ԱՐԱԲ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՆ ՈՒ ՄԵՐՈՆՔ

Երէկ սեղանակից դարձայ երիտասարդի մը, որ հոգեւոր կեանքի նկատմամբ յատուկ հետաքրքրութիւն ունի եւ այդ իսկ պատճառով շատ մը եկեղեցականներու հետ մտերմութիւն հաստատած ու բարեկամացած է: Խօսակցութեան ընթացքին նկատեցի, որ ան օտար եկեղեցականներ շատ աւելի հոգեւոր ու օրինակելի կը նկատէ՝ քան հայ եկեղեցականները եւ այս հարցին շուրջ ունեցանք բանավէճ մը:

Առաջին հերթին պէտք է ընդունիլ, որ մի քանի հոգիի կեցուածքը ի նկատի ունենալով կարելի չէ դատել միաբանութիւն մը, որովհետեւ տարբեր անձեր ըլլալով իւրաքանչիւր միաբան կ՚ունենայ տարբեր խառնուածք, ըմբռնում ու ապրելաձեւ եւ հետեւաբար ընդհանրացնելը անիմաստ կը թուի. այնպէս ինչպէս Քրիստոսի աշակերտներուն մէջ գոյութիւն ունէր Յուդա մը, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր միաբանութեան մէջ կրնան գոյութիւն ունենալ նմաններ, որոնք իրենց կեանքով ու վարքով կը մրոտեն ընդհանուր միաբանութեան անունը:

Խօսակից երիտասարդս կը շարունակէր պնդել, որ արաբ եկեղեցականները աւելի հոգեւոր են քան մերոնք. գուցէ նոյն համոզումին մէջ գտնուին շատ շատեր, որովհետեւ ինչպէս ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Թմբուկին ձայնը հեռուէն անուշ կու գայ»: Այնպէս ինչպէս ընտանիքի մը իսկական դէմքը չես կրնար յստակ տեսնել մինչեւ անոնց մէջ չապրիս, նոյն սկզբունքով պէտք է մօտենալ սուրբ կարծուած միւս հոգեւորական միաբանութիւններուն. օրինակի համար, մենք Մարոնի եկեղեցական մը կը տեսնենք իր պաշտօնին վրայ, իսկ եկեղեցւոյ մէջ եւ որպէս «լուրջ» եւ «սրբակրօն» մարդ կ՚ուզենք տեսնել, սակայն այդ մէկը իր պաշտօնի երեսն է. գուցէ այդ նոյն մարդը իր առանձնութեան եւ կամ մօտիկ շրջանակին մօտ տարբեր անձնաւորութիւն մըն է՝ որ օտար է մեզմէ բոլորին:

Այս նոյն համոզումով ըսեմ, թէ շատ մը արաբներ մեծ սքանչացումով կը նային մեր եկեղեցականներուն եւ մինչեւ իսկ «երանի՜» մը կու տան, որովհետեւ անոնք եւս մեր եկեղեցականները կը տեսնեն պաշտօնի վրայ գտնուած պահուն:

Մարդկային տկարութիւն մըն է ատել սեփականը եւ ամէն ազգ ի ծնէ վարակուած է այս հիւանդութեամբ. օրինակի համար, կրնայ ըլլալ հայ մը սքանչացումով դիտէ Ամերիկան, սակայն նոյն այդ Ամերիկային մէջ ապրող մը ատէ իր երկիրը եւ հակառակ՝ սիրէ մեր հայրենիքը:

Սակայն պէտք է ուսումնասիրել, որ մեր ժողովուրդը այսօր ինչ բան կը սպասէ մեր եկեղեցականներէն։ Սրբակրօնութիւնը եթէ ճգնաւորական կեանք մը ապրելու մէջ է, վստահ կրնաք ըլլալ որ նման երեւոյթ դժուար թէ ունենանք, ո՛չ թէ այն պատճառով որ ճգնաւորներ գոյութիւն չունին, այլ ժամանակն ու առաքելութիւնը այդ մէկը չէ որ կը պահանջէ։ Իրականութեան մէջ այսօր ճգնարաններու մէջ իրենց օրը անցընող ճգնաւորներէ աւելի ժողովուրդին մէջ ներկայութիւն եղող եկեղեցականներու կարիքը կայ. ժողովուրդին մէջ գտնուող այդ եկեղեցականները իրաւունք չունին այսօր ըլլալու տէր Թոդիկ՝ խոժոռ դէմքով ու երեսը կախ. այսօրուան եկեղեցականը պարտաւոր է կատակել, խօսիլ, հոգեւորէն դուրս նիւթերու մասին խօսիլ ու մանաւանդ գիտնալ, որովհետեւ մերօրեայ աշխարհը այդ մէկն է որ կը պահանջէ։ Երիտասարդները կամաց կամաց եկեղեցականին զգեստը յարգելու եւ գնահատելու փոխարէն անոր անձն ու գիտութիւնը կ՚ուզեն գնահատել: Եթէ կ՚ուզենք երիտասարդութիւնը դէպի եկեղեցի հրաւիրել, կարիքը ունինք եկեղեցականներու, որոնք այնքան ալ «սրբակրօն» չեն, որովհետեւ հին ու աւանդական ձեւով հասակ առած եկեղեցական մը չի կրնար առողջ երկխօսութիւն մը ունենալ երիտասարդութեան հետ:

