ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ

Գուցէ շատեր լսած չըլլան հայ պատմաբան ու վիճակագիր Ա-Դո-ի մասին (իսկական անունով Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան), որ հասարակական գործիչ ըլլալով հանդերձ իր ժամանակը տրամադրած է գրելու հայ ժողովուրդի տնտեսական, ընկերային եւ ազգագրական պայքարի իրավիճակներուն մասին. ան իր «Մեծ դէպքերը Վասպուրականում 1914-1915 թուականներին» աշխատութեան մէջ հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ «գաղթ»ի դժբախտ պատկերը. «Գաղթը այլ բան է խաղաղ պայմաններու մէջ, ամառ ժամանակ, այլ բան է երբ հապճեպ ձեւով կը կատարուի, թշնամիի սարսափով ու ուժով մղուած, այն ալ ձմրան սառնամանիքներուն մէջ». իրականութեան մէջ մենք «գաղթ» ըսելով կը հասկնանք տուն ու տեղ կորսնցուցած, անօթեւան ու թափառական հասարակութիւն մը, սակայն գաղթը իր մէջ ունի այլ վէրքեր եւս, որոնց մասին պիտի ըլլայ մեր այսօրուան յօդուածը:

Առաջին հերթին, գաղթ ըսելով պէտք չէ միայն յիշել 1915 թուականը, որովհետեւ հայ ժողովուրդը մի՛շտ այդ գաղթականի մթնոլորտին ու հոգեբանութեան մէջ եղած է եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ ըլլալ. մեր ժողովուրդի պատմութիւնը գաղթերու ամբողջութիւն մըն է պարզապէս. վկայ վերջին Արցախի պատերազմը՝ իր աւելի քան 120 հազար գաղթական-թափարականներով: Վկայ վերջին տասնամեակին Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ժողովուրդի ապրած դժուարութիւններն ու գաղթը դէպի օտար ափեր:

Իրականութեան մէջ գաղթականութեան դժուարութիւնը սեփական տունէն-տեղէն հեռանալը չէ միայն. տունը, աշխատանքը, նոյնիսկ նիւթական հարստութեան կորուստը երեւոյթին ֆիզիքական մասն է պարզապէս, սակայն անդին կայ հոգեկանը, որ միւսներէն աւելի ծանր ազդեցութիւն կրնայ ունենալ. մեր հայորդիները ապրեցան այն բոլորը՝ ինչ ապրեցաւ մեր ժողովուրդը 1915 թուականին, սակայն անոր մէկ ուրիշ տարբերակը. մեր ժողովուրդը 1915 թուականին տեսաւ սով, մահ ու թշուառութիւն. նոյնը ապրեցան մեր սուրիահայ հայորդիները եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն ապրիլ. անոնք եւս ապրեցան սովը, իրենց սեփական աչքերով տեսան դժոխքն ու իրենց հարազատներուն կորուստը ապրեցան. անոնք եւս իրենց կեանքի գնով փորձեցին օթեւան գտնել օտար ափերու մէջ, սակայն այդ բոլորը վերջ չգտաւ. կար միւս կողմը, որ նոյնպէս ծանր էր ինչքան առաջինը. օրինակ՝ նիւթական ու հոգեկան այդ վնասներուն կողքին անոնք ունէին լեզուական դժուարութիւնը, մշակութային տարբերութիւնն ու անհամապատասխան իրավիճակը. մէկ կողմէն զիրենք կը տանջէ անցեալի փառքի կորուստը, իսկ միւս կողմէ նորին դժուարութիւնը, որով կը ստիպուին զոհել շատ մը սկզբունքներ եւ արժէքներ, կարենալ քայլ պահելու համար ներկայ պայմաններուն եւ իրավիճակներուն. հոն, օտարութեան մէջ է, որ կը փոխուին արժէքները եւ նախկին առաջնահերթը կրնայ յանկարծ վերջինը դառնալ. հոն, օտարութեան մէջ է, որ սկիզբ կ՚առնէ լեզուն կորսնցնելու, զաւակներու վարքն ու բարքը պղծելու վախն ու մտահոգութիւնը. Դժոխքը սեփական աչքերով տեսած հայորդիներ այդտեղ կ՚ապրին հոգեւոր դժոխքը եւ կը փորձեն հին կեանքը նոր կեանքին համակերպ դարձնել. սակայն մարդ արարածը առեղծուած է. շատերու համար այս փոփոխութիւնը փրկութիւն կը թուի ըլլալ, իսկ ուրիշներու համար նախկին դժոխքին վրայ բեռցուած նոր դժոխք մը. շատեր այդ փրկութիւնը որպէս նո՛ր կեանք, նո՛ր սկիզբ ու նոր վերելք կը տեսնեն, իսկ ուրիշներ քամուած կը մնան իրենց անցեալին մէջ՝ մանաւանդ երբ արդէն տարիքը յառաջացած է:

Այս է հայուն ճակատագիրը. գաղթել այն տեղէն՝ ուր ինք արդէն գաղթական էր եւ այդ գաղթը առանց դադարի այսօր եւս կը շարունակի. ուրիշ գաղթ մըն է, անշուշտ, հայրենիքէն հեռացողներու վիճակը, որոնք այլեւս հայրենիքը որպէս «բանտ» տեսնելով կ՚ուզեն այսպէս կամ այնպէս իրենց կեանքի բախտը փորձել օտար հողերու եւ ափերու վրայ:

Մենք այսօր կը լսենք անոնցմէ շատերու յաջողութեան պատմութիւնը, սակայն կը մոռնանք, որ այդ յաջողութեան հիմերը լուրջ դժուարութիւններու եւ թշուառութեան վրայ հիմնուած է. անոնց իրավիճակը աւելիով հասկնալու համար պէտք է քննել մեր նախահայրերու վիճակը. օրինակի համար՝ մեր նախահայրերէն շատեր օտար երկիրներ գաղթելով հանդերձ երբեք չկրցան (եւ կամ գուցէ չուզեցին) սորվիլ օտարին լեզուն. շատեր յանձն առին ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի ապրէին Մուշի կամ Կիլիկիոյ գիւղերուն մէջ. անոնք ունեցան ինքնութեան այդ լուրջ պայքարը, սակայն որոշեցին հարազատ մնալ իրենց արմատներուն, սակայն զիրենք յաջորդող սերունդները լաւապէս հասկցան եւ գիտակցեցան, որ այդ վիճակով կարելի չէ ապրիլ եւ մանաւանդ յաջողիլ օտարին հողին վրայ, այդ իսկ պատճառով յանձն առին զիջիլ իրենց ինքնութենէն եւ կամայ թէ ակամայ ընդունեցին օտարինը: Անոնցմէ շատ շատեր ապրեցան խտրականութեան բերած հոգեկան դժուարութիւնները. նոյնիսկ շատեր անտեսուեցան. օրինակի համար՝ 1915-էն ետք տեղի ունեցած գաղթէ ետք հայեր ամերիկցիներու կողմէ կը դիտուէին որպէս երկրորդ դասակարգի պատկանող անձեր, այդ իսկ պատճառով շատեր յանձն կ՚առնէին պահել իրենց ինքնութիւնը եւ տեղացի ըլլալու փափաքը կ՚ունենային. այդ դժուարութիւնները առկայ է մինչեւ օրս եւ իւրաքանչիւր հայ, որ կը շարունակէ գաղթել, միեւնոյն դժուարութիւններն ու ապրումները կ՚ունենայ. կը հաւատանք, որ գաղթը դրական մասեր քիչ ունի, սակայն լաւագոյն գաղթը ներգաղթն է, որ կրնայ փրկութիւն տալ ժողովուրդին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պետութիւններու կողմէ դրուած մահապատիժը ճի՞շդ է, թէ սխալ:

Պատասխան. Մահապատիժը խորապէս վիճելի հարց մըն է, որ երկու կողմէն լուրջ փաստարկներ ունի: Մահապատիժի աջակիցները կը պնդեն, որ այդ մէկը կը ծառայէ, որպէսզի մարդիկ զսպուին եւ հեռու մնան ծանր յանցագործութիւններէ եւ որպէս արդարութիւն ծառայեն տուժողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար: Անոնց համոզումով կան մեղքեր, որոնք այնքան ծանր են, որոնց աւարտը պէտք է ըլլայ մահապատիժը, վերջ տալու համար այդ բոլորին: Մահապատիժին հակառակ եղողները կը պնդեն, որ մահապատիժը բարոյապէս սխալ է. անոնք կը հաւատան, որ այդ մէկը չի կրնար նուազեցնել մեղքի եւ յանցանքի գոյութիւնը եւ կը հաւատան, որ ցմահ ազատազրկումը շատ աւելի մեծ պատիժ ու դաստիարակիչ է քան մահապատիժը: Վերջապէս մահապատիժին ճիշդ կամ սխալ ըլլալը կախուած է մարդու բարոյական ըմբռնումէն եւ իրաւական տեսակէտներէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024