ԱՐԱՐՔՆԵՐՈՒ ԱԶԴԱԿՆԵՐԸ

Զանազան արարքներ, որ կը կատարուին մարդուս կողմէ, զոր օրինակ, չար կամ բարի արարքներ, կարգ մը ազդակներու արդիւնք են, զոր պէտք է նկատի առնել եղանակաւորելու համար մեր կարծիքը անոնց հեղինակներուն մասին։ Այս ազդակները կրնան ըլլալ ծինային, այսինքն ժառանգական, եւ կրնան ըլլալ նաեւ ստացական, այսինքն միջավայրի ուժով, որոնք յաճախ կ՚իշխեն մարդոց վրայ եւ կը ձեւակերպեն անոնց ընթացքը ընդհանրապէս։

Այս ազդակները երբեմն այնքան տիրական են, որ ենթական անոնց ձեռքը խաղալիկ մը կը դառնայ հակառակ իր կամքին, փափաքին։ Ուստի, այս ուղղութեամբ, երբեք արդար պիտի չըլլայ, զոր օրինակ, «առաքինութեան մրցանակ»ը շնորհել մարդու մը՝ որ իր ամբողջ կեանքին մէջ ոգելից ըմպելի չէ գործածած. մինչդեռ ո՛չ ոք իր ընտանիքէն խմելու եւ գինովնալու սովորութիւն ունեցած է, եւ խմելը իրեն համար ո՛չ հաճոյք, եւ ոչ ալ փորձութիւն մը կը ներկայացնէ։

Բայց ի՜նչ ըսել կարելի է այն դժբախտ գինեմոլին, որ իր մեծ հօրմէն եւ հօրմէն ժառանգեր է «խմողի ծին»եր, եւ այդ մոլութիւնը մտեր է իր արիւնին եւ ծուծին մէջ։

Գիտուններ մարդոց ունակութիւնները եւ տրամադրութիւնները ընդհանրապէս կը վերագրեն ժառանգականութեամբ ստացուած ծիներու, որոնց համար ենթական կարելի չէ՛ պատասխանատու համարել։

Ուստի, ինչպէս բարի արարք մը վարձատրելու ատեն, շարժառիթը նկատի առնելով աւելի՛ արդար դատաստան մը ընել կարելի կ՚ըլլայ, մարդկային յոռի արարքներն ալ դատապարտելու ատեն պէտք է նկատի առնել ժառանգականութեան, ծինային փոխանցումի, միջավայրի, դաստիարակութեան նման հզօր եւ ազդու ազդակները։

Հոս, հարկ է նշել կէտ մը, որպէսզի թիւրիմացութեան մը առիթը չստեղծուի։

Ակնարկուած ազդակներուն հետեւանքով յոռի արարքներու հանդէպ երբ մեղմ եւ կարեկից դիրք մը կը յանձնարարուի, երբեք չ՚արդարացուիր բոլոր գինեմոլները, ինչպէս՝ ծոյլերը, գողերը, անբարոները, եւ կամ ուրիշ անարգ եւ ծայրայեղ զգացումներ ունեցողները եւ այդ զգացումներով շարժողները։ Այս կէտերը պէտք է յիշել եւ նկատի առնել՝ ենթակաները դատելու եւ դատապարտելու ատեն աւելի՛ արդար ըլլալու համար։

Որովհետեւ մարդ ո՛րքան ալ ապրի եւ տպաւորուի աննպաստ ազդակներու ազդեցութեամբ, սա անվիճելի է, թէ՝ պատասխանատո՛ւն է իր արարքներուն եւ իր ընթացքին։ Այս ուղղութեամբ արդարացում մը ինքնին անիրաւութիւն է ընկերութեան։

Անշուշտ, ամէն մարդ կրնայ նկարագրի, բնաւորութեան տկար եւ թերի կէտեր ունենալ, ասիկա բնական է, քանի որ մարդ, ըստ էութեան անկատար արարած մըն է՝ միշտ թերութիւններ եւ տկարութիւններ պիտի ունենայ։ Բայց կրնայ ունենալ նաեւ առաւելութիւններ եւ զօրաւոր կէտեր նաեւ, այս ալ բնական է. բայց սա բացայա՛յտ է որ ի՛նքն է իր կեանքին ռազմագէտը՝ ճշդելու իր տկար եւ խոցելի կողմերը, ուրկէ կրնան յարձակիլ իր թշնամիները, ապա ինք սպառազինուած՝ պատրաստ ըլլայ կռուելու եւ յաղթելու իր թշնամիներուն։