Հին խօսք մը կ՚ըսէ, թէ իւրաքանչիւր տուն ունի իր բաղնիքը եւ միայն այդ տան մէջ եղողները լաւապէս տեղեակ են անցուդարձերուն։ Վերոյիշեալ երիտասարդը եթէ մօտէն ծանօթ ըլլար արաբ եկեղեցականներու կեանքին, գուցէ յուսախաբութիւն մըն ալ այդտեղ ապրէր, որովհետեւ ինք հայ եկեղեցականները ոչ սրբակրօն կը նկատէ, որովհետեւ բարեկամական սերտ կապեր ու յարաբերութիւններ ունի անոնց հետ:

Աւելին, շատ շատեր կը հաւատան, թէ ճգնաւորները անձնասէր մարդիկ են, որովհետեւ իրականութեան մէջ լերան վրայ իր ճգնարանին մէջ առանձնացած անձը ո՛չ մէկ օգուտ ունի իր ժողովուրդին՝ բացի իր հոգիի փրկութենէն։ Ժողովուրդը այսօր կարիքը ունի քարոզողներու, երիտասարդական խնդիրներէն հասկցող միաբաններու՝ քան լերան վրայ ճգնողներու:

Կ՚ուզենք յստակ ըլլայ, որ ճգնութեան դէմ չենք եւ լաւապէս կը գիտակցինք անոնց արժէքին, սակայն ժողովուրդին մէջ գործողները աւելի անհրաժեշտ են մեզի:

Անցեալին կար հայու արժանապատուութիւն մը, հպարտութիւն մը եւ նախնիներ մի՛շտ ալ՝ հակառակ անճշդութեան, միշտ կատարեալ ու անթերի կը տեսնէին հայկականը եւ այդ մէկը պարզապէս ծնունդ էր ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան, սակայն այսօր տարօրինակ ձեւով սեփականը մերժելու եւ օտարինը մեծարելու սէր մը կը տեսնուի բոլո՛ր ոլորտներէն ներս. հայրենիքը կը բաղդատուի այլ երկիրներու հետ, հոգեւորականները կը բաղդատուին այլ հոգեւորականներու հետ, մեր գրականութիւնը կը համեմատուի այլոց «բարձր» գրականութեան հետ եւ այլն:

Պէտք է գիտակցութիւնը ունենալ, որ իր բոլոր վիճակներուն մէջ թէ՛ հայրենիքը եւ թէ մեր եկեղեցական եղբայրները մե՛րն են եւ հետեւաբար քարկոծելու փոխարէն պէտք է պաշտպան կենալ օտար յարձակումներէ, որովհետեւ բամբասելով չէ որ երեւոյթ մը կը լուծուի՝ այլ սրտցաւ խօսելով, խորհրդածելով, մտածելով, գրելով ու արտայայտուելով՝ ունենալու համար խոստմնալից սերունդ մը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -306-

Մօտաւորապէս եօթ տարի առաջ Վեհափառ հայրապետը պարտականութիւն տուաւ, որպէսզի պատրաստեմ 1990 թուականէն մինչեւ 2016 թուականը բոլոր օծում ստացած եկեղեցականներու ցանկը: Գործը մեծցնելով, որոշեցի ցանկին մէջ գրել անոնց աւազանի անունները, օծումի թուականը, օծող սրբազան հօր անունը եւ այլն:

Աւարտին, նկատեցի, որ եկեղեցականներէն շատեր կարգը ձգած ու հեռացած էին. որոշեցի կարգաթող եղողներուն անունները կարմիրով նշել, որպէսզի յստակ ըլլայ, որ կարգէն հեռացած են. աւարտին տեսայ, թէ շարքը երկարեցաւ ու էջին մեծ մասը կարմիրով ներկուեցաւ. որոշեցի ջնջել՝ որովհետեւ հեռացողները մնացողներուն չափ շատ էին...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2023