ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Ողջախոհութիւն»ը կը նշանակէ՝ անձին ներքին միութիւնը իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր էութեան մէջ։ Ողջախոհութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ որ իր մէջ կը բովանդակէ անձին ամբողջականութիւնը։ Ուստի, ողջախոհ մարդը գիտէ իր մէջ պահել կեանքի ամբողջականութիւնը եւ սիրոյ ուժերուն՝ որոնք զետեղուած են իր մէջ։ Այս ամբողջականութիւնը կ՚ապահովէ անձին ներքին միութիւնը, կը հակառակի զայն վիրաւորող ամէն վերաբերմունքի։

«Ողջախոհութիւն»ը որպէս առաքինութիւն, կը բովանդակէ «ինքնատիրացումի վարժեցում»ը, որ մարդուն ազատութեան կրթանք մըն է։ Այստեղ երկնտրանքը յըս-տա՛կ է, մարդ կա՛մ կ՚իշխէ իր կիրքերուն եւ ձեռք կը ձգէ «խաղաղութիւն»ը, եւ կա՛մ անոնց ստրուկ կը դարձնէ ինքզինք եւ դժբա՛խտ կ՚ըլլայ։

Արդարեւ, մարդուն արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ան շարժի ըստ «գիտակից եւ ազատ ընտրանք»ի մը՝ մղուած եւ վճռուած անձնական համոզումով եւ վճռուած հաստատ կամքով եւ ո՛չ թէ միայն բնազդային մղումներու կամ արտաքին ստիպողութեան ազդեցութեան տակ։ Մարդ կը հասնի այս արժանապատուութեան, երբ ձերբազատուելով կիրքերու ամէն ստրկութենէն, բարիին ազատ ընտրանքով, կը քալէ դէպի իր «ճակատագիր»ը՝ ստեղծագործութեան ծրագրին մէջ իրեն սահմանուած դերը կատարելու, եւ իր հնարամտութեամբ համապատասխան միջոցները կը ճարէ։

Ան որ կ՚ուզէ հաւատարիմ մնալ իր սկզբունքներուն, հաւատալիքներուն եւ համոզումներուն, եւ անոնց վերաբերեալ իր խոստումներուն, եւ դէ՛մ կենալ ամէն տեսակ փորձութիւններու, պիտի հոգայ առ այս պահանջուած «միջոց»ները՝ ինքնաճանաչումը, հոգեւոր ճգնութեան մը ապրումը՝ կացութիւններուն համեմատ, հնազանդութիւնը աստուածային պատուիրաններուն, գործադրումը բարոյական առաքինութիւններուն եւ հաւատարմութիւնը բարձր արժէքներուն։

«Ողջախոհութիւնը մեզ կը վերակազմէ, ան կը տանի մեզ այն ներքին միութեան, զոր մենք կորսնցուցած էինք տարտղնուելով», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

«Ողջախոհութեան» առաքինութիւնը կը համընթանայ «ժուժկալութեան» բարոյական առաքինութեան հետ, որ կը ձգտի մարդկային զգայնականութեան կիրքերը եւ ախորժակները իմացականութեամբ թրծելու։ Ինքնատիրացումը երկար յարատեւութեան աշխատանք է։ Պէտք չէ երբեք համարիլ, թէ զայն կարելի է ձեռք ձգել մի անգամ ընդ միշտ։ Ան կեանքի բոլոր տարիքներուն մէջ վերսկսուած ճիգ մըն է, յարատեւ ջանք մը կ՚ենթադրէ։ Պահանջուած ճիգը կամ ջանքը կրնայ աւելի՛ սաստկանալ որոշ շրջաններու մէջ, ինչպէս անձնականութեան կազմաւորման դժուար շրջանին՝ մանուկին եւ պատանիին մէջ։

Ողջախոհութիւնը ունի «աճումի օրէնք»ներ, որոնք կ՚անցնին անկատարութենէն եւ շատ յաճախ մեղքով, մոլորանքներով դրոշմուած հանգրուաններէ։

Արդարեւ, օրը օրին, ողջախոհ եւ առաքինի մարդը ինքզինք կը կերտէ բազմաթիւ եւ ազատ ընտրանքներով։ Այսպէս, ան «բարոյական բարի»ն նախ կը ճանչնայ, կ՚անդրադառնայ անոր գոյութեան, ապա կը սիրէ եւ վերջապէս կը գործադրէ՝ հետեւելով աճումի մը հանգրուաններէն ստացած կեանքի ընդհանուր փորձառութիւններուն։

Ողջախոհութիւնը կը ներկայացնէ նկըր-տում մը, ձգտում մը գերազանցօրէն անձնական, ան կ՚ենթադրէ նաեւ «մշակութային ճի՛գ» մը, որովհետեւ անձին կատարելութեան եւ նոյնինքն ընկերութեան բարգաւաճումին միջեւ գոյութիւն ունի «փոխադարձ ներքին կախեալութիւն» մը։ Ողջախոհութիւնը կ՚ենթադրէ յարգանքը անձին իրաւունքներուն, եւ յատկապէս իրաւունքը ստանալու տեղեկութիւն եւ կրթութիւն, որոնք կը յարգեն բարոյական եւ հոգեւոր եզրերը մարդկային կեանքին։ Ողջախոհութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ մանաւա՛նդ յարգել անձին արժանապատուութիւնը եւ արժանաւորութիւնը։

Ողջախոհութիւնը բարոյական առաքինութիւն մըն է։ Ան նաեւ պարգեւն է Աստուծոյ, «շնորհք» է, պտուղ է հոգեկան գործին։

Սէրը «ձեւ»ն է բոլոր առաքինութիւններուն։

Սիրոյ ազդեցութեան տակ, ողջախոհութիւնը կը յայտնուի իբրեւ «դպրոց» մը ինքնանուիրումի։

Ինքնատիրացումը ուղղուած է ինքնանը-ւիրումին։ Ողջախոհութիւնը զինք կիրարկողին կ՚առաջնորդէ մերձաւորին մօտ վկան դառնալու՝ Աստուծոյ հաւատարմութեան եւ գուրգուրանքին։

Ողջախոհութեան առաքինութիւնը կը ծաղկի, կը պտղաբերի ընդհանուր «բարեկամութեան» մէջ։ Ան ցոյց կու տայ «աշակերտ»ին՝ ի՛նչպէս հետեւիլ եւ նմանիլ Անոր՝ որ մեզ ընտրեց իբր Իր յատուկ «բարեկամ»ները. «Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի։ Այլեւս ձեզ ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը, այլ՝ ձեզ բարեկա՛մ կոչեցի, որովհետեւ ինչ որ Հօրմէս լսեցի՝ ձեզի յայտնեցի» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12-15)։

Ինքզինք մեզի ամբողջովին տալէն ետք, Ան մեզ մասնակից կ՚ընէ Իր աստուածային վիճակին։ Այս պատճառով, ողջախոհութիւնը խոստո՛ւմ է անմահութեան։

Ողջախոհութիւնը կ՚արտայայտուի մանաւանդ բարեկամութեան մէջ մերձաւորին հետ։ Արդարեւ, նոյն սեռին կամ տարբեր սեռի անձերու միջեւ հաստատուած եւ մշակուած բարեկամութիւնը բոլորին համար բարի՛ք մը կը հանդիսանայ։

Ողջախոհութիւնը՝ արտայայտուած մերձաւորին բարեկամութեան մէջ, կ՚առաջնորդէ հոգեւոր հաղորդութեան։ Ուստի ամէն բարեկամ կոչուած է ողջախոհութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 28, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019