ­քա­տու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ միայն նիւ­թա­կան աղ­քա­տու­թիւն չի նշա­նա­կեր։ Մտա­յին աղ­քա­տու­թիւ­նը, հո­գիի աղ­քա­տու­թիւնն ալ աղ­քա­տու­թիւն է, բայց երբ մարդ իր առ­ջեւ ներ­կա­յա­ցած ար­ժէք­նե­րուն չանդ­րա­դառ­նայ, անց­նի ու եր­թայ, մտա­պէս եւ հո­գե­պէս միշտ աղ­քատ կը մնայ՝ դա­տա­պար­տուած մին­չեւ կեան­քին վեր­ջը աղ­քատ մնա­լո՛ւ։ Եւ մեր կեան­քի ըն­թաց­քին, բո­լորս ալ, ո՜վ գի­տէ, մեր ան­տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռով ի՜նչ ա­ռիթ­ներ կորսն­ցու­ցած, բա­րե­պա­տե­հու­թիւն­նե­րէ չենք կրցած օգ­տուիլ եւ չենք կրցած փո­խել մեր կեան­քի ըն­թաց­քը։

Ուս­տի պէտք է օգ­տուիլ բա­րե­պա­տե­հու­թիւն­նե­րու մե­զի ներ­կա­յա­ցու­ցած ա­ռիթ­նե­րէն՝ ո­րոնք ա­մէն մէ­կը թա­ղուած, պա­հուած գան­ձեր են՝ ար­ժէք­ներ, որ կրնան բա­րե­փո­խել մեր կեան­քը։ Զոր օ­րի­նակ, ո­մանք հա­մեստ գի­տու­թեան տէր ըլ­լա­լը՝ կեան­քի պայ­ման­նե­րու անն­պաստ կեր­պով ըն­թա­ցած ըլ­լա­լուն կը վե­րագ­րեն։ Կեր­պով մը, ճա­կա­տագ­րա­պաշտ­ներ են ա­նոնք։ Բայց «ճա­կա­տա­գիր» ը­սել եւ ար­դա­րաց­նել ինք­զինք, եր­բեք գո­հա­ցու­ցիչ ար­դա­րա­ցում մը չէ՛, պար­զա­պէս «տկա­րու­թիւն» եւ կեան­քի պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն փա­խուստ տա­լու մի­ջոց մը…։

Մինչ­դեռ ա­րի եւ քաջ մար­դը կը պայ­քա­րի կեան­քին ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րուն եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն դէ՛մ։

