ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԱՐԴԱՑՈՂ ՄՆԱ՞Ց

Նկատենք թէ ոչ, ժամանակը իր հետ կրցաւ փոխել գրեթէ ամէ՛ն բան: Վերիվայր ըրաւ ամէն բան եւ այն երեւոյթը, որ բնական էր, դարձուց արտասովոր, իսկ արտակարգը՝ բնական: Այս փոփոխութիւնը երեւելի եղաւ ամէ՛ն տեղ՝ բարոյականէն սկսեալ մինչեւ նիւթականին ու առարկայականին մէջ: Այս տարբերութիւններուն մասին աւելիով մտածել սկսայ երբ կարդացի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին երկուշաբթի, 5 օգոստոս 1913-ի թիւը:

Ա. Գալփաքճեան անունով գրողը թերթին առաջին էջին հրատարակուած «Պաշտպանենք մեր տղաքը» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ.- «Քանի մը օր առաջ, թիւնէլին վերի կողմի սպասելու տեղը, հազիւ չափահաս հայ օրիորդ մը տեսանք, իր մօրը կամ մէկ ազգականին հետ, ձեռքը Վէրթէր մը բռնած, կ՚երեւայ թէ նոր գնած էր այդ գիրքը: Դեռահաս աղջկան մը ձեռքը՝ Վէրթէր.- ասիկա շատ գէշ ազդեց մեր վրայ: Քանիցս փորձուեցանք մօտենալ եւ խորհուրդ տալ որ չկարդայ այդ գիրքը: Չհամարձակեցանք: Բայց ետքը գոնէ դիտողութիւն մը ըրած չըլլալնուս համար խղճահարեցանք: Որովհետեւ այդ գիրքը գերման ամենէն երեւելի բանաստեղծին՝ Կէօթէի այդ գլուխ գործոցը, վտանգաւոր է, եւ կրնար թերեւս աղիտաբեր ըլլալ այդ աղջկան»:

Երիտասարդ աղջիկ մը՝ ձեռքին գիրք, այն ալ համաշխարհային գրականութեան մէջ յայտնի Կէօթէի գիրքը, իսկ անդին «մի՛ կարդար» ըսել ուզող յառաջացած տարիքով մարդ մը: Յաճախ մտածած եմ, որ անցեալին ուսումն ու գիտութիւնը այնքան ալ դիւրահաս չէր մարդուն՝ ինչքան այսօր, սակայն հակառակ այդ իրողութեան, անցեալի երիտասարդը շատ աւելի գիտակից ու խելահաս էր քան այսօրուանը. գիտութիւնը ինչքան դիւրահաս դարձաւ, մարդ արարածը այնքան բթացաւ ու անուս՝ սակայն խելահաս սերունդի մը յաջորդեց ուսեալ՝ սակայն իմացականութենէ զուրկ սերունդ մը:

Մեր կեանքին մէջ եղող փոփոխութիւնները մի՛շտ ալ միջին մը չեն ունեցած. անոնք մէկ ծայրայեղութենէ գացած են միւսին. անցեալի երիտասարդը կ՚ուզէր կարդալ ամէ՛ն բան՝ նոյնիսկ ան՝ որ Գալփաքճեանի վկայութեամբ այնքան ալ առողջ երեւոյթ մը չէր (նկատի ունենալով ունենալիք ազդեցութիւնը ընթերցողին վրայ): Ամէ՛ն ինչ գիտնալ ուզող սերունդէ մը անցանք բան մըն ալ գիտնալ չուզող սերունդի մը, որովհետեւ ներկայ կեանքը նոր սերունդին մէջ ներարկեց այն համոզումը, որ ապրելու համար ո՛չ գիտելիքի, ո՛չ ալ իմացականութեան կարիքը կայ. շնչելը բաւարար է:

Յաճախ երբ նման նիւթերու մասին ակնարկ կ՚ընեմ, մարդիկ կը փորձեն ուշադրութեան յանձնել, որ այս վերջին մի քանի տարիներուն պատկերը սկսած է նախկին տեսքը առնել. նոր սերունդը սկսած է «գիտակցիլ», որ համացանցն ու ներկայ դարուն պատկանող բոլոր այլանդակութիւնները այնքան իմաստութիւն չունին՝ քան երբեմնի խորհրդածողներն ու գրողները:

Այո՛, ներկայ սերունդին մօտ կարդացողներու փոքրամասնութիւն մը սկսած է երեւան գալ, սակայն անոնք չեն կրնար համեմատուիլ Գալփաքճեանի նշած երիտասարդին հետ հետեւեալ պատճառով.-