Եւ այս պայքարէն, այս կռիւէն փախուստ տալու տրամադրութիւնը դասալքութի՛ւն է։

Ուստի, մարդ եթէ ունի թշնամիներ, անոնց դէմ կռուելու, պայքարելու եւ անոնց յաղթելու զէնքերէն եւ միջոցներէն ալ զրկուած չէ՛։

Բարոյական հանգամանք ունեցող արարքներ տպաւորութիւններ կը գործեն նաեւ զանոնք դիտողներուն վրայ՝ եթէ զգալու եւ ուղիղը, շիտակը սխալէն զանազանելու կարողութիւնը խանգարուած եւ խաթարուած չէ իրենց ամբողջ էութեանը մէջ։

Արդարեւ, ամէն մարդ, իր մօտ կամ հեռուն գործուած անիրաւութիւն մը կամ ոճիր մը կ՚այպանէ եւ կը դատապարտէ։ Այս ալ մարդկային բնական արտայայտութիւն մըն է։

Իսկ մարդ, դիւցազնական արարքի մը կամ անձնուիրութիւն ցոյց տրուած գործի մը վրայ կը հիանայ՝ կը հաւնի եւ կը սիրէ, կը համակրի։ Գործը հաւնիլ, կը նշանակէ՝ այդ գործին հեղինակը սիրե՛լ։ Եւ այս կերպով տպաւորուիլը «բարոյական էակ»ին բնականոն առողջութեան ապացո՛յցն է, որուն համար գոհ մնալու իրաւունքը ունի մարդ։ Բայց եթէ այս կարգի արարքներ մարդս անտարբեր կը թողուն, կամ, աւելի գէշը եւ ցաւալին, եթէ ստորին գործ մը մարդուս հաւանութեան կ՚արժանանայ եւ անշահախնդիր զոհողութեան նման շարժուձեւ մը իբր անմիտ եւ տխմար գործ մը հեգնանքի առարկան կը դառնայ, վստահ պէտք է ըլլալ, թէ մարդուս ամենէն կարեւոր եւ գործունեայ մէկ չափանիշը խանգարուած է, ուստի պէտք է ցաւիլ իր վրայ։ Բանականութիւնը կը պահանջէ արդարադատ ըլլալ եւ գնահատել օգտակարը, մերժել վնասակարը՝ սիրել գեղեցիկը եւ ճշմարիտը եւ կարելի եղած չափով հեռո՛ւ մնալ տգեղէն եւ սուտէն։

Մարդուն մեծագոյն առաքինութիւնն է ներհայեցողութեան կարողութիւնը՝ ինքն իրեն թէ՛ ամբաստանողը ըլլալ, եւ թէ՛ դատաւորը միանգամայն։ Առաջին ակնարկով դիւրին կ՚երեւայ, բայց շատ դժուար է ինքն իրեն ամբաստանողը եւ դատաւորը ըլլալ, եւ որքա՜ն անաչառութիւն կը պահանջէ ասիկա։

Եւ այն անձը, որ իր արարքներուն հանդէպ իր դատաւորի պաշտօնը չի գործադրեր, կը թերանայ իր ամենէն էական պարտականութեանը մէջ։

Իր ըրածները դատելը, դատապարտելը, կամ վարձատրելը քաջութիւն եւ անկեղծութիւն կը պահանջէ, հոգ չէ թէ լոկ խորհուրդով ըլլայ, այս սովորութիւնը օգտակար եւ բարերար ունակութիւն մըն է. բաւակա՛ն է որ մարդ անկաշառ եւ անաչառ դատաւորի մը դերը կատարէ։

Արդարեւ, ամէն «բարոյական էակ»ի մէջ երկու ուժ գոյութիւն ունի. ապօրինի փափաքներու ուժը եւ պարտականութեան դրդումին ուժը. երկու ձայներ կան՝ հաճոյքի ձայնը եւ խիղճի՛ն ձայնը՝ անասնական էակին ձայնը եւ բանական, բարոյական էակին ձայնը, որոնք շարունա՜կ կը պայքարին իրարու դէմ։

Մարդուն բարձրացումը եւ անկումը արդի՛ւնքն են մէկուն կամ միւսին տիրապետութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 27, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017