ՄԱՔՈՒՐ ԽԻՂՃ ԵՒ ԿԵԱՆՔ
Անհատի մը խիղճը, որ ո՛չ թէ միայն մարդուն ուղիղ եւ պատուաւոր կեանքի մը առաջնորդը, այլ նաեւ համայնքին բարձրագոյն օգուտին ծառայող ուժեղ ազդակ մըն է, կրնայ յաճախ քունի կամ թմրութեան վիճակի մը, նոյնիսկ բոլորովին մահացումի ենթարկուիլ։ Խղճի դէմ գործուած արարքի մը մասին մարդուն «թոյլատու» եւ «ներողամիտ» ընթացքը դէպի վա՛ր քայլ մըն է, եւ եթէ ենթական չանդրադառնայ այս ցաւագին սայթաքումին, վայրէջքը հետզհետէ աւելի՛ ուժգին եւ ահաւոր կը դառնայ։
Եւ ո՛չինչ աւելի ողբալի է քան «մեռած եւ թաղուած խիղճ»ի մը գերեզմանը…։
Անձնական շահերու, հաճոյքներու, կիրքի եւ փառքի հարուածներուն ներքեւ խիղճը օրէ օր կը շշմի, կ՚անգիտակցի եւ վերջապէ՛ս կը մահանայ։
Գիտակից կամ անգիտակից այս «մահացում»ին չարիքը կ՚անդրադառնայ եւ կը տարածուի նաեւ ամբողջ ընկերութեան վրայ, հասարակութեան մէջ՝ համայնքի մը մէջ առաջնորդելու դեր ունեցող անձեր յաճախ կը ստիպուին թոյլ ընթացք մը ունենալ, նոյնիսկ աչք գոցել իրենց ներկայացուած օրինազանց եւ զեղծանող անձերու արարքներուն, որովհետեւ ասոնք կերպով մը իմացած են զիրենք դատելու պաշտօն ունեցող անձին մէկ ապօրէն արարքը։ Ո՛վ որ ալ ըլլայ «դատող»ը՝ դաստիարակ թէ հրապարակագիր, աշխարհական կամ կրօնական, կրթական կամ թէ տնտեսական մարմինի մը անդամը, եթէ «մաքուր խիղճ եւ կեանք» չունի, համարձակութիւն չ՚ունենար յանցաւորին հանդէպ գործածել իր բովանդակ հեղինակութիւնը, չի կրնար շեշտակի նայիլ անոր աչքերուն մէջ, խրատներով համոզել կամ պատժելու սպառնալիքը ընել։
Բարոյական հեղինակութեան տէր անբասիր եւ մաքուր անհատը ընկերային եւ բարոյական առողջ կեանքին ամենէն զօրեղ ազդա՛կն է։
Անծանօթ եւ անմեղ տեղեկութիւն մը կրնայ ահաբեկել խղճի բեռ ունեցող անձը, եւ հեռացնել զայն։ Իսկ մարդուն ամենէն անխառն ու հարազատ գոհունակութիւնը եւ երջանկութիւնը՝ խղճի հանդարտութեան գինով միայն կրնան գնուիլ։
Հանդարտ խիղճը եւ մաքուր սիրտը ամենամեծ հարստութիւնն է՝ գա՛նձն է մարդուն։
Առողջ, հանդարտ եւ արթուն խղճի մը խայթը կը թափանցէ «երկաթեայ հաստաբեստ պարիսպ»ներէն ալ նե՛րս, եւ շեշտակի եւ անողոք կերպով կը նայի ոճրապարտ անհատի մը աչքով։
Յանցաւորի մը խիղճը տարբեր կերպով մըն ալ կը պատժէ մարդը։
Աննպաստ եւ թշնամական նշանակութիւն կու տայ ամենէն պարզ երեւոյթներուն ալ։ Անմեղ ժպիտը հեգնական ակնարկութիւն մը կը նկատէ եւ անտարբեր ու անգիտակ մարդոց դէմքին վրայ արհամարհանք կը տեսնէ, անվնաս բառ մը իր երեսին նետուած դատավճիռ մը ըլլալ կը կարծէ։
Եւ իր ծանօթ ու անկեղծ բարեկամներուն մէջ իսկ «թշնամի»ներ կը տեսնէ։