Այսօր կարդալը ձեւակերպութիւն մըն է. յաճախ կը տեսնեմ, որ մարդիկ համացանցի մէջ կը փորձեն անընդհատ նկար տեղադրել, մարդոց «աչքը մտցնել»ու համար, որ իրենք առաւօտեան սուրճին քով գիրք կը կարդան. այդ տեղադրուած նկարներուն մէջ «աչք մտցնել» ուզուող գիրքերը մեծաւ մասամբ օտար լեզուով են՝ անգլերէն կամ ֆրանսերէն, որովհետեւ Շէյքսփիր մը կարդալը շատ աւելի իմաստունի ազդեցութիւն կը ձգէ դիմացինին վրայ՝ քան Մատթէոս Զարիֆեան մը. դուք ըսէք, աւելի գրաւիչ չէ՞ Ակաթա Քրիստի անունը՝ քան Ղազարոս Աղայեան մը, քան Յակոբ Թէրզեան մը:

Յաճախ նման «աչք մտցնող»ներուն առաջարկած եմ հայերէն այս կամ այն գիրքը կարդալ. պատասխանը յաճախ եղած է նոյնը. «հայերէն կարդացող մնա՞ց». իրաւունք ունի գուցէ, որովհետեւ Աղայեան մը դիմացի աղջկան մօտ «հին գլուխ» եղողի տպաւորութիւն կրնայ ձգել, մինչ Ակաթա Քրիստի մը անունին պէս առեղծուածային տպաւորութիւն մը կրնայ ստեղծել, չէ՞ որ Ակաթա Քրիստի կարդացողները բոլորը մտաւորական ու գիտնական մարդիկ են...:

Անցեալ օր անգլերէն կարդալը «աչք մտցնել» ուզող երիտասարդ աղջկայ մը առաջարկեցի հայերէն կարդալ. հետեւեալ պատասխանը տուաւ.- «Ես հոգեբանութիւն կը սիրեմ, հոգեբանական նիւթեր կը սիրեմ. հայերէն այդպէս գիրքեր չկան». չկա՞ն. անմիջապէս յիշեցի 16-17 տարեկան եղած ժամանակս կարդացած Տոքթ. Ճէլալեանի «Խելագար հայուհին» աշխատութիւնը, որ կը կարծեմ մարդկային հոգեբանութիւնն ու հոգեկան վիճակները վերլուծող լաւագոյն աշխատութիւններէն մէկն է (Ճէլալեանի այս աշխատութիւնը վէպ մըն է, ուր մեծահարուստ մարդ մը իր պանդոկը մաքրող աղջկան հետ յարաբերութեան մէջ կը մտնէ։ Աղջիկը կը յղիանայ, սակայն անոր աղքատ ըլլալը նկատի ունենալով մեծահարուստը կ՚որոշէ հեռանալ եւ կը պատուիրէ օգնականին մեծ գումարի դիմաց վերացնել ծնելիք երեխան. Ճէլալեան լաւապէս կը ներկայացնէ այն հոգեկան վիճակը, որ կրնայ ունենալ նման կացութեան մը մէջ գտնուող երիտասարդուհի մը. լաւապէս կը ներկայացնէ այն հոգեկան վիճակը, որ կ՚ունենայ մանուկ մը «վերացնելու» դատապարտուած ծառայ մը: Լաւապէս կը ներկայացնէ ա՛յն հոգեկան վիճակը՝ որ կ՚ունենայ անտարբեր մեծահարուստ մը՝ ի դիմաց իր զոհերուն: Ծառան հակառակ հրամանին, կը յաջողի ողջ պահել ծնած մանուկը, որ որոշ ժամանակ ետք կեանքի տարբեր պայմաններով կը յայտնուի մեծահարուստ հօրը դիմաց՝ առանց գիտնալու իր հայրը ըլլալու իրողութիւնը: Վէպը լաւապէս կը ներկայացնէ, թէ սէրը ինչպիսի կարողութիւն կ՚ունենայ բուժելու ճակատագիրի զոհ դարձած անբուժելի թուացող աղջկան հոգեկան վիճակը...): Վերջապէս, մարդկային կեանքը, հոգեկան ապրումներն ու զգացումները լաւագոյնս ներկայացնող գիրք մը, որ կրնայ մրցիլ աշխարհի «յայտնի» Ակաթա Քրիստիներուն եւ անոր նմաններուն հետ: Իրական կեանքէ առնուած վէպ մը՝ որ հրաշալի թատրոն, ինչպէս նաեւ ժապաւէնի կրնայ վերածուիլ:

Քաջալերելու համար երիտասարդուհին, առաջարկեցի առաջին մի քանի էջը իրար հետ կարդալ. բարձր ձայնով աւելի քան 35 էջ կարդացինք իրար հետ. տպաւորութիւնը լաւ էր, սիրած էր գիրքն ու նիւթը: Գիրքը յանձնեցի իրեն, որպէսզի շարունակէ ընթերցանութիւնը: Գիրքը յանձնելէս ի վեր անցած է աւելի քան երկու ամիս եւ տակաւին ինք 35-րդ էջին վրայ կը շարունակէ մնալ: «Ժամանակ չեղաւ» տակաւին կարդալու... հիմա դո՛ւք ըսէք, խնդիրը հոգեբանական նիւթ չըլլալն է, թէ հայ գրականութեան հանդէպ եղող անտարբերութիւն մը: Վա՜յ թէ այդ գիրքը նոյնութեամբ գրած ըլլար Շէյքսփիր. այսօր աշխարհ մը ամբողջ ծանօթ կ՚ըլլար այդ պատմութեան:

Հակառակ այս ահռելի տեսակին, կան նաեւ անոնք, որոնք հայերէն կարդալնին կ՚ուզեն «աչք մտցնել»՝ շատ անգամ ծիծաղելի դրութեան մատնուելով. անցեալները «իմատուն» մը Շահան Պէրպէրեանի փիլիսոփայական գիրքերէն մին վէպ կարծելով կը ցուցադրէր, թէ կը կարդայ... գիրք՝ որ որպէս դասագիրք կը գործածուի. մինչեւ իսկ հանդիպած եմ իմաստունի մը՝ որ որպէս սկզբնական գիրք ձեռքը անցած է գրաբար գիրք մը... եւ կարդալ կը փորձէ։ Էջերը ինքնավստահ կը թերթուին՝ առանց բան մը հասկնալու, որովհետեւ կարդալու հիմնական նպատակը կարդալն է՝ ոչ հասկնալը:

Վա՜յ մեզի...:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՏՐԴԱՏ ՊԱԼԵԱՆ
(1850-1923)

Մեր թուականէն 99 տարիներ առաջ՝ 2 յուլիս 1923-ին Աթէնքի մէջ մահացած է բանասէր, մատենագէտ, բանահաւաք եւ եկեղեցական գործիչ Տրդատ Պալեան:

Տրդատ Պալեան ծնած է 21 սեպտեմբեր 1850 թուականին, Կեսարիոյ մէջ: Փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Զմիւռնիա, ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է Ներսիսեան վարժարանէն ներս: Ապա ընդունուած է Երուսաղէմի դպրեվանք եւ աւարտելէ ետք ստացած՝ հոգեւորականի օծում:

Եկեղեցական օծում ստանալէ ետք Պալեան 1884-1887 թուականներու միջեւ ստանձնած է Սուրբ Յակոբեանց վանքի աւագ թարգմանիչի պաշտօնը. ապա 1887 թուականին ընտրուած է Կեսարիոյ թեմի առաջնորդ: Պաշտօնավարելով Կեսարիոյ մէջ, Պալեան 1888 թուականին հիմնած է ժառանգաւորաց վարժարան, որ եղած է Կեսարիոյ եւ շրջակայ շրջաններու կրթական ու մշակութային կենդրոն: Վարժարանի կողքին Պալեան հիմնած է նաեւ գրադարան եւ թանգարան, ուր հաւաքած ու մեկտեղած է հայկական հին ձեռագրեր եւ հնատիպ հրատարակութիւններ:

Պալեան հրաժարելով առաջնորդութեան պաշտօնէն, սկսած է շրջիլ Փոքր Ասիոյ, Կիլիկիոյ, Պաղեստինի եւ այլ վայրերու հայաբնակ գիւղերը եւ գրի առնել անոնց բանահիւսութիւնները, որոնք 1922-ի հալածանքներու ժամանակ Զմիւռնիոյ մէջ բռնագրաւուած եւ ոչնչացած են՝ մնալով անտիպ: Հալածանքներու պատճառով ապաստանած է Աթէնք, ուր անցուցած է իր կեանքի մնացած կարճ ժամանակաշրջանը:

Պալեան 1900 թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է «Բազմավէպ», «Հանդէս Ամսօրեայ», «Բիւզանդիոն», «Լոյս», «Բանասէր», «Արեւելեան Մամուլ» եւ այլ պարբերականներու, հրատարակելով բանասիրական յօդուածներ, մատենագիտական ցանկեր, եկեղեցական նիւթեր եւ այլ հրապարակախօսական նիւթեր: 

Պալեան կարեւոր ներդրում ունեցած է Յակոբ Մեղապարտի հրատարակութիւններու ժամանակաշրջանը յայտնաբերելու գործին մէջ: Հրատարակած է «Սուրբ Երկիր», «Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց ի Թուրքիա», «Հայ աշուղներ, Զմիւռնիա», «Հայ վանօրայք ի Թուրքիա» եւ այլ աշխատութիւններ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022