Մար­դուն կը վա­յե­լէ անդ­րա­դառ­նալ ա­ռիթ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած բա­րիք­նե­րուն, օգ­տուիլ ա­նոնց նպաստ­նե­րէն եւ ըստ այնմ ըն­թացք տալ կեան­քին։ Ար­դա­րեւ կեան­քը չէ՛ որ մար­դուս ըն­թաց­քը պէտք է ո­րո­շէ, այլ՝ մա՛րդն է որ կեան­քին ըն­թաց­քը պի­տի ո­րո­շէ եւ մար­դուն՝ բա­նա­ւոր էա­կին ար­ժա­նա­ւո­րու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը ա՛յս կը պա­հան­ջէ՝ «ճա­կա­տա­գիր» ը­սել եւ ա­մէն բան ա­նոր վե­րագ­րել, ճա­կա­տագ­րի ա­պա­ւի­նիլ, ճա­կա­տագ­րով ար­դա­րա­նալ, ճա­կա­տագ­րով մխի­թա­րուիլ՝ հա­կա­ռա՛կ է մար­դուն կո­չու­մին եւ ա­րար­չու­թեան նպա­տա­կին։ Ար­դա­րեւ ճա­կա­տագ­րի յե­նուլ, կ՚ամ­լաց­նէ մար­դը, ան­շարժ ու ա­նաշ­խատ կ՚ը­նէ, եւ մար­դը՝ որ աշ­խա­տե­լու եւ ար­տադ­րե­լու, ա­զա­տօ­րէն ապ­րե­լու կո­չուած է, կը հե­ռաց­նէ իր նպա­տա­կէն։ Ա­յո՛, աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրա­գիր մը կայ, բայց ա­սի­կա չէ վեր­ջա­ցած, կը շա­րու­նա­կէ իր ըն­թաց­քը՝ միշտ բա­րե­փո­խուե­լով եւ հետզ­հե­տէ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լով։ Ու­րեմն «ճա­կա­տա­գիր» ըմբռ­նու­մը վերջ­նա­կան, վճռա­կան, հա­տու, սուտ բան մը չէ, այլ հետզ­հե­տէ, տա­կա­ւին կա­տա­րե­լա­գոր­ծուող, բա­րե­փո­խուող ըն­թացք մը։ Ան կա­յուն բան մը, ան­բե­կա­նե­լի վճիռ մը չէ, այլ շար­ժուն, պա­րա­գա­նե­րու եւ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով փո­փո­խու­թեան են­թար­կուող վի­ճակ մըն է։ Մարդ երբ ի­րեն ըն­ծա­յուած ա­ռիթ­նե­րէն չ՚օգ­տուիր, ան­տար­բեր կը մնայ ա­նոնց նկատ­մամբ, ինչ­պէ՞ս կրնայ «ճա­կա­տա­գիր» ը­սել ի­րեն պա­տա­հած դժբախ­տու­թիւն­նե­րուն եւ կեր­պով մը պա­տաս­խա­նա­տու բռնել իր Ա­րա­րի­չը՝ Աս­տուա­ծը…։

Ուս­տի ո­րե­ւէ դժբախ­տու­թիւն «ճա­կա­տա­գիր»ի վե­րագ­րել՝ զԱս­տուած ամ­բաս­տա­նել, յան­ցանք վե­րագ­րել եւ մե­ղադ­րել կը նշա­նա­կէ՝ զԱյն, որ կը կար­ծուի թէ գրած է «ճա­կա­տա­գիր»ը մար­դուն։

Հա­պա, «ճա­կա­տա­գիր» ը­սող­ներ ինչ­պէ՞ս պի­տի բա­ցատ­րեն մար­դուս «ա­զատ կամք»ը։ Մա՛րդ, դուն ա­զա­տօ­րէն ու­զածդ ը­րէ եւ յե­տոյ զԱս­տուած ամ­բաս­տա­նէ, դիւ­րին ճամ­բով փա­խուստ տուր պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն։ Ո՛չ. ա­սի­կա ար­դա­րու­թիւն չէ՛, այլ ա­պե­րախ­տու­թի՛ւն Ա­նոր, որ ա­մէն բա­րիք, ա­մէն ա­զա­տու­թիւն տուած է մար­դուն՝ բա­նա­կա­նու­թեամբ, ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ եւ ի­մաս­տու­թեամբ օժ­տած ու զօ­րա­ցու­ցած է զայն։ Մարդ քա­նի որ մե­քե­նայ մը չէ, քա­նի որ ա­զատ է իր խոր­հուրդ­նե­րուն, խօս­քե­րուն եւ ա­րարք­նե­րուն մէջ, ա­պա ու­րեմն պէտք է ըն­դու­նի ա­նոնց ար­դիւնք­նե­րը՝ նպաս­տա­ւոր կամ անն­պաստ։ Եւ պէտք է հա­տու­ցա­նէ ա­նոնց փո­խա­րէ­նը։ «Ճա­կա­տա­գիր» ը­սել, ա­նոր ա­պա­ւի­նիլ՝ ի­մաս­տու­թեամբ եւ ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած բա­նի­մաց մար­դուն վա­յել մտա­ծում չէ՛։

