ՅԻՇԵԼՈՎ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՔԷՕՍԷԵԱՆԸ
Կարդալու համար գիրք մը կը փնտռէի գրադարանիս մէջ, հոն հանդիպեցայ մեր հանգուցեալ գրչեղբօր «վարպետ» Վարուժան Քէօսէեանի «Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը» գիրքը։
Վարուժան Քէօսէեանը միշտ երախտագիտութեամբ կը յիշենք, քանի որ ան իր փորձառութիւններէն կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցած էր մեզի, եւ իր ճոխ հաւաքածոյէն մեզի նուիրած էր մեծ հօրս Արտաշէս Գալփաքճեանի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած յօդուածներէ բաղկացած «փունջ» մը՝ յիշեցնելով որ իրմէ շատ բան սորված է. մենք ալ Վարուժան Քէօսէեանի փորձառութիւններէն շատ օգտուած էինք։
Այս բոլորը յիշելով, անգամ մը եւս հաճոյքով եւ հետաքրքրութեամբ կարդացինք «Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը» գիրքը՝ մեր հասցէին մակագրուած հեղինակին կողմէ՝ 26.8.1999 թուականին։
Ուստի, այս զգացումներով կը փափաքինք հատուածներ ներկայացնել այս գիրքէն՝ յիշելու համար Վարուժան Քէօսէեանը, եւ օգտուիլ տուած տեղեկութիւններէն։
«Ժամանակի ընթացքին, իսթանպուլահայ Պատրիարքութիւնը շատ կարեւոր ու կենսական դեր կատարեց արեւմտահայութեան մէջ։ Խարիսխը եղաւ անոր գոյատեւման եւ առաջնորդողն ու հովանաւորողը՝ աստիճանական վերելքին, մշակութային եւ ընկերային յառաջդիմութեան մէջ։
«Արեւմտահայութեան զարթօնքը սկսաւ ԺԸ. դարուն, Իսթանպուլի Պատրիարքութեան գրեթէ իրերայաջորդ երեք լուսաւոր դէմքերով՝ Կոլոտ Բաղիշեցի (1715-1741), Յակոբ Նալեան (1741-1749 եւ 1752-1764) ու Զաքարիա Փոքուզեան (1773-1781 եւ 1782-1799) պատրիարքներու կրթական, մատենագրական ու դաստիարակչական ձեռնարկներով։ Անոնք հիմներ ու շարունակեր էին բարձր մակարդակով ուսումնարան մը՝ պատրաստուած ու զարգացած եկեղեցականներ հասցնելու մտօք։
«Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքին, Սկիւտարի մէջ բացած հոգետունը (դպրոցը), իր յաջորդը Նալեան Պատրիարքի օրով, 1741-ին, Գումգաբու կը փոխադրուի եւ Մայր դպրանոց անունով կը գործէ, անոր քով կը հաստատուի նաեւ թանգարան մը՝ երկյարկանի շէնքի մը մէջ, ուր կ՚ամփոփուին հին ձեռագիրներ եւ բազմահատոր գիրքեր, որ կը ճոխանայ Նալեան Պատրիարքի նուիրած գրադրանով։ Այսպէս Մայր դպրատունը կը շարունակէր իր պատուաբեր աշխատութիւնը՝ հովանաւորութեամբ եւ անձամբ ուսուցմամբ օրուան պատրիարքներուն, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Զաքարիա Փոքուզեան Պատրիարք (1782-1799)։
«Զաքարիա Պատրիարքի օրով, իր ատենին ազդեցիկ ու բարհամբաւ ակնցի Շնորհք Մկրտիչ ամիրա Միրիճանեան, կը յաջողի առաջին անգամ ըլլալով սուլթան Սելիմ Գ.-էն պետական արտօնութիւն ձեռք բերել հանրային (թաղային) վարժարաններ ունենալու համար։ Եւ առաջին թաղային վարժարանը կը բացուի (1790) Գումգաբու Ֆըչըճը փողոցին մէջ։
«Շնորհք ամիրա կը հիմնէ նաեւ Լանկայի Ս. Լուսաւորիչ եւ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց դպրոցները։ Թէեւ շատ մը թաղերու մէջ, զանազան մանկատուներ եւ ծաղկոցներ կային, ըլլալով անոնք միշտ անհատական ձեռներէցութեան արդիւնք։
«1800-էն 1812, Օրթագիւղի, Գուրուչէշմէի, Սամաթիոյ, Սկիւտարի, Ղալաթիոյ, Պէյքոզի, Պէյօղլուի, Գարթալի եւ այլ թաղերու մէջ իսթանպուլահայերը կ՚ունենան թաղային վարժարաններ, ուր ընդհանրապէս ձրի ուսում եւ կրթութիւն կը տրուէին ուսանողներուն։ Նախնական այս շրջաններուն դեռ բառգիրք գոյութիւն չունէր, իսկ մինչեւ 1825 ալ հայերէն քերականութիւն գիտցողները մատով ցոյց կը տրուէին։ Միայն Գումգաբուի Մայր դպրատան մէջ քերականութեան դաս կ՚աւանդուէր…»։
Ուստի, մեր իւրաքանչիւրին էական պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութի՛ւնն է տէր կանգնիլ մեր մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներուն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 29, 2024, Իսթանպուլ