«Ամբարիշտը առանց մէկու մը հալածանքին կը փախչի», կ՚ըսէ առակախօսը։ Ուրեմն, մէկ խօսքով, առողջ խղճին խայթը դժո՛խք մըն է աշխարհի վրայ։ Ան՝ դժոխքը կ՚ապրեցնէ երկրի վրայ ապրուած ատեն, առանց դժոխքի…։
Բայց այս դժոխքը միեւնոյն ատեն բանական էակին մէջ ուղղութեան եւ արդարութեան աստուածային սկզբունքներուն գոյութիւնը կը շեշտէ։
Եւ աւելի՛ երանելի է խղճի խայթին չարչարանքը կրող անձը, քան մեռած խիղճերու պարգեւած սուտ խաղաղութիւնը եւ երկինքը վայելողը. քանի որ այս վերջինին մէջ բարոյական մարդը «նեխած դիակ» մըն է միա՛յն։
Արդարեւ, պատիժի, անպատուութեան, օրինազանցութեան եւ նախատինքի վախը բարերար թումբ մը՝ բլուր մըն է ընկերային զեղծումի եւ յանցագործութեան դէմ։ «Դամոկլեան սուր» մըն է այդ «թումբ»ը եւ երբ վերցուի այդ արգելքը՝ որքա՜ն զսպուած կիրքեր, անիրաւ ի՜նչ արարքներ ոտնակոխ պիտի ընեն ամէն օրէնք, ամէն կանոն եւ սահման։
Վախը, այս իմաստով, կարեւոր ազդա՛կ մըն է ուղիղ եւ արդար կեանքի մը համար։
Եւ այդ «վախ»ին կ՚անդրադառնայ մարդ «խղճի խայթ»ով։ Ուստի «գաւազան»ի մը դերը կը կատարէ ան մարդուս ներաշխարհին մէջ՝ անհրաժեշտ գործիք մը…։
Բնազդով միայն ապրող կենդանիներու, բանականութեան՝ տրամաբանութեան ձայնին չանսացողներու, կամ անհաւասարակը-շիռ միտքերու համար կարեւոր զսպանակ մըն է վա՛խը։
Եւ ամէն ապրող էակի համար «վախ»ը՝ կեանքը չափաւորող, հաւասարակշռող, սահմանաւորող միջոց մըն է, եւ ամէն անոնց համար, որ չեն անդրադառնար եւ չեն լսեր խղճի ձայնը եւ չեն զգար խղճի խայթ իրենց անտարբերութեան, անգիտակցութեան եւ անզգամութեան պատճառո՛վ։
Անշուշտ լաւագոյն միջոցը բանաւոր ընթացքով ապրելու, գործելու եւ մանաւանդ չարը եւ բարին զանազանելու եւ ըստ այնմ շարժելու եւ ապրելու համար, այն է նկարագիրը լա՛ւ կերտուած սերունդ մը հասցնել, ուր ծնողքին եւ դաստիարակին ծանր պատասխանատուութիւնը կը պահանջուի։ Արդարեւ լաւ կերտուած նկարագիրը եւ լաւ կրթուած միտքը եւ ազնիւ հոգին կ՚ապրի առանց խղճի խայթ զգալու, քանի որ անոր սխալ գործելու հաւանականութիւնը շատ քի՛չ է ընդհանրապէս։
Բայց մարդ էակը որքան ալ կրթուած ըլլայ՝ որքան ազնիւ, ի վերջոյ մարդկային թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի եւ կրնա՛յ անակնկալ կերպով մը սխալիլ։ Բնական է ասիկա։
Ուրեմն, մարդ պէ՛տք է միշտ պատրաստ ըլլայ լսելու խղճին ձայնը՝ որ իմացական կարողութիւն մը, բարոյական զգացում մըն է ընդոծին, եւ կը գործէ որպէս «հակակշի՛ռ» մարդուս մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 27, 2017, Իսթանպուլ