Թա­ղուած, թա­քուն ի՜նչ ար­ժէք­ներ, ա­ռիթ­ներ կան՝ ո­րոնք մար­դուս օգ­տա­գործ­ման կը սպա­սեն աշ­խար­հի վրայ։ Բայց երբ մարդ ան­տար­բեր կը գտնուի ա­նոնց գո­յու­թեա­նը, կ՚ան­տե­սէ եւ կը շա­րու­նա­կէ իր դժբախ­տու­թեամբ լե­ցուն կեան­քը, ա­պա ու­րեմն ո՞վ է, կամ ո՞րն է յան­ցա­ւո­րը. ան­տար­բեր մար­դը՝ ի՛նք, թէ «ճա­կա­տա­գիր»ը։

Մար­դուս ի­մա­ցա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը, ի­մաս­տու­թիւ­նը ե՛ւ բա­նա­կա­նու­թիւ­նը կը մեր­ժէ ճա­կա­տա­գի­րը՝ իր ընդ­հան­րա­պէս հասկ­ցուած եւ ըմբռ­նուած ի­մաս­տով։ 

Աս­տուած ո՛չ թէ ճա­կա­տա­գիր, այլ ծրա­գիր մը գծած է իր ա­րար­չա­գոր­ծու­թեամբ եւ այդ «ծրա­գիր»ը բա­րե­փո­խուող, կա­տա­րե­լա­գոր­ծուող ըն­թացք մըն է, չէ վեր­ջա­ցած, այլ կ՚ըն­թա­նայ դէ­պի վերջ­նա­կան կա­տա­րե­լու­թիւն։ Եւ այս ըն­թաց­քին մէջ ո՞ւր տե­ղա­ւո­րել կը խոր­հին «ճա­կա­տա­գիր»ը, այն ա­մէն ճա­կա­տագ­րա­պաշտ­նե­րը, ո­րոնք մարդս ա­մուլ էակ մը կը նկա­տեն՝ «մե­քե­նայ» մը՝ ո­րուն ամ­բողջ ըն­թաց­քը կան­խա­պէս ճա­կա­տագ­րուած է։

Սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե՜ր. ճա­կա­տա­գի­րը մարդ­կա­յին տկա­րու­թեան եւ թե­րու­թեան հե­տե­ւանք է, փա­խուս­տի ճամ­բայ մը պա­տաս­խա­նա­տուու­թե­նէն, կեան­քի դժուա­րու­թիւն­նե­րէն։ Մինչ­դեռ Յի­սուս կ՚ը­սէ՝ թէ դժուա­րու­թիւն­ներ պի­տի ըլ­լան աշ­խար­հի վրայ, պէտք է քա՛ջ ըլ­լալ եւ պայ­քա­րիլ ա­նոնց դէմ։ Պահ մը խոր­հինք՝ ե­թէ ա­մէն նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու եւ դժբախ­տու­թիւն­նե­րու «ճա­կա­տա­գիր» ը­սենք եւ ըն­դու­նինք զա­նոնք, չպայ­քա­րինք ա­նոնց դէմ քա­ջա­բար, ա­պա Յի­սու­սի պատուի­րա­նին հա­կադ­րած չե՞նք ըլ­լար։ Ե­թէ ա­մէն դժբախ­տու­թիւն վե­րագ­րուի ճա­կա­տագ­րի, ին­չո՞ւ քաջ ըլ­լալ, ին­չո՞ւ զա­նոնք պար­տե­լու, յաղ­թա­հա­րե­լու աշ­խա­տի մարդ։ Բա­նա­կա­նու­թեան հա­կա­ռակ չէ՞ ա­սի­կա։

Ա­մէն ինչ ճա­կա­տագ­րի վե­րագ­րել դիւ­րին ճամ­բայ մըն է՝ որ նա­խընտ­րե­լի է միա՛յն ծոյլ, թոյլ եւ տկար­նե­րէ՝ լոյծ մա՛ր­դու գործ է ան։ Իսկ զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի տէր մար­դուն կը վա­յե­լէ քա­ջա­բա՛ր պայ­քա­րիլ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 26, